1. Երրորդ օրը Եսթեր իր թագաւորական զգեստները հագաւ ու թագաւորին տանը ներքին գաւիթին մէջ՝ թագաւորին տանը առջեւ կեցաւ։ Թագաւորը թագաւորական պալատին մէջ՝ պալատին դրանը առջեւ իր թագաւորական աթոռին վրայ նստեր էր։
2. Երբ թագաւորը Եսթեր թագուհին տեսաւ, որ գաւիթին մէջ կը կենար, Եսթեր շնորհք գտաւ անոր առջեւ եւ թագաւորը իր ձեռքը եղած ոսկի գաւազանը Եսթերին երկնցուց։ Եսթեր մօտեցաւ ու գաւազանին ծայրին դպաւ։
3. Թագաւորը անոր ըսաւ. «Ո՛վ Եսթեր թագուհի, քեզի ի՞նչ եղաւ ու ուզածդ ի՞նչ է, մինչեւ թագաւորութեանս կէսը քեզի պիտի տրուի»։
4. Եսթեր ըսաւ. «Եթէ թագաւորը հաճի, այսօր թագաւորը Համանին հետ իրեն ըրած կոչունքիս թող գայ»։
6. Երբ գինի կը խմէին, թագաւորը Եսթերին ըսաւ. «Ի՞նչ է քու խնդիրքդ. ըսէ ՛ ու քեզի պիտի շնորհուի, ի՞նչ է քու աղաչանքդ. մինչեւ թագաւորութեանս կէսը պիտի տրուի»։
7. Եսթեր պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Իմ աղաչանքս ու խնդիրքս այս է։
8. Եթէ թագաւորին առջեւ շնորհք գտայ ու եթէ թագաւորը կը հաճի իմ խնդիրքս շնորհել ու իմ աղաչանքս կատարել, թող թագաւորն ու Համան նորէն իրենց համար ընելու կոչունքիս գան ու վաղը թագաւորին խօսքին պէս ընեմ»։
9. Համան այն օրը զուարթ եւ ուրախ սրտով դուրս ելաւ. բայց երբ Համան թագաւորին դրանը մէջ Մուրթքէն տեսաւ, որ ոտքի չէր ելլեր ու իր տեղէն չէր շարժեր, Համանին սիրտը շատ նեղացաւ Մուրթքէին համար,
10. Բայց Համան ինքզինք զսպելով իր տունը գնաց ու մարդ ղրկեց իր բարեկամներն ու կինը՝ Զերէսը՝ կանչել տուաւ։
11. Համան պատմեց անոնց իր հարստութեանը փառքը ու իր որդիներուն շատութիւնը եւ այն ամէն բաները, որոնցմով թագաւորը զինք մեծցուցեր էր եւ թէ ի՛նչպէս իշխաններէն ու թագաւորին ծառաներէն աւելի բարձրացուցեր էր։
12. Համան ըսաւ. «Նաեւ Եսթեր թագուհին թագաւորին հետ ինծմէ զատ մէ՛կը չհրաւիրեց իր պատրաստած կոչունքին ու վաղուան համար ալ զիս թագաւորին հետ հրաւիրեց։
13. Բայց այս ամենէն բնաւ գոհ չեմ, քանի որ Հրեայ Մուրթքէն թագաւորին դուռը նստած կը տեսնեմ»։
14. Անոր կինը Զերէս ու անոր բոլոր բարեկամները անոր ըսին. «Յիսուն կանգուն բարձրութեամբ փայտ մը թող շինուի ու վաղը առտու թագաւորին ըսէ, որ Մուրթքէն անոր վրայ կախուի եւ դուն թագաւորին հետ ուրախ սրտով կոչունքին գնա»։ Այս խօսքը Համանին հաճոյ երեւցաւ ու փայտը պատրաստեց։
1. Այն գիշերը թագաւորին քունը փախաւ ու հրամայեց, որ դիպուածները պատմող յիշատակներու գիրքը բերեն ու թագաւորին առջեւ կարդան։
2. Ու հոն գրուած գտնուեցաւ թէ Մուրթքէ՝ դրանը պահպանութիւն ընող՝ թագաւորին երկու ներքինիներուն, Բիգթանին ու Թարէսին, համար իմացուցեր էր, թէ անոնք Ասուերոս թագաւորին վրայ ձեռք երկնցնել ուզեր էին։
3. Թագաւորը ըսաւ. «Ասոր փոխարէն ի՞նչ պատիւ կամ մեծութիւն տրուեցաւ Մուրթքէին»։ Ու թագաւորին ծառայութիւն ընող պատանիները ըսին. «Անոր բան մը չեղաւ»։
4. Թագաւորը ըսաւ. «Գաւիթը ո՞վ կայ» (ու Համան թագաւորին պալատին դուրսի գաւիթը եկեր էր թագաւորին խօսելու, որ Մուրթքէն կախէ այն փայտին վրայ, որ ինք անոր համար պատրաստեր էր)։
6. Երբ Համան ներս մտաւ, թագաւորը անոր ըսաւ. «Ի՞նչ ընել պէտք է այն մարդուն, որուն թագաւորը պատիւ ընել կ’ուզէ»։ Համան իր սրտին մէջ ըսաւ. «Թագաւորը ինծմէ զատ ուրիշ որո՞ւ պատիւ ընել պիտի ուզէ»։
7. Համան ըսաւ թագաւորին. «Այն մարդուն համար, որուն թագաւորը պատիւ ընել կ’ուզէ,
8. Թագաւորին հագած թագաւորական զգեստն ու թագաւորին հեծած ձին ու անոր գլուխը դրուած թագաւորական թագը թող բերեն.
9. Զգեստն ու ձին թագաւորին խիստ պատուաւոր իշխաններէն մէկուն ձեռքը թող տրուի ու հագցնեն այն մարդուն՝ որուն թագաւորը պատիւ ընել կ’ուզէ ու ձիուն վրայ հեծցնեն եւ քաղաքին փողոցին մէջէն անցնեն ու առջեւէն կանչեն ու ըսեն ՝ ‘Այսպէս պիտի ըլլայ այն մարդուն, որուն թագաւորը պատիւ տալ կ’ուզէ’»։
10. Այն ատեն թագաւորը Համանին ըսաւ. «Շուտով ըսածիդ պէս զգեստն ու ձին առ ու թագաւորին դուռը նստող Հրեայ Մուրթքէին ըսածիդ պէս ըրէ. քու ըսածէդ բնաւ բան մը պակաս չըլլայ»։
11. Համան զգեստն ու ձին առաւ ու զգեստը Մուրթքէին հագցնելով՝ զանիկա ձիուն վրայ հեծցուց եւ քաղաքին փողոցէն անցուց ու առջեւէն կը կանչէր՝ «Այսպէս պիտի ըլլայ այն մարդուն, որուն թագաւորը պատիւ տալ կ’ուզէ»։
12. Եւ Մուրթքէ թագաւորին դուռը դարձաւ. բայց Համան տրտում ու գլուխը ծածկած՝ շուտով իր տունը քաշուեցաւ։
13. Համան իր կնոջ Զերէսին ու բոլոր բարեկամներուն պատմեց ամէն ինչ որ իր գլխուն եկած էր։ Անոր իմաստուններն ու անոր կինը Զերէս անոր ըսին. «Եթէ Մուրթքէ (որուն առջեւ դուն իյնալու սկսար) Հրեաներու ազգէն է, դուն անոր պիտի չյաղթես, հապա անոր առջեւ անշուշտ պիտի իյնաս»։
14. Երբ անոնք տակաւին անոր հետ կը խօսէին, թագաւորին ներքինիները հասան, որպէս զի Համանը շուտով Եսթերին պատրաստած կոչունքին տանին։
1. Ուրեմն ի՞նչ գտաւ Աբրահամ՝ մեր նահապետը՝ մարմնի կողմանէ։
2. Վասն զի եթէ Աբրահամ գործով արդարացած ըլլար, իրաւցընէ պարծանք պիտի ունենար, բայց ո՛չ թէ Աստուծոյ առջեւ։
3. Քանզի գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ. «Աբրահամ Աստուծոյ հաւատաց եւ ան՝ իրեն արդարութիւն սեպուեցաւ»։
4. Բայց ան որ գործ մը կ’ընէ, վարձքը շնորհքէ եղած չի սեպուիր անոր, հապա՝ շահուած։
5. Իսկ ան որ չի գործեր, բայց կը հաւատայ անոր որ ամբարիշտը կ’արդարացնէ, անոր հաւատքը իրեն արդարութիւն կը սեպուի։
6. Ինչպէս Դաւիթ ալ կը յիշէ այն մարդուն երանութիւնը, որուն Աստուած արդարութիւն կը սեպէ, առանց գործերու։
7. «Երանի՜ անոնց, կ’ըսէ, որոնց անօրէնութիւնները ներուեցան եւ որոնց մեղքերը ծածկուեցան։
8. Երանի՜ այն մարդուն, որուն մեղք չի սեպեր Տէրը»։
9. Ուստի այս երանութիւնը թլփատութեա՞ն վրայ է, թէ անթլփատութեան վրայ։ Քանզի կ’ըսենք թէ՝ ‘Հաւատքը Աբրահամին արդարութիւն սեպուեցաւ’։
10. Ուրեմն ի՞նչպէս սեպուեցաւ. թլփատութեա՞ն մէջ եղած ատենը, թէ անթլփատութեան մէջ։ Ո՛չ թէ թլփատութեան մէջ, հապա՝ անթլփատութեան։
11. Ու ետքը թլփատութեան նշանը առաւ՝ իբրեւ անթլփատութեան ատենէն ունեցած հաւատքին արդարութեան կնիքը, որպէս զի ինք հայր ըլլայ այն բոլոր հաւատացողներուն, որոնք անթլփատութենէ են, (անոնց ալ արդարութիւն սեպուելու համար,)
12. Եւ թլփատութեան հայր՝ ո՛չ թէ միայն թլփատութենէ եղողներուն, հապա անոնց ալ՝ որոնք մեր հօրը Աբրահամին անթլփատութեան ատենի հաւատքին շաւիղներուն մէջ կը քալեն։
13. Վասն զի Աբրահամին եւ անոր սերունդին՝ աշխարհը ժառանգելու համար տրուած խոստումը ո՛չ թէ օրէնքով եղաւ, հապա հաւատքին արդարութիւնովը։
14. Քանզի եթէ օրէնքէն եղողները ժառանգորդ ըլլային, հաւատքը փուճ պիտի ըլլար եւ խոստումը պիտի խափանուէր։
15. Վասն զի օրէնքը բարկութիւն կը գործէ. քանզի ուր օրէնք չկայ, օրինազանցութիւն ալ չկայ։
16. Ասոր համար ժառանգորդ ըլլալը հաւատքէն է, որպէս զի շնորհքով եղած ըլլայ, որ խոստումը հաստատուն ըլլայ բոլոր սերունդին։ Ո՛չ միայն անոր՝ որ օրէնքէն է, հապա անո՛ր ալ՝ որ Աբրահամին հաւատքէն է, որ մեր ամենուն հայրն է,
17. (Ինչպէս գրուած է թէ՝ ‘Քեզ շատ ազգերու հայր ըրի’,) Աստուծոյ առջեւ, որուն ինք հաւատաց, ան որ մեռելները կ’ողջնցնէ եւ չեղած բաները եղածներու պէս կը կանչէ։
18. Որ չյուսացուած բանին՝ յուսով հաւատաց՝ թէ ինք շատ ազգերու հայր պիտի ըլլայ, (ինչպէս ըսուեցաւ ալ, թէ՝ ‘Քու սերունդդ այսպէս պիտի ըլլայ’.)
19. Եւ ինք հաւատքի մէջ չտկարացած՝ չնայեցաւ իր մարմնին, որ արդէն մեռածի պէս էր, (որովհետեւ ինք հարիւր տարեկանի չափ էր,) ո՜չ ալ Սառայի արգանդին մեռած ըլլալուն։