Աստվածաշունչը մեկ տարում Հուլիս 82 քրոնիկները 11:1-231. Ռոբովամ Երուսաղէմ եկաւ ու Յուդայի եւ Բենիամինի տունէն հարիւր ութսուն հազար ընտիր պատերազմողներ հաւաքեց, որպէս զի Իսրայէլի հետ պատերազմ ընեն ու թագաւորութիւնը Ռոբովամին դարձնեն։2. Բայց Տէրոջը խօսքը Աստուծոյ մարդուն՝ Սեմայիային՝ եղաւ, ըսելով.3. «Սողոմոնին որդիին, Յուդայի Ռոբովամ թագաւորին ու Յուդայի ու Բենիամինի մէջ եղող բոլոր Իսրայելացիներուն խօսէ եւ ըսէ՝4. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Մի՛ ելլէք ու ձեր եղբայրներուն հետ մի՛ պատերազմիք։ Ամէն մարդ թող իր տունը դառնայ, վասն զի այս բանը ինծմէ եղաւ’»։ Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրին ու Յերոբովամին վրայ երթալէն ետ կեցան։5. Ռոբովամ Երուսաղէմ բնակեցաւ ու Յուդայի մէջ պարսպապատ քաղաքներ շինեց։6. Բեթլէհէմը, Ետամը, Թեկուէն,7. Բեթսուրը, Սոքովը, Ոդողոմը,8. Գէթը, Մարեսան, Զիփը,9. Ադորայիմը, Լաքիսը, Ազեկան,10. Սարաան, Այեղոնը ու Քեբրոնը շինեց, որոնք Յուդայի ու Բենիամինի մէջ պարսպապատ քաղաքներ էին։11. Պարիսպները ամրացուց ու անոնց մէջ զօրապետներ եւ կերակուրի ու իւղի եւ գինիի շտեմարաններ12. Ու ամէն մէկ քաղաքի մէջ վահաններ ու նիզակներ դրաւ եւ զանոնք խիստ շատ ամրացուց։ Յուդա եւ Բենիամին անոր հպատակ էին։13. Բոլոր Իսրայէլի մէջ եղող քահանաներն ու Ղեւտացիները իրենց բոլոր սահմաններէն անոր քով հաւաքուեցան.14. (Քանզի Ղեւտացիները իրենց արուարձաններն ու կալուածները թողուցին եւ Յուդայի երկիրը ու Երուսաղէմ գացին. վասն զի Յերոբովամ ու անոր որդիները զանոնք Տէրոջը քահանայութենէն հանեցին։15. Անիկա բարձր տեղերու համար ու դեւերու համար ու իր շինած հորթերուն համար իրեն քուրմեր որոշեց)։16. Եւ անոնց ետեւէն՝ Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն Իսրայէլի Տէր Աստուածը սրտանց փնտռողները՝ ՝ իրենց հայրերուն Տէր Աստուծոյ զոհ ընելու համար Երուսաղէմ կ’երթային։17. Յուդայի թագաւորութիւնը զօրացուցին եւ Սողոմոնին որդին Ռոբովամը երեք տարուան մէջ ուժովցուցին. քանզի երեք տարի Դաւիթին ու Սողոմոնին ճամբովը քալեցին։18. Ռոբովամ Դաւիթին որդիին Յերիմովթին աղջիկը՝ Մայէլէթը՝ իրեն կնութեան առաւ. նաեւ Յեսսէին որդիին Եղիաբին աղջիկը՝ Աբիքէլը։19. Անիկա որդիներ ծնաւ անոր՝ Յեուսը, Սամարիան ու Զաամը։20. Անկէ ետքը Աբիսողոմին աղջիկը Մաաքան առաւ, որ անոր ծնաւ՝ Աբիան, Եթթին, Զիզան ու Սաղօմիթը։21. Ռոբովամ Աբիսողոմին աղջիկը Մաաքան իր բոլոր կիներէն ու հարճերէն աւելի կը սիրէր. (վասն զի անիկա տասնըութը կին ու վաթսուն հարճ առեր էր եւ քսանըութը տղայ ու վաթսուն աղջիկ ծնաւ)։22. Ռոբովամ՝ Մաաքային որդին Աբիան գլուխ դրաւ, այսինքն իր եղբայրներուն վրայ իշխան կարգեց, քանզի զանիկա թագաւոր ընելու միտք ունէր ։23. Խելացութեամբ՝ իր բոլոր տղաքները Յուդայի ու Բենիամինի գաւառներուն պարսպապատ քաղաքներուն մէջ տեղաւորեց եւ անոնց առատ ապրուստ տուաւ ու շատ կիներ փնտռեց։2 քրոնիկները 12:1-161. Երբ Ռոբովամին թագաւորութիւնը հաստատուեցաւ ու ինք զօրացաւ, Տէրոջը օրէնքը թողուց ու անոր հետ բոլոր Իսրայէլն ալ։2. Ռոբովամ թագաւորին հինգերորդ տարին Եգիպտոսի Սիսակ թագաւորը Երուսաղէմի վրայ ելաւ (քանզի Տէրոջը դէմ ապստամբութիւն ըրեր էին)։3. Անիկա հազար երկու հարիւր կառքով ու վաթսուն հազար ձիաւորով եկաւ ու անոր հետ Եգիպտոսէն եկած ժողովուրդը անթիւ էր՝ այսինքն Լիբէացիները, Սովկիացիներն ու Եթովպիացիները։4. Յուդայի պարսպապատ քաղաքները առաւ ու մինչեւ Երուսաղէմ եկաւ։5. Սեմայիա մարգարէն եկաւ Ռոբովամին ու Յուդային իշխաններուն, որոնք Սիսակին երեսէն Երուսաղէմ հաւաքուեր էին ու անոնց ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուք զիս թողուցիք, ես ալ ձեզ Սիսակին ձեռքը կը թողում’»։6. Իսրայէլի իշխանները, նաեւ թագաւորը խոնարհեցան ու ըսին. «Տէրը արդար է»։7. Երբ Տէրը անոնց խոնարհիլը տեսաւ, Տէրոջը խօսքը Սեմայիային եղաւ՝ ըսելով. «Անոնք խոնարհեցան. ուստի պիտի չկորսնցնեմ զանոնք, հապա անոնց քիչ մը ազատութիւն պիտի տամ ու իմ բարկութիւնս Սիսակին ձեռքով Երուսաղէմի վրայ պիտի չթափի։8. Սակայն անոր ծառաներ պիտի ըլլան, որպէս զի իմ ծառայութեանս ու երկրի թագաւորներուն ծառայութեանը տարբերութիւնը գիտնան»։9. Եգիպտոսի Սիսակ թագաւորը Երուսաղէմի վրայ յարձակեցաւ եւ Տէրոջը տանը գանձերն ու թագաւորին տանը գանձերը առաւ, ամէնքն ալ առաւ, Սողոմոնին շինած ոսկիէ ասպարներն ալ առաւ։10. Եւ Ռոբովամ թագաւորը անոնց տեղ պղնձէ ասպարներ շինեց ու զանոնք թագաւորական տանը դուռը պահպանութիւն ընող սուրհանդակներուն ոստիկաններուն ձեռքը յանձնեց։11. Երբ թագաւորը Տէրոջը տունը կ’երթար, սուրհանդակները կու գային, զանոնք կը կրէին ու ետքը զանոնք սուրհանդակներուն խուցը կը դարձնէին։12. Ուստի, քանի որ խոնարհեցաւ, Տէրոջը բարկութիւնը անկէ դարձաւ ու զանիկա բոլորովին չկորսնցուց, վասն զի Յուդայի մէջ աղէկ բաներ կային։13. Ռոբովամ թագաւորը Երուսաղէմի մէջ զօրացաւ ու թագաւորութիւն ըրաւ ու երբ Ռոբովամ թագաւորեց՝ քառասունըմէկ տարեկան էր։ Տասնըեօթը տարի թագաւորութիւն ըրաւ Երուսաղէմի մէջ, այսինքն այն քաղաքին մէջ՝ որ Տէրը Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն ընտրեց՝ իր անունը հոն դնելու համար ու անոր մայրը Ամմոնացի էր Նաամա անունով։14. Անիկա չարութիւն ըրաւ ու իր սիրտը չուղղեց, որ Տէրը փնտռէ։15. Ռոբովամի առաջին ու վերջին գործերը ահա Սեմայիա մարգարէին գրքին ու Ադդով տեսանողին ազգաբանութեանը մէջ գրուած են։ Ռոբովամին ու Յերոբովամին մէջտեղ միշտ պատերազմ կար։16. Ռոբովամ իր հայրերուն հետ քնացաւ եւ Դաւիթին քաղաքին մէջ թաղուեցաւ ու անոր տեղ անոր որդին Աբիան թագաւոր եղաւ։Սաղմոսներ 80:14-1914. Ո՛վ զօրաց Աստուած, կ’աղաչե՛մ, դարձի՛ր. Նայէ՛ երկնքէն ու տե՛ս Ու այցելէ՛ այս որթատունկին,15. Որ քու աջ ձեռքովդ տնկեցիր Ու արմատը՝ որ քեզի համար զօրացուցիր։16. Թող անոնք կրակով այրուին ու կտրուին, Քու սաստէդ թող կորնչին։17. Թող քու ձեռքդ մարդուն վրայ ըլլայ Ու քու աջ ձեռքդ մարդու որդիին վրայ, որ քեզի համար զօրացուցիր։18. Մենք այլեւս պիտի չդառնանք քեզմէ. Կենդանացո՛ւր մեզ ու քու անունդ պիտի կանչենք։19. Ո՛վ Տէր, զօրա՛ց Աստուած, մեզի՛ դարձիր Եւ քու երեսդ փայլեցո՛ւր ու պիտի փրկուինք։Առակներ 20:19-2119. Բանսարկութիւն ընողը գաղտնիքը կը յայտնէ, Ուրեմն շողոքորթութիւն ընողին հետ հաղորդակցութիւն մի՛ ունենար։20. Ով որ իր հայրն ու մայրը կ’անիծէ, Անոր ճրագը մութ խաւարի մէջ պիտի մարի։21. Այն ժառանգութիւնը, որ սկիզբը արտորնօք կ’առնուի, Անոր վերջը պիտի չօրհնուի։Գործեր 15:1-211. Մէկ քանիներ, Հրէաստանէն եկած, եղբայրներուն կը սորվեցնէին թէ՝ եթէ Մովսէսին աւանդած սովորութեանը համեմատ չթլփատուիք, չէք կրնար փրկուիլ։2. Ուստի Պօղոսին եւ Բառնաբասին դէմ շատ մը հակառակութիւն ու վէճ ընելէն ետքը, վճռեցին որ Պօղոսն ու Բառնաբասը եւ մէկ քանիներ ալ անոնցմէ՝ Երուսաղէմ երթան առաքեալներուն ու երէցներուն՝ այս խնդրին համար։3. Անոնք ալ եկեղեցիէն ճամբու դրուելով՝ Փիւնիկէէն ու Սամարիայէն անցան եւ հեթանոսներուն դարձի գալը պատմելով՝ մեծապէս ուրախացուցին բոլոր եղբայրները։4. Երբ Երուսաղէմ հասան, եկեղեցիէն ու առաքեալներէն եւ երէցներէն ընդունուեցան եւ պատմեցին ինչ որ Աստուած ըրեր էր իրենց միջոցով։5. Փարիսեցիներու աղանդէն հաւատացեալներէն ոմանք ելան ու ըսին թէ՝ «Պէտք է թլփատել զանոնք ու պատուիրել որ Մովսէսին օրէնքը պահեն»։6. Առաքեալներն ու երէցները հաւաքուեցան այս մասին խորհելու։7. Շատ վիճաբանութիւն ընելէ յետոյ, Պետրոս ոտքի վրայ ելաւ ու ըսաւ անոնց. «Մարդի՛կ եղբայրներ, դուք գիտէք թէ առաջին օրերէն Աստուած զիս ընտրեց մեր մէջէն, որպէս զի իմ բերնովս հեթանոսները աւետարանին խօսքը լսեն ու հաւատան։8. Սրտագէտն Աստուած վկայեց անոնց՝ Սուրբ Հոգին տալով, ինչպէս մեզի ալ,9. Եւ խտրութիւն մը չըրաւ մեր ու անոնց մէջտեղ, հաւատքով անոնց սրտերը մաքրելով։10. Ուստի հիմա ինչո՞ւ Աստուած կը փորձէք, աշակերտներուն պարանոցին վրայ այնպիսի լուծ մը դնելով, որ ո՛չ մեր հայրերը, ո՛չ ալ մենք կրցանք վերցնել։11. Բայց կը հաւատանք թէ Տէր Յիսուսին շնորհքովը կը փրկուինք մենք, ինչպէս անոնք ալ»։12. Բոլոր ժողովուրդը լուռ կեցաւ ու մտիկ կ’ընէր Բառնաբասին ու Պօղոսին, որոնք կը պատմէին թէ Աստուած ո՛րչափ նշաններ ու հրաշքներ ըրեր էր հեթանոսներուն մէջ իրենց ձեռքով։13. Անոնք խօսքերնին կտրելէն հետոյ՝ Յակոբոս խօսք առնելով՝ ըսաւ. «Մարդի՛կ եղբայրներ, ինծի մտիկ ըրէ՛ք.14. Շմաւոն պատմեց թէ Աստուած ի՛նչպէս առաջ այցելութիւն ըրաւ, որպէս զի հեթանոսներէն ժողովուրդ մը առնէ իր անուանը համար։15. Այս բանին համար մարգարէներուն խօսքերն ալ կը միաբանին, ինչպէս գրուած է.16. ‘Ասկէ ետեւ պիտի դառնամ ու Դաւիթին ինկած խորանը նորէն պիտի շինեմ եւ անոր կործանուած տեղերը նորէն պիտի շինեմ եւ կանգնեցնեմ զանիկա,17. Որպէս զի մնացած մարդիկը Տէրը փնտռեն եւ բոլոր հեթանոսները՝ որոնց վրայ իմ անունս կոչուած է’, կ’ըսէ Տէրը, որ այս ամէն բաները կ’ընէ։18. Յայտնի են Աստուծոյ իր բոլոր գործերը աշխարհի սկիզբէն ի վեր։19. Ասոր համար ես յարմար կը դատեմ նեղութիւն չտալ անոնց, որոնք հեթանոսներէն Աստուծոյ կը դառնան.20. Հապա թուղթ մը գրել անոնց՝ որ ետ կենան կուռքերու պղծութիւններէն եւ պոռնկութենէ ու խեղդուածէ եւ արիւնէ։21. Վասն զի Մովսէս հին դարերէն ի վեր ամէն քաղաքի մէջ զինք քարոզողներ ունի եւ ժողովարաններու մէջ ամէն շաբաթ օր կը կարդացուի»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981