Աստվածաշունչը մեկ տարում
Օգոստոս 17

1. Այն ատեն Յոբ պատասխանեց.
2. «Տկարին ի՞նչ օգնութիւն ըրիր Եւ ոյժ չունեցող բազուկը ի՞նչպէս զօրացուցիր։
3. Անխելքին ի՞նչ խրատ տուիր Ու ի՞նչ իմաստութիւն ցուցուցիր։
4. Դուն որո՞ւ ըսիր այս խօսքերը Ու որո՞ւն շունչը ելաւ քեզմէ։
5. Ոգիները վարէն կը դողան, Նաեւ ջուրերն ու անոնց բնակիչները։
6. Դժոխքը բաց է անոր առջեւ Ու կորուստը անծածկոյթ է։
7. Անիկա հիւսիսը պարապ տեղին վրայ կը տարածէ Ու երկիրը ոչնչին վրայ կը կախէ։
8. Ջուրերը իր մութ ամպերուն մէջ կը ծրարէ Ու անոնց տակէն ամպը չի պատռիր։
9. Իր աթոռին երեսը կը պահէ, Անոր վրայ իր ամպը կը տարածէ։
10. Ջուրերուն երեսին վրայ ամէն կողմէն սահմաններ դրաւ Մինչեւ լոյսին ու խաւարին ծայրը։
11. Երկնքի սիւները կը սարսին Ու անոր յանդիմանութենէն կ’ապշին։
12. Իր զօրութիւնովը ծովը կը խաղաղեցնէ Ու իր գիտութիւնովը հպարտութիւնը կը զարնէ։
13. Իր Հոգիովը երկինքը զարդարեց։ Անոր ձեռքը փախչող Վիշապը ստեղծեց։
14. Ահա ասոնք են անոր ճամբաներուն ծայրերը, Բայց անոր վրայով լսածնիս որչա՜փ քիչ է. Եւ ո՞վ կրնայ իմանալ անոր զօրութեան որոտումը»։
11. Երկինք թո՛ղ ուրախանայ ու երկիր ցնծայ. Ծովը իր լիութիւնովը թո՛ղ գոռայ.
12. Դաշտը ու բոլոր անոր մէջ եղողները թո՛ղ ուրախանան. Այն ատեն անտառին բոլոր ծառերը պիտի ցնծան
13. Տէրոջը առջեւ, վասն զի պիտի գայ, Վասն զի պիտի գայ երկիրը դատելու. Պիտի դատէ աշխարհը արդարութիւնով Ու ժողովուրդները՝ իր ճշմարտութիւնովը։
10. Վաղեմի սահմանին նշանը տեղէն մի՛ վերցներ Ու սրբերուն արտերը մի՛ մտներ,
11. Քանզի անոնց Վրէժխնդիրը զօրաւոր է Եւ քեզի դէմ անոնց իրաւունքը անիկա՛ պիտի պաշտպանէ։
12. Քու սիրտդ խրատի տուր Ու ականջներդ՝ գիտութեան խօսքերուն։
25. Բայց հիմա Երուսաղէմ կ’երթամ սուրբերուն սպասաւորութիւն ընելու։
26. Վասն զի Մակեդոնացիները եւ Աքայեցիները յօժարեցան որ Երուսաղէմի մէջ եղած աղքատ սուրբերուն քիչ մը օգնութիւն ընեն։
27. Յօժարեցան, քանզի անոնց պարտական ալ են։ Եթէ հեթանոսները հոգեւոր բաներու մէջ Հրեաներէն օգնութիւն ստացան, պարտաւոր են անոնց օգնել մարմնաւոր բաներու մէջ ալ։
28. Ուրեմն ասիկա կատարելով ու կնքելով անոնց այս պտուղը՝ ձեզմէ Սպանիա պիտի անցնիմ։
29. Գիտեմ թէ իմ ձեզի գալու ատենս՝ Քրիստոսին աւետարանին լեցուն օրհնութիւնովը պիտի գամ։
30. Ձեզի կ’աղաչեմ, եղբայրնե՛ր, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսով ու Հոգիին սիրովը, որ ինծի հետ պատերազմակից ըլլաք ձեր աղօթքներուն մէջ առ Աստուած ինծի համար,
31. Որպէս զի Հրէաստանի մէջ հաւատքի չհնազանդողներէն ազատուիմ ու իմ Երուսաղէմ ընելու սպասաւորութիւնս սուրբերուն ընդունելի ըլլայ,
32. Որպէս զի Աստուծոյ կամքովը ուրախութեամբ ձեզի գալով՝ ձեզի հետ հանգչիմ։ Եւ խաղաղութեան Աստուածը ձեր ամենուն հետ ըլլայ։ Ամէն։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981