Աստվածաշունչը մեկ տարում
Օգոստոս 11

1. «Ահա այս ամէնը իմ աչքս տեսաւ, Ականջս լսեց ու իմացաւ։
2. Ձեր գիտցածը ես ալ գիտեմ։ Ես ձեզմէ նուաստ չեմ։
3. Բայց ես Ամենակարողին խօսքը լսել Ու իմ իրաւունքներս Աստուծոյ ներկայացնել կը փափաքիմ.
4. Սակայն դուք սուտ խօսքեր կը հնարէք. Ամէնքդ ալ կեղծ բժիշկներ էք։
5. Երանի՜ թէ բոլորովին լուռ կենայիք Եւ ատիկա ձեզի իմաստութիւն պիտի սեպուէր։
6. Հիմա իմ պատճառաբանութիւնս լսեցէք Ու շրթունքներուս փաստերուն ականջ դրէք։
7. Աստուծոյ մասին անիրաւութեա՞մբ կը խօսիք Ու անոր համար նենգութեա՞մբ կ’արտայայտուիք։
8. Միթէ աչառութի՞ւն կ’ընէք անոր, Կամ Աստուծոյ փա՞ստը կը պաշտպանէք։
9. Աղէ՞կ է որ անիկա ձեզ քննէ. Պիտի խաբէ՞ք զանիկա մարդ խաբելու պէս։
10. Եթէ ծածուկ աչառութիւն ալ ընէք, Անշուշտ անիկա պիտի յանդիմանէ ձեզ։
11. Միթէ անոր վեհափառութիւնը ձեզ չի՞ վախցներ, Ու անոր ահը ձեր վրայ չ’ի՞յնար։
12. Ձեր ասացուածքները մոխիրի առակներ են, Ձեր պատնէշները կաւէ պատնէշներու՝ ՝ պէս են։
13. Լռեցէք իմ առջեւս, որ ես խօսիմ Եւ ինչ որ ուզէ թող պատահի ինծի։
14. Ինչո՞ւ համար մարմինս ակռաներուս մէջ առնեմ Ու հոգիս ափիս մէջ դնեմ,
15. Թէեւ անիկա զիս սպաննէ, ես անոր պիտի յուսամ. Մանաւանդ ճամբաներս անոր առջեւ պիտի պաշտպանեմ։
16. Իմ փրկութիւնս անիկա է. Բայց կեղծաւորը բնաւ անոր առջեւ պիտի չգայ։
17. Աղէկ մտիկ ըրէք իմ խօսքիս Ու իմ ըսելիքս ձեր ականջներուն թող հասնի ։
18. Ահա հիմա իմ դատս կարգի դրած եմ, Գիտեմ թէ պիտի արդարանամ։
19. Ո՞վ ինծի հետ պիտի վիճի. Քանզի եթէ հիմա լռելու ըլլամ, պիտի մեռնիմ։
20. Միայն թէ այս երկու բանը մի՛ ըներ ինծի Ու այն ատեն քու երեսէդ պիտի չպահուըտիմ։
21. Ձեռքդ վրայէս վերցուր Ու քու երկիւղդ թող զիս չզարհուրեցնէ։
22. Ետքը դուն կանչէ ու ես պատասխան տամ, Կամ թէ ես խօսիմ ու դուն ինծի պատասխան տուր։
23. Որչա՞փ են իմ անօրէնութիւններս ու մեղքերս։ Իմ յանցանքս ու մեղքս ինծի իմացուր։
24. Ինչո՞ւ համար երեսդ կը պահես Ու զիս քեզի թշնամի կը սեպես։
25. Հովէն քշուած տերեւի՞ մը դէմ ահաւոր պիտի ըլլաս, Կամ թէ չոր մղե՞ղ մը պիտի հալածես.
26. Դառնութեան վճիռ կու տաս՝ ՝ ինծի Ու իմ երիտասարդութեանս անօրէնութիւնները ինծի ժառանգ կու տաս,
27. Ոտքերս կոճղի մէջ կը դնես Ու բոլոր ճամբաներս կը զննես Եւ իմ ոտքերուս քայլերուն սահման կը դնես։
28. Ու այս մարմինս փտտած բանի պէս Ու ցեցէն կերուած լաթի պէս կը մաշի»։
1. «Կնոջմէ ծնած մարդը կարճ կեանք ունի, Որ թշուառութիւնով լեցուն է։
2. Ծաղիկի պէս կ’ելլէ ու կը կտրուի Ու շուքի պէս կը փախչի ու չի կենար։
3. Բայց անո՞ր վրայ ալ աչքերդ կը բանաս Ու զիս քեզի հետ դատաստանի՞ կը տանիս։
4. Անմաքուրէն ո՞վ կրնայ մաքուր հանել։ Բնաւ մէկը չի կրնար ։
5. Անոր օրերը որոշուած են, Անոր ամիսներուն թիւը քու քովդ է. Դուն անոր սահման դրիր Ու անիկա չի կրնար անդին անցնիլ։
6. Երեսդ մէկդի դարձուր անկէ, որպէս զի անիկա հանգչի, Մինչեւ որ վարձկանի պէս իր օրը լմնցնէ։
7. Վասն զի եթէ ծառը կտրուի, դեռ յոյս կայ, Որ վերստին ծլի ու ճիւղը պակաս չըլլայ։
8. Թէեւ անոր արմատը երկրին մէջ ծերացած ըլլայ Ու անոր կոճղը՝ հողին մէջ մեռած,
9. Անիկա ջուրին հոտէն պիտի ծաղկի Ու նոր տնկուած ծառի պէս ճիւղեր պիտի արձակէ։
10. Բայց մարդը կը մեռնի ու կ’երթայ։ Մարդը իր հոգին կ’աւանդէ ու ետքը ո՞ւր ըլլալը յայտնի չըլլար։
11. Ինչպէս ջուրերը ծովէն կը շոգիանան Ու գետը կը ցամքի ու կը չորնայ,
12. Այսպէս ալ մարդը գետինը կը պառկի ու չ’ելլեր. Մինչեւ որ ա՛լ երկինք չըլլայ՝ պիտի չելլէ Ու իր քունէն պիտի չարթննայ։
13. Երանի՜ թէ մինչեւ քու բարկութեանդ անցնիլը՝ Գերեզմանին մէջ ծածկէիր ու պահէիր զիս։ Ինծի ժամանակ մը որոշէիր ու ետքը զիս միտքդ բերէիր։
14. Եթէ մարդը մեռնի, պիտի կենդանանա՞յ արդեօք։ Պատերազմիս բոլոր օրերը պիտի սպասեմ, Մինչեւ որ իմ փոխուելու կարգս գայ։
15. Պիտի կանչես ու ես քեզի պատասխան պիտի տամ. Քու ձեռքերուդ գործը պիտի հաւնիս։
16. Քանի որ հիմա քայլերս կը համրես, Մեղքս մի՛ քններ։
17. Իմ յանցանքս քսակի մէջ կնքուած է Ու իմ անօրէնութեանս վրայ ծածկոց մը դրիր։
18. Իրաւ որ լեռը իյնալով կը կործանի Ու ապառաժը իր տեղէն կը փոխադրուի։
19. Ջուրերը կը մաշեցնեն քարերը, Իրենց յորդած ժամանակը գետնին հողերը կը քշեն կը տանին. Դուն ալ մարդուն յոյսը այնպէս կը կորսնցնես։
20. Դուն բոլորովին կը յաղթես ու անիկա կ’երթայ. Անոր դէմքը փոխելով՝ զանիկա կը վռնտես։
21. Անոր տղաքը պատիւ կ’ունենան ու ինք չի գիտնար. Անոնք անարգ կ’ըլլան ու ինք անոնց վիճակը չ’իմանար։
22. Միայն իր մարմնին ցաւը կ’զգայ Ու իր հոգին կը տրտմի իր ներսիդին»։
12. Երանի՜ այն մարդուն, որը դուն կը խրատես, ո՛վ Տէր Եւ քու օրէնքդ անոր կը սորվեցնես,
13. Որպէս զի չարութեան օրերուն մէջ զանիկա հանգչեցնես, Մինչեւ որ ամբարշտին համար հոր փորուի։
14. Վասն զի Տէրը իր ժողովուրդը երեսէ պիտի չձգէ Ու իր ժառանգութիւնը պիտի չլքէ։
15. Հապա իրաւունքը արդարութեան պիտի դառնայ Ու բոլոր սրտով ուղիղները անոր ետեւէն պիտի երթան։
16. Ո՞վ ինծի համար չարերուն դէմ պիտի ելլէ, Ո՞վ ինծի համար անօրէնութիւն գործողներուն դէմ պիտի կանգնի։
17. Եթէ Տէրը ինծի օգնական չըլլար, Քիչ պիտի մնար, որ իմ անձս լռութեան տեղը բնակէր։
18. Երբ կ’ըսէի. «Իմ ոտքս կը սասանի», Ո՛վ Տէր, քու ողորմութիւնդ զիս կը հաստատէր.
19. Իմ ներսիդիս հոգերուս շատցած ատենը՝ Քու մխիթարութիւններդ իմ անձս կ’ուրախացնէին։
26. Գրաւական տուողներէն մի՛ ըլլար, Ոչ ալ ՝ պարտքի համար երաշխաւոր եղողներէն։
27. Եթէ վճարելու կարողութիւն չունիս, Ինչո՞ւ համար տակէդ քու անկողինդ առնեն։
1. Ուստի կը հարցնեմ. «Միթէ Աստուած իր ժողովուրդը մերժե՞ց»։ Քա՛ւ լիցի. վասն զի ես ալ Իսրայէլացի եմ, Աբրահամին սերունդէն, Բենիամինին ցեղէն։
2. Աստուած չմերժեց իր ժողովուրդը որ ինք նախապէս ճանչցաւ։ Միթէ չէ՞ք գիտեր թէ Եղիային պատմութեանը մէջ գիրքը ի՛նչ կ’ըսէ, երբ անիկա Իսրայէլին համար կը գանգատէր Աստուծոյ.
3. «Տէ՛ր, քու մարգարէներդ մեռցուցին ու քու սեղաններդ փլցուցին, միայն ես մնացեր եմ եւ իմ անձս ալ կը փնտռեն»։
4. Բայց ի՞նչ ըսաւ աստուածային պատասխանը. «Ինծի թողուցի եօթը հազար մարդիկ, որոնք Բահաղի ծնրադրութիւն չըրին»։
5. Հիմա ալ շնորհքով ընտրուած մնացորդ մը կայ։
6. Եւ եթէ շնորհքով, ուրեմն ա՛լ գործերէն չէ. ապա թէ ոչ՝ շնորհքը ա՛լ շնորհք չըլլար. իսկ եթէ գործերէն է, ա՛լ շնորհք չէ. ապա թէ ոչ գործը ա՛լ գործ չըլլար
7. Ուստի ի՞նչ. Իսրայէլ չհասաւ այն բանին որ կը փնտռէր։ Ընտրուածները հասան ու մնացածները կուրցան
8. (Ինչպէս գրուած է՝ ‘Աստուած անոնց թմրութեան ոգի տուաւ։ Աչքեր՝ որոնցմով պիտի չտեսնեն ու ականջներ՝ որոնցմով պիտի չլսեն’,) մինչեւ այսօր։
9. Եւ Դաւիթ կ’ըսէ. «Անոնց սեղանը իրենց որոգայթ ու որս եւ գայթակղութիւն ու հատուցում ըլլայ.
10. Անոնց աչքերը պիտի մթննան, որպէս զի չտեսնեն ու անոնց կռնակը միշտ վար պիտի ծռի»։
11. Ուրեմն կ’ըսեմ. «Միթէ անո՞ր համար անոնք յանցանք գործեցին որ կործանին»։ Քա՛ւ լիցի. հապա իրենց յանցանքովը հեթանոսներուն փրկութիւն եղաւ, որպէս զի անոնց նախանձը շարժէ։
12. Ուստի եթէ անոնց յանցանքը աշխարհի մեծութիւն եղաւ ու անոնց նուաստութիւնը՝ հեթանոսներուն մեծութիւն, ալ որչա՜փ աւելի անոնց լրութիւնը։
13. Բայց կ’ըսեմ ձեզի՝ հեթանոսներուդ՝ ‘Որովհետեւ հեթանոսներուն առաքեալն եմ, իմ պաշտօնս կը մեծարեմ.
14. Որպէս զի թերեւս իմ մարմինէս եղողներուն նախանձը շարժեմ ու անոնցմէ մէկ քանիները ապրեցնեմ’։
15. Վասն զի եթէ անոնց մերժուիլը աշխարհի հաշտութիւն է, հապա անոնց ընդունուիլը ի՞նչ պիտի ըլլայ, եթէ ոչ՝ մեռելներէն կենդանանալ։
16. Արդ՝ եթէ երախայրին սուրբ է, նաեւ զանգուածը եւ եթէ արմատը սուրբ է, ուրեմն ճիւղերն ալ։
17. Եթէ այն ճիւղերէն մէկ քանիները կոտրտեցան ու դուն որ վայրենի ձիթենի էիր՝ անոնց վրայ պատուաստուեցար ու ձիթենիին արմատին եւ պարարտութեանը հաղորդ եղար,
18. Ճիւղերուն դէմ մի՛ պարծենար. իսկ եթէ պարծենաս, յիշէ թէ դուն արմատը վեր չես բռներ, հապա արմատը՝ քեզ։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981