Աստվածաշունչը մեկ տարում Օգոստոս 1Էսթեր 3:1-151. Այս բաներէն ետքը Ասուերոս թագաւորը Ագագացի Ամադաթայի որդին Համանը մեծցուց ու զանիկա բարձրացուց ու անոր աթոռը իրեն հետ եղող բոլոր իշխաններուն վերի կողմը դրաւ։2. Եւ թագաւորին դուռը եղող թագաւորին բոլոր ծառաները ծնրադրութեամբ երկրպագութիւն կ’ընէին Համանին, վասն զի թագաւորը անոր համար այսպէս հրամայեր էր. բայց Մուրթքէ ծնրադրութիւն ու երկրպագութիւն չէր ըներ։3. Թագաւորին դուռը եղող՝ թագաւորին ծառաները Մուրթքէին ըսին. «Ինչո՞ւ համար դուն թագաւորին հրամանէն դուրս կ’ելլես»։4. Անոնք ամէն օր անոր կ’ըսէին ու երբ անոնց մտիկ չըրաւ, այն ատեն Համանին իմացուցին, որպէս զի տեսնեն թէ Մուրթքէին բանը ո՞ւր պիտի հասնի՝ ՝. վասն զի անիկա իր Հրեայ ըլլալը անոնց իմացուցեր էր։5. Երբ Համան տեսաւ թէ Մուրթքէ իրեն ծնրադրութիւն ու երկրպագութիւն չըներ, խիստ բարկացաւ6. Ու միայն Մուրթքէին ձեռք զարնելը անոր աչքին անարժէք երեւցաւ, քանի որ Մուրթքէին ազգը անոր իմացուցեր էին. Համան Մուրթքէին ազգը, այսինքն Ասուերոսի բոլոր թագաւորութեանը մէջ եղող բոլոր Հրեաները կորսնցնել խորհեցաւ։7. Առաջին ամսուան, այսինքն Նիսան ամսուան մէջ Ասուերոս թագաւորին տասնըերկրորդ տարին մինչեւ տասնըերկրորդ ամիսը, այսինքն Ադար ամիսը, օրէ օր ու ամսէ ամիս Համանին առջեւ Փուր, այսինքն վիճակ ձգեցին։8. Համան Ասուերոս թագաւորին ըսաւ. «Քու թագաւորութեանդ բոլոր գաւառներուն մէջ՝ ժողովուրդներուն մէջ ցրուած ու տարածուած ազգ մը կայ։ Անոնց օրէնքները բոլոր ժողովուրդներուն օրէնքներէն տարբեր են, որով թագաւորին օրէնքները չեն կատարեր. ուստի չի վայլեր, որ թագաւորը անոնց թոյլտուութիւն ընէ։9. Եթէ թագաւորին հաճոյ կ’երեւնայ, հրաման տրուի՝ ՝, որ զանոնք կորսնցնեն։ Ես պաշտօնատարներուն ձեռքը, թագաւորին գանձը բերելու համար, տասը հազար տաղանդ արծաթ կը կշռեմ կու տամ »։10. Այն ատեն թագաւորը իր ձեռքէն իր մատանին հանեց ու զանիկա Հրեաներու թշնամիին, Ագագացի Ամադաթայի որդիին Համանին տուաւ։11. Թագաւորը Համանին ըսաւ. «Այն արծաթը քեզի կու տամ ու այն ազգն ալ, որպէս զի քու աչքերուդ հաճոյ երեւցածը ընես անոնց»։12. Առաջին ամսուան տասներեքերորդ օրը թագաւորին գրագիրները կանչուեցան ու թագաւորին նախարարներուն ու բոլոր գաւառներուն վրայ եղող կուսակալներուն ու ամէն գաւառի ամէն մէկ ժողովուրդին իշխաններուն իրենց գրովը ու ամէն ժողովուրդին իր լեզուովը Համանին հրամայածին պէս Ասուերոս թագաւորին անունովը գրուեցաւ ու թագաւորին մատանիովը կնքուեցաւ13. Եւ սուրհանդակներու ձեռքով թագաւորին բոլոր գաւառները հրովարտակներ ղրկուեցան, որպէս զի մէկ օրուան մէջ, տասնըերկրորդ ամսուն, այսինքն Ադար ամսուն, տասնըերեքերորդ օրը, բոլոր Հրեաները, երիտասարդներէն մինչեւ ծերերը, նաեւ տղաքներն ու կիները կոտորեն, մեռցնեն ու կորսնցնեն եւ անոնց ունեցածը իբրեւ աւար յափշտակեն։14. Ու հրովարտակին պատուէրը այնպէս էր՝ որ հրամանը ամէն մէկ գաւառի մէջ հրատարակուի ու բոլոր ժողովուրդներուն բացատրուի, որպէս զի այն օրուան համար պատրաստ գտնուին։15. Սուրհանդակները թագաւորին հրամանէն ստիպուելով՝ ճամբայ ելան ու հրովարտակը Շուշան մայրաքաղաքին մէջ ալ հրատարակուեցաւ եւ թագաւորը ու Համան խմելու նստան, սակայն Շուշան քաղաքը շփոթութեան մէջ էր։Էսթեր 4:1-171. Երբ Մուրթքէ բոլոր եղածները իմացաւ, իր հանդերձները պատռեց, քուրձ հագաւ ու վրան մոխիր ցանեց ու քաղաքին հրապարակը ելլելով՝ մեծ ու ողբալի ձայնով աղաղակեց2. Ու թագաւորին դրանը առջեւ եկաւ կայնեցաւ. վասն զի քուրձ հագած մարդ մը չէր կրնար թագաւորին դռնէն ներս մտնել։3. Բոլոր գաւառներուն մէջ, ուր որ թագաւորին հրամանն ու հրովարտակը կը հասնէր, Հրեաները մեծ սուգ կ’ընէին, ծոմ կը պահէին, կու լային ու կ’ողբային եւ շատերը քուրձի ու մոխիրի վրայ կը պառկէին։4. Եսթերին աղախիններն ու ներքինիները եկան անոր պատմեցին։ Թագուհին մեծապէս խռովեցաւ ու հանդերձներ ղրկեց, որ Մուրթքէին հագցնեն ու անոր վրայէն քուրձը հանեն. բայց անիկա չընդունեց։5. Եսթեր Հաթաքը կանչեց, որ թագաւորին ներքինիներէն մէկն էր (զոր թագաւորը անոր սպասաւոր տուեր էր) ու անոր հրամայեց, որ Մուրթքէէն հասկնայ թէ այս ի՛նչ պիտի ըլլայ ու ինչո՛ւ համար է։6. Հաթաք Մուրթքէին գնաց, որ թագաւորին դրանը առջեւի հրապարակին մէջ էր։7. Մուրթքէ բոլոր իրեն պատահած բաները անոր յայտնեց, նաեւ Համանին սակարկութիւնը՝ որով թագաւորին գանձէն արծաթ տալ խոստացեր էր Հրեաներուն համար, որպէս զի զանոնք կորսնցնէ։8. Զանոնք կորսնցնելու համար Շուշանի մէջ հրատարակուած հրովարտակէն օրինակ մը անոր տուաւ, որպէս զի Եսթերին ցուցնէ ու հասկցնէ եւ անոր պատուիրէ որ թագաւորին քով երթայ եւ անոր աղաչէ ու անոր առջեւ իր ազգին համար ազատում խնդրէ։9. Հաթաք գնաց ու Մուրթքէին խօսքերը Եսթերին պատմեց։10. Եսթեր Հաթաքին հետ խօսեցաւ ու հրամայեց, որ Մուրթքէին այսպէս պատասխան տանի.11. «Թագաւորին բոլոր ծառաները ու թագաւորին գաւառներուն ժողովուրդները աղէկ գիտեն, որ այր կամ կին մարդ մը եթէ չկանչուած՝ թագաւորին ներքին գաւիթը մտնէ, զանիկա մեռցնելու համար օրէնք մը կայ։ Անիկա միայն կ’ապրի, որուն որ թագաւորը իր ոսկի գաւազանը երկնցնէ։ Հիմա երեսուն օր է, որ ես թագաւորին քով մտնելու կանչուած չեմ»։12. Եսթերին խօսքերը Մուրթքէին յայտնեցին։13. Մուրթքէ ըսաւ, որ Եսթերին այսպէս պատասխան տանին. «Դուն մի՛ կարծեր թէ թագաւորին տունը ըլլալովդ՝ բոլոր Հրեաներէն միայն դուն պիտի ազատիս։14. Վասն զի այս ժամանակին մէջ եթէ դուն լռես, Հրեաներուն ուրիշ տեղէ մը օգնութիւն ու ազատում պիտի գայ, բայց դուն ու քու հօրդ տունը պիտի կորսուիք եւ ո՞վ գիտէ, թերեւս դուն այսպիսի ատենուան մը համար թագուհի եղար»։15. Ու Եսթեր ըսաւ, որ Մուրթքէին այսպէս պատասխան տանին.16. «Գնա՛, Շուշանին մէջ եղող բոլոր Հրեաները հաւաքէ՛ ու ինծի համար ծոմ պահեցէք, գիշեր ցորեկ երեք օր մի՛ ուտէք ու մի՛ խմէք. նոյնպէս ալ ես իմ աղախիններովս ծոմ կը պահեմ ու այնպէս թագաւորին առջեւ կ’ելլեմ, թէպէտեւ օրէնքի դէմ է ու եթէ մեռնիմ՝ թող մեռնիմ»։17. Այն ատեն Մուրթքէ գնաց ու ըրաւ այն ամէնը, որ Եսթեր իրեն պատուիրեր էր։Սաղմոսներ 89:46-5246. Մինչեւ ե՞րբ, ո՛վ Տէր, Քու անձդ միշտ պիտի պահե՞ս Եւ քու սրտմտութիւնդ կրակի պէս պիտի բորբոքի՞։47. Յիշէ՛ իմ կեանքիս երկարութիւնը. Միթէ ունայնութեան համա՞ր ստեղծեցիր մարդոց բոլոր որդիները։48. Ո՞վ է այն մարդը, որ կրնայ ապրիլ ու երբեք մահ չտեսնել Եւ իր անձը դժոխքին ձեռքէն կրնայ փրկել։ (Սէլա։)49. Ո՛վ Տէր, ո՞ւր են քու առաջուան ողորմութիւններդ, Որոնք երդում ըրիր Դաւիթին քու հաւատարմութիւնովդ։50. Ո՛վ Տէր, յիշէ՛ քու ծառաներուդ նախատինքը, Որ իմ ծոցիս մէջ կը կրեմ բոլոր մեծ ազգերէն.51. Որ քու թշնամիներդ անարգեցին, ո՛վ Տէր, Որ քու օծեալիդ քայլերը անարգեցին։52. Օրհնեա՜լ ըլլայ Տէրը յաւիտեան։ Ամէն ու ամէն։Առակներ 22:7-87. Հարուստը աղքատներուն վրայ կը տիրէ Ու փոխ առնողը փոխ տուողին ծառայ կ’ըլլայ։8. Չարութիւն ցանողը ունայնութիւն կը հնձէ Եւ անոր բարկութեան գաւազանը պիտի կորսուի։հռոմեական 3:1-311. Ուրեմն Հրեան ի՞նչ առաւելութիւն ունի, կամ թլփատութենէն ի՞նչ շահ կայ։2. Շատ՝ ամէն կերպով. ամենէն առաջ ան՝ որ Աստուծոյ պատգամները անոնց վստահուեցան։3. Եթէ անոնցմէ ոմանք չհաւատացին, միթէ՞ անոնց անհաւատութիւնը Աստուծոյ հաւատարմութիւնը կը խափանէ. քա՛ւ լիցի։4. Սակայն Աստուած ճշմարիտ թող ըլլայ եւ բոլոր մարդիկ՝ սուտ. ինչպէս գրուած է. ‘Որպէս զի քու խօսքերուդ մէջ արդար ըլլաս եւ դատուելու ատենդ դուն յաղթես’։5. Ուրեմն եթէ մեր անիրաւութիւնը Աստուծոյ արդարութիւնը յայտնի կը ցուցնէ, ի՞նչ ըսենք. միթէ անիրա՞ւ է Աստուած, որ իր բարկութիւնը մեր վրայ կը բերէ.6. (Մարդկօրէն կ’ըսեմ.) քա՛ւ լիցի. ապա թէ ոչ՝ ի՞նչպէս Աստուած պիտի դատէ աշխարհը։7. Վասն զի եթէ Աստուծոյ ճշմարտութիւնը իմ ստութիւնովս կ’աւելնայ իր փառքին համար, ալ ես ինչո՞ւ մեղաւորի մը պէս դատուիմ։8. Եւ ինչո՞ւ համար պէտք չէ ըսել, ինչպէս ոմանք մեր վրայ չարախօսութիւն ընելով՝ կ’ըսեն թէ մենք կ’ըսենք՝ ‘Չարը գործենք, որպէս զի բարին գայ’։ Ատոնք իրապէս դատապարտելի են։9. Ուստի ալ ի՞նչ ըսենք։ Հրեաներս առաւելութիւն ունի՞նք հեթանոսներէն ։ Երբեք. վասն զի առաջ մեղադրեցինք Հրեաները եւ հեթանոսները թէ բոլորը մեղքի տակ են։10. Ինչպէս գրուած է թէ՝ «Արդար մը չկայ եւ ո՛չ մէկը»,11. «Մէկը չկայ որ հասկնայ, մէկը չկայ որ Աստուած փնտռէ։12. Բոլորը խոտորեցան, մէկտեղ անպիտան եղան. աղէկութիւն ընող մը չկայ, մէկ մըն ալ չկայ»։13. «Անոնց կոկորդը բաց գերեզման է, իրենց լեզուովը նենգաւոր եղան, իժերու թոյն կայ անոնց շրթունքներուն տակ»։14. «Անոնց բերանը անէծքով ու դառնութիւնով լեցուն է».15. «Անոնց ոտքերը կ’աճապարեն արիւն թափելու».16. «Կործանում եւ թշուառութիւն կայ իրենց ճամբաներուն մէջ»։17. «Խաղաղութեան ճամբան չճանչցան»։18. «Աստուծոյ վախը չկայ անոնց աչքերուն առջեւ»։19. Բայց գիտենք թէ օրէնքը ինչ որ կ’ըսէ, անոնց կ’ըսէ՝ որոնք օրէնքին տակ են, որպէս զի ամէն բերան գոցուի եւ բոլոր աշխարհ դատապարտուի Աստուծոյ առջեւ։20. Վանս զի անոր առջեւ ոեւէ մարմին պիտի չարդարանայ օրէնքին գործերովը, քանզի օրէնքով մեղքը կը ճանչցուի։21. Բայց հիմա առանց օրէնքի Աստուծոյ արդարութիւնը յայտնուած է, թէեւ օրէնքն ու մարգարէները կը վկայեն թէ22. Աստուծոյ արդարութիւնը Յիսուս Քրիստոսին հաւատքէն է որ բոլոր հաւատացողներուն վրայ կ’ըլլայ. քանզի խտրութիւն չկայ։23. Վասն զի ամէնքը մեղք գործեցին եւ Աստուծոյ փառքէն պակսեցան.24. Բայց անոր շնորհքով եւ Քրիստոս Յիսուսով եղած փրկութիւնով ձրի կ’արդարանան,25. Որը Աստուած նախապէս սահմանած էր, քաւութիւն ըլլալու, եթէ անոր արեան հաւատան։ Այս եղաւ ապացուցանելու համար Աստուծոյ արդարութիւնը. քանզի Աստուած իր երկայնամտութեամբ ջնջած էր նախապէս գործուած մեղքերը։26. Այսինքն՝ իր արդարութիւնը այս ժամանակին մէջ ցուցնելու համար, որպէս զի ինք արդար ըլլայ եւ արդարացնէ Յիսուսին հաւատացողը։27. Ուրեմն ո՞ւր մնաց պարծենալը։ Խափանուեցաւ։ Ո՞ր օրէնքէն, գործերո՞ւ օրէնքէն ։ Ո՛չ, հապա հաւատքի օրէնքէն։28. Վանս զի կը սեպենք թէ մարդ հաւատքով կ’արդարանայ առանց օրէնքին գործերուն։29. Միթէ Աստուած միայն Հրեաներո՞ւնն է ու հեթանոսներունը չէ՞։ Այո՛, հեթանոսներունն ալ։30. Որովհետեւ Աստուած մէկ է։ Թլփատութիւնը հաւատքով կ’արդարանայ եւ անթլփատութիւնը՝ նոյն հաւատքով։31. Ուստի մենք հաւատքով օրէնքը կը խափանե՞նք։ Քա՛ւ լիցի, հապա օրէնքը կը հաստատենք։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981