Աստվածաշունչը մեկ տարում
Օգոստոս 18

1. Յոբ դարձեալ իր խօսքը սկսելով՝ ըսաւ.
2. «Իմ իրաւունքս մէկդի դնող Աստուածը Ու հոգիս դառնութեամբ լեցնող Ամենակարողը կենդանի է։
3. Քանի որ շունչս վրաս է Ու ռնգունքներուս մէջ Աստուծոյ հոգին կայ,
4. Շրթունքներս անիրաւ բան մը պիտի չըսեն Ու լեզուս նենգութիւն պիտի չխօսի։
5. Քա՛ւ լիցի, որ ձեզ արդարացնեմ։ Մինչեւ մեռնիլս իմ ուղղութիւնս ձեռքէ պիտի չձգեմ։
6. Իմ արդարութիւնս հաստատ բռներ եմ ու զանիկա պիտի չթողում Ու կեանքիս մէջ սիրտս բնաւ պիտի չյանդիմանէ զիս ։
7. Իմ թշնամիս ամբարշտի պէս պիտի ըլլայ Ու ինծի դէմ ելլողը՝ անզգամի պէս։
8. Քանզի կեղծաւորին յոյսը ի՞նչ է (թէեւ հարստութիւն ալ դիզած ըլլայ), Երբ Աստուած անոր հոգին առնէ։
9. Միթէ Աստուած անոր աղաղակը պիտի լսէ՞, Երբ անոր վրայ փորձանք գայ։
10. Անիկա Ամենակարողին վրայ պիտի ուրախանա՞յ. Ամէն ժամանակ Աստուծոյ պիտի աղաղակէ՞։
11. Աստուծոյ ձեռքին մէջ եղածը ձեզի պիտի սորվեցնեմ. Ամենակարողին քով եղածը պիտի չծածկեմ։
12. Ահա դուք ամէնքդ ալ տեսաք Ու ինչո՞ւ այդպէս բոլորովին ունայնացեր էք։
13. Ասիկա է ամբարիշտ մարդուն բաժինը Աստուծոյ առջեւ Ու բռնաւորներուն Ամենակարողէն առնելու ժառանգութիւնը.
14. Եթէ անոր տղաքը շատնան, սուրի համար է Ու անոր սերունդը հացով պիտի չկշտանայ։
15. Անոր մնացորդները ժանտախտով պիտի թաղուին, Բայց անոր որբեւարիները պիտի չլան։
16. Թէեւ հողի պէս արծաթ դիզէ Ու տիղմի պէս հանդերձներ պատրաստէ,
17. Անիկա պիտի պատրաստէ, բայց արդարը պիտի հագնի Ու անմեղը արծաթը պիտի բաժնէ։
18. Իրեն տուն մը կը շինէ սարդի ոստայնի պէս Ու այգիի պահապանին շինած խրճիթին պէս։
19. Հարուստը կը պառկի ու չ’ամփոփուիր. Աչքերը կը բանայ ու՝ ՝ ոչինչ կ’ըլլայ։
20. Արհաւիրքը ջուրերու պէս անոր պիտի հասնի։ Գիշերով փոթորիկը պիտի յափշտակէ զանիկա։
21. Արեւելեան հովը պիտի քշէ զանիկա ու ան պիտի երթայ Ու փոթորիկի պէս զանիկա իր տեղէն պիտի վերցնէ։
22. Ամենակարողը իր նետերը անոր դէմ պիտի նետէ ու պիտի չխնայէ. Ան ալ պիտի ջանայ անոր ձեռքէն փախչիլ։
23. Անոր համար ծափ պիտի զարնեն Ու անոր եղած տեղէն անոր դէմ պիտի սուլեն»։
1. «Արդարեւ արծաթը իր երակը ունի Ու ոսկին իր զտուելու տեղը։
2. Երկաթը հողէն կ’առնուի, Հանքէն պղինձ կ’ելլէ ։
3. Մարդը խաւարին վախճան կը դնէ Ու ամէն բան կատարելապէս կը քննէ, Շատ ծածուկ պահուած քարերը՝ որոնք մահուան ստուերին մէջ են։
4. Իր բնակած տեղին քով փոս կը բանայ. Ոտք չկոխած տեղը կը կախուին Ու մարդոցմէ հեռու կ’երերան։
5. Երկրէն հաց կ’ելլէ Ու անոր տակ կրակի նման բաներ կը գտնուին։
6. Անոր քարերը շափիւղաներու տեղ են Ու հոն ոսկիի աւազ կայ։
7. Յափշտակող թռչունը անոր շաւիղը ճանչցաւ Ու անգղին աչքը զանիկա չտեսաւ։
8. Վայրենի գազանները՝ ՝ հոն ոտք կոխած չեն, Առիւծը անկէ անցած չէ։
9. Մարդը իր ձեռքը կ’երկնցնէ ապառաժներուն Ու լեռները հիմէն կը տապալէ։
10. Ապառաժները ճեղքելով՝ անոնց մէջէն վտակներ կ’անցնէ. Անոր աչքը կը տեսնէ ամէն թանկագին բան։
11. Գետերը վազելէն կ’արգիլէ Ու գաղտուկ եղածը երեւան կը հանէ։
12. Բայց իմաստութիւնը ո՞ւր կը գտնուի Ու հանճարին տեղը ո՞ւր է։
13. Մարդը անոր յարգը չի գիտեր Ու կենդանիներուն երկրին մէջ չի գտնուիր։
14. Անդունդը կ’ըսէ. ‘Անիկա իմ մէջս չէ’ Ու ծովը կ’ըսէ. ‘Իմ քովս չէ’։
15. Զուտ ոսկիով ծախու չ’առնուիր Ու անոր արժէքին համար արծաթ չի կշռուիր,
16. Ո՛չ Ոփիրին ոսկիով կը փոխուի, Ո՛չ ալ պատուական եղնգնաքարով ու շափիւղայով։
17. Ոսկին ու ակնվանին չեն կրնար անոր հաւասարիլ։ Զուտ ոսկիէ ամաններով չեն փոխանակուիր։
18. Բուստն ու բիւրեղը անոր քով չեն յիշուիր։ Իմաստութեան գինը յակինթներու գին էն աւելի բարձր է։
19. Եթովպիայի տպազիոնին գինը անոր չի հաւասարիր Ու զուտ ոսկիով չի փոխուիր։
20. Ուրեմն իմաստութիւնը ուրկէ՞ կու գայ Ու հանճարին տեղը ո՞ւր է։
21. Բոլոր ապրողներուն աչքերէն ծածկուած Ու երկնքի թռչուններէն պահուած է։
22. Կորուստն ու մահը կ’ըսեն. ‘Մենք անոր համբաւը մեր ականջներովը լսեր ենք’։
23. Աստուած կը ճանչնայ անոր ճամբան Ու անոր տեղը ինք գիտէ։
24. Քանզի մինչեւ երկրի ծայրերը կը դիտէ Ու բոլոր երկնքի տակ եղածը կը տեսնէ։
25. Երբ հովին կշիռ կը դնէր Ու ջուրերը չափով կը չափէր,
26. Երբ անձրեւին օրէնք Ու որոտումներուն ճամբայ կ’որոշէր,
27. Այն ատեն տեսաւ զանիկա ու յայտնեց Պատրաստեց զանիկա ու նաեւ քննեց
28. Ու մարդուն ըսաւ. ‘Ահա Տէրոջը վախն է իմաստութիւնը Ու չարութենէ ետ քաշուիլը հանճարն է’»։
1. Տէրը կը թագաւորէ, երկիր թո՛ղ ցնծայ. Շատ կղզիներ թո՛ղ ուրախանան։
2. Անոր շուրջը ամպ ու մառախուղ կայ, Արդարութիւնը ու իրաւունքը անոր աթոռին հիմերն են։
3. Անոր առջեւէն կրակ կ’երթայ Ու անոր շուրջի թշնամիները կ’այրէ։
4. Անոր փայլակները աշխարհը կը լուսաւորեն։ Երկիր կը տեսնէ ու կը դողայ։
5. Լեռները մոմի պէս կը հալին Եհովային երեսէն, Բոլոր երկրին Տէրոջը երեսէն։
6. Երկինք կը պատմէ անոր արդարութիւնը Ու բոլոր ժողովուրդները կը տեսնեն անոր փառքը։
13. Տղայէն խրատը մի՛ կտրեր, Վասն զի եթէ զանիկա գաւազանով ծեծես, չի մեռնիր։
14. Թէեւ դուն անիկա գաւազանով կը ծեծես, Բայց անոր հոգին դժոխքէն կ’ազատես։
1. Ձեզի կը յանձնեմ Փիբէ քոյրը, որ Կենքրայի եկեղեցիին սպասաւորն է.
2. Որպէս զի զանիկա ընդունիք Տէրոջմով՝ ինչպէս սուրբերուն արժան է եւ անոր խնամք տանիք ի՛նչ բանի որ ձեր օգնութեանը կարօտի. քանզի ինք ալ շատերու խնամք տարաւ ու ինծի ալ։
3. Բարեւ ըրէք Պրիսկէին ու Ակիւղասին Քրիստոս Յիսուսով իմ գործակիցներուս.
4. (Որոնք իմ կեանքիս համար իրենց պարանոցները տուին. որոնցմէ ոչ միայն ես շնորհակալ կ’ըլլամ, հապա հեթանոսներուն բոլոր եկեղեցիներն ալ.)
5. Եւ անոնց տանը մէջի եկեղեցիին ալ։ Բարեւ ըրէք Եպենետոս իմ սիրելիիս, որ Աքայիայէ առաջին պտուղն է Քրիստոսին։
6. Բարեւ ըրէք Մարիամին, որ մեր վրայ շատ աշխատեցաւ։
7. Բարեւ ըրէք Անդրոնիկոսին ու Յունիային, իմ ազգականներուս եւ գերութեան ընկերներուս, որոնք առաքեալներուն մէջ երեւելիներ են, որոնք ինծմէ առաջ Քրիստոսին եղան։
8. Բարեւ ըրէք Ամպղիա իմ սիրելիիս Տէրոջմով։
9. Բարեւ ըրէք Ուրբանոս մեր գործակցին Քրիստոսով ու Ստաքէս իմ սիրելիիս։
10. Բարեւ ըրէք Ապեղեսին, որ ընտրեալ է Քրիստոսով։
11. Բարեւ ըրէք Արիստաբուղոսին տանը։ Բարեւ ըրէք Հերովդիոն իմ ազգականիս։ Բարեւ ըրէք անոնց, որոնք Նարկէսին տունէն են, Տէրոջմով։
12. Բարեւ ըրէք Տրիփոնէին ու Տրիփոսէին, Տէրոջմով աշխատողներուն։ Բարեւ ըրէք Պերսիդէ սիրելիին, որ շատ աշխատեցաւ, Տէրոջմով։
13. Բարեւ ըրէք Ռուփոսին, Տէրոջմով ընտրուածին ու անոր մօրը եւ իմինիս։
14. Բարեւ ըրէք Ասինկրիտոսին, Փղեգոնին, Երմասին, Պատրոբային, Երմէսին ու անոնց հետ եղող եղբայրներուն.
15. Բարեւ ըրէք Փիղողոգոսին ու Յուլիային, Ներէոսին ու անոր քրոջը եւ Ողիմպասին ու անոնց հետ եղող բոլոր սուրբերուն։
16. Բարեւ ըրէք իրարու սրբութեան համբոյրով։ Բարեւ կ’ընեն ձեզի Քրիստոսին [բոլոր] եկեղեցիները։
17. Կ’աղաչեմ ձեզի, եղբայրնե՛ր, որ ճանչնաք անոնք, որոնք ձեր սորված վարդապետութենէն դուրս բաժանում կը յառաջացնեն ու գայթակղութիւններ կ’ընեն։ Անոնցմէ ետ կեցէք։
18. Վասն զի այնպիսիները մեր Տէրոջը՝ Քրիստոսին՝ չեն ծառայեր, հապա իրենց որովայնին։ Անոյշ խօսքերով ու գովեստներով պարզամիտներուն սրտերը կը խաբեն։
19. Քանզի ձեր հնազանդութիւնը ամենուն ծանօթ է. ուստի ձեզի համար ուրախ եմ. բայց կ’ուզեմ որ դուք իմաստուն ըլլաք բարիին ու միամիտ՝ չարին։
20. Եւ խաղաղութեան Աստուածը շուտով խորտակէ Սատանան ձեր ոտքերուն տակ։ Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը ձեզի հետ ըլլայ։
21. Բարեւ կ’ընէ ձեզի Տիմոթէոս իմ գործակիցս եւ Ղուկիոսը ու Յասոն եւ Սոսիպատրոսը, իմ ազգականներս։
22. (Բարեւ կ’ընեմ ձեզի Տէրոջմով ես ալ՝ Տերտիոս՝ որ այս թուղթը գրեցի։)
23. Բարեւ կ’ընէ ձեզի Գայիոսը, իմ ու բոլոր եկեղեցիին հիւրընկալը։ Բարեւ կ’ընէ ձեզի Երաստոսը, քաղաքիս գանձապետը ու Կուարտոս եղբայրը։
24. Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը ձեր ամենուն հետ ըլլայ։ Ամէն։
25. Արդ՝ անոր, որ կարող է ձեզ հաստատել իմ աւետարանիս պէս ու Յիսուս Քրիստոսին քարոզութեանը պէս, այն խորհուրդին յայտնուելուն պէս՝ որ յաւիտենական ատեններէն ի վեր ծածկուած էր,
26. Հիմա յայտնուեցաւ ու մարգարէական գրքերը յաւիտենական Աստուծոյ հրամանով բոլոր հեթանոսներուն ճանչցուեցան, հաւատքի հնազանդելու համար,
27. Մի միայն իմաստուն Աստուծոյն, Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով, փառք յաւիտեանս։ Ամէն։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981