Աստվածաշունչը մեկ տարում Օգոստոս 24Աշխատանք 39:1-301. «Ժայռի այծեամներուն ծնանելու ժամանակը գիտե՞ս. Եղնիկներուն ծնանիլը դիտեցի՞ր։2. Անոնց կատարելու ամիսները կրնա՞ս համրել Ու ծնանելու ժամանակնին գիտե՞ս։3. Անոնք ծռելով ձագերնին կը ծնանին Ու ցաւերնին կ’անցընեն։4. Անոնց ձագերը կը զօրանան, դաշտի մէջ կը մեծնան, Կ’երթան ու նորէն անոնց չեն դառնար։5. Ցիռը ո՞վ համարձակ թող տուաւ Ու վայրենի իշուն կապերը ո՞վ քակեց,6. Որո՞ւ տուի դաշտը տան համար Ու անապատը՝ անոր բնակութեանը համար։7. Անիկա քաղաքին աղաղակը ծաղր կ’ընէ Ու հարկահանին պոռալը չի լսեր։8. Անոր պտըտած լեռները իր արօտն են Ու ամէն տեսակ խոտ կը փնտռէ։9. Միեղջերուն քեզի ծառայելու կը հաճի՞, Կամ քու մսուրիդ քով գիշերը կը մնա՞յ։10. Արտ վարելու համար՝ ՝ միեղջերուն կրնա՞ս չուանով կապել, Կամ թէ քու ետեւէդ հովիտները կը տափանէ՞։11. Անոր ոյժին շատ ըլլալուն համար անոր կը վստահի՞ս Ու գործդ անոր կը յանձնե՞ս։12. Կը հաւատա՞ս թէ ան քու արմտիքդ պիտի բերէ Եւ քու կալդ հաւաքէ։13. Ջայլամին թեւը ցնծութեամբ կը շարժի։ Արդեօք արագիլին թեւերուն ու փետուրներուն կը նմանի՞ ։14. Անիկա իր հաւկիթները գետինը կը ձգէ Ու զանոնք հողին մէջ կը տաքցնէ,15. Մոռնալով թէ մէկուն ոտքը կրնայ կոտրել, Կամ դաշտի գազանները ոտնակոխ կ’ընեն։16. Անիկա անգութ է իր ձագերուն՝ իրենը չեղածներու պէս. Իր աշխատութեանը դատարկ ելլելուն վախը չունի։17. Վասն զի Աստուած իմաստութենէ զուրկ ըրաւ զանիկա Ու հանճարէն անոր բաժին չտուաւ։18. Անիկա բարձր ելած ժամանակը Ձին ու անոր վրայ հեծնողը ծաղր կ’ընէ։19. Ձիերուն դո՞ւն ոյժ տուիր, Անոր պարանոցին բաշը դո՞ւն հագցուցիր։20. Զանիկա մարախի պէս կրնա՞ս ցատկեցնել. Անոր վրնջելուն փառաւոր ձայնը՝ ՝ ահաւոր է։21. Հովիտի մէջ գետինը կը փորէ ու իր զօրութիւնովը կը զուարճանայ. Սպառազէնը դիմաւորելու կ’ելլէ.22. Երկիւղը ծաղր կ’ընէ, բանէ մը չի վախնար Ու սուրին երեսէն ետ չի դառնար։23. Նետերը անոր վրայ կը սուլեն, Նաեւ փայլուն նիզակն ու գեղարդը։24. Կատաղութեամբ եւ բարկութեամբ գետինը կը դողացնէ Ու փողին ձայնը լսելուն պէս՝ չի կրնար ինքզինք զսպել։25. Քանի որ փողը կը հնչուի, «Աղէ՜», կ’ըսէ։ Հեռուէն կառնէ պատերազմին հոտը։ Զօրագլուխներուն որոտումն ու ազդարարութիւնը կը լսէ ։26. Բազէն քո՞ւ իմաստութիւնովդ կը թռչի Ու թեւերը դէպի հարաւ կը բանայ։27. Արծիւը քո՞ւ հրամանովդ կը բարձրանայ Ու բոյնը բարձրերը կը հաստատէ։28. Անիկա ժայռի վրայ, ժայռի գագաթներու վրայ Ու ապառաժներու մէջ բոյն կը շինէ ու կը բնակի։29. Կերակուրը անկէ կը փնտռէ։ Անոր աչքերը հեռուէն կը տեսնեն։30. Անոր ձագերն ալ արիւն կը ծծեն Եւ ուր որ դիակներ ըլլան, անիկա հոն է»։Աշխատանք 40:1-241. Տէրը Յոբին խօսելով՝ ըսաւ.2. «Արդ՝ Ամենակարողին հետ վիճողը բան մը պիտի սորվեցնէ՞. Աստուծոյ հետ վիճաբանողը թող պատասխան տայ»։3. Այն ատեն Յոբ Տէրոջը պատասխան տալով՝ ըսաւ.4. «Ահա ես նուաստ եմ. քեզի ի՞նչ պատասխան տամ. Ձեռքս բերնիս վրայ կը դնեմ։5. Մէկ անգամ խօսեցայ, ա՛լ պատասխան պիտի չտամ. Երկու անգամ ալ, բայց պիտի չկրկնեմ»։6. Այն ժամանակ Տէրը մրրիկէն Յոբին պատասխանեց.7. «Հիմա կտրիճի պէս մէջքդ պնդէ՛, Քեզի հարցնեմ ու դուն քու գիտցածդ ինծի իմացո՛ւր։8. Իմ դատաստանս պիտի խափանե՞ս, Քեզ արադարացնելու համար զիս յանցաւո՞ր պիտի հանես։9. Աստուծոյ պէս բազուկ ունի՞ս Եւ քու ձայնովդ կրնա՞ս անոր պէս որոտալ։10. Հիմա փառաւորութիւնով ու մեծութիւնով զարդարուէ Եւ պատիւով ու փառքով հագուէ՛։11. Բարկութեանդ եռանդը տարածէ՛ Եւ ամէն հպարտի նայէ՛ ու զանիկա խոնարհեցո՛ւր։12. Ամէն հպարտի նայէ՛ ու զանիկա նուաճէ՛ Ու անօրէնները իրենց տեղը կոխկռտէ՛։13. Անոնց ամէնքն ալ հողին մէջ աներեւոյթ ըրէ, Երեսնին գաղտուկ տեղ պահէ։14. Այն ատեն ես ալ քեզի պիտի իմացընեմ, Թէ աջ ձեռքդ քեզ կրնայ ազատել։15. Ահա Բեհեմովթը, որ քեզի հետ ստեղծեցի. Անիկա արջառի պէս խոտ կ’ուտէ։16. Ահա հիմա անոր զօրութիւնը իր մէջքն է Եւ ոյժը փորին մկաններուն մէջ։17. Պոչը կ’երերցնէ եղեւինի պէս, Ազդրերուն ջիղերը հիւսուած են։18. Անոր ոսկորները պղնձէ խողովակներ՝ ՝ են, Անոր անդամները երկաթէ նիգերու պէս են։19. Աստուծոյ գործին սկիզբն է անիկա. Զանիկա ստեղծողը իր սուրը կրնայ անոր մօտեցնել՝ ՝։20. Արդարեւ անոր պաշար կը բերեն լեռները, Ուր դաշտի գազանները կը խաղան։21. Անիկա ստուերոտ ծառերուն տակ, Եղէգներուն շուքը ու ճահիճներուն մէջ կը պառկի։22. Ստուերոտ ծառերը իրենց շուքովը կը ծածկեն զանիկա, Հեղեղատներուն ուռիները անոր բոլորտիքն են23. Եթէ գետը առատանայ, անիկա չի վախնար. Թէեւ Յորդանան անոր բերանը դիմելու ըլլայ, ան հանդարտ կը կենայ։24. Միթէ անիկա յայտնի կը բռնուի՞. Որոգայթի մէջ անոր քիթը ո՞վ կրնայ ծակել՝ ՝»։Սաղմոսներ 101:1-41. Ողորմութիւնն ու իրաւունքը պիտի երգեմ։ Ո՛վ Տէր, քեզի սաղմոս պիտի ըսեմ։2. Իմաստութիւնով պիտի քալեմ կատարելութեան ճամբուն մէջ. Ե՞րբ ինծի պիտի գաս։ Իմ տանս մէջ սրտիս կատարելութիւնով պիտի վարուիմ։3. Աչքերուս առջեւ շատ բան պիտի չդնեմ, Մոլորածներուն գործը կ’ատեմ, Թող անիկա ինծի չփակչի։4. Ծուռ սիրտը թող զատուի ինծմէ։ Չարը պիտի չճանչնամ։Առակներ 23:29-3029. Որո՞ւն է վայը. որո՞ւն է ցաւը. Որո՞ւն են կռիւները. որո՞ւն են տրտունջները, Որո՞ւն են առանց պատճառի վէրքերը. Որո՞ւն է աչքերու կարմրութիւնը։30. Գինիին քով մնացողներուն, Խառնուած գինին փնտռելու գնացողներուն։1 Կորնթացիներ 6:1-201. Ձեզմէ մէկը, եթէ բան մը ունենայ իր ընկերին հետ, կը համարձակի անիրաւներո՞ւն առջեւ դատուիլ, թէ սուրբերուն առջեւ։2. Չէ՞ք գիտեր թէ սուրբերը պիտի դատեն աշխարհը. եթէ աշխարհ ձեզմէ կը դատուի, ուրեմն արժանի չէ՞ք այդ չնչին դատերը որոշելու ։3. Չէ՞ք գիտեր թէ մենք հրեշտակներ պիտի դատենք. ո՞ւր կը մնան հապա աշխարհայինները։4. Ուրեմն եթէ ձեր մէջ աշխարհային դատեր ունիք, եկեղեցիին անարգները ձեզի դատաւոր դրէք։5. Ձեզ ամչցնելու համար կ’ըսեմ. իրա՞ւ ձեր մէջ իմաստուն մը չկայ, որ կարող ըլլայ իրաւունքը որոշել իր եղբայրներուն մէջ։6. Պէ՞տք է եղբօր հետ դատի մտնել, այն ալ անհաւատներուն առջեւ։7. Արդարեւ բոլորովին յանցանք մըն է որ իրարու հետ դատեր կ’ունենաք. ինչո՞ւ դուք անիրաւութիւն չէք կրեր, ինչո՞ւ դուք զրկանք չէք քաշեր։8. Բայց դուք անիրաւութիւն ու զրկանք կ’ընէք եւ այն ալ եղբայրներո՞ւն։9. Չէ՞ք գիտեր թէ անիրաւները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն։ Մի՛ խաբուիք։ Ո՛չ պոռնիկները, ո՛չ կռապաշտները, ո՛չ շնացողները,10. Ո՛չ իգացեալները, ո՛չ արուագէտները, ո՛չ գողերը, ո՛չ ագահները, ո՛չ գինովները, ո՛չ նախատողները ո՛ւ ոչ յափշտակողները Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի ժառանգեն։11. Եւ դուք մէկ քանիներդ այնպիսիներ էիք. բայց լուացուեցաք, բայց սրբուեցաք, բայց արդարացաք Տէր Յիսուսին անունովը ու մեր Աստուծոյն Հոգիովը։12. Ամէն բան ինծի օրինաւոր է, բայց ո՛չ թէ ամէն բան օգտակար։ Ամէն բան ինծի օրինաւոր է, բայց ես բանի մը իշխանութեան տակ պիտի չըլլամ։13. Կերակուրները փորին համար են, փորն ալ կերակուրներուն. բայց Աստուած աս ալ, անոնք ալ պիտի խափանէ։ Իսկ մարմինը պոռնկութեան համար չէ, հապա՝ Տէրոջը ու Տէրը՝ մարմնին համար։14. Եւ Աստուած որ Տէրը յարուցանեց, մեզ ալ պիտի յարուցանէ իր զօրութիւնովը։15. Չէ՞ք գիտեր թէ ձեր մարմինները Քրիստոսին անդամներն են։ Քրիստոսին անդամները առնելով պոռնիկի անդամնե՞ր ընեմ։ Քա՛ւ լիցի։16. Չէ՞ք գիտեր թէ ան որ պոռնիկի կը մօտենայ, անոր հետ մէկ մարմին կ’ըլլայ. քանզի գիրքը կ’ըսէ. «Երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան»։17. Իսկ ան որ Տէրոջը կը մօտենայ, անոր հետ մէկ հոգի կ’ըլլայ։18. Պոռնկութենէն փախէք։ Ամէն մեղք, որ մարդ կը գործէ, իր մարմնէն դուրս է. բայց ան որ կը պոռնկանայ, իր մարմնին դէմ կը մեղանչէ։19. Չէ՞ք գիտեր որ ձեր մարմինները տաճար են Սուրբ Հոգիին, որ ձեր մէջն է, որ Աստուծմէ առած էք ու դուք ձեր անձին տէրը չէք.20. Քանզի գնով ծախու առնուեցաք. ուստի փառաւորեցէ՛ք Աստուած ձեր մարմիններուն ու հոգիներուն մէջ, որոնք Աստուծոյ կը պատկանին։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981