Աստվածաշունչը մեկ տարում
Հուլիս 9

1. Յերոբովամ թագաւորին տասնըութերորդ տարին Յուդայի վրայ Աբիան թագաւորեց։
2. Անիկա Երուսաղէմի մէջ երեք տարի թագաւորութիւն ըրաւ եւ անոր մայրը՝ Միքայիա՝ Գաբաացի Ուրիէլին աղջիկն էր. Աբիային ու Յերոբովամին մէջտեղ պատերազմ կար։
3. Աբիան զօրաւոր ու պատերազմող զօրքերով՝ չորս հարիւր հազար ընտիր մարդոցմով պատերազմելու պատրաստուեցաւ։ Յերոբովամ ալ անոր դէմ ելաւ ութ հարիւր հազար ընտիր, զօրաւոր ու պատերազմող մարդոցմով։
4. Եւ Աբիա Եփրեմին լեռնակողմը Սեմարիմ լերան վրայ կանգնեցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Յերոբովամ ու բոլոր Իսրայէլ, ինծի մտիկ ըրէք.
5. Դուք գիտնալու չէ՞ք թէ Իսրայէլի Տէր Աստուածը Իսրայէլի վրայ թագաւորելը՝ յաւիտեան Դաւիթի ու անոր որդիներուն տուած է աղի ուխտով։
6. Բայց Դաւիթին որդիին Սողոմոնին ծառան՝ Նաբատեան Յերոբովամը ոտքի ելաւ ու իր տիրոջմէն ապստամբեցաւ։
7. Անոր քով դատարկապորտ ու անօրէն մարդիկ հաւաքուեցան ու Սողոմոնին որդիին Ռոբովամին դէմ կեցան. քանզի Ռոբովամ մանկահասակ ու փափկասիրտ ըլլալով՝ անոնց դէմ չդրաւ։
8. Հիմա դուք շատուոր ըլլալնուդ համար ու Յերոբովամին ձեզի շինած աստուածներուն, այն ոսկիէ հորթերուն, ձեր քով ըլլալուն համար, Դաւիթին որդիներուն ձեռքը եղող Տէրոջը թագաւորութեանը դէմ կենալ կը մտածէք։
9. Միթէ դուք Տէրոջը քահանաները՝ Ահարոնին որդիներն ու Ղեւտացիները դուրս չըրի՞ք եւ որիշ երկիրներու ժողովուրդներուն պէս ձեզի քուրմեր չըրի՞ք այն բոլոր մարդիկը, որոնք մէկ զուարակով ու եօթը խոյերով կու գային զիրենք նուիրելու, որպէս զի չաստուածներու քուրմ ըլլան։
10. Բայց մեր Աստուածը Եհովան է։ Մենք զանիկա չթողուցինք եւ Տէրոջը ծառայութիւն ընող քահանաները Ահարոնին որդիներն են ու Ղեւտացիները իրենց պաշտօնին վրայ են։
11. Ամէն առտու ու ամէն իրիկուն Տէրոջը ողջակէզներ կը մատուցանեն ու անուշահոտ խունկ կը ծխեն ու մաքուր սեղանին վրայ առաջաւորութեան հացերը կը շարեն եւ ամէն իրիկուն վառելու համար ոսկիէ աշտանակն ու անոր ճրագները կը պատրաստեն. քանզի մենք մեր Տէր Աստուծոյն պահպանութիւնը կը պահենք, բայց դուք զանիկա մերժեցիք։
12. Ահա Աստուած ինք մեզի հետ է՝ մեր իշխանը ըլլալու. նաեւ անոր քահանաները ազդարարութեան փողերով, որպէս զի ձեզի դէմ հնչեցնեն. ուրեմն, ո՛վ Իսրայէլի որդիներ, ձեր հայրերուն Տէր Աստուծոյն հետ մի՛ պատերազմիք. քանզի դուք յաջողութիւն պիտի չգտնէք»։
13. Բայց Յերոբովամ դարանակալներ ղրկեց, որպէս զի անոնց ետեւէն գան. այնպէս որ Իսրայելացիները Յուդայեաններուն առջեւն էին ու դարանակալները անոնց ետեւն էին։
14. Յուդայեանները նայեցան, որ պատերազմը իրենց առջեւէն ու ետեւէն էր ու Տէրոջը աղաղակեցին եւ քահանաները փողերը հնչեցուցին։
15. Յուդայի մարդիկը աղաղակ բարձրացուցին ու երբ Յուդայի մարդիկը աղաղակեցին, Աստուած Յերոբովամն ու բոլոր Իսրայէլը Աբիային ու Յուդային առջեւ զարկաւ։
16. Իսրայէլի որդիները Յուդայի առջեւէն փախան։ Աստուած անոնց ձեռքը մատնեց զանոնք։
17. Աբիան ու իր զօրքը մեծ կոտորած ըրին անոնց մէջ։ Իսրայէլէն հինգ հարիւր հազար ընտիր մարդիկ սպաննուած ինկան։
18. Այն ատեն Իսրայելացիները նուաճուեցան ու Յուդայի որդիները իրենց հայրերուն Տէր Աստուծոյն ապաւինելնուն համար ոյժ գտան։
19. Աբիան Յերոբովամը հալածեց ու անկէ քաղաքներ առաւ՝ Բեթէլն ու անոր գիւղերը եւ Յեսանան ու անոր գիւղերը եւ Եփրոնն ու անոր գիւղերը։
20. Յերոբովամ Աբիային օրերուն մէջ անգամ մըն ալ չկրցաւ ոյժ գտնել։ Տէրը զանիկա զարկաւ ու մեռցուց։
21. Աբիան ուժովցաւ ու իրեն տասնըչորս կին առաւ։ Քսանըերկու տղայ ու տասնըվեց աղջիկ ծնաւ։
22. Աբիային մնացորդ պատմութիւնը եւ անոր գործերն ու խօսքերը Ադդով մարգարէին յիշատակարանին մէջ գրուած են։
1. Աբիան իր հայրերուն հետ քնացաւ ու զանիկա Դաւիթին քաղաքին մէջ թաղեցին։ Անոր տեղ անոր որդին Ասան թագաւոր եղաւ։ Ասոր օրերը երկիրը տասը տարի հանգստութիւն գտաւ։
2. Ասա իր Տէր Աստուծոյն առջեւ բարի եւ ուղիղ եղածը ըրաւ։
3. Օտար աստուածներուն սեղաններն ու բարձր տեղերը վերցուց եւ արձանները կոտրտեց ու Աստարովթին կուռքերը կտոր կտոր ըրաւ։
4. Յուդային հրամայեց, որ իրենց հայրերուն Տէր Աստուածը փնտռեն ու օրէնքն ու պատուիրանքները կատարեն։
5. Յուդային բոլոր քաղաքներէն բարձր տեղերը ու արեգակին նուիրուած կուռքերը վերցուց ու թագաւորութիւնը հանգստացուց։
6. Անիկա Յուդայի մէջ պարսպապատ քաղաքներ շինեց. քանզի այն տարիներուն մէջ երկիրը հանգստութիւն կը վայելէր ու անոր հետ պատերազմ ընող չկար, վասն զի Տէրը անոր հանգստութիւն տուաւ։
7. Ասա Յուդային ըսաւ. «Այս երկիրը քանի որ մեր իշխանութեան տակն է՝ ՝, նոր քաղաքներ շինենք ու զանոնք պարիսպներով, աշտարակներով, դռներով ու նիգերով շրջապատենք. քանզի մենք մեր Աստուածը փնտռեցինք ու ատոր համար ամէն կողմէ մեզի հանգստութիւն տուաւ։ Զանոնք շինեցին ու յաջողութիւն գտան։
8. Ասա Յուդայէն՝ վահան ու նիզակ կրող երեք հարիւր հազար զօրք ու Բենիամինէն ասպար կրող ու աղեղ քաշող երկու հարիւր ութսուն հազար զօրք ունէր։ Ասոնք ամէնքը զօրաւոր կտրիճներ էին։
9. Եթովպիացի Զարա մէկ միլիոն զօրքով եւ երեք հարիւր կառքով անոնց վրայ յարձակեցաւ ու մինչեւ Մարեսա եկաւ։
10. Ասա անոր դէմ ելաւ ու Մարեսայի Սեփաթա ձորին մէջ պատերազմը շարուեցաւ։
11. Ասա իր Տէր Աստուծոյն աղաղակեց ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, քու առջեւդ տարբերութիւն մը չկայ թէ՛ շատով եւ թէ՛ քիչով օգնութիւն ընելու մէջ։ Մեզի օգնութիւն ըրէ՛, ո՛վ Տէր Աստուած մեր, որովհետեւ քեզի ապաւինեցանք ու այս բազմութեան վրայ քու անունովդ եկանք։ Ո՛վ Տէր, մեր Աստուածը դուն ես. մի՛ թողուր, որ մարդը քեզի դէմ զօրանայ»։
12. Տէրը Եթովպացիները Ասային ու Յուդային առջեւ զարկաւ։ Եթովպացիները փախան։
13. Ասա ու անոր հետ եղող ժողովուրդը զանոնք մինչեւ Գերարա հալածեցին։ Եթովպացիները ինկան եւ անոնց վրայ կենդանութիւն չմնաց. քանզի Տէրոջը առջեւ ու անոր բանակին առջեւ խորտակուեցան։ Յուդայեանները խիստ շատ աւար առին
14. Եւ Գերարայի բոլորտիքը եղող բոլոր քաղաքները զարկին. քանզի անոնց վրայ Տէրոջը վախը ինկաւ ու բոլոր քաղաքները կողոպտեցին, վասն զի անոնց մէջ շատ աւար կար։
15. Հօտերուն վրաններն ալ զարկին ու խիստ շատ ոչխար եւ ուխտ առնելով՝ Երուսաղէմ դարձան։
1. Ցնծացէ՛ք Աստուծոյ առջեւ, որ մեր զօրութիւնն է, Ուրախութեա՛մբ աղաղակեցէք Յակոբին Աստուծոյն։
2. Սաղմոս ըսէ՛ք ու թմբուկ զարկէ՛ք Նաեւ անոյշ քնարը՝ տաւիղին հետ։
3. Փո՛ղ հնչեցուցէք ամսագլխուն, Նաեւ լուսնի լրման ատենը՝ ՝, մեր տօնին օրը։
4. Վասն զի ասիկա Իսրայէլի կանոնն է, Յակոբին Աստուծոյն հրամանն է։
5. Ինք վկայութիւն դրաւ ասիկա Յովսէփին մէջ, Եգիպտոսի երկրին վրայ յարձակած ատեն, Ուր լեզու մը լսեց, որ չէր գիտեր.
22. «Չարութեան փոխարէնը պիտի հատուցանեմ», մի՛ ըսեր, Տէրոջը սպասէ ու անիկա քեզի պիտի օգնէ։
23. Զանազան տեսակ կշիռքի քարերը Տէրոջը առջեւ պիղծ են Ու նենգաւոր կշիռքը աղէկ չէ։
22. Այն ատեն առաքեալներուն ու երէցներուն՝ բոլոր եկեղեցիին հետ մէկտեղ աղէկ երեւցաւ որ իրենցմէ մարդիկ ընտրելով Անտիոք ղրկեն Պօղոսին ու Բառնաբասին հետ, Բարսաբա մականուանեալ Յուդան եւ Շիղան, որոնք գլխաւոր մարդիկ էին եղբայրներուն մէջ։
23. Ու անոնց ձեռքով թուղթ մը ղրկեցին, այսպէս գրուած. «Առա՛քեալներ ու երէ՛ցներ եւ ե՛ղբայրներ, Անտիոքի ու Սուրիոյ եւ Կիլիկիոյ մէջ հեթանոսներէն եղած եղբայրներուդ ողջո՛յն։
24. Որովհետեւ լսեցինք թէ ոմանք մեր մէջէն ելլելով՝ ձեզ խօսքերով խռովեցուցեր եւ ձեր անձերը նեղած են, ըսելով թէ պէտք է թլփատուիլ ու օրէնքը պահել, որոնց մենք այսպէս չպատուիրեցինք։
25. Մեզի միաբանութեամբ հաւաքուածներուս աղէկ երեւցաւ, որ մարդիկ ընտրելով ձեզի ղրկենք՝ մեր սիրելիներուն, Բառնաբասին ու Պօղոսին հետ,
26. Որոնք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին անուանը համար անձերնին մատնած մարդիկ են։
27. Ուստի ղրկեցինք Յուդան եւ Շիղան, որպէս զի իրենք ալ բերնով նոյն բաները ձեզի ըսեն.
28. Վասն զի աղէկ երեւցաւ Սուրբ Հոգիին ու մեզի ալ ձեր վրայ աւելի բեռ չդնել այս հարկաւոր բաներէն զատ,
29. Որ ետ կենաք կուռքերու զոհուածէ եւ արիւնէ ու խեղդուածէ եւ պոռնկութենէ, որոնցմէ ինքզինքնիդ պահելով աղէկ պիտի ընէք։ Ո՛ղջ եղէք»։
30. Անոնք ալ ճամբայ դրուելով՝ Անտիոք գացին եւ ժողովուրդը մէկտեղ ժողվելով թուղթը տուին։
31. Ու երբ կարդացին, ուրախացան տրուած մխիթարութեան համար։
32. Իսկ Յուդա ու Շիղա, որ իրենք ալ մարգարէ էին, շատ խօսքերով յորդորեցին եղբայրները ու հաստատեցին։
33. Ատեն մը հոն կենալէ յետոյ, եղբայրներէն խաղաղութեամբ ճամբայ դրուեցան ու առաքեալներուն դարձան ։
34. Բայց Շիղային յարմար երեւցաւ, որ հոն մնայ։
35. Պօղոսն ու Բառնաբասն ալ Անտիոքի մէջ կը կենային եւ ուրիշ շատերու հետ Տէրոջը խօսքը կը սորվեցնէին ու կը քարոզէին։
36. Քանի մը օր յետոյ Պօղոս ըսաւ Բառնաբասին. «Դառնանք ու այցելենք եղբայրներուն՝ բոլոր քաղաքները, ուր Տէրոջը խօսքը քարոզեցինք եւ տեսնենք թէ ի՞նչպէս են։
37. Բառնաբաս կ’ուզէր որ Յովհաննէսն ալ առնեն, որ Մարկոս կը կոչուէր.
38. Բայց Պօղոս արժան չսեպեց որ Պամփիւլիայի մէջ իրենցմէ զատուողը ու իրենց հետ գործի չեկողը իրենց հետ առնեն։
39. Այսպէս անոնց մէջ գժտութիւն մը եղաւ, ստիպուած իրարմէ զատուեցան։ Բառնաբաս առաւ Մարկոսը ու նաւով Կիպրոս գնաց։
40. Պօղոս ալ Շիղան ընտրեց ու ելաւ, եղբայրներէն Աստուծոյ շնորհքին յանձնուելով
41. Եւ Սուրիոյ ու Կիլիկիոյ մէջ կը պտըտէր ու եկեղեցիները կը հաստատէր։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981