3. Նաեւ իր բարկութիւնը բորբոքեցաւ անոր երեք բարեկամներուն դէմ, որովհետեւ պատասխան չգտան, թէեւ Յոբը յանցաւոր հանեցին։
4. Եղիուս Յոբին խօսքերուն լմննալուն սպասեր էր, որովհետեւ անոնք իրմէ ծեր էին։
5. Բայց երբ Եղիուս տեսաւ թէ այն երեք մարդոց բերանը ա՛լ պատասխան չմնաց, իր բարկութիւնը բորբոքեցաւ։
6. Այն ատեն Բուզացի Բարաքիէլին որդին Եղիուս պատասխանեց. «Ես տարիքով փոքր եմ ու դուք աւելի ծեր էք, Անոր համար ետ կեցայ ու կարծիքս ձեզի յայտնելու վախցայ.
7. Ըսի թէ՝ ‘ Երկար կեանքը՝ ՝ թող խօսի Ու տարիներուն շատութիւնը թող իմաստութիւնը գիտցնէ’,
8. Բայց մարդուն ներսիդին հոգի կայ Ու Ամենակարողին շունչը անոնց իմանալու կարողութիւն կու տայ։
9. Միշտ մեծերը իմաստուն չեն ըլլար Ու ծերերը շիտակը չեն հասկնար։
10. Անոր համար ըսի. ‘Ինծի մտիկ ըրէք’, Որպէս զի ես ալ իմ գիտցածս ըսեմ’։
11. Ահա ես ձեր խօսքերուն սպասեցի, Ձեր փաստերուն ականջ դրի, Մինչեւ որ անոր խօսքերը քննեցիք։
12. Ես ձեզի աղէկ ուշադրութիւն ըրի Եւ ձեզմէ մէկը չկար, որ Յոբը յանդիմանէր Ու անոր խօսքերուն պատասխան տար։
13. Չըլլայ որ ըսէք՝ ‘Իմաստութիւն գտանք. Աստուած է որ անոր կրնայ յաղթել եւ ո՛չ թէ մարդը’։
14. Անիկա իր խօսքերը ինծի դէմ չպատրաստեց, Ես ալ ձեր խօսքերուն համեմատ անոր պատասխան պիտի չտամ։
6. Սակայն կատարեալներուն հետ իմաստութեան մասին կը խօսինք, բայց ո՛չ թէ աշխարհի իմաստութեան եւ ո՛չ այս աշխարհի մահկանացու իշխաններուն,
7. Հապա Աստուծոյ ծածուկ իմաստութեան մասին կը խօսինք խորհրդով, որ աշխարհի ստեղծուելէն առաջ սահմանեց Աստուած մեր փառքին համար.
8. Որ այս աշխարհի իշխաններէն մէ՛կը չճանչցաւ. քանզի եթէ ճանչցած ըլլային, ա՛լ փառքերուն Տէրը խաչը չէին հաներ.
9. Հապա ինչպէս գրուած է. «Այն բաները որոնք աչք չէ տեսեր եւ ականջ չէ լսեր ու որոնք մարդու սրտին մէջ չեն ինկեր, Աստուած զինք սիրողներուն պատրաստեց»։
10. Բայց Աստուած մեզի յայտնեց իր Հոգիովը, վասն զի Հոգին ամէն բան կը քննէ, Աստուծոյ խորունկ բաներն ալ։
11. Վասն զի մարդոցմէ ո՞վ գիտէ մարդուն բաները, բայց միայն մարդուն հոգին որ իր մէջ է. նոյնպէս ալ Աստուծոյ բաները մէ՛կը չի գիտեր, բայց միայն Աստուծոյ Հոգին։
12. Իսկ մենք ո՛չ թէ այս աշխարհի հոգին առինք, հապա այն Հոգին որ Աստուծմէն է. որպէս զի մենք ճանչնանք այն բաները որոնք Աստուծմէ տրուեցան մեզի.
13. Որոնց մասին կը խօսինք ոչ թէ մարդկային իմաստութեան սորվեցուցած խօսքերովը, հապա Հոգիին սորվեցուցածներովը եւ հոգեւոր բաները հոգեւորի հետ կը յարմարցնենք։
14. Իսկ շնչաւոր մարդը Աստուծոյ Հոգիին բաները չընդունիր, վասն զի անոնք իրեն յիմարութիւն են ու չի կրնար գիտնալ, վասն զի հոգեւոր կերպով կը քննուին։
15. Բայց ան որ հոգեւոր է՝ ամէն բան կը քննէ ու ինք մէկէն չի՛ քննուիր։
16. Քանզի ո՞վ գիտցաւ Տէրոջը միտքը, որ անոր խրատ տուող ալ ըլլայ. բայց մենք Քրիստոսին միտքը ունինք։