1. Երբ Տէրոջը տանը համար բոլոր գործը լմնցաւ, Սողոմոն իր հօրը Դաւիթին նուիրած բաները՝ արծաթն ու ոսկին ու բոլոր անօթները՝ տարաւ եւ Աստուծոյ գանձերուն մէջ դրաւ։
2. Այն ատեն Սողոմոն Իսրայէլի ծերերն ու ցեղերուն բոլոր իշխանները, Իսրայէլի որդիներուն նահապետները, Երուսաղէմի մէջ հաւաքեց, որպէս զի Տէրոջը ուխտին տապանակը Դաւիթին քաղաքէն՝ այսինքն Սիօնէն՝ հանեն։
3. Իսրայէլի բոլոր մարդիկը եօթներորդ ամսուան տօնին թագաւորին քով հաւաքուեցան։
4. Իսրայէլի բոլոր ծերերը եկան ու Ղեւտացիները տապանակը վերցուցին։
5. Քահանաներն ու Ղեւտացիները վկայութեան խորանը եւ խորանին մէջ եղած բոլոր սուրբ անօթները հանեցին։
6. Սողոմոն թագաւորն ու անոր քով հաւաքուած Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը տապանակին առջեւ անթիւ ու անհամար ոչխարներ ու արջառներ կը զոհէին։
7. Քահանաները Տէրոջը ուխտին տապանակը ներս տարին իր տեղը՝ տանը դաբիրը, Սրբութիւն Սրբութեանց ու քերովբէներուն թեւերուն տակը դրին ։
8. Քերովբէները տապանակին տեղին վրայ իրենց թեւերը կը տարածէին եւ տապանակն ու անոր ձողերը վերէն կը ծածկէին։
9. Ձողերը երկնցուցին եւ ձողերուն ծայրերը տապանակէն դաբիրին առջեւ կ’երեւնային, բայց դուրսէն չէին երեւնար ու մինչեւ այսօր հոն էին։
10. Տապանակին մէջ ուրիշ բան չկար, բայց միայն այն երկու տախտակները, որոնք Մովսէս Քորեբի մէջ հոն դրաւ, որոնցմով Տէրը Իսրայէլի որդիներուն հետ ուխտ ըրաւ՝ անոնց Եգիպտոսէն ելած ատենը։
11. Երբ քահանաները սուրբ տեղէն ելան, (վասն զի բոլոր հոն գտնուող քահանաները սրբուեր էին, առանց իրենց յաջորդական կարգը պահելու
12. Ու բոլոր երգիչ Ղեւտացիները՝ Ասափին, Եմանին ու Իդիթունին եւ անոնց որդիներուն ու եղբայրներուն հետ բեհեզներ հագած ծնծղաներով, տաւիղներով ու քնարներով սեղանին արեւելեան կողմը կեցան։ Անոնց հետ հարիւր քսան քահանայ փող կը հնչեցնէին)։
13. Փող հնչեցնողներն ու երգողները միաբերան մէկ ձայնով Տէրը կ’օրհնէին ու կը գովէին եւ փողերով, ծնծղաներով ու նուագարաններով ձայներնին վերցնելով՝ Տէրը կ’օրհնէին, ըսելով. «Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է, վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է»։ Այն ատեն Տէրոջը տունը ամպով լեցուեցաւ։
14. Ամպին պատճառով քահանաները չէին կրնար հոն կենալ, որպէս զի իրենց պաշտօնը կատարեն. քանզի Տէրոջը փառքը Աստուծոյ տունը լեցուցեր էր։
1. Այն ատեն Սողոմոն ըսաւ. «Տէրը ըսաւ թէ՝ ինք մառախուղի մէջ կը բնակի։
2. Բայց ես քեզի բնակութեան համար տուն ու յաւիտեան նստելու համար տեղ շինեցի»։
3. Թագաւորը իր երեսը դարձուց ու Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը օրհնեց։ Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը ոտքի վրայ կեցեր էին
4. Եւ անիկա ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ Իսրայէլին Տէր Աստուածը, որ իր բերնով իմ հօրս Դաւիթին խոստացաւ ու իր ձեռքով կատարեց. քանզի ըսաւ՝
5. ‘Իմ ժողովուրդս Եգիպտոսի երկրէն հանած օրէս ի վեր՝ Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն բնաւ քաղաք մը չընտրեցի տուն շինելու համար, որպէս զի իմ անունս հոն ըլլայ ու մարդ մը չընտրեցի, որպէս զի իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի վրայ իշխան ըլլայ.
6. Ապա Երուսաղէմը ընտրեցի, որպէս զի իմ անունս հոն ըլլայ ու Դաւիթը ընտրեցի, որպէս զի իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի վրայ թագաւոր ըլլայ’։
7. Եւ իմ հայրս Դաւիթ միտք ունէր, որ Իսրայէլին Տէր Աստուծոյն անուանը տուն մը շինէ,
8. Բայց Տէրը իմ հօրս Դաւիթին ըսաւ. ‘Թէեւ դուն միտքդ դրիր որ իմ անուանս տուն շինես, աղէկ ըրիր, որ այս բանը միտքդ դրիր.
9. Սակայն տունը դուն պիտի չշինես. հապա քու որդիդ, որ քու երանքէդ պիտի ելլէ։ Անիկա իմ անուանս տունը պիտի շինէ’։
10. Եւ ահա Տէրը իր ըսած խօսքը կատարեց ու ես իմ հօրս Դաւիթին յաջորդեցի ու Տէրոջը ըսածին պէս Իսրայէլին աթոռը նստայ ու Տէր Աստուծոյն անուանը՝ այս տունը շինեցի։
11. Հոն դրի տապանակը, որուն մէջ է Տէրոջը ուխտը, որ Իսրայէլի որդիներուն հետ ըրաւ»։
13. (Քանզի Սողոմոն պղնձէ խարիսխ մը շինելով՝ զանիկա գաւիթին մէջտեղը դրեր էր։ Անոր երկայնութիւնը՝ հինգ կանգուն ու լայնութիւնը՝ հինգ կանգուն ու բարձրութիւնը երեք կանգուն էր։ Ինք անոր վրայ կեցաւ ու Իսրայէլին բոլոր ժողովուրդին առջեւ ծունկ կրկնեց եւ ձեռքերը դէպի երկինք տարածեց)։
14. Եւ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր Աստուած Իսրայէլի, երկնքի մէջ ու երկրի վրայ քեզի պէս Աստուած չկայ, որ քու առջեւդ իրենց բոլոր սրտովը քալող ծառաներուդ հետ ուխտ ու ողորմութիւն պահես։
15. Դուն քու ծառայիդ, իմ հօրս Դաւիթին, ըրած խոստումդ պահեցիր ու բերնով ըսածդ ձեռքովդ կատարեցիր, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ ։
16. Եւ հիմա, ո՛վ Տէր Աստուած Իսրայէլի, պահէ այն խոստումը որ քու ծառայիդ իմ հօրս Դաւիթին ըրիր ու ըսիր. ‘Իմ առջեւս Իսրայէլի աթոռին վրայ նստող քեզմէ մարդ պակաս պիտի չըլլայ, այն պայմանով որ քու որդիներդ իրենց ճամբաներուն զգուշութիւն ընեն ու իմ օրէնքիս մէջ քալեն, ինչպէս դուն իմ առջեւս քալեցիր’։
18. «Բայց միթէ Աստուած իրաւցընէ երկրի վրայ մարդոց հետ պիտի բնակի՞։ Ահա երկինքն ու ամենաբարձր երկինքը քեզ չեն կրնար պարունակել. ո՞ւր կը մնայ այս իմ շինած տունս։
19. Սակայն, ո՛վ Աստուած իմ, քու ծառայիդ աղօթքին ու խնդրուածքին նայէ՛ եւ քու ծառայիդ այսօր քու առջեւդ ըրած պաղատանքն ու աղօթքը լսէ՛,
20. Որպէս զի այս տանը վրայ ցորեկ ու գիշեր քու աչքերդ բաց ըլլան, այն տեղին վրայ՝ որուն համար ըսիր թէ՝ քու անունդ հոն պիտի դնես։ Ուստի քու ծառայիդ ըրած աղօթքը լսէ։
21. Նոյնպէս քու ծառայիդ եւ ժողովուրդիդ Իսրայէլին այս տեղ ըրած աղօթքը լսէ՛ այո՛, քու բնակութեանդ տեղէն, երկինքէն, լսէ՛ ու լսած ատենդ ներէ՛։
22. «Եթէ մէկը իր ընկերին դէմ մեղանչէ ու ան ալ երդում ընել տալու համար անոր երդում առաջարկէ ու երդումը այս տունը քու սեղանիդ առջեւ գայ,
23. Այն ատեն դուն երկնքէն լսէ՛ ու կատարէ՛ ու քու ծառաներդ դատէ՛ եւ յանցաւորը դատապարտէ՛ ու անոր ըրածը անոր գլուխը բե՛ր եւ արդարը արդարացո՛ւր ու անոր արդարութեանը չափովը անոր հատուցում ըրէ՛։
24. «Եթէ քու ժողովուրդդ Իսրայէլը քեզի դէմ մեղանչելուն համար, իրենց թշնամիներուն առջեւ յաղթուին ու քեզի դառնան եւ քու առջեւդ աղօթք ու աղաչանք ընեն,
25. Այն ատեն դուն երկնքէն լսէ՛ եւ քու ժողովուրդիդ մեղքը ներէ՛ ու անոնց եւ անոնց հայրերուն տուած երկիրը դարձուր զանոնք։
26. «Եթէ անոնց քեզի դէմ մեղք գործելուն համար երկինք գոցուի ու անձրեւ չգայ ու անոնք այս տեղ քեզի աղօթք ընեն եւ քու անուանդ փառք տան ու զանոնք նեղելուդ համար իրենց մեղքերէն դառնան,
27. Այն ատեն դուն երկնքէն լսէ՛ եւ քու ծառաներուդ ու քու ժողովուրդիդ Իսրայէլին մեղքը ներէ՛, որպէս զի անոնց սորվեցնես այն աղէկ ճամբան՝ որուն մէջ պէտք է քալեն ու քու ժողովուրդիդ՝ իբր ժառանգութիւն տրուած երկրին վրայ անձրեւ տո՛ւր։
28. «Եթէ երկրի վրայ սով կամ ժանտախտ, կամ խորշակահարութիւն կամ արմտեաց դալուկ կամ մարախ, կամ թրթուր ըլլայ, կամ անոնց թշնամիները զանոնք իրենց բնակած երկրին մէջ նեղեն կամ հարուած կամ հիւանդութիւն ըլլայ
29. Եւ եթէ քու ժողովուրդէդ՝ Իսրայէլէն՝ ոեւէ մարդ աղօթք մը ու խնդրանք մը ընելու ըլլայ ու իւրաքանչիւր մարդ իր ախտն ու ցաւը ճանչնալով՝ ձեռքերը դէպի այս տունը երկնցնէ,
30. Այն ատեն դուն երկնքէն, քու բնակութեանդ տեղէն, լսէ՛ ու ներէ՛ եւ ամէն մարդու իր բոլոր ճամբաներուն համեմատ հատուցում ըրէ՛, անոր սիրտը ճանչնալուդ համար. վասն զի մարդոց որդիներուն սիրտը միայն դուն կը ճանչնաս,
31. Որպէս զի քեզմէ վախնան ու քու ճամբաներուդ մէջ քալեն իրենց բոլոր օրերուն մէջ, որչափ ժամանակ որ մեր հայրերուն տրուած երկրին վրայ ապրին։
32. «Եթէ քու ժողովուրդէդ՝ Իսրայէլէն չեղող եւ հեռաւոր երկրէ մը քու մեծ անուանդ համար եւ զօրաւոր ձեռքիդ համար ու բարձր բազուկիդ համար եկող օտարականն ալ գայ ու այս տանը մէջ աղօթք ընէ,
33. Դուն երկնքէն, քու բնակութեանդ տեղէն, լսէ՛ եւ օտարականին քեզի ըրած ամէն խնդրանքը կատարէ՛, որպէս զի երկրին բոլոր ժողովուրդները քու անունդ ճանչնան ու քու ժողովուրդիդ Իսրայէլին պէս քեզմէ վախնան եւ գիտնան թէ այս իմ շինած տունս քու անունովդ կոչուած է։
34. «Երբ քու ժողովուրդդ իր թշնամիին դէմ պատերազմի երթայ այն ճամբով, որ դուն պիտի ղրկես զանոնք, եթէ անոնք այդ քու ընտրած քաղաքիդ ու քու անուանդ համար այս իմ շինած տանս կողմը նայելով ՝ քեզի աղօթք ընեն,
35. Երկնքէն անոնց աղօթքը ու խնդրուածքը լսէ՛ եւ անոնց իրաւունք ըրէ՛։
36. «Երբ քեզի դէմ մեղք գործեն (քանզի մեղք չգործող մարդ չկայ) ու անոնց բարկանալով զանոնք թշնամիին ձեռքը մատնես ու գերեվարները հեռու կամ մօտ երկիր մը գերի տանին զանոնք,
37. Եթէ իրենց գերութեան երկրին մէջ զղջան ու դառնան եւ իրենց գերութեան երկրին մէջ քեզի աղաչեն ու ըսեն՝ ‘Մեղք գործեցինք, անօրէնութիւն ու անիրաւութիւն ըրինք’,
38. Եթէ անոնք այն երկրին մէջ, ուր գերի տարուած են, իրենց բոլոր սրտովն ու իրենց բոլոր հոգիովը քեզի դառնան ու իրենց երկրին, որ իրենց հայրերուն տուիր եւ քու ընտրած քաղաքիդ ու քու անուանդ համար իմ շինած տանս կողմը նայելով աղօթք ընեն,
39. Դուն երկնքէն, քու բնակութեանդ տեղէն, անոնց աղօթքն ու խնդրանքը լսէ՛ ու անոնց իրաւունք ըրէ՛ եւ քու ժողովուրդիդ քեզի դէմ ըրած մեղքը ներէ։
40. Հիմա, ո՛վ Աստուած իմ, այս տեղ մատուցուած աղօթքին վրայ թող քու աչքերդ բաց ըլլան ու քու ականջներդ մտիկ ընեն։
41. Հիմա, ո՛վ Տէր Աստուած, քու հանգստութեանդ տեղը ելի՛ր, դուն ու քու զօրութեանդ տապանակը. ո՛վ Տէր Աստուած, թող քու քահանաներդ փրկութիւն հագնին եւ քու սուրբերդ բարութիւնով ուրախանան։
14. Ծախու առնողը «Գէշ է, գէշ է», կ’ըսէ, Բայց երբ երթայ, այն ատեն կը պարծենայ։
1. Անտիոքի մէջ եղած եկեղեցիէն քանի մը մարգարէներ ու վարդապետներ կային, Բառնաբաս ու Շմաւոն, որ Նիւգէր կը կոչուէր եւ Ղուկիոս Կիւրենացին ու Մանայէն, Հերովդէս չորրորդապետին սննդակիցը եւ Սօղոս։
2. Երբ ասնոք Տէրոջը պաշտօնին մէջ էին եւ ծոմ կը պահէին, Սուրբ Հոգին ըսաւ. «Զատեցէ՛ք ինծի Բառնաբասը եւ Սօղոսը այն գործին համար, որուն ես կանչեր եմ անոնք»։
3. Այն ատեն ծոմ պահելով եւ աղօթք ընելով՝ ձեռք դրին անոնց վրայ ու ղրկեցին։
4. Անոնք ալ Սուրբ Հոգիէն ղրկուած՝ Սելեւկիա իջան ու անկէ անցան Կիպրոս։
5. Սաղամինա հասնելով՝ Հրեաներու ժողովարաններուն մէջ Աստուծոյ խօսքը կը քարոզէին ու Յովհաննէսն ալ իրենց սպասաւորութիւն կ’ընէր։
6. Անոնք պտըտելով այն [բոլոր] կղզին գացին մինչեւ Պափոս, հոն գտան սուտ մարգարէ՝ Հրեայ մոգ մը, որուն անունը Բարեյեսու էր,
7. Որ փոխանորդ բդեշխին հետ էր, որ կը կոչուէր Սերգիոս Պօղոս, խելացի մարդ մը։ Ասիկա Բառնաբասը եւ Սօղոսը հրաւիրելով՝ ուզեց Աստուծոյ խօսքը լսել։
8. Սակայն անոնց դէմ կեցաւ Եղիմաս մոգ, (քանզի այսպէս կը թարգմանուի անոր անունը,) որ կ’ուզէր փոխանորդ բդեշխը հաւատքէն դարձնել։
9. Բայց Սօղոս, որ Պօղոս ալ կը կոչուի, Սուրբ Հոգիով լեցուած, աչքերը անոր վրայ տնկեց
10. Ու ըսաւ. «Ո՜վ ամէն խաբեբայութիւնով եւ ամէն խորամանկութիւնով լեցուած Սատանայի որդի, թշնամի բոլոր արդարութեան, պիտի չդադրի՞ս Տէրոջը շիտակ ճամբաները ծռելէ։
11. Հիմա Տէրոջը ձեռքը ահա քու վրադ է ու կոյր պիտի ըլլաս՝ ատեն մը արեւը չտեսնելով»։ Իսկոյն անոր վրայ մէգ ու խաւար իջաւ ու պտըտելով առաջնորդ կը փնտռէր։
12. Այն ատեն փոխանորդ բդեշխը, երբ այս բաները տեսաւ՝ հաւատաց, մեծապէս զարմանալով Տէրոջը վարդապետութեանը վրայ։
13. Պօղոս ու իր ընկերները Պափոսէն ելան, գացին Պամփիւլիայի Պերգէն. բայց Յովհաննէս անոնցմէ զատուելով՝ Երուսաղէմ անցաւ։
14. Անոնք ալ Պերգէէն գացին ու հասան Պիսիդիայի Անտիոքը եւ շաբաթ օրը ժողովարան մտնելով՝ նստան։
15. Ու օրէնքին եւ մարգարէներուն կարդացուելէն յետոյ՝ ժողովրդապետները մարդ ղրկեցին իրենց ու ըսին. «Մարդի՛կ եղբայրներ, եթէ դուք ժողովուրդին խօսելու յորդորական խօսք մը ունիք՝ խօսեցէք»։
16. Այն ատեն Պօղոս ոտքի կայնելով՝ ձեռքը շարժեց ու ըսաւ. «Ո՛վ Իսրայէլացի մարդիկ եւ դուք որ Աստուծմէ կը վախնաք, մտի՛կ ըրէք։
17. Այս Իսրայէլ ժողովուրդին Աստուածը մեր հայրերը ընտրեց ու ժողովուրդը բարձրացուց Եգիպտոսի մէջ պանդխտութեան ատենը եւ զօրաւոր բազուկով զանոնք հանեց։
18. Քառասուն տարի անապատին մէջ կերակրեց զանոնք։
19. Քանանի երկրին մէջ եօթը ազգ կործանելով՝ անոնց երկիրը իրենց տուաւ որ ժառանգեն։
21. Ետքը թագաւոր ուզեցին եւ Աստուած Կիսի որդին Սաւուղը տուաւ անոնց, Բենիամինին ցեղէն մարդ մը, քառասուն տարի։
22. Յետոյ զանիկա փոխեց, Դաւիթը տուաւ իրենց թագաւոր, որուն համար վկայութիւն տալով՝ ըսաւ. «Յեսսէի որդին Դաւիթը գտայ իմ սրտիս համեմատ մարդ, որ իմ բոլոր կամքս պիտի կատարէ»։
24. Դեռ անիկա իր պաշտօնը չսկսած՝ Յովհաննէս նախապէս Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդին ապաշխարութեան մկրտութիւնը քարոզեց։
25. Երբ Յովհաննէս իր ընթացքը կը կատարէր՝ ըսաւ. ‘Ո՞վ կը կարծէք թէ եմ. ես Քրիստոսը չեմ, հապա անիկա ահա՛ իմ ետեւէս կու գայ, որուն ոտքերուն կօշիկները քակելու արժանի չեմ’։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981