Աստվածաշունչը մեկ տարում Օգոստոս 13Աշխատանք 17:1-161. «Շունչս կը կտրի, օրերս կը մարին, Գերեզմանը ինծի կը սպասէ ։2. Չէ՞ որ ծաղր ընողներ կան իմ քովս, Անոնց գրգռութիւնը աչքիս առջեւ է։3. Աղէ՜, քու քովդ ինծի երաշխաւոր մը դիր. Ո՞վ կայ որ իմ ձեռքս բռնէ։4. Վասն զի դուն իմաստութիւնը անոնց սրտէն ծածկեցիր, Անոր համար պիտի չբարձրացնես զանոնք։5. Ով որ իր բարեկամները կողոպտուելու կը մատնէ՝ ՝, Անոր տղոցը աչքերը պիտի նուաղին։6. Զիս ժողովուրդներուն բերնի ծամոց ըրաւ, Անոնց առջեւ զզուելի եղայ։7. Նաեւ աչքերս տրտմութենէն շլացան Ու մարմնիս բոլոր անդամները շուքի պէս եղան։8. Ուղիղները այս բանին վրայ պիտի զարմանան Ու անմեղները պիտի յուզուին կեղծաւորին դէմ։9. Ու արդարը հաստատ պիտի կենայ իր ճամբուն մէջ Եւ մաքուր ձեռք ունեցողը երթալով պիտի զօրանայ։10. Բայց դուք ամէնքդ ալ դարձէ՛ք ու եկէ՛ք, Վասն զի ձեր մէջ իմաստուն մէկը չեմ գտներ։11. Իմ օրերս անցան, Իմ դիտաւորութիւններս ու սրտիս խորհուրդները խափանուեցան։12. Գիշերը ցորեկի փոխուեցաւ Ու լոյսը խաւարին մօտեցաւ՝ ՝։13. Եթէ երկար սպասեմ գերեզմանին, որ իմ տունս պիտի ըլլայ, Անկողինս մթութեան մէջ փռեմ,14. Եթէ ապականութեան աղաղակեմ՝ ըսելով. ‘Դուն իմ հայրս ես ’ Եւ որդերուն՝ ‘ Դուք իմ մայրս ու քոյրս էք ’,15. Այն ատեն ո՞ւր է իմ յոյսս։ Իմ յոյսս ո՞վ պիտի տեսնէ։16. Գերեզմանին առանձնութեանը մէջ պիտի իջնէ, Երբ մէկտեղ հողին մէջ հանգստանանք»։Աշխատանք 18:1-211. Այն ատեն Բաղդատ Սօքեցին պատասխանեց.2. «Ե՞րբ այդ խօսքերը պիտի հատցնէք. Հասկցէ՛ք ու անկէ ետքը խօսինք։3. Ինչո՞ւ համար անասուններու պէս համարուինք Ու աչքերնուդ առջեւ անմաքուր սեպուինք։4. (Դուն որ բարկութիւնովդ քեզ կը պատառես), Միթէ երկիրը քեզի համար երեսի վրայ պիտի ձգուի՞ Ու ապառաժը իր տեղէն պիտի փոխադրուի՞։5. Անշուշտ ամբարշտին լոյսը պիտի մարի Ու անոր կրակին բոցը լոյս պիտի չտայ.6. Անոր վրանին մէջ լոյսը պիտի խաւարի Ու անոր ճրագը անոր վրայ պիտի մարի։7. Անոր զօրութեանը քայլերը նեղութիւն պիտի կրեն Ու անոր խորհուրդը զանիկա գետինը պիտի զարնէ։8. Վասն զի իր ոտքերովը ուռկանի մէջ պիտի բռնուի Ու ցանցի վրայ պիտի քալէ։9. Վարմը անոր գարշապարը պիտի բռնէ Ու աւարառուն անոր պիտի յաղթէ։10. Անոր համար գետնին մէջ թակարդ պահուած է Ու անոր ճամբուն վրայ՝ որոգայթ։11. Արհաւիրքը զանիկա ամէն կողմէն պիտի պաշարէ Ու զանիկա իր ոտքերովը ասդին անդին պիտի վազցնէ։12. Անոր զօրութիւնը պիտի անօթենայ Ու կորուստը անոր քով պատրաստ է,13. Որ անոր մորթին ոյժը ուտէ։ Մահուան առջինեկը պիտի ուտէ անոր ոյժը։14. Անոր վստահութիւնը իր վրանէն պիտի կտրուի Ու անիկա դէպի զարհուրանքի թագաւորը պիտի քշուի։15. Անոր վրանին մէջ զարհուրանք պիտի բնակի, որ այնուհետեւ իրը պիտի չըլլայ. Ու անոր բնակարանին վրայ ծծումբ պիտի ցանուի։16. Անոր արմատները տակէն պիտի չորնան Ու վերէն ճիւղերը պիտի կտրուին։17. Անոր յիշատակը երկրէն պիտի կորսուի Ու անոր անունը հրապարակներուն մէջ պիտի չտրուի։18. Անիկա լոյսէն խաւարը պիտի քշուի Ու անիկա աշխարհէն պիտի վռնտուի։19. Իր ժողովուրդին մէջ ո՛չ զաւակ պիտի ունենայ եւ ո՛չ թոռ Ու անոր բնակարաններուն մէջ մէ՛կը պիտի չմնայ։20. Յետինները անոր օրուանը վրայ պիտի զարմանան Ու առաջինները պիտի սոսկան։21. Արդարեւ, ամբարշտին բնակարանները այսպէս պիտի ըլլան Ու Աստուած չճանչցողին տեղը այսպէս է»։Սաղմոսներ 95:1-51. Եկէ՛ք ցնծութիւն ընենք Տէրոջը առջեւ, Աղաղակե՛նք մեր փրկութեան Վէմին։2. Գոհութիւնով անոր երեսին առջեւ գա՛նք, Սաղմոսներով աղաղակե՛նք անոր։3. Վասն զի Տէրը մեծ Աստուած է Ու բոլոր աստուածներուն վրայ՝ մեծ Թագաւոր։4. Անոր ձեռքին մէջ են երկրի խորունկ տեղերը Ու լեռներուն բարձրութիւնները անորն են։5. Իրն է ծովը ու ինք շինեց զանիկա Եւ իր ձեռքերը ստեղծեցին ցամաքը։Առակներ 23:1-31. Երբ իշխանի հետ սեղան նստիս, Առջեւդ դրուածին աղէ՛կ նայէ.2. Ու եթէ դուն ախորժակի տէր մարդ ես, Կոկորդիդ վրայ դանակ դի՛ր։3. Անոր ազնիւ կերակուրներուն մի՛ ցանկար, Վասն զի անոնք խաբէութեան հաց են։հռոմեական 12:1-211. Արդ՝ կ’աղաչեմ ձեզի, եղբայրնե՛ր, Աստուծոյ ողորմութիւնովը, որ ձեր մարմինները ընծայէք կենդանի զոհ մը՝ սուրբ, Աստուծոյ հաճելի, որ է ձեր բանաւոր պաշտօնը։2. Եւ մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը, հապա ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք, որպէս զի քննէք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է։3. Քանզի ինծի տրուած շնորհքով այս կ’ըսեմ ձեր մէջ եղող ամէն մէկուն, որ արժան եղածը մտածելէն աւելի բան չմտածէ, հապա զգաստ կենալ մտածէ հաւատքին չափովը, որ Աստուած ամէն մէկուն բաժնեց։4. Վասն զի ինչպէս մէկ մարմնի մէջ շատ անդամներ ունինք ու այն բոլոր անդամները միեւնոյն գործը չունին,5. Նոյնպէս մենք՝ շատուորներս՝ մէ՛կ մարմին ենք Քրիստոսով եւ ամէն մէկերնիս իրարու անդամներ ենք։6. Ուստի մենք զանազան պարգեւներ ունենալով այն շնորհքին համեմատ որ մեզի տրուած է, եթէ մարգարէութիւն՝ հաւատքին չափովը գործածենք.7. Եթէ սպասաւորութիւն՝ սպասաւորութեան մէջ ըլլանք. ան որ պիտի սորվեցնէ՝ սորվեցնելու ետեւէ ըլլայ.8. Ան որ պիտի յորդորէ՝ յորդորելու ետեւէ, ան որ կը բաշխէ՝ պարզամտութեամբ թող ընէ, ան որ վերակացու է՝ ջանքով, ան որ կ’ողորմի՝ յօժարութեամբ.9. Սէրը առանց կեղծաւորութեան ըլլայ, չարէն զզուելով, բարիին յարելով։10. Եղբայրսիրութեան մէջ իրարու գորովալից եղէ՛ք. պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք.11. Ջանքի մէջ թուլասիրտ մի՛ ըլլաք. Հոգիով բորբոքեցէ՛ք. Տէրոջը ծառայեցէ՛ք.12. Յոյսով ուրախ եղէ՛ք. նեղութեան մէջ համբերեցէ՛ք. ստէպ աղօթքի կեցէ՛ք.13. Սուրբերուն պէտքերուն հաղորդ եղէ՛ք. հիւրասիրութեան ետեէ եղէ՛ք.14. Ձեզ հալածողները օրհնեցէ՛ք եւ մի՛ անիծէք.15. Խնդացողներուն հետ խնդացէ՛ք եւ լացողներուն հետ լացէ՛ք.16. Իրարու վրայ միեւնոյն խորհուրդը ունեցէ՛ք. ամբարտաւանութիւն մի՛ ընէք, հապա խոնարհներուն հետ խոնարհեցէ՛ք, ինքզինքնիդ իմաստունի տեղ մի՛ դնէք.17. Չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն մի՛ հատուցանէք. բոլոր մարդոց առջեւ բարի բաներ ընելու հոգ տարէ՛ք։18. Որչափ կարելի է ձեզի՝ ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք։19. Սիրելինե՛ր, վրէժխնդրութիւն մի՛ ընէք ձեր անձերուն համար, հապա բարկութեան տեղի տուէ՛ք. վասն զի գրուած է. «Վրէժխնդրութիւնը ի՛մս է, ե՛ս պիտի հատուցանեմ», կ’ըսէ Տէրը։20. Ուստի եթէ քու թշնամիդ անօթեցեր է՝ հաց տուր անոր եւ եթէ ծարաւ է՝ ջուր տուր անոր. քանզի այս ընելով՝ անոր գլխուն վրայ կրակի կայծեր պիտի դիզես։21. Չարէն մի՛ յաղթուիր, հապա բարիով յաղթէ՛ չարին։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981