Աստվածաշունչը մեկ տարում Օգոստոս 23Աշխատանք 37:1-241. Ասոր համար ալ սիրտս կը դողայ Ու իր տեղէն կ’երերայ։2. Անոր ձայնին որոտումին Ու անոր բերնէն ելած շառաչիւնին մտիկ ըրէ՛ք։3. Բոլոր երկնքի տակ կը ղրկէ զանիկա Ու անոր լոյսը՝ մինչեւ երկրին ծայրերը։4. Անոր ետեւէն մեծ ձայն մը կ’ելլէ, Իր վեհափառութեան ձայնովը կ’որոտայ Ու իր ձայնը լսուելէն յետոյ չ’ուշացներ։5. Աստուած իր ձայնովը սքանչելի կերպով կ’որոտայ Ու այնպիսի մեծ բաներ կը հանէ, որոնք մենք չենք կրնար հասկնալ։6. Վասն զի անիկա կ’ըսէ ձիւնին. ‘Երկրի վրայ իջիր’։ Նաեւ սաստիկ անձրեւին ու իր զօրութեանը սաստիկ անձրեւներուն։7. Անիկա ամէն մարդու ձեռքը կը կնքէ, Որպէս զի իր ստեղծած բոլոր մարդիկը հասկնան։8. Գազանները որջերնին կը մտնեն Ու քարայրներու մէջ կը բնակին։9. Հարաւէն փոթորիկ կու գայ Ու հիւսիսէն՝ ցուրտ։10. Աստուծոյ շունչէն սառնամանիք կը տրուի Ու ջուրերուն լայնութիւնը կը նեղնայ։11. Խիտ ամպերը խոնաւութեամբ կը լեցնէ, Իր փայլակը ամպերը կը ցրուէ։12. Անոր խորհրդովը տեղէ տեղ կը փոխադրուին, Որպէս զի աշխարհի երեսը՝ երկրի վրայ անոր բոլոր հրամանները կատարեն։13. Զանոնք կը բերէ՝ թէ՛ խրատի համար, Թէ՛ իր երկրին համար եւ թէ՛ շնորհքի համար։14. Ո՛վ Յոբ, այս ըսածիս մտիկ ըրէ՛. Կեցի՛ր ու Աստուծոյ սքանչելիքներուն վրայ մտածէ՛։15. Գիտե՞ս թէ Աստուած ի՛նչպէս կը կարգաւորէ զանոնք Եւ իր ամպէն լոյս կը փայլեցնէ։16. Գիտե՞ս ամպերուն հաւասարակշռութիւնը Ու իմաստութեամբ կատարեալ եղողին սքանչելիքները։17. Երկիրը հարաւային հովէն հանգստացուցած ժամանակը, Գիտե՞ս թէ ինչո՛ւ համար քու հանդերձներդ կը տաքնան։18. Անոր հետ մէկտե՞ղ տարածեցիր երկինքը, Որ ամուր է թափծու հայելիի պէս։19. Սորվեցուր մեզի թէ ի՛նչ պիտի ըսենք անոր. Վասն զի մթութեան պատճառով չենք կրնար մեր խօսքը կարգադրել։20. Եթէ ես խօսելու ըլլամ, պիտի պատմուի՞ անոր, Եթէ մէկ խօսի, անշուշտ պիտի կլլուի՞։21. Ու հիմա ալ չեն կրնար նայիլ, երբ երկինք կը փայլատակէ, Բայց հովը կ’անցնի ու զանիկա կը սրբէ։22. Ահա հիւսիսէն ոսկիի պէս լոյս կու գայ։ Աստուած ահաւոր փառաբանութիւն հագած է։23. Անիկա ամենակարող է, չենք կրնար հասկնալ զանիկա. Մեծ է զօրութեամբ, դատաստանով ու արդարութեամբ Ու մէկո՛ւն զրկանք չ’ըներ՝ ՝։24. Անոր համար մարդիկ կը վախնան անկէ. Սրտով իմաստուններուն բնաւ չի նայիր՝ ՝»։Աշխատանք 38:1-411. Այն ատեն Եհովա փոթորիկին մէջէն պատասխան տալով Յոբին՝ ըսաւ.2. «Ո՞վ է ատիկա, որ անիմաստ խօսքերով Խորհուրդը կը նսեմացնէ։3. Հիմա կտրիճի պէս մէջքդ պնդէ՛. Քեզի հարցնեմ եւ քու գիտցածդ ինծի իմացո՛ւր։4. Ո՞ւր էիր դուն՝ երբ ես երկրին հիմերը կը դնէի. Ըսէ՛ ինծի՝ եթէ իմաստութիւն ունիս։5. Եթէ գիտես՝ ըսէ՛ ո՞վ դրաւ անոր չափերը, Կամ թէ անոր վրայ լարը ո՞վ քաշեց։6. Անոր հիմերը ինչի՞ վրայ հաստատուած են, Կամ թէ անոր անկիւնին քարը ո՞վ դրաւ,7. Երբ առաւօտեան աստղերը մէկտեղ փառաբանութիւն կ’ընէին Ու երբ Աստուծոյ բոլոր որդիները ցնծութեամբ կ’աղաղակէին։8. Նաեւ ծովը՝ որովայնէն յարձակելով ելած ժամանակը՝ Ո՞վ գոցեց զանիկա դռներով,9. Երբ ամպը անոր հանդերձ դրի Ու մէգը՝ խանձարուր10. Եւ անոր վրայ իմ հրամաններս հաստատելով՝ Անոր փականք ու դռներ դրի11. Ու ըսի անոր. ‘Մինչեւ հոս եկուր ու անդին մի՛ անցնիր Եւ քու ալիքներուդ հպարտութիւնը հոս թող դադարի’։12. Կեանքիդ մէջ երբեք առաւօտեան հրաման ըրի՞ր, Արշալոյսին իր ծագելու տեղը ցուցուցի՞ր,13. Որպէս զի երկրի ծայրերը բռնէ Ու չարագործները անկէ թօթուուին։14. Երկիր նոր ձեւ մը կառնէ կնքուած կաւի պէս Եւ ամէն բան հանդերձով զարդարուածի՝ ՝ պէս կ’երեւնայ։15. Սակայն ամբարիշտներէն կ’արգիլուի իրենց լոյսը Ու բարձրացած բազուկը կը խորտակուի։16. Ծովուն աղբիւրները մտե՞ր ես Ու անդունդին ծածուկ տեղերը պտըտե՞ր ես։17. Մահուան դռները յայտնուեցա՞ն քեզի Ու մահուան շուքին դռները տեսա՞ր։18. Երկրի լայնութեանը խելքդ հասա՞ւ։ Եթէ ամէնը գիտես՝ ըսէ՛։19. Լոյսին բնակարանը ո՞ւր է, Ու խաւարին տեղը ո՞ւր է,20. Որ զանիկա առնես իր սահմանը տանիս Ու անոր տանը ճամբաները իմանաս։21. Դուն այն ատեն ծնած ըլլալո՞ւդ համար Ու քու օրերուդ համրանքին շատ ըլլալո՞ւն համար գիտես։22. Ձիւնին շտեմարանները մտե՞ր ես Ու կարկուտին գանձերը տեսե՞ր ես,23. Որոնք ես կը պահեմ նեղութեան ժամանակի Ու կռիւի եւ պատերազմի օրերուն համար։24. Ի՞նչ ճամբով լոյսը կը բաժնուի Եւ ի՞նչպէս արեւելեան հովը երկրի վրայ կը տարածուի։25. Հեղեղներուն համար՝ անցք Ու որոտումներուն փայլակին համար ճամբայ ո՞վ բացաւ,26. Որպէս զի անձրեւ տայ այն երկրին, ուր մարդ չկայ, Անապատին՝ ուր մէ՛կը չի բնակիր,27. Որպէս զի անապատներն ու անշէն տեղերը կշտացնէ Ու կանանչ խոտ բուսցնէ։28. Անձրեւը հայր ունի՞, Կամ թէ ո՞վ ծնաւ ցօղին կաթիլները։29. Սառը որո՞ւն արգանդէն կ’ելլէ Ու ո՞վ ծնաւ երկնքի եղեամը։30. Ջուրերը քարի պէս կ’ըլլան, կը պահուին Ու անդունդին երեսը կը սառի։31. Բազմաստեղին կապերը կրնա՞ս կապել. Կամ թէ Հայկին կապերը կրնա՞ս քակել։32. Մազարօթը ժամանակին կրնա՞ս հանել Ու Արջին եւ իր զաւակներուն առաջնորդել։33. Երկնքի կանոնները գիտե՞ս, Անոր իշխանութիւնը երկրի վրայ կրնա՞ս դնել։34. Ձայնդ ամպերուն կրնա՞ս հասցնել, Որպէս զի ջուրերուն շատութիւնը քեզ ծածկէ։35. Կայծակները կրնա՞ս ղրկել, որպէս զի երթան Ու քեզի ‘Ահա պատրաստ ենք’, ըսեն։36. Երիկամունքներուն մէջ ո՞վ իմաստութիւն դրաւ, Կամ մտքին ո՞վ հանճար տուաւ։37. Ո՞վ կրնայ իմաստութիւնով ամպերը համրել Ու երկնքի տիկերը պառկեցնել,38. Երբ փոշին թրջուելով զանգուած մը ըլլայ Հողին կոշտերը իրարու կը փակչին։39. Առիւծին համար կերակուր կրնա՞ս որսալ։ Անօթի կորիւնները կրնա՞ս կշտացնել,40. Երբ անոնք իրենց քարայրներուն մէջ կը կծկտին Ու դարանի համար որջերուն մէջ կը կենան։41. Ո՞վ կը պատրաստէ ագռաւին իր որսը, Երբ անոր ձագերը Աստուծոյ կ’աղաղակեն Եւ ուտելիք չունենալնուն համար կը թափառին»։Սաղմոսներ 100:1-51. Աղաղակեցէ՛ք Տէրոջը, ո՛վ բոլոր երկիր։2. Ծառայեցէ՛ք Տէրոջը ուրախութեամբ. Անոր առջեւ կեցէք ցնծութեամբ։3. Ճանչցէ՛ք թէ Եհովան է Աստուած. Անիկա ստեղծեց մեզ ու ո՛չ թէ մենք՝ ՝. Մենք անոր ժողովուրդը ու անոր արօտին ոչխարներն ենք։4. Մտէ՛ք անոր դռները գոհութեամբ Ու անոր սրահները՝ օրհնութեամբ. Գոհացէ՛ք անկէ ու օրհնեցէ՛ք անոր անունը։5. Վասն զի Տէրը բարի է. Անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է Ու անոր հաւատարմութիւնը՝ ազգէ մինչեւ ազգ։Առակներ 23:26-2826. Որդեա՛կ իմ, քու սիրտդ ինծի՛ տուր Եւ քու աչքերդ թող իմ ճամբաներս դիտեն.27. Վասն զի պոռնիկը խորունկ փոս է Ու օտար կինը նեղ ջրհոր է։28. Անիկա գողի պէս դարանը կը մտնէ Ու մարդոց մէջ անհաւատարիմները կ’աւելցնէ։1 Կորնթացիներ 5:1-131. Առ հասարակ կը լսուի թէ ձեր մէջ պոռնկութիւն կայ եւ այնպիսի պոռնկութիւն՝ որ հեթանոսներուն մէջ ալ չկայ, որպէս թէ մէկը իր խորթ մայրը կ’ունենայ։2. Ու դուք հպարտացեր էք, փոխանակ սուգ ընելու, որ ձեր մէջէն վերցուի այս բանը։3. Վասն զի թէպէտ ես մարմնով հեռու եմ, բայց հոգիով ներկայ եմ. ուստի հիմա որպէս թէ ներկայ ըլլալով՝ որոշեցի որ այս բանը ընողը,4. Երբ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին անունովը մէկտեղ հաւաքուիք դուք ու իմ հոգիս մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին զօրութիւնովը,5. Այնպիսին Սատանային մատնէք, մարմնին կորսուելուն համար, որպէս զի հոգին փրկուի Տէր Յիսուսին օրը։6. Այդ ձեր պարծենալը աղէկ չէ։ Չէ՞ք գիտեր թէ քիչ մը խմորը բոլոր զանգուածը կը խմորէ։7. Հեռացուցէ՛ք հին խմորը մէկդի, որպէս զի ըլլաք նոր զանգուած, առանց թթխմորի։ Վասն զի Քրիստոս մեր զատիկը մեզի համար զոհուեցաւ։8. Ուստի տօն կատարենք ո՛չ թէ հին խմորով եւ ո՛չ թէ չարութեան ու անզգամութեան խմորով, այլ անկեղծութեան, ճշմարտութեան անխմոր հացովը։9. Գրեցի ձեզի թուղթին մէջ, որ պոռնիկներուն հետ չխառնուիք։10. Եւ գրածս ՝ ոչ թէ աշխարհի պոռնիկներուն, ագահներուն, յափշտակողներուն կամ կռապաշտներուն հետ. ապա թէ ոչ՝ պէտք էր որ դուք աշխարհէ դուրս ելլէիք։11. Բայց հիմա ձեզի գրեցի չխառնուիլ, այսինքն եթէ եղբայր մը՝ կա՛մ պոռնիկ ըլլայ, կա՛մ ագահ, կա՛մ կռապաշտ, կա՛մ նախատող, կա՛մ գինով, կա՛մ յափշտակող, անոր հետ հաց ալ մի՛ ուտէք։12. Վասն զի ի՞նչպէս դուրսինները դատեմ։ Չէ՞ որ դուք ներսինները կը դատէք.13. Իսկ դուրսինները Աստուած պիտի դատէ. ուստի չարը ձեր մէջէն վերցուցէք։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981