Աստվածաշունչը մեկ տարում Օգոստոս 14Աշխատանք 19:1-291. Յոբը պատասխանեց.2. «Մինչեւ ե՞րբ հոգիս պիտի վշտացնէք Ու զիս խօսքերով պիտի ճնշէք։3. Արդէն տասը անգամ է որ զիս կը մեղադրէք։ Չէ՞ք ամչնար որ վրաս կը յարձակիք։4. Եթէ արդարեւ ես սխալեր եմ, Իմ սխալս իմ քովս կը մնայ։5. Եթէ անպատճառ ամբարտաւանութեամբ խօսիլ կ’ուզէք ինծի դէմ Ու ամօթս երեսս զարնել,6. Գիտցէք ուրեմն թէ զիս Աստուած կործանեց Ու իր ցանցը իմ շուրջս դարձուց։7. Ահա ինծի եղած անիրաւութեանը համար կ’աղաղակեմ ու պատասխան տուող չկայ, Կը բողոքեմ, բայց արդարութիւն չկայ։8. Անիկա իմ ճամբաս գոցեց, այնպէս որ չեմ կրնար անցնիլ. Իմ շաւիղներուս վրայ խաւար դրաւ։9. Զիս իմ փառքս մերկացուց Ու գլխէս թագը վերցուց։10. Զիս ամէն կողմէ աւերեց ու ես գացի Ու իմ յոյսս ծառի մը պէս արմատէն խլեց։11. Անոր բարկութիւնը իմ վրաս բորբոքեցաւ Ու զիս իր թշնամիներուն կարգը դրաւ։12. Անոր գունդերը մէկտեղ եկան Ու ճամբանին ինծի դէմ պատրաստեցին Ու վրանիս բոլորտիքը բանակեցան։13. Անիկա իմ եղբայրներս ինծմէ հեռացուց Ու արդարեւ ծանօթներս օտարացան ինծմէ։14. Ազգականներս զիս թողուցին Ու իմ ճանչուորներս զիս մոռցան։15. Իմ տունս բնակողներն ու աղախիններս զիս անծանօթ մէկը սեպեցին Ու անոնց աչքին առջեւ օտարական եղայ։16. Ծառաս կանչեցի ու անիկա պատասխան չտուաւ, Թէեւ բերնովս անոր աղաչեցի։17. Իմ շունչս ատելի եղաւ կնոջս Ու իմ աղաչանքներս՝ իմ մօրս որովայնին որդիներուն։18. Փոքր տղաքն ալ զիս կ’անարգեն Ու երբ կ’ելլեմ, ինծի դէմ կը խօսին։19. Բոլոր մտերիմ բարեկամներս ինծմէ զզուեցան Ու իմ սիրականներս ինծի դէմ դարձան։20. Ոսկորներս մորթիս ու մարմնիս փական, Միայն ակռաներուս կաշիովը ազատեցայ։21. Ո՛վ իմ բարեկամներս, դո՛ւք ողորմեցէք ինծի, Ողորմեցէ՛ք ինծի, քանզի Աստուծոյ ձեռքը ինծի դպաւ։22. Ինչո՞ւ Աստուծոյ պէս կը հալածէք Ու մարմինէս չէք կշտանար։23. «Երանի՜ թէ հիմա խօսքերս գրուէին. Երանի՜ թէ գրքի մը մէջ քանդակուէին։24. Երկաթէ գրիչով կապարի վրայ Ու քարի վրայ յաւիտենապէս փորագրուէին։25. Վասն զի գիտեմ թէ իմ Փրկիչս ողջ է Ու անիկա վերջին ժամանակը պիտի ելլէ երկրի վրայ։26. Ու թէեւ մորթէս ետքը այս ալ փճանայ, Բայց իմ մարմնովս Աստուած պիտի տեսնեմ,27. Ես ինծի համար պիտի տեսնեմ Ու իմ աչքերս պիտի դիտեն զանիկա եւ ո՛չ թէ ուրիշը։ Երիկամունքներս իմ ներսիդիս կը հալին։28. Պէտք էր ըսէիք. ‘Ինչո՞ւ կը հալածենք զանիկա’ Եւ ‘Բանին արմատը իր մէջ գտնուեցաւ’։29. Սուրէն վախցէք. վասն զի բարկութեան պատիժը սուրն է, Որպէս զի գիտնաք թէ դատաստան մը կայ»։Աշխատանք 20:1-291. Այն ատեն Սոփար Նաամացին պատասխանեց.2. «Ասոր համար իմ խորհուրդներս ինծի պատասխանել կու տան Ու ասոր համար կ’արտորամ։3. Զիս խայտառակող յանդիմանութիւնը լսեցի, Բայց իմ հոգիս ունեցած իմաստութենէս կը ստիպէ, որ պատասխանեմ։4. Դուն գիտե՞ս թէ սկիզբէն՝ Մարդս երկրի վրայ դրուելէն ի վեր՝5. Անզգամին յաղթանակը քիչ ժամանակ կը տեւէ Ու կեղծաւորին ուրախութիւնը մէկ վայրկեանի համար է։6. Թէեւ անոր բարձրութիւնը մինչեւ երկինք ելլէ Ու գլուխը ամպերուն հասնի,7. Իր աղբին պէս յաւիտեան պիտի ոչնչանայ Ու զինք տեսնողները պիտի ըսեն՝ ‘Ո՞ւր է անիկա’։8. Երազի պէս պիտի թռչի ու պիտի չգտնուի Ու գիշերուան ցնորքի պէս պիտի փախչի։9. Զանիկա տեսնող աչքը ա՛լ պիտի չտեսնէ Ու անոր բնակած տեղը ա՛լ պիտի չնայի անոր։10. Անոր զաւակները աղքատներէն շնորհք պիտի խնդրեն՝ ՝ Ու անոր ձեռքերը յափշտակածը ետ պիտի տան։11. Անոր ոսկորները երիտասարդութեան մեղքերուն պատիժովը լեցուն են Ու անոր հետ հողին մէջ պիտի պառկին։12. Եթէ անզգամութիւնը անոր բերնին մէջ քաղցր է Եւ եթէ իր լեզուին տակ կը պահէ զանիկա,13. Եթէ զանիկա խնայէ ու չձգէ Ու իր քիմքին մէջ պահէ զանիկա,14. Կերակուրը անոր աղիքներուն մէջ պիտի փոխուի, Անոր ներսիդին քարբի լեղի պիտի ըլլայ։15. Անիկա հարստութիւններ կուլ տուաւ, բայց պիտի փսխէ զանոնք։ Աստուած անոր փորէն դուրս պիտի հանէ զանոնք։16. Անիկա քարբին թոյնը պիտի ծծէ Ու իժի լեզուն զանիկա պիտի մեռցնէ։17. Անիկա պիտի չտեսնէ վտակները, Մեղրի ու կոգիի հեղեղներուն գետերը։18. Իր աշխատանքով վաստկածը ետ պիտի տայ ու պիտի չկլլէ Ու ետ տուածը իր հարստութեանը չափ պիտի ըլլայ։ Անոր վրայ պիտի չուրախանայ։19. Քանի որ աղքատները ճնշեց ու երեսի վրայ թողուց Ու իր չշինած տունը յափշտակեց,20. Անշուշտ իր ներսիդին խաղաղութիւն պիտի չզգայ Ու ցանկացածը պիտի չկրնայ ազատել։21. Անոր ուտելու բան մը պիտի չմնայ, Անոր համար անոր յաջողութիւնը հաստատ պիտի չըլլայ։22. Առատութեամբ լեցուն եղած ժամանակն ալ նեղութեան մէջ պիտի ըլլայ. Թշուառութեան մէջ եղողներուն ամէն հարուած անոր վրայ պիտի գայ։23. Երբ փորը կշտացնելու վրայ ըլլայ, Աստուած իր սաստիկ բարկութիւնը անոր վրայ պիտի ղրկէ Ու անձրեւի պէս անոր վրայ պիտի թափէ՝ կերակուր ուտելու ատենը։24. Երկաթէ զէնքին առջեւէն փախած ատենը Պղնձէ աղեղը զանիկա պիտի խոցէ։25. Անոր դէմ արձակուած աղեղը մարմնէն պիտի անցնի Ու փայլուն տէգը անոր մաղձէն պիտի ելլէ. Անոր վրայ արհաւիրք պիտի գայ։26. Բոլոր խաւարը անոր գաղտուկ տեղերը պիտի պահուի. Մարած կրակը զանիկա պիտի լափէ. Անոր վրանին մէջ մնացողը ապերջանիկ պիտի ըլլայ՝ ՝։27. Երկինք անոր ապօրէնութիւնը պիտի յայտնէ, Երկիր ալ անոր դէմ պիտի ելլէ։28. Անոր տանը եկամուտը պիտի յափշտակուի, Ամէն բան պիտի անցնի Աստուծոյ բարկութեան օրը։29. Ասիկա է ամբարիշտ մարդուն բաժինը, որ Աստուծմէ պիտի առնէ Եւ ասիկա է այն ժառանգութիւնը, որ Աստուած անոր համար սահմաներ է»։Սաղմոսներ 95:6-116. Եկէ՛ք, երկրպագութիւն ընենք ու ծռինք. Ծունկ կրկնենք մեզ ստեղծող Տէրոջը առջեւ,7. Վասն զի ան է մեր Աստուածը Ու մենք անոր արօտին ժողովուրդը եւ անոր ձեռքին ոչխարներն ենք։ Այսօր եթէ անոր ձայնը պիտի լսէք,8. Ձեր սրտերը մի՛ խստացնէք ինչպէս Մերիպայի մէջ, Անապատին մէջ փորձութեան օրուանը պէս,9. Ուր ձեր հայրերը զիս փորձեցին, Քննեցին զիս ու իմ գործերս տեսան։10. Քառասուն տարի զզուեցայ այն ազգէն Ու ըսի. «Անոնք սրտով մոլորած ժողովուրդ մըն են, Իմ ճամբաներս չճանչցան»։11. Ուստի իմ բարկութեանս մէջ երդում ըրի, Որ անոնք իմ հանգիստս չմտնեն։Առակներ 23:4-54. Հարուստ ըլլալու մի՛ աշխատիր, Քու խորհուրդէդ ետ կեցի՛ր։5. Աչք պիտի տնկե՞ս այն բանին, որ ոչինչ է. Անիկա անշուշտ իրեն թեւեր կը շինէ Ու արծիւի պէս օդը կը թռչի։հռոմեական 13:1-141. Ամէն մարդ իր վրայ եղած իշխանութիւններուն թող հնազանդի. վասն զի չկայ իշխանութիւն մը որ Աստուծմէ չըլլայ եւ անոնք որ կան՝ Աստուծմէ կարգուած են։2. Ուրեմն ով որ իշխանութեան դէմ կը կենայ, Աստուծոյ հրամանին դէմ կը կենայ եւ անոնք որ դէմ կը կենան, անձերնուն դատապարտութիւն կ’ընդունին։3. Վասն զի իշխանները բարիք գործողները չեն վախցներ, հապա՝ չարը։ Կ’ուզե՞ս չվախնալ իշխանութենէն, բարիք գործէ ու անկէ գովութիւն պիտի ընդունիս.4. Վասն զի անիկա Աստուծոյ սպասաւորն է քեզի բարիի համար. բայց եթէ չարիք գործես՝ վախցի՛ր. վասն զի դատարկ տեղ մէջքը թուր չէ կապեր, քանզի Աստուծոյ սպասաւորն է եւ վրէժխնդիր՝ բարկութիւն հասցնելու անոր վրայ որ չարիք կը գործէ։5. Ասոր համար պէտք է հնազանդ ըլլալ, ոչ միայն բարկութեանը համար, հապա խղճմտանքի համար ալ։6. Այս պատճառաւ է որ տուրք ալ կուտաք. վասն զի Աստուծոյ սպասաւորներն են այն նոյն բանին հոգ տանելու։7. Ուստի հատուցանեցէ՛ք պէտք եղածը անոնց։ Որո՛ւ որ տուրք տրուելու է ՝ տուրքը, որո՛ւ որ մաքս՝ մաքսը, որո՛ւ որ վախ՝ վախնալը, որո՛ւ որ պատիւ՝ պատիւը։8. Բնա՛ւ մէկուն պարտական մի՛ գտնուիք, միայն մէկզմէկ սիրելու. վասն զի ո՛վ որ ընկերը կը սիրէ՝ օրէնքը կը կատարէ.9. Վասն զի այն Մի՛ շնարը, Մի՛ սպանները, Մի՛ գողնարը, Սուտ վկայութիւն մի՛ ըները, Մի՛ ցանկարը եւ ուրիշ ինչ պատուէր որ կայ՝ բոլորը այս խօսքին մէջ կը բովանդակուի. «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս»։10. Սէրը ընկերին գէշութիւն չըներ. ուրեմն օրէնքին լրումը սէրն է։11. Եւ այսպէս ըրէք, գիտնալով թէ ժամանակն է, որ քունէն արթննանք. վասն զի հիմա մօտ է մեզի փրկութիւնը՝ քան թէ այն ատեն որ հաւատացինք։12. Գիշերը շատ անցած է ու ցորեկը մօտեցած. ուստի մէկդի ընենք խաւարին գործերը ու մեր վրայ հագնինք լուսոյ զէնքերը։13. Որպէս զի ցորեկ ատեն՝ պարկեշտութեամբ պտըտինք, ո՛չ թէ անառակութիւններով ու գինովութիւններով եւ ո՛չ թէ խառնակ անկողիններով ու պղծութիւններով եւ ո՛չ թէ հակառակութիւնով ու նախանձով.14. Հապա ձեր վրայ հագէք Տէր Յիսուս Քրիստոսը ու խնամք մի՛ տանիք մարմնին՝ ցանկութիւններու համար։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981