6. Ահա ես քու ըսածիդ համեմատ Աստուծոյ համար կը կենամ, Ես ալ հողէն ստեղծուեցայ։
7. Ահա իմ երկիւղս քեզ պիտի չզարհուրեցնէ Ու իմ ձեռքս քու վրադ պիտի չծանրանայ։
8. Արդարեւ ականջիս ըսիր Ու խօսքերուդ ձայնը լսեցի, որ ըսիր.
9. ‘Ես մաքուր եմ ու առանց յանցանքի. Ես անարատ եմ ու իմ վրաս անօրէնութիւն չկայ.
10. Ահա անիկա ատելութեան պատճառանք կը գտնէ Զիս իրեն թշնամի կը սեպէ.
11. Ոտքերս կոճղերու մէջ կը դնէ, Իմ բոլոր շաւիղներս կը դիտէ’։
12. Ահա քեզի պատասխան կու տամ, որ այս բանին մէջ իրաւունք չունիս, Վասն զի Աստուած մարդէն մեծ է։
13. Անոր հետ ինչո՞ւ կը վիճիս, Որովհետեւ անիկա բնաւ իր ըրածներուն հաշիւը չի տար։
14. Յիրաւի Աստուած մէկ անգամ կամ երկու անգամ կը խօսի (Թէեւ մարդը ուշադրութիւն չ’ըներ),
15. Երազի մէջ, գիշերուան տեսիլքի մէջ, Երբ խորունկ քուն մը կ’իյնայ մարդոց վրայ, Երբ անոնք իրենց անկողիններուն մէջ կը քնանան։
16. Այն ատեն մարդոց ականջները կը բանայ Ու իր խրատով կը զգուշացնէ,
17. Որպէս զի մարդը գէշ գործէ դարձնէ Ու մարդէն հպարտութիւնը արգիլէ։
18. Անոր հոգին գերեզմանէն կը պահէ Ու կեանքը՝ որպէս զի սրով չմեռնի։
19. Նաեւ մարդը իր անկողնին մէջ ցաւով կը պատժուի Եւ իր բոլոր ոսկորները՝ սաստիկ ցաւով ։
20. Այն ատեն անոր անձը հացէն կը զզուի Եւ անոր հոգին՝ փափաքելի կերակուրէն։
21. Անոր մարմինը այնպէս կը հալի, որ ալ չ’երեւնայ Ու անոր չերեւցած ոսկորները դուրս կ’ելլեն։
22. Անոր անձը գերեզմանին կը մօտենայ Ու անոր կեանքը՝ կորուստի։
23. Եթէ անոր քով միջնորդ պատգամաւոր մը ըլլայ, Հազարէն մէկը, Որ անոր ուղղութիւնը մարդուն իմացնէ,
24. Այն ատեն անոր ողորմելով պիտի ըսէ. ‘Ազատէ զանիկա, որպէս զի գերեզմանը չիջնէ։ Ես քաւութիւն մը գտայ։
25. Անոր մարմինը տղու մարմինէն աւելի փափուկ պիտի ըլլայ Ու անիկա իր մանկութեան օրերուն պիտի դառնայ’։
26. Աստուծոյ պիտի աղաղակէ ու Աստուած զանիկա պիտի ընդունի Ու անոր երեսը ուրախութեամբ պիտի տեսնէ. Քանզի Անիկա պիտի հատուցանէ մարդուն՝ անոր արդարութեանը համեմատ։
27. Անիկա մարդոց վրայ կը նայի Ու եթէ մէկը ըսէ՝ ‘Մեղք գործեցի ու իրաւունքը աւրեցի Ու ասիկա ինծի օգտակար չեղաւ,
28. Աստուած իմ հոգիս ազատեց, որպէս զի գերեզմանը չիջնէ. Այլ իմ կեանքս լոյսը տեսնէ’։
29. Ահա Աստուած այս բոլոր բաները Երկու երեք անգամ մարդուն կ’ընէ,
18. Ան՝ որ թագաւորին կ’ըսէ՝ ‘Եղեռնագործ ես’ Ու ազնուականներուն՝ թէ ‘Չար մարդիկ էք ’.
19. Ան՝ որ իշխաններուն աչառութիւն չ’ըներ Ու հարուստը աղքատէն աւելի չի խնամեր, Որովհետեւ անոնք բոլորն ալ իր ձեռքերուն գործերն են,
20. Մէկ վայրկեանի մէջ պիտի մեռնին։ Կէս գիշերին ժողովուրդը խռովութեան մէջ իյնալով՝ պիտի անցնին Ու զօրեղները պիտի վերցուին՝ առանց մէկուն ձեռքը անոնց դպչելուն ։
21. Վասն զի Անոր աչքերը մարդուն ճամբաներուն վրայ են Ու մարդուն բոլոր քայլերը կը տեսնեն։
22. Ո՛չ խաւար կայ եւ ո՛չ մահուան շուք՝ Որ անօրէնութիւն գործողները հոն պահուըտին։
23. Վասն զի մարդուս վրայ երկար քննութիւն չ’ըներ՝ ՝. Երբ անիկա Աստուծոյ առջեւ դատաստանի երթայ։
24. Անիմանալի կերպով ՝ ՝ զօրաւորները կը կոտրէ Ու անոնց տեղը ուրիշներ կը հաստատէ։
25. Քանզի անոնց գործերը գիտէ Ու զանոնք գիշերով տակնուվրայ կ’ընէ ու կը խորտակուին։
26. Անոնց ամբարիշտ ըլլալուն համար՝ Ամենուն առջեւ՝ ՝ զանոնք կը զարնէ։
27. Որովհետեւ անոր չհետեւեցան Ու անոր ճամբաները բնաւ չճանչցան.
28. Այնպէս որ աղքատին աղաղակը անոր հասցուցին Ու անիկա զրկեալներուն աղաղակը լսեց։
29. Եթէ անիկա հանգստութիւն տայ, Ո՞վ կրնայ նեղութիւն տալ։ Ու եթէ անիկա երեսը պահէ, Ո՞վ կրնայ զանիկա տեսնել Ու այսպէս է թէ՛ ազգի մը եւ թէ՛ մարդու մը։
30. Որպէս զի կեղծաւոր մարդը չթագաւորէ Ու ժողովուրդին որոգայթ չըլլայ։
10. Աստուծոյ շնորհքին չափովը, որ ինծի տրուեցաւ, իմաստուն ճարտարապետի մը պէս հիմ դրի, բայց անոր վրայ շինողը ուրիշ է. միայն թէ ամէն մէկը թող զգուշանայ թէ ի՛նչպէս կը շինէ։
11. Վասն զի մէկը ա՛լ ուրիշ հիմ չի կրնար դնել դրուածէն զատ, որ է Յիսուս Քրիստոսը։
13. Ամէն մէկուն գործը յայտնի պիտի ըլլայ. քանզի օրը երեւան պիտի հանէ, վասն զի կրակով պիտի յայտնուի եւ ամէն մէկուն գործին ի՛նչ տեսակ ըլլալը կրակը պիտի փորձէ։
14. Եթէ մէկուն շինած գործը մնայ, ինք վարձք պիտի առնէ.
15. Եւ եթէ մէկուն շինածը այրի, անիկա վնաս պիտի քաշէ. բայց ինք պիտի ազատի, սակայն այնպէս՝ իբր թէ կրակի մէջէն ելած է։
16. Չէ՞ք գիտեր թէ Աստուծոյ տաճար էք դուք եւ Աստուծոյ Հոգին ձեր մէջ կը բնակի։
17. Եթէ մէկը Աստուծոյ տաճարը ապականէ, Աստուած ալ զանիկա պիտի ապականէ, վասն զի Աստուծոյ տաճարը սուրբ է եւ դուք էք այդ տաճարը։
18. Չըլլայ որ մէկը ինքզինք խաբէ։ Եթէ ձեզմէ մէկը զինք իմաստուն սեպէ այս աշխարհի մէջ, թող յիմար ըլլայ՝ որպէս զի իմաստուն ըլլայ։
19. Վասն զի այս աշխարհի իմաստութիւնը Աստուծոյ առջեւ յիմարութիւն է. վասն զի գրուած է թէ՝ «Անիկա իմաստունները իրենց խորամանկութեան մէջ կը բռնէ»։
20. Եւ դարձեալ՝ թէ «Տէրը գիտէ իմաստուններուն խորհուրդները, որոնք ունայն են»։
21. Ուրեմն մէ՛կը թող չպարծենայ մարդոցմով.
22. Վասն զի ամէն բան ձերն է. թէ՛ Պօղոս, թէ՛ Ապօղոս, թէ՛ Կեփաս, թէ՛ աշխարհ, թէ՛ կեանք, թէ՛ մահ, թէ՛ ներկայ բաները եւ թէ՛ գալիքները. ամէն բան ձերն է.
23. Դուք ալ Քրիստոսինն էք եւ Քրիստոս՝ Աստուծոյ։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981