Աստվածաշունչը մեկ տարում
Օգոստոս 12

1. Այն ատեն Եղիփազ Թեմանացին պատասխանեց.
2. «Միթէ իմաստուն մարդը հովի պէս խօսքերո՞վ պիտի պատասխանէ Ու իր փորը արեւելեան հովո՞վ պիտի լեցնէ։
3. Պարապ խօսքերո՞վ պիտի վիճաբանի, Խօսքերով՝ որոնք օգուտ մը չունին։
4. Մանաւանդ դուն Աստուծոյ երկիւղը կը խափանես Ու Աստուծոյ մատուցուելիք աղօթքը կ’արգիլես։
5. Որովհետեւ բերանդ քու անօրէնութիւնդ կը ցուցնէ Ու նենգաւորներուն լեզուն ընտրեցիր։
6. Քու բերա՛նդ քեզ պիտի դատապարտէ ու ոչ թէ՝ ես։ Քու շրթունքներդ քեզի դէմ պիտի վկայեն։
7. Առաջին ծնած մարդը դո՞ւն ես, Կամ բլուրներէն առա՞ջ ստեղծուեցար։
8. Աստուծոյ գաղտնիքներուն ունկնդիր եղա՞ր Եւ իմաստութիւնը միայն քեզի՞ պահեցիր։
9. Ի՞նչ գիտես դուն, որ մենք չենք գիտեր. Ի՞նչ բանէ տեղեկութիւն ունիս, որ մենք չունինք։
10. Մեր մէջ ճերմակ մազերով Ու խիստ ծեր մարդիկ ալ կան, Որոնք տարիքով քու հօրմէդ աւելի մեծ են։
11. Միթէ քի՞չ կը թուին քեզի Աստուծոյ մխիթարութիւնները Ու քեզի ըսուած մեղմ խօսքերը՝ ՝։
12. Քու սիրտդ ո՞ւր կը տանի քեզ Ու աչքերդ ի՞նչ բանի կ’ակնարկեն,
13. Որ հոգիդ Աստուծոյ դէմ դարձնելով՝ Բերնէդ այդպիսի խօսքեր կը հանես։
14. Մարդը ի՞նչ է, որ մաքուր ըլլայ Ու կնոջմէն ծնածը՝ որ արդարանայ.
15. Ահա Աստուած իր սուրբերուն չի հաւատար Ու երկինք անոր աչքերուն առջեւ մաքուր չէ.
16. Ո՞ւր կը մնայ գարշելի ու պիղծ մարդը, Որ անօրէնութիւնը ջուրի պէս կը խմէ։
17. Քեզի իմացնեմ, մտիկ ըրէ ինծի Ու տեսածս պատմեմ քեզի ։
18. Ինչ որ իմաստունները յայտնեցին Ու բնաւ չծածկեցին ինչ որ իրենց հայրերէն առին ։
19. (Երկիր անոնց միայն տրուեցաւ Ու անոնց մէջէն օտարական մը չանցաւ)։
20. Չարը իր բոլոր օրերուն մէջ տանջանք կը կրէ Ու բռնաւորին քիչ տարիներ պահուած են։
21. Վախի ձայնը անոր ականջն է. Խաղաղութեան մէջ անոր վրայ կործանիչը պիտի գայ.
22. Չի հաւատար թէ մութէն պիտի ելլէ Ու անիկա սուրի սահմանուած է։
23. ‘Հացը ո՞ւր է’ ըսելով ՝ թափառական կը պտըտի. Գիտէ թէ մութ օրը պատրաստ է իր ձեռքը։
24. Նեղութիւնն ու տառապանքը զանիկա կը վախցնեն Ու պատերազմի պատրաստուած թագաւորի պէս անոր կը յաղթեն,
25. Վասն զի Աստուծոյ դէմ ձեռք վերցուց Ու Ամենակարողին դէմ հպարտացաւ։
26. Անոր վրայ կը յարձակի գոռոզութեամբ Ու իր թանձր եւ ուռուցիկ վահանով։
27. Որովհետեւ իր երեսը ճարպով ծածկեց Ու երիկամունքները պարարտութեամբ գոցեց։
28. Անիկա աւերակ քաղաքներու մէջ բնակեցաւ Ու կործանելու մօտեցած անշէն տուներու մէջ։
29. Անիկա պիտի չհարստանայ, Անոր ստացուածքները հաստատ պիտի չըլլան։ Անոնց երջանկութիւնը երկրի վրայ պիտի չտարածուի։
30. Մութէն պիտի չազատի. Բոցը պիտի չորցնէ անոր ճիւղերը Ու Աստուծոյ բերնին շունչովը պիտի ոչնչանայ։
31. Խաբուելով ունայնութեան թող չվստահի, Վասն զի անոր վարձքը ունայնութիւն պիտի ըլլայ։
32. Օրերը չլմնցած պիտի կտրուի Ու ճիւղերը նորէն պիտի չկանանչանան։
33. Որթատունկի պէս իր ազոխը պիտի թափէ Ու ձիթենիի պէս իր ծաղիկները պիտի թօթափէ։
34. Վասն զի կեղծաւորներուն ժողովը ամայի պիտի ըլլայ Ու կրակը պիտի այրէ կաշառք առնողներուն վրանները։
35. Անոնք թշուառութիւն կը յղանան, անօրէնութիւն կը ծնանին Ու սրտերնին խաբէութիւն կը պատրաստէ»։
1. Յոբ պատասխանեց.
2. «Ես ատոնց պէս շատ բաներ լսած եմ. Ամէնքդ ալ ձանձրացնող մխիթարիչներ էք։
3. Դատարկ խօսքերը վերջ ունի՞ն. Կամ ի՞նչ բանէ դրդուած պատասխան կու տաք։
4. Ես ալ ձեզի պէս կրնայի խօսիլ։ Եթէ ձեր անձը իմ անձիս տեղը ըլլար, Կրնայի ձեզի դէմ խօսքեր դիզել Ու ձեզի դէմ գլուխս երերցնել։
5. Սակայն իմ բերնովս կրնայի ձեզ զօրացնել Ու շրթունքներուս մխիթարութիւնը ձեր տրտմութիւնը կրնար փարատել։
6. Եթէ խօսիմ՝ տրտմութիւնս չի փարատիր Եւ եթէ լռեմ՝ ի՞նչ կը պակսի ինծմէ։
7. Բայց հիմա Աստուած զիս յոգնեցուց. Բոլոր տունս ամայի ըրաւ»։
8. Նաեւ զիս բռնեց ու ասիկա ինծի դէմ վկայութիւն մըն է Ու իմ նիհարութիւնս ինծի դէմ ելլելով՝ զիս կ’ամբաստանէ։
9. Անոր բարկութիւնը զիս պատռեց ու ինծի թշնամի եղաւ, Ակռաները իմ վրաս կրճտեց։ Թշնամիս սուր աչքերով ինծի նայեցաւ։
10. Բերաննին վրաս բացին Ու զիս նախատելու համար ծնօտներուս ապտակ զարկին. Մէկտեղ վրաս հաւաքուեցան։
11. Աստուած զիս ամբարշտին յանձնեց Ու անօրէններուն ձեռքը ձգեց։
12. Հանգիստ էի ու զիս ճնշեց Ու վզէս բռնելով՝ զիս ջախջախեց Ու զիս իրեն նշանակետ ըրաւ։
13. Անոր աղեղնաւորները իմ բոլորտիքս առին։ Երիկամունքներս կը խոցէ ու ինծի չի խնայեր. Մաղձս գետինը կը թափէ։
14. Կոտորածի վրայ կոտորած ընելով զիս կոտորեց, Իմ վրաս զինուորի մը պէս յարձակեցաւ։
15. Մորթիս վրայ քուրձ կարեցի Ու եղջիւրս հողով աղտոտեցի։
16. Երեսս լալէն ուռեցաւ Ու աչքիս թարթիչներուն վրայ մահուան շուք կայ.
17. Թէեւ ձեռքերուս մէջ անօրէնութիւն չկայ Ու աղօթքս մաքուր է։
18. Ո՛վ երկիր, իմ արիւնս մի՛ ծածկեր Ու աղաղակս հանգստանալու տեղ թող չգտնէ։
19. Հիմա ալ՝ ահա իմ վկաս երկնքի մէջ է ու Փաստաբանս բարձր տեղերն է։
20. Զիս ծաղր ընողները իմ բարեկամներս են։ Աչքերս Աստուծոյ առջեւ արցունք կը թափեն։
21. Երանի՜ թէ մարդ կարենար Աստուծոյ հետ վիճաբանիլ, Ինչպէս մարդ՝ իր ընկերին հետ։
22. Վասն զի քիչ տարիներ անցնելէ յետոյ՝ Այնպիսի ճամբայ մը պիտի երթամ, ուրկէ ա՛լ պիտի չդառնամ»։
20. Միթէ քեզի հետ հաղորդակցութիւն ունի՞ անօրէնութեան աթոռը, Որ օրէնքին դէմ՝ ՝ չարիք կը պատրաստէ։
21. Արդարին անձին դէմ կը հաւաքուին Ու անմեղ արիւնը կը դատապարտեն։
22. Բայց Տէրը իմ ամրութիւնս է Ու իմ Աստուածս՝ իմ ապաւինութեանս վէմը։
23. Անոնց անօրէնութիւնը իրենց վրայ պիտի դարձնէ Ու զանոնք իրենց չարութիւնովը պիտի ջնջէ։ Մեր Տէր Աստուածը պիտի ջնջէ զանոնք։
28. Տեղէն մի՛ շարժեր հին սահմանին նշանը, Որ քու հայրերդ դրեր են։
29. Իր գործին մէջ ժիր մարդ մը կը տեսնե՞ս, Անիկա թագաւորներուն առջեւ պիտի կենայ, Բայց աննշան մարդոց առջեւ պիտի չկենայ։
19. Ուրեմն պիտի ըսես՝ ‘Ճիւղերը կոտրեցան որպէս զի ես պատուաստուիմ’։
20. Աղէ՛կ, անոնք անհաւատութիւնով կոտրեցան ու դուն հաւատքով հաստատուեցար։ Մի՛ հպարտանար, հապա վախցիր.
21. Վասն զի եթէ Աստուած բնական ճիւղերուն չխնայեց, գուցէ քեզի ալ չխնայէ։
22. Ուստի տե՛ս Աստուծոյ քաղցրութիւնն ու խստութիւնը։ Կործանուածներուն վրայ՝ խստութիւնը եւ քու վրադ՝ քաղցրութիւնը, եթէ այն քաղցրութեան մէջ կենաս, ապա թէ ոչ դուն ալ պիտի կորսուիս։
23. Իսկ անոնք եթէ իրենց անհաւատութեանը մէջ չկենան, պիտի պատուաստուին, վասն զի Աստուած կարող է զանոնք նորէն պատուաստել։
24. Քանզի եթէ դուն քեզի բնական եղող վայրենի ձիթենիէն կտրուեցար ու այն բարի ձիթենիին վրայ, որ քեզի բնական չէր, պատուաստուեցար, ալ որչա՜փ աւելի անոնք որ բնական ճիւղեր են, պիտի պատուաստուին իրենց ձիթենիին վրայ։
25. Վասն զի չեմ ուզեր, եղբայրնե՛ր, որ չգիտնաք այս խորհուրդը, (որպէս զի ինքզինքնիդ իմաստուն չսեպէք,) որ Իսրայէլին մասամբ կուրութիւն եղաւ, մինչեւ հեթանոսներուն լրութիւնը մտնէ։
26. Այսպէս՝ բոլոր Իսրայէլ պիտի փրկուի. ինչպէս գրուած է՝ ‘Սիօնէն պիտի գայ Փրկիչը ու Յակոբէն ամբարշտութիւնները մէկդի պիտի դարձնէ’։
27. «Այս է իմ ուխտս անոնց, երբ անոնց մեղքերը վերցնեմ»։
28. Աւետարանին նայելով՝ անոնք թշնամի են ձեր սիրոյն համար. բայց ընտրութեանը նայելով՝ սիրելի են իրենց հայրերուն սիրոյն համար։
29. Վասն զի Աստուծոյ պարգեւներն ու կոչումը առանց զղջալու են։
30. Վասն զի ինչպէս դուք ալ ատեն մը Աստուծոյ չէիք հաւատար բայց հիմա ողորմութիւն գտաք անոնց անհաւատութիւնովը,
31. Նոյնպէս անոնք ալ հիմա անհաւատ եղան, որպէս զի ձեր ողորմութիւն գտնել ովը՝ իրենք՝ ՝ ալ ողորմութիւն գտնեն։
32. Վասն զի Աստուած ամէնքն ալ անհաւատութեան մէջ արգիլեց, որպէս զի ամենուն ողորմի։
33. «Ո՜վ Աստուծոյ մեծութեան ու իմաստութեան եւ գիտութեան խորունկութիւնը. ի՜նչպէս անքննելի են իր դատաստանները ու անզննելի են իր ճամբաները։
34. Վասն զի ո՞վ գիտցաւ Տէրոջը միտքը, կամ ո՞վ անոր խորհրդակից եղաւ.
35. Կամ ո՞վ նախապէս անոր բան մը տուաւ, որ փոխարէնը իրեն տրուի»։
36. Վասն զի ամէն բաները անկէ ու անով եւ անոր համար են. իրեն փառք յաւիտեանս։ Ամէն։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981