Աստվածաշունչը մեկ տարում
Հուլիս 6

1. Երբ Սողոմոն իր աղօթքը լմնցուց, երկնքէն կրակ իջաւ ու ողջակէզները ու զոհերը լափեց ու Տէրոջը փառքը տունը լեցուց։
2. Քահանաները չէին կրնար Տէրոջը տունը մտնել, քանզի Տէրոջը փառքը Տէրոջը տունը լեցուցեր էր։
3. Բոլոր Իսրայէլին որդիները կրակին իջնելը եւ տանը վրայ Տէրոջը փառքին հանգչիլը տեսան ու երեսի վրայ գետինը իյնալով՝ քարայատակին վրայ երկրպագութիւն ըրին ու Տէրը օրհնեցին, վասն զի բարի է, վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
4. Եւ թագաւորն ու բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը առջեւ զոհեր կը մատուցանէին։
5. Եւ Սողոմոն թագաւորը քսանըերկու հազար արջառ ու հարիւր քսան հազար ոչխար զոհեց։ Այսպէս թագաւորն ու բոլոր ժողովուրդը Աստուծոյ տանը նաւակատիքը ըրին։
6. Քահանաները իրենց պահպանութեանը համեմատ կը կենային ու Ղեւտացիները՝ Տէրոջը նուագարաններովը, որոնք Դաւիթ թագաւորը շիներ էր Տէրը գովելու համար, վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։ Երբ Դաւիթ անոնց ձեռքով Տէրը օրհնեց ու քահանաները փողերը հնչեցուցին, բոլոր Իսրայէլ ոտքի վրայ կեցաւ։
7. Սողոմոն Տէրոջը տանը առջեւ եղող գաւիթին մէջտեղը սրբեց, քանզի ողջակէզներն ու խաղաղութեան զոհերուն ճարպերը հոն մատուցանեց եւ որովհետեւ Սողոմոնին շինած պղնձէ սեղանը, ողջակէզներն ու հացի ընծաները ու ճարպերը չէր կրնար պարունակել։
8. Այն ատեն Սողոմոն ու անոր հետ բոլոր Իսրայէլ, խիստ մեծ ժողով մը, Եմաթի մուտքէն մինչեւ Եգիպտոսի հեղեղատը եօթը օր տօն ըրին։
9. Եւ ութերորդ օրը մեծ ժողով ըրին. քանզի եօթը օր սեղանին նաւակատիքը ու եօթը օր տօնը կատարեցին։
10. Ու եօթներորդ ամսուան քսանըերեքերորդ օրը ժողովուրդը արձակեց, որոնք իրենց վրանները գացին, զուարթ սրտով մը ուրախանալով այն բարիքներուն համար, որոնք Տէրը Դաւիթին, Սողոմոնին ու իր Իսրայէլ ժողովուրդին տուեր էր։
11. Սողոմոն Տէրոջը տունն ու թագաւորական տունը լմնցուց եւ Սողոմոնին սիրտը ինչ որ ծրագրած էր Աստուծոյ տանը եւ թագաւորական տանը համար, ամէնքն ալ յաջողութեամբ կատարուեցան։
12. Ու Տէրը գիշերով Սողոմոնին երեւցաւ եւ անոր ըսաւ. «Քու աղօթքդ լսեցի ու այս տեղը ընտրեցի, որպէս զի ինծի զոհի տուն ըլլայ։
13. Եթէ երկինքը գոցեմ, որպէս զի չանձրեւէ եւ եթէ մարախին պատուիրեմ, որպէս զի երկիրը ուտէ կամ եթէ իմ ժողովուրդիս մէջ ժանտախտ ղրկեմ
14. Ու իմ անունովս կոչուած ժողովուրդս եթէ խոնարհին ու աղօթք ընեն ու իմ երեսս խնդրեն եւ իրենց չար ճամբաներէն դառնան, ես ալ երկնքէն պիտի լսեմ ու անոնց մեղքը ներեմ ու անոնց երկիրը պիտի բժշկեմ։
15. Հիմա այստեղ մատուցանուելու աղօթքին իմ աչքերս բաց պիտի ըլլան ու ականջներս պիտի լսեն։
16. Քանզի այս տունը ընտրեցի ու սրբեցի, որպէս զի իմ անունս յաւիտեան հոն ըլլայ։ Իմ աչքերս ու սիրտս ամէն ատեն հոն պիտի ըլլան։
17. Եթէ դուն իմ առջեւս այնպէս քալես, ինչպէս Դաւիթ քալեց ու բոլոր քեզի պատուիրածներս ընես եւ իմ կանոններս ու օրէնքներս պահես,
18. Այն ատեն քու թագաւորութեանդ աթոռը պիտի հաստատեմ, ինչպէս քու հօրդ Դաւիթին հետ ուխտ ըրի՝ ըսելով. ‘Քեզմէ Իսրայէլի վրայ իշխող մարդ պակաս պիտի չըլլայ’։
19. Բայց եթէ դառնաք ու ձեր առջեւ դրուած կանոններս ու պատուիրանքներս թողուք ու երթաք ուրիշ աստուածներու ծառայութիւն ընէք եւ անոնց երկրպագութիւն ընէք,
20. Այն ատեն ձեզ արմատէն պիտի խլեմ այն երկրին վրայէն, որ ձեզի տուի եւ այս տունը որ իմ անուանս համար սրբեցի, երեսէս պիտի ձգեմ ու զանիկա բոլոր ազգերու մէջ ծաղրանքի առարկայ պիտի ընեմ։
21. Եւ այս բարձր տանը համար անոր քովէն անցնողը պիտի զարմանայ ու պիտի ըսէ՝ ‘Ինչո՞ւ համար Տէրը այս երկրին ու այս տանը այսպէս ըրաւ’։
22. Եւ պիտի պատասխանեն. ‘Վասն զի իրենց հայրերուն Տէր Աստուածը թողուցին, որ զիրենք Եգիպտոսէն հաներ էր եւ ուրիշ աստուածներու յարեցան եւ անոնց երկրպագութիւն ու ծառայութիւն ըրին. այս պատճառով անոնց վրայ այս բոլոր չարիքները բերաւ’»։
1. Սողոմոն Տէրոջը տունն ու իր տունը քսան տարուան մէջ շինելէն ետքը,
2. Այն քաղաքներն ալ շինեց, որոնք Քիրամ Սողոմոնին տուեր էր ու հոն Իսրայէլի որդիներ բնակեցուց։
3. Սողոմոն Սուբայի Եմաթը գնաց ու անոր տիրեց։
4. Անապատին մէջ Թադմօրը շինեց ու այս բոլոր շտեմարանի քաղաքները՝ որոնք Եմաթի երկրին մէջ շինեց
5. Ու վերի Բեթորոնն ու վարի Բեթորոնը պարիսպներով, դռներով ու նիգերով ամրացած քաղաքներ շինեց.
6. Նաեւ Բաաղեթը ու Սողոմոնի բոլոր շտեմարանի քաղաքներն ու կառքերուն բոլոր քաղաքները ու ձիաւորներուն քաղաքները եւ այն բոլոր շէնքերը՝ որոնք Սողոմոն ուզեց շինել Երուսաղէմի, Լիբանանի ու իր տէրութեանը բոլոր երկրին մէջ։
7. Այն բոլոր ժողովուրդները, որոնք Քետացիներէն, Ամօրհացիներէն, Փերեզացիներէն, Խեւացիներէն ու Յեբուսացիներէն մնացեր էին եւ Իսրայէլի որդիներէն չէին,
8. Այսինքն անոնց զաւակները, որոնք անոնցմէ ետքը այն երկրին մէջ մնացեր էին ու Իսրայէլի որդիները զանոնք բոլորովին կորսնցուցած չէին, Սողոմոն հարկատու ըրաւ մինչեւ այսօր։
9. Սողոմոն իր գործին համար Իսրայէլի որդիներէն ծառաներ չառաւ, հապա անոնք պատերազմիկներ ու իր զօրքերուն իշխաններ եւ իր կառքերուն ու ձիաւորներուն վերակացուներ էին։
10. Սողոմոն թագաւորին գլխաւոր իշխանները երկու հարիւր յիսուն հոգի էին, որոնք ժողովուրդին վրայ կ’իշխէին։
11. Սողոմոն Փարաւոնին աղջիկը Դաւիթին քաղաքէն անոր համար շինած տունը տարաւ ու ըսաւ. «Իմ կինս Իսրայէլի թագաւորին Դաւիթին տունը պէտք չէ նստի, վասն զի Տէրոջը տապանակին մտած տեղերը սուրբ են»։
12. Այն ատեն Սողոմոն սրահին առջեւ շինած Տէրոջը սեղանին վրայ ողջակէզներ մատուցանեց Տէրոջը։
13. Մովսէսին պատուիրածին համեմատ ամէն օրուան որոշուածը՝ շաբաթներու, ամսագլուխներու ու հանդիսաւոր տօներուն մէջ, տարին երեք անգամ, այսինքն Բաղարջակերաց տօնին, շաբաթներու տօնին ու Տաղաւարահարաց տօնին կը մատուցանէր։
14. Իր հօրը Դաւիթին կանոնովը քահանաներուն դասերը իրենց պաշտօններուն վրայ ու Ղեւտացիները իրենց պահպանութիւններուն վրայ, ամէն օրուան որոշուածին պէս, քահանաներուն առջեւ օրհնելու ու սպասաւորութիւն ընելու համար եւ դռնապաններն ալ իրենց դասերուն կարգովը մէկ մէկ դուռի քով դրաւ. քանզի այսպէս էր Աստուծոյ մարդուն՝ Դաւիթին՝ հրամանը։
15. Քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն, գանձարաններուն համար եւ ամէն բանի մէջ թագաւորին հրամանէն դուրս չեկան։
16. Սողոմոնին բոլոր գործերը՝ Տէրոջը տանը հիմը դրուած օրէն մինչեւ անոր լմննալը՝ պատրաստուած էին։ Այսպէս լրացաւ Տէրոջը տունը։
17. Այն ատեն Սողոմոն Եդովմի երկրին մէջ՝ ծովեզերքը եղող Գասիոնգաբեր ու Ելաթ գնաց։
18. Քիրամ իր ծառաներուն ձեռքով նաւեր ու ծովու ճամբորդութեան հմուտ ծառաներ ղրկեց անոր, որոնք Սողոմոնին ծառաներուն հետ Ոփիր գացին, անկէ չորս հարիւր յիսուն տաղանդ ոսկի առին ու Սողոմոն թագաւորին բերին։
1. Ականջ դի՛ր, ո՛վ Իսրայէլին Հովիւը, Որ Յովսէփին հօտի պէս կ’առաջնորդես։ Դո՛ւն, որ քերովբէներու վրայ կը նստիս, պայծառացի՛ր։
2. Եփրեմին ու Բենիամինին եւ Մանասէին առջեւ Արթնցո՛ւր քու զօրութիւնդ Ու եկո՛ւր մեզ փրկէ։
3. Ո՛վ Աստուած, մեզի՛ դարձիր Եւ քու երեսդ փայլեցուր ու պիտի փրկուինք։
4. Ո՛վ Տէր, զօրա՛ց Աստուած, Մինչեւ ե՞րբ պիտի բարկանաս քու ժողովուրդիդ աղօթքին։
5. Արտասուքի հաց կը կերցնես անոնց Ու մեծ չափով արտասուք կը խմցնես անոնց։
6. Մեզ նախատինքի առարկայ կ’ընես մեր դրացիներուն Ու մեր թշնամիներուն մէջ ծաղրանքի առարկայ։
15. Ոսկի ու շատ գոհար կը գտնուի, Բայց գիտութեան շրթունքները մեծագին զարդեր են։
26. Մարդի՛կ եղբայրներ, Աբրահամին տոհմին որդիներ՝ անոնք որ ձեր մէջ աստուածավախ են՝ այս փրկութեան խօսքը ձեզի ղրկուեցաւ։
27. Քանզի Երուսաղէմ բնակողները եւ անոնց իշխանները ո՛չ զանիկա ճանչցան, ո՛չ ալ մարգարէներուն ձայները՝ որոնք ամէն շաբաթ օրերը կը կարդացուին, բայց գրուածները կատարեցին՝ զինք դատապարտելով
28. Եւ մահուան պատճառ մըն ալ չգտած, Պիղատոսէն խնդրեցին, որ անիկա սպաննուի։
29. Երբ անոր համար բոլոր գրուած բաները կատարեցին, փայտէն վար իջեցնելով՝ գերեզմանին մէջ դրին։
30. Բայց Աստուած զանիկա յարուցանեց մեռելներէն։ Յիսուս շատ օրեր երեւցաւ անոնց,
31. Որ իրեն հետ Գալիլիայէն Երուսաղէմ ելեր էին, որոնք հիմա անոր վկաներն են ժողովուրդին առջեւ։
32. Մենք ալ ձեզի կը քարոզենք այն խոստումը, որ հայրերուն ըրած էր,
33. Որ Աստուած կատարեց մեզի, որ անոնց զաւակներն ենք, Յիսուսը յարուցանելով, ինչպէս երկրորդ սաղմոսին մէջ ալ գրուած է. ‘Դուն իմ Որդիս ես, ես այսօր քեզ ծնայ’։
34. Եւ որ զանիկա մեռելներէն յարուցանեց, անգամ մըն ալ ապականութիւն պիտի չտեսնէ։ Այսպէս կ’ըսէ. ‘Ձեզի պիտի տամ Դաւիթին հաւատարիմ սուրբ խոս տումները’։
35. Եւ ուրիշ սաղմոսի մը մէջ ալ կ’ըսէ. ‘Քու Սուրբիդ ապականութիւն տեսնել պիտի չտաս’։
36. Վասն զի Դաւիթ իր դարուն մէջ Աստուծոյ կամքին ծառայելով՝ մեռաւ ու իր հայրերուն քով դրուեցաւ եւ ապականութիւն տեսաւ։
37. Բայց ան, որ Աստուած յարուցանեց՝ ապականութիւն չտեսաւ։
38. Ուրեմն յայտնի ըլլայ ձեզի, մարդի՛կ եղբայրներ, որ Յիսուսի միջոցով ձեզի մեղքերու թողութիւն կը քարոզուի։
39. Այն ամէ՛ն բաներէն՝ որոնցմէ Մովսէսին օրէնքովը չկրցաք արդարանալ, բայց ամէն ով որ Յիսուսին հաւատայ, պիտի արդարանայ։
40. Արդ՝ զգուշացէ՛ք, որ չըլլայ թէ ձեր վրայ գայ այն որ մարգարէներուն մէջ ըսուած է.
41. ‘Նայեցէ՛ք, արհամարհողներ եւ զարմացէ՛ք ու ոչնչացէ՛ք. վասն զի գործ մը պիտի ընեմ ձեր օրերուն մէջ, այնպիսի գործ մը՝ որ եթէ մէկը ձեզի պատմէ, պիտի չհաւատաք’։
42. Երբ անկէ դուրս ելան, կ’աղաչէին որ հետեւեալ շաբաթ՝ ՝ ալ նոյն խօսքերը իրենց խօսին։
43. Երբ ժողովուրդը արձակուեցաւ, Հրեաներէն ու նորահաւատ բարեպաշտներէն շատեր Պօղոսին ու Բառնաբասին ետեւէն կ’երթային. որոնք կը խօսէին անոնց հետ ու կը յորդորէին զանոնք, որ միշտ Աստուծոյ շնորհքին մէջ հաստատ կենան։
44. Հետեւեալ շաբաթ օրը գրեթէ բոլոր քաղաքը հաւաքուեցաւ Աստուծոյ խօսքը լսելու։
45. Իսկ Հրեաները երբ տեսան այն բազմութիւնը, նախանձով լեցուեցան ու Պօղոսին ըսածներուն դէմ կը խօսէին՝ հակառակելով ու հայհոյութիւն ընելով։
46. Այն ատեն Պօղոս եւ Բառնաբաս համարձակեցան ու ըսին. «Պէտք էր առաջ ձեզի խօսուէր Աստուծոյ խօսքը, բայց որովհետեւ դուք զանիկա կը մերժէք ու ինքզինքնիդ յաւիտենական կեանքի արժանի չէք սեպեր, ահա մենք հեթանոսներուն կը դառնանք։
47. Վասն զի Տէրը այսպէս պատուիրած է մեզի. ‘Քեզ հեթանոսներուն լոյս դրի, որպէս զի դուն փրկութեան պատճառ ըլլաս մինչեւ երկրին ծայրերը’»։
48. Ասիկա լսելով՝ հեթանոսները կ’ուրախանային ու Աստուծոյ խօսքը կը փառաւորէին եւ որոնք որ յաւիտենական կեանքի սահմանուած էին, հաւատացին։
49. Տէրոջը խօսքը բոլոր գաւառը կը տարածուէր։
50. Բայց Հրեաները գրգռեցին բարեպաշտ եւ պատուաւոր կիները ու քաղաքին մեծերը եւ Պօղոսին ու Բառնաբասին դէմ հալածանք հանելով՝ զանոնք իրենց սահմաններէն դուրս ըրին։
51. Անոնք ալ իրենց ոտքերուն փոշին անոնց դէմ թօթուելով՝ Իկոնիոն գացին։
52. Աշակերտները ուրախութեամբ եւ Սուրբ Հոգիով կը լեցուէին։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981