Աստվածաշունչը մեկ տարում
Օգոստոս 19

1. Յոբ նորէն իր խօսքը սկսելով՝ ըսաւ.
2. «Երանի թէ առաջին ամիսներուն պէս, Աստուծոյ զիս պահած օրերուն պէս ըլլայի,
3. Երբ անոր ճրագը իմ գլխուս վրայ լոյս կու տար Ու ես խաւարի մէջ անոր լոյսովը կը քալէի։
4. Երիտասարդութեանս օրերը եղածիս պէս՝ Երբ Աստուծոյ մտերմութիւնը իմ վրանիս մէջ էր.
5. Երբ Ամենակարողը տակաւին ինծի հետ էր Ու տղաքս իմ բոլորտիքս էին։
6. Երբ իմ ճամբաներս կոգիով կը թրջէի Ու ապառաժէն ինծի համար ձէթի հեղեղներ կը վազէին։
7. Երբ դռնէն քաղաքը կ’ելլէի Ու աթոռս հրապարակին մէջ կը դնէի,
8. Երիտասարդները զիս տեսնելով կը պահուէին Ու ծերերը ոտքի կ’ելլէին, կը կանգնէին,
9. Իշխանները խօսելէն կը դադարէին Ու ձեռքերնին իրենց բերնին վրայ կը դնէին,
10. Ազնուականները ձայներնին կը կտրէին, Անոնց լեզուն իրենց քիմքին կը փակչէր։
11. Ինծի մտիկ ընող ականջը ‘Երանի՜’ կ’ըսէր ինծի Ու զիս տեսնող աչքը կը վկայէր ինծի համար։
12. Վասն զի ես աղաղակող աղքատը Եւ որբն ու օգնութիւն չունեցողը կ’ազատէի։
13. Կորսուելու վրայ եղողին օրհնութիւնը վրաս կու գար Ու որբեւարիին սիրտը կ’ուրախացնէի։
14. Արդարութիւն կը հագնէի։ Անիկա էր իմ հանդերձս։ Ու ուղղամտութիւնը պատմուճանի ու խոյրի պէս էր։
15. Կոյրին աչքեր էի Ու կաղին՝ ոտքեր։
16. Աղքատին հայր էի։ Կը պաշտպանէի իրաւունքը անոր, որ չէի ճանչնար։
17. Անիրաւին ժանիքը կը կոտրէի Ու անոր ակռաներէն որսը կը խլէի
18. Ու կ’ըսէի. «Բոյնիս մէջ պիտի մեռնիմ Եւ օրերս աւազի պէս պիտի շատցնեմ։
19. Արմատս դէպի ջուրերը կը տարածուէր Ու ցօղը բոլոր գիշերը ոստերուս վրայ էր։
20. Փառքս իմ վրաս կը նորոգուէր Ու աղեղս ձեռքիս մէջ կ’ուժովնար»։
21. Մարդիկ ինծի մտիկ կ’ընէին ու կը սպասէին։ Երբ իմ խորհուրդս յայտնէի՝ լուռ կը կենային։
22. Իմ խօսելէս յետոյ անոնք ա՛լ չէին խօսիր։ Ու իմ խօսքս անոնց վրայ կը կաթէր։
23. Անձրեւի սպասելու պէս ինծի կը սպասէին Ու վերջին անձրեւին փափաքելու պէս բերաննին կը բանային։
24. Եթէ անոնց վրայ խնդայի՝ չէին հաւատար Ու երեսիս լոյսը չէին կրնար արհամարհել։
25. Անոնց ճամբաները ընտրելով՝ իբր իշխան կը նստէի Եւ իր զօրքին մէջ եղող թագաւորի մը պէս Ու սգաւորներուն՝ մխիթարիչի մը պէս կը բնակէի։
1. «Բայց հիմա տարիքով ինծմէ պզտիկ եղողները զիս կը ծաղրեն, Որոնց հայրերը հօտերուս շուներուն հետ դնելու չէի հաճիր.
2. Անոնց ձեռքերուն ոյժը ինծի ի՞նչ օգուտ ունէր, Անոնց առուգութիւնը կորսուած էր։
3. Չքաւորութենէ ու անօթութենէ նիհարցեր էին։ Դէպի անապատը՝ մթին, աւերակ ու վայրի տեղերը կը փախչէին։
4. Կերակուրի համար մացառներուն քովի մոլոշները կը քաղէին Ու գիհիի արմատ կը հաւաքէին ։
5. Մարդոց մէջէն կը վռնտուէին։ Անոնց ետեւէն գողի ետեւէ պոռալու պէս կը պոռային։
6. Սոսկալի ձորերու մէջ կը բնակէին, Հողի ու ապառաժներու ծակտիքներու մէջ։
7. Մացառներու մէջ կը կանչուըռտէին, Եղիճներու տակ կը հաւաքուէին։
8. Յիմար ու աննշան մարդոց զաւակներ ըլլալով՝ Երկրէն կը վռնտուէին։
9. Ու հիմա ես անոնց խաղը՝ Նաեւ անոնց ծաղրանքի առարկան եղեր եմ։
10. Ինծմէ գարշելով կը հեռանան քովէս։ Երեսս թքնելէ չեն քաշուիր։
11. Քանի որ Աստուած իմ կապս թուլցնելով՝ զիս խոնարհեցուց։ Անոնք իմ ներկայութեանս երասանակը կը թողուն։
12. Աջ կողմէս լակոտներ կ’ելլեն, Անոնք ոտքերս յառաջ կը հրեն Ու ինծի դէմ իրենց կորստեան ճամբաներ կը պատրաստեն։
13. Անոնք շաւիղներս կ’աւրեն, վիշտս կ’աւելցնեն Ու անոնց դէմ ինծի օգնութիւն ընող մը չկայ՝ ՝
14. Լայն խրամատէ մը գալու պէս կը յարձակին, Աւերակներու տակէն վրաս կը դիմեն։
15. Արհաւիրքները իմ վրաս դարձան Ու հովի պէս իմ պատիւս կը հալածեն Ու ազատութիւնս ամպի պէս անցաւ։
16. Հիմա հոգիս իմ ներսիդիս կը հալի, Տրտմութեան օրերը զիս պաշարեցին։
17. Իմ ցաւս գիշերը ոսկորներս ծակեց Ու ջիղերս հանգստութիւն չունեցան։
18. Իր մեծ զօրութիւնովը իմ հանդերձս փոխեց Ու իմ պատմուճանիս օձիքին պէս պատեց զիս։
19. Զիս ցեխի մէջ նետեց, Ես հողի ու մոխիրի նմանեցայ։
20. Ես քեզի կ’աղաղակեմ ու ինծի պատասխան չես տար. Կը կանգնիմ ու դուն ինծի ուշադրութիւն չես ըներ՝ ՝։
21. Դուն ինծի հանդէպ անգութ եղար, Ձեռքիդ զօրութիւնովը թշնամիի պէս կը վարուիս ինծի հետ
22. Զիս վերցնելով հովին վրայ կը հեծցնես Ու զիս մրրիկով կը հատցնես։
23. Ստոյգ գիտեմ թէ զիս մահուան պիտի տանիս, Բոլոր ապրողներուն համար սահմանուած տունը։
24. Անիկա աւերմունքին վրայ ձեռք պիտի չերկնցնէ, Եթէ կորստեան ատեն անոր աղաչեն՝ ՝։
25. Դժբաղդութեան մէջ եղողին համար չէի՞ լար. Աղքատին համար հոգիս չէ՞ր նեղանար։
26. Բայց երբ ես բարիք կը յուսայի՝ չարիքը հասաւ Ու երբ լոյսին կը սպասէի՝ խաւարը եկաւ։
27. Փորոտիքս եռաց ու չհանդարտեցաւ։ Թշուառութեանս օրերը ինծի հասան։
28. Սեւցած պտըտեցայ, բայց՝ ոչ արեւէն։ Ելայ ու ժողովուրդին մէջ աղաղակեցի։
29. Չագալներուն՝ եղբայր, Ջայլամներուն ընկեր եղայ։
30. Մորթս վրաս սեւցաւ, Ոսկորներս տաքութենէն այրեցան։
31. Ատոր համար իմ քնարս սուգի փոխուեցաւ Ու իմ սրինգս՝ լալկաններու ձայնի»։
7. Թո՛ղ ամչնան այն ամէնքը, որոնք կուռքերուն կը ծառայեն, Որոնք ունայնութիւններով կը պարծենան։ Ո՛վ բոլոր աստուածներ, անոր երկրպագութիւն ըրէ՛ք։
8. Սիօն լսեց եւ ուրախացաւ Եւ Յուդային աղջիկները ցնծացին Քու իրաւունքներուդ համար, ո՛վ Տէր։
9. Վասն զի դո՛ւն, ո՛վ Տէր, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ։ Շատ բարձրացար բոլոր աստուածներուն վրայ։
10. Ո՛վ Տէրը սիրողներ, չարութիւնը ատեցէ՛ք։ Անիկա իր սուրբերուն անձերը կը պահէ, Ամբարիշտներուն ձեռքէն կը փրկէ զանոնք։
11. Արդարին համար լոյս ծագեցաւ Եւ սրտով ուղիղներուն համար՝ ուրախութիւն։
12. Տէրոջմով ուրախացէ՛ք, ո՛վ արդարներ Ու անոր սրբութիւնը յիշելով շնորհակալ եղէք։
15. Որդեա՛կ իմ, եթէ քու սիրտդ իմաստուն ըլլայ, Իմ սիրտս կ’ուրախանայ։
16. Ու երբ քու շրթունքներդ ուղիղ բաներ խօսին, Իմ երիկամունքներս պիտի ցնծան։
1. Պօղոս, Աստուծոյ կամքովը Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ ըլլալու կանչուած ու Սոսթենէս եղբայրը,
2. Կորնթոսի մէջ եղած Աստուծոյ եկեղեցիին, Քրիստոս Յիսուսով սրբուածներուն, սուրբեր ըլլալու կանչուածներուն, այն ամենուն հետ որ ամէն տեղ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին անունը կը կանչեն, իրենցը ու մերը.
3. Ձեզի շնորհք եւ խաղաղութիւն Աստուծմէն՝ մեր Հօրմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։
4. Ամէն ատեն իմ Աստուծմէս ձեզի համար կը գոհանամ Իր շնորհքին համար, որ ձեզի տրուած է Քրիստոս Յիսուսով.
5. Որ դուք անով ամէն բանի մէջ հարստացաք ամէն խօսքով ու ամէն գիտութիւնով
6. Ինչպէս Քրիստոսին վկայութիւնը ձեր մէջ հաստատուեցաւ.
7. Որպէս զի ձեզի ոեւէ շնորհք չպակսի՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին յայտնուելուն սպասելով.
8. Որ նաեւ ձեզ պիտի հաստատէ մինչեւ վերջը՝ որ անարատ ըլլաք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին օրը։
9. Հաւատարիմ է Աստուած, որով կանչուեցաք հաղորդակից ըլլալու իր Որդիին, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին։
10. Ձեզի կ’աղաչեմ, եղբայրնե՛ր, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին անունովը, որ միեւնոյն խօսքը ունենաք ամէնքդ ու երկպառակութիւններ չըլլան ձեր մէջ. հապա դուք մէկ մտքի ու մէկ խորհուրդի վրայ հաստատուած ըլլաք։
11. Վասն զի ձեզի համար ինծի լուր հասաւ, եղբայրնե՛ր, Քղուէի տունէն եղողներէն, թէ ձեր մէջ հակառակութիւններ կան։
12. Հիմա այս կ’ըսեմ ձեզի, որպէս թէ ձեզմէ մէկը կ’ըսէ թէ՝ «Ես Պօղոսեան եմ» ու միւսը ՝ թէ «Ես Ապօղոսեան եմ» եւ ուրիշը ՝ թէ «Ես՝ Կեփասեան», ու միւսը ՝ թէ «Ես՝ Քրիստոսեան»։
13. Միթէ Քրիստոս բաժնուա՞ծ է. միթէ Պօղո՞ս խաչը ելաւ ձեզի համար, կամ թէ Պօղոսի՞ն անունով մկրտուեցաք։
14. Կը գոհանամ Աստուծմէն, որ ձեզմէ մէ՛կը չմկրտեցի, միայն Կրիսպոսը եւ Գայիոսը. որպէս զի ոչ ոք ըսէ՝
15. Թէ իմ անունովս մկրտուած է։
16. Ստեփանէսին ընտանիքն ալ մկրտեցի։ Ա՛լ ուրիշ մէկը չեմ յիշեր ամենեւին թէ մկրտեցի։
17. Վասն զի Քրիստոս զիս մկրտելու չղրկեց, հապա աւետարանը քարոզելու. բայց ոչ խօսքերու ճարտարութիւնով, որպէս զի Քրիստոսին խաչը ոչինչ չըլլայ։
18. Քանզի խաչին քարոզութիւնը կորսուածներուն յիմարութիւն է, բայց մեզի փրկուածներուս Աստուծոյ զօրութիւնն է
19. Վասն զի գրուած է. «Իմաստուններուն իմաստութիւնը պիտի կորսնցնեմ ու հանճարեղներուն հանճարը պիտի խափանեմ»։
20. Ո՞ւր է իմաստունը, ո՞ւր է դպիրը, ո՞ւր է այս աշխարհին քննողը. չէ՞ որ Աստուած յիմարացուց այս աշխարհին իմաստութիւնը։
21. Քանզի Աստուած հաճեցաւ քարոզութեան յիմարութիւնով ապրելցնել, ուստի աստուածային իմաստութեամբ չթուլատրեց որ աշխարհային իմաստութեամբ մարդ Աստուած ճանչնայ։
22. Վասն զի Հրեաները նշան կ’ուզեն եւ Յոյները իմաստութիւն կը փնտռեն.
23. Իսկ մենք կը քարոզենք խաչեալ Քրիստոսը, ինչ որ Հրեաներուն գայթակղութիւն ու յոյներուն յիմարութիւն է։
24. Բայց անոնց որ կանչուած են, թէ՛ Հրեայ եւ թէ՛ Յոյն, Քրիստոսը՝ Աստուծոյ զօրութիւնը եւ Աստուծոյ իմաստութիւնն է։
25. Վասն զի Աստուծոյ յիմարը մարդոցմէ աւելի իմաստուն է եւ Աստուծոյ տկարը մարդոցմէ աւելի զօրաւոր է։
26. Արդարեւ, դուք ձեր կոչումը կը տեսնէք, ե՛ղբայրներ, որ ոչ թէ մարմնի կողմանէ շատ իմաստուններ եւ ոչ թէ շատ զօրաւորներ եւ ոչ թէ շատ ազնուականներ կանչուեցան.
27. Բայց Աստուած աշխահիս յիմարները ընտրեց, որպէս զի ամօթով ընէ իմաստունները ու աշխարհիս տկարները ընտրեց, որպէս զի ամօթով ընէ զօրաւորները.
28. Եւ աշխարհիս ցածազգիներն ու անարգները ընտրեց եւ ոչինչները, որպէս զի անոնք որ բան մը ըլլալ կը կարծեն, խափանէ.
29. Որ մարմին մը չպարծի Աստուծոյ առջեւ։
30. Դուք անկէ էք Քրիստոս Յիսուսով, որ մեզի Աստուծմէ իմաստութիւն, արդարութիւն, սրբութիւն եւ փրկութիւն եղաւ.
31. Որպէս զի, ինչպէս գրուած է. «Ան որ կը պարծենայ Տէրոջմով թող պարծենայ»։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981