Աստվածաշունչը մեկ տարում Օգոստոս 10Աշխատանք 11:1-201. Այն ատեն Սոփար Նաամացին պատասխանեց.2. «Միթէ շատ խօսքերուն պատասխան պիտի չտրուի՞ Ու լեզուանի մարդը կրնա՞յ խօսքով արդարանալ։3. Քու պարապ խօսքերդ մարդիկը պիտի լռեցնե՞ն, Երբ դուն ծաղր ընես, պիտի չըլլա՞յ մէկը որ քեզ ամչցնէ։4. Վասն զի դուն ըսիր թէ ‘Իմ խօսքս մաքուր է Ու քու աչքիդ առջեւ անարատ եմ’։5. Սակայն երանի՜ թէ Աստուած խօսէր Ու քեզի դէմ իր շրթունքը բանար6. Ու քեզի յայտնէր իմաստութեան գաղտնիքը, Որ մարդուս իմացածին կրկինն է։ Հիմա գիտցիր թէ Աստուած Քու անօրէնութեանդ մէկ մասը անտես կ’ընէ՝ ՝։7. Աստուծոյ գաղտնիքը կրնա՞ս հասկնալ, Ամենակարողը կատարելապէս կրնա՞ս իմանալ։8. Անիկա երկնքին պէս բարձր է. ի՞նչ կրնաս ընել. Դժոխքէն խորունկ է. ի՞նչ կրնաս գիտնալ։9. Անոր չափը՝ երկրէն երկայն Ու ծովէն լայն է։10. Եթէ անիկա յարձակի ու գոցէ կամ հաւաքէ, Ո՞վ անոր արգելք պիտի ըլլայ,11. Քանզի ինք ունայն մարդիկը կը ճանչնայ Ու անօրէնութիւնը տեսնելով՝ ուշադրութիւն պիտի չընէ՞։12. Բայց անմիտ մարդը մեծամիտ է Ու կնոջմէ ծնած մարդը վայրենի իշու ձագի պէս է։13. Եթէ դուն սիրտդ շտկես Ու ձեռքերդ անոր երկնցնես,14. Եթէ քու ձեռքդ անօրէնութիւն կայ, զանիկա քեզմէ հեռացուր Ու մի՛ թողուր, որ վրաններուդ մէջ անզգամութիւն բնակի։15. Այն ատեն անշուշտ կրնաս պարզերես մնալ, Հաստատ կ’ըլլաս ու բանէ մը չես վախնար։16. Քու թշուառութիւնդ պիտի մոռնաս, Անցած ջուրերու պէս պիտի յիշես զանիկա ։17. Ու կեանքդ կէսօրուան լոյսէն պայծառ պիտի ըլլայ. Թէեւ խաւարի մէջ ըլլաս, առտուան պէս պիտի երեւիս18. Եւ ապահով պիտի ըլլաս, վասն զի յոյս կայ քեզի ։ Պիտի պաշտպանուիս ու ապահովութեամբ պիտի հանգստանաս։19. Եւ պիտի պառկիս ու վախցնող պիտի չըլլայ Ու շատերը քեզ պիտի փնտռեն։20. Բայց ամբարիշտներուն աչքերը պիտի նուաղին Ու անոնց ապաստանարան պիտի չգտնուի Ու յոյսերնին հոգեվարքի մէջ պիտի ըլլայ»։Աշխատանք 12:1-251. Յոբ պատասխանեց.2. «Արդարեւ ժողովուրդը դուք էք Ու իմաստութիւնը ձեզի հետ պիտի մեռնի։3. Ես ալ ձեզի պէս խելք ունիմ, ես ձեզմէ նուաստ չեմ Ու այսպիսի բաներ ո՞վ չի գիտեր՝ ՝։4. Իր բարեկամէն ծաղրուող մարդ մըն եմ ես. Բայց ով որ Աստուծոյ աղաղակէ, Աստուծմէ պատասխան պիտի առնէ։ Արդար ու կատարեալ մարդը ծաղր կ’ըլլայ։5. Ոտքը սահելու վրայ եղողը, հանգիստ կեանք վարողին կարծիքին համաձայն՝ Անպիտան ջահ մըն է։6. Գողերուն վրանները յաջողութեան մէջ են Ու Աստուած բարկացնողները ապահով են, Անոնց ձեռքը Աստուած առատութեամբ կը լեցնէ։7. Բայց, աղէ՜, անասուններուն հարցուր, որպէս զի քեզի սորվեցնեն Ու երկնքի թռչուններուն՝ որպէս զի քեզի իմացնեն,8. Կամ թէ երկրին ըսէ ու անիկա քեզի պիտի սորվեցնէ. Ծովուն ձուկերը անգամ քեզի պիտի պատմեն։9. Ասոր հետ մէկտեղ ո՞վ չի գիտեր, Թէ ասիկա ընողը Տէրոջը ձեռքն է,10. Որ ամէն ապրողի անձը Ու բոլոր մարդկային մարմնի հոգին իր ձեռքն ունի։11. Միթէ ականջը խօսքերը չ’ո՞րոշեր, Ինչպէս քիմքը կերակուրին համը կ’առնէ։12. Իմաստութիւնը ծերերուն քովն է Ու հանճարը՝ օրերուն շատութեանը մէջ։13. Անոր քով է իմաստութիւնն ու զօրութիւնը։ Հանճարն ու իմաստութիւնը Անորն են։14. Ահա Ան կը փլցնէ ու ա՛լ չի շինուիր։ Եթէ մէկուն վրայ գոցէ, ա՛լ չի բացուիր։15. Ահա Անիկա ջուրերը կ’արգիլէ ու կը չորնան։ Ու զանոնք թող կու տայ ու երկիրը տակն ու վրայ կ’ընեն։16. Զօրութիւնն ու հանճարը անոր հետ են։ Խաբուողն ու խաբողը անորն են։17. Խորհրդականները կողոպտուած կը պտըտցնէ Ու դատաւորները կը յիմարացնէ։18. Թագաւորներուն իշխանութիւնը կը քակէ Ու մէջքերնին չուան կը կապէ։19. Նախարարները կողոպտուած կը պտըտցնէ Ու զօրաւորները կը կործանէ։20. Հաւատարիմներուն շրթունքը կը պապանձեցնէ Ու ծերերուն խելքը կ’առնէ։21. Ազնուականներուն վրայ անարգութիւն կը թափէ Ու հզօրներուն գօտին կը թուլցնէ։22. Խորունկ բաները խաւարէն հանելով կը յայտնէ Ու մահուան ստուերը կը լուսաւորէ։23. Ազգերը կը շատցնէ ու զանոնք կը կորսնցնէ. Ազգերը ասդին անդին կը տարածէ ու անոնց կ’առաջնորդէ։24. Երկրի ժողովուրդներուն առաջնորդներուն խելքը կ’առնէ Ու ճամբայ չունեցող անապատներու մէջ կը մոլորեցնէ զանոնք։25. Անոնք առանց լոյսի մութին մէջ խարխափելով կ’երթան Ու գինովներու պէս կը մոլորին»։Սաղմոսներ 94:1-111. Ո՛վ Տէր, վրէժխնդրութեա՛ն Աստուած, Ո՛վ վրէժխնդրութեան Աստուած, յայտնուէ՛։2. Ելի՛ր, ո՛վ երկրի Դատաւոր, Ամբարտաւաններուն հատուցում ըրէ՛։3. Ո՛վ Տէր, մինչեւ ե՞րբ ամբարիշտները, Մինչեւ ե՞րբ ամբարիշտները պարծենան.4. Գոռոզութեամբ բարբառելով խօսին Ու բոլոր անօրէնութիւն գործողները պարծենան։5. Ո՛վ Տէր, անոնք քու ժողովուրդդ կը հարստահարեն Ու քու ժառանգութիւնդ կը չարչարեն,6. Որբեւարին ու պանդուխտը կսպաննեն Եւ որբերը կը մեռցնեն7. Ու կ’ըսեն. «Տէրը չի տեսներ Եւ Յակոբին Աստուածը չ’իմանար»։8. Իմացէ՛ք, ո՛վ անմիտներ Ու դո՛ւք, ո՛վ յիմարներ, ե՞րբ միտք պիտի առնէք։9. Միթէ ականջը տնկողը չի՞ լսեր, Կամ թէ աչքը ստեղծողը չի՞ տեսներ։10. Միթէ ազգերը խրատողը չի՞ յանդիմաներ. Միթէ մարդուն գիտութիւն սորվեցնողը չի՞ գիտեր ։11. Տէրը մարդոց խորհուրդները գիտէ, Որոնք ունայնութիւն են։Առակներ 22:24-2524. Բարկացող մարդուն հետ ընկերութիւն մի՛ ըներ Ու ցասկոտ մարդուն հետ մի՛ երթար.25. Որպէս զի չըլլայ թէ անոր ճամբաները սորվիս Եւ դուն քեզ որոգայթի մէջ ձգես։հռոմեական 10:1-211. Եղբայրնե՛ր, սրտանց կը փափաքիմ ու կ’աղօթեմ Աստուծոյ, որ Իսրայէլը փրկէ։2. Վասն զի ես կը վկայեմ անոնց համար թէ Աստուծոյ համար նախանձախնդիրներ են, թէեւ ո՛չ գիտակցաբար։3. Վասն զի անոնք Աստուծոյ արդարութիւնը չճանչնալով՝ իրենց արդարութիւնը հաստատել ուզելով, Աստուծոյ արդարութեան չհնազանդեցան։4. Քանզի օրէնքին վախճանը Քրիստոս է ամէն հաւատացեալի արդարութեան համար։5. Վասն զի Մովսէս օրէնքէն եղած արդարութիւնը հաստատեց ըսելով. «Զանոնք կատարող մարդը անոնցմով պիտի ապրի»։6. Բայց հաւատքէն եղած արդարութիւնը այսպէս կ’ըսէ. «Մի՛ ըսեր քու սրտիդ մէջ՝ ‘Ո՞վ պիտի ելլէ երկինք’, (այսինքն Քրիստոսը իջեցնելու.)7. Կամ թէ՝ ‘Ո՞վ պիտի իջնէ անդունդը’, (այսինքն Քրիստոսը մեռելներէն հանելու։)»8. Հապա ի՞նչ կ’ըսէ. ‘Խօսքը մօտդ է, քու շրթունքիդ վրայ եւ քու սրտիդ մէջ է’. (այսինքն հաւատքին խօսքը, որ մենք կը քարոզենք.)9. Վասն զի եթէ քու բերնովդ Յիսուսը Տէր խոստովանիս ու սրտիդ մէջ հաւատաս թէ Աստուած զանիկա մեռելներէն յարուցանեց՝ պիտի փրկուիս.10. (Վասն զի սրտով կը հաւատայ մէկը արդարանալու համար ու բերնով կը խոստովանի փրկուելու համար։)11. Քանզի գիրքը կ’ըսէ. «Ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ, պիտի չամչնայ»։12. Վասն զի խտրութիւն չկայ Հրեային ու Յոյնին միջեւ, վասն զի ամենուն Տէրը նոյնն է, որ առատութեամբ կը հասնի անոնց, որոնք իրեն կը կանչեն։13. Քանզի «Ով որ Տէրոջը անունը կը կանչէ՝ պիտի փրկուի»։14. Ուրեմն ի՞նչպէս պիտի կանչեն անոր, եթէ անոր չհաւատան, կամ ի՞նչպէս պիտի հաւատան անոր, որուն վրայով չեն լսած. կամ ի՞նչպէս պիտի լսեն՝ առանց մէկուն քարոզելուն։15. Կամ ի՞նչպէս պիտի քարոզեն՝ եթէ չղրկուին. ինչպէս գրուած է. «Որքա՜ն գեղեցիկ են խաղաղութիւն աւետարանողներուն ու բարի բաներու աւետիս տուողներուն ոտքերը»։16. Բայց ամէնքը հնազանդ չեղան աւետարանին. քանզի Եսայի կ’ըսէ. «Տէ՛ր, ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին»։17. Ուրեմն հաւա՛տքը լսելէն է ու լսելը՝ Աստուծոյ խօսքէն։18. Բայց կ’ըսեմ. «Միթէ չլսեցի՞ն. մանաւանդ՝ ‘Բոլոր երկի՛ր ելաւ անոնց հնչիւնը ու անոնց խօսքը՝ մինչեւ աշխարհի ծայրերը’»։19. Բայց կ’ըսեմ. «Միթէ Իսրայէլ չգիտցա՞ւ»։ Առաջ Մովսէս կ’ըսէ. «Ես ձեզ պիտի գրգռեմ որ նախանձիք անպիտան ժողովուրդի մը ու անմիտ ազգով մը ձեզ պիտի բարկացնեմ»։20. Բայց Եսային կը համարձակի ու կ’ըսէ. «Ես անոնցմէ գտնուեցայ՝ որոնք զիս չէին փնտռեր, յայտնի եղայ անոնց՝ որոնք զիս չէին հարցներ»։21. Սակայն Իսրայէլի վրայով կ’ըսէ. «Բոլոր օրը իմ ձեռքերս երկնցուցի անհնազանդ ու հակառակող ժողովուրդի մը»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981