24. Միտքդ պահէ որ մեծարես անոր գործերը, Որոնք մարդիկ կը տեսնեն։
25. Ամէն մարդ կը տեսնէ զանոնք, Իւրաքանչիւր ոք հեռուէն կը դիտէ։
26. Ահա Աստուած մեծ է ու մենք չենք գիտեր Եւ անոր տարիներուն համրանքը անքննելի է։
27. Վասն զի ջուրերուն կաթիլները կը քաշէ, Որոնք իր գոլորշիէն անձրեւ կը թափեն,
28. Որ ամպերը վազցնելով Մարդոց վրայ առատօրէն կը կաթեցնեն։
29. Բայց ոեւէ մէկը ամպերուն տարածուիլը Ու անոր վրանին գոռումը կրնա՞յ հասկնալ։
30. Ահա անոր վրայ իր լոյսը կը տարածէ Ու ծովուն խորութիւնը կը ծածկէ։
31. Ժողովուրդները այս բաներով կը դատէ Ու առատօրէն կերակուր կու տայ։
32. Ափովը կայծակը կը ծածկէ Ու կը հրամայէ որ նշանակէտին զարնէ։
33. Անոր կը ցուցնէ իր բարեկամը. Անօրէնութեան դէմ բարկութիւն կը դիզուի՝ ՝։
1. Տէրը կը թագաւորէ, ժողովուրդները թո՛ղ սարսափին։ Ինք քերովբէներուն վրայ կը նստի, երկիրը թո՛ղ շարժի։
2. Տէրը մեծ է Սիօնի մէջ Ու բարձրացած է բոլոր ժողովուրդներուն վրայ։
3. Թող գովեն քու մեծ ու ահաւոր անունդ։ Անիկա սուրբ է։
4. Թագաւորին զօրութիւնը իրաւունքը կը սիրէ՝ ՝։ Ուղղութիւն հաստատեցիր, Իրաւունք ու արդարութիւն ըրիր Յակոբին մէջ։
5. Բարձրացուցէք Տէրը, մեր Աստուածը Ու երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր ոտքերուն պատուանդանին։ Անիկա սուրբ է։
6. Մովսէսն ու Ահարոնը անոր քահանաներուն մէջ Եւ Սամուէլն անոր անունը կանչողներուն մէջ Տէրոջը կ’աղաղակէին։ Անիկա պատասխան կու տար անոնց։
7. Ամպի սիւնին մէջէն կը խօսէր անոնց հետ։ Անոնք կը պահէին անոր վկայութիւնները Ու այն հրամանը, որ իրենց տուաւ։
8. Ո՛վ Տէր, մեր Աստուածը, դուն կը լսէիր անոնց. Դո՛ւն, ո՛վ Աստուած, անոնց կը ներէիր, Թէպէտ վրէժխնդիր եղար անոնց գործերուն։
9. Բարձրացուցէ՛ք Տէրը, մեր Աստուածը Ու երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր սուրբ լերանը վրայ. Վասն զի Տէրը, մեր Աստուածը, սուրբ է։
22. Հնազանդէ՛ մօրդ, որ քեզ ծներ է Ու մի՛ անարգեր քու հայրդ, երբ կը ծերանայ։
23. Ճշմարտութիւնը ծախու ա՛ռ ու զանիկա մի՛ ծախեր։ Նմանապէս ՝ իմաստութիւնը, խրատն ու հանճարը։
24. Արդարին հայրը շատ պիտի ցնծայ Եւ իմաստուն զաւակ ծնանողը անոր համար պիտի ուրախանայ։
25. Թող քու հայրդ ու մայրդ քու վրադ ուրախանան Ու քեզ ծնանողը թող ցնծայ։
1. Թող մարդիկ մեզ այնպէս սեպեն, որպէս թէ Քրիստոսին սպասաւորները ու Աստուծոյ խորհուրդներուն տնտեսները։
2. Ուստի տնտեսէն կը պահանջուի որ հաւատարիմ ըլլայ։
3. Բայց ինծի ասիկա ոչինչ բան մըն է, որ ձեզմէ դատուիմ, կամ մարդոց դատաստանէն, մանաւանդ որ ես ալ իմ անձս չեմ դատեր.
4. (Վասն զի ես իմ անձիս վրայով բան մը չեմ գիտեր. բայց ոչ թէ ասով կ’արդարանամ.) հապա զիս դատողը Տէրն է։
5. Ուրեմն ժամանակէն առաջ դատաստան մի՛ ընէք, մինչեւ գայ Տէրը՝ որ խաւարին գաղտնիքը լոյսի պիտի հանէ ու սրտերուն խորհուրդները յայտնի պիտի ընէ եւ այն ատեն ամէն մէկուն գնահատութիւնը Աստուծմէ պիտի ըլլայ։
6. Ասոնք օրինակ բերի, ե՛ղբայրներ, իմ վրաս ու Ապօղոսին վրայ ձեզի համար, որպէս զի դուք մեզմէ սորվիք մարդոց վրայով գրուածէն աւելի բան մը չխորհիլ, որ չըլլայ թէ ձեզմէ մէկը հպարտանայ մէկուն համար ուրիշի մը դէմ։
7. Քանզի ո՞վ է ան որ քեզ տարբեր կ’ընէ ուրիշներէն եւ ի՞նչ ունիս որ չես առեր եւ եթէ առիր, ինչո՞ւ չառածի պէս կը պարծենաս։
8. Արդէն կշտացաք, արդէն հարստացաք, առանց մեզի թագաւորեցիք եւ երանի՜ թէ թագաւորէիք, որպէս զի մենք ալ ձեզի հետ թագաւորէինք,
9. Քանզի Աստուած յետիններ ըրաւ մեզ առաքեալներս՝ մահապարտներուն նման. վասն զի տեսարան եղանք աշխարհին, հրեշտակներուն ու մարդոց։
10. Մենք յիմարներ ենք Քրիստոսին համար։ Իսկ դուք իմաստուններ՝ Քրիստոսով։ Մենք՝ տկար, դուք՝ զօրաւոր։ Դուք՝ փառաւորեալ, իսկ մենք՝ անարգեալ։
11. Մինչեւ այսօր կ’անօթենանք ալ, կը ծարաւինք ալ, մերկ ալ կը մնանք, կը ծեծուինք ալ, աստանդական ալ կը պտըտինք
12. Եւ մեր ձեռքերով կ’աշխատինք. երբ մեզ նախատեն՝ կ’օրհնենք. երբ կը հալածեն՝ կը համբերենք.
13. Երբ գէշ խօսին՝ կ’աղաչենք։ Իբրեւ աշխարհի աղտեղութիւնը՝ ամենէն անարգը եղանք մինչեւ հիմա։
14. Այս բաները կը գրեմ՝ ո՜չ թէ ձեզ ամչցնելու համար, հապա կը խրատեմ ձեզ սիրելի որդիներուս պէս։
15. Վասն զի թէեւ դուք տասը հազար վարժապետներ ունենաք Քրիստոսով, բայց ո՛չ թէ շատ հայրեր կ’ունենաք, քանզի Քրիստոս Յիսուսին աւետարանով ես ձեզ ծնայ։
16. Ուրեմն կ’աղաչեմ ձեզի, ինծի նմանող եղէ՛ք։
17. Ասոր համար ձեզի ղրկեցի Տիմոթէոսը, որ իմ սիրելի որդիս է ու Տէրոջմով հաւատարիմ. որ ձեր միտքը պիտի ձգէ Քրիստոսով իմ բռնած ճամբաներս, ինչպէս ամէն տեղ բոլոր եկեղեցիներուն կը սորվեցնեմ։
18. Մէկ քանիները հպարտացան, խորհելով թէ ես պիտի չգամ ձեզի։
19. Բայց շուտով պիտի գամ ձեզի, եթէ Տէրը կամենայ եւ պիտի հասկնամ ո՛չ թէ հպարտացողներուն խօսքերը, հապա զօրութիւնը։
20. Վասն զի Աստուծոյ թագաւորութիւնը ո՛չ թէ խօսքով է, հապա զօրութիւնով։
21. Ի՞նչպէս կ’ուզէք. գաւազանո՞վ գամ ձեզի, թէ սիրով եւ հեզութեան հոգիով։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981