Աստվածաշունչը մեկ տարում Օգոստոս 25Աշխատանք 41:1-341. «Լեւիաթանը կարթով կրնա՞ս վերցնել Ու անոր լեզուէն լարով կրնա՞ս քաշել։2. Անոր քթին չուան անցընելով Ծնօտը կրնա՞ս փուշով ծակել։3. Միթէ անիկա քեզի շատ աղաչանքներ կ’ընէ՞, Քեզի մեղմ խօսքեր կ’ըսէ՞։4. Անիկա քեզի հետ ուխտ կ’ընէ՞։ Զանիկա մշտնջենաւոր ծառայի պէս կրնա՞ս առնել։5. Թռչունի հետ խաղալու պէս՝ անոր հետ կրնա՞ս խաղալ, Կամ թէ քու աղախիններուդ համար զանիկա կրնա՞ս կապել։6. Ընկերները անոր մսովը հացկերոյթ կրնա՞ն ընել. Անիկա վաճառականներուն մէջ կը բաժնուի՞։7. Անոր մորթը սլաքներով Ու անոր գլուխը ձկնորսի տէգերով կրնա՞ս լեցնել։8. Ձեռքդ անոր վրայ դիր, պատերազմը յիշէ Ու նորէն պիտի չպատերազմիս։9. Ահա անոր բռնուելուն յոյսը պարապ է. Զանիկա տեսնելով՝ մարդ չի՞ զարհուրիր։10. Չկայ քաջասիրտ մէկը, որ զանիկա արթնցնէ։ Հապա իմ առջեւս ո՞վ կրնայ կենալ։11. Ո՞վ նախապէս ինծի տուաւ, որ ես անոր հատուցանեմ. Բոլոր երկնքի տակ եղածը իմս է։12. Անոր անդամներուն ու զօրութեանը, Նաեւ գեղեցիկ կարգաւորութեանը վրայ պիտի խօսիմ ու պիտի չլռեմ։13. Անոր հանդերձին երեսը ո՞վ կրնայ բանալ, Անոր երկու կզակներուն մէջ ո՞վ կրնայ մտնել,14. Անոր երեսին դռները ո՞վ կրնայ բանալ, Ահը անոր ակռաներուն բոլորտիքն է։15. Անոր ամուր վահանները իր հպարտութիւնն են, Պինդ կնքուածի պէս գոց են։16. Այնպէս քովէ քով շարուած են, Որ անոնց մէջ քամի չի կրնար մտնել.17. Իրարու կցուած են, Մէկզմէկ կը բռնեն ու բնաւ չեն զատուիր։18. Անոր փռնգտալէն լոյս կը փայլի Ու աչքերը արշալոյսին արտեւանունքներուն կը նմանին։19. Անոր բերնէն վառած ջահեր կ’ելլեն Ու կրակի կայծեր կը ցայտեն։20. Քթին ծակերէն շոգի կ’ելլէ Եռացող սանի կամ կաթսայի պէս։21. Անոր շունչէն կրակի կայծեր կը բորբոքին Ու բերնէն բոց կ’ելլէ։22. Անոր պարանոցին վրայ ոյժը կը բնակի Ու երկիւղը անոր առջեւ կը խաղայ։23. Անոր մսին ծալուածքները փակած են, Անոր վրայ հաստատուելով չեն երերար։24. Անոր սիրտը քարի պէս պինդ է Ու աղօրիքին տակի քարին պէս ամուր է։25. Անոր ելած ժամանակը զօրաւորները կը վախնան Ու երկիւղէն կը շփոթին։26. Անոր վրայ յարձակողին սուրը չի դիմանար, Ո՛չ ալ նիզակը, գեղարդն ու զրահը։27. Երկաթը յարդի պէս է անոր առջեւ Ու պղինձը՝ փտտած փայտի պէս։28. Աղեղին նետը զանիկա չի փախցներ, Պարսատիկի քարերը անոր դէմ մղեղ կը դառնան։29. Մահակները շիւղերու տեղ կը սեպէ, Տէգին ճօճուիլը ծաղր կ’ընէ։30. Անոր տակ սրածայր խեցիի կտորուանք կան, Ցեխին վրայ սուր բաներ կը տարածէ։31. Անդունդը սանի մը պէս կ’եռացնէ Ու ծովը օծանելիքի կաթսային նման կ’ընէ։32. Իր ետեւէն ճամբան պայծառ կ’երեւցնէ, Անդունդը ճերմկցած մազերու կը նմանի։33. Երկրի վրայ անոր նմանը չկայ, Որ այնպէս անվախ ստեղծուած ըլլայ։34. Ամէն բարձր բաներու վրայ կը նայի, Բոլոր հպարտութեան որդիներուն թագաւորն է»։Աշխատանք 42:1-171. Այն ատեն Յոբ Տէրոջը պատասխան տալով՝ ըսաւ.2. «Գիտեմ որ ամէն բանի կարող ես Ու քու դիտաւորութիւնդ բնաւ պարապ չ’ելլեր։3. Ո՞վ է անիկա որ տգիտութեամբ խորհուրդը կը նսեմացնէ։ Արդարեւ կը խօսէի, բայց չէի հասկնար. Ինծի սքանչելի բաներ ըլլալով՝ չէի իմանար։4. Կ’աղաչեմ, մտիկ ըրէ որպէս զի ես խօսիմ, Քեզի հարցնեմ ու ինծի սորվեցուր,5. Ես քու մասիդ ականջով լսեր էի, Բայց հիմա աչքս կը տեսնէ քեզ։6. Անոր համար իմ անձս կ’արհամարհեմ, Հողի ու մոխիրի վրայ կը զղջամ»։7. Արդ՝ Տէրը՝ Յոբին այս խօսքերը լսելէն յետոյ՝ Եղիփազ Թեմանացիին ըսաւ. «Քու վրադ ու երկու ընկերներուդ վրայ իմ բարկութիւնս բորբոքեցաւ, վասն զի ինծի համար իմ Յոբ ծառայիս պէս շիտակ չխօսեցաք։8. Ուստի հիմա ձեզի եօթը զուարակ ու եօթը խոյ առէք ու Յոբ ծառայիս երթալով՝ ձեզի համար ողջակէզ մատուցանեցէք եւ իմ Յոբ ծառաս ձեզի համար աղօթք թող ընէ, որպէս զի ես ալ անոր աղօթքը ընդունելով՝ ձեր անմտութեանը պէս չընեմ ձեզի. վասն զի իմ առջեւս Յոբ ծառայիս պէս շիտակ չխօսեցաք»։9. Այն ատեն Եղիփազ Թեմանացի ու Բաղդատ Սօքեցի եւ Սոփար Նաամացի երթալով՝ Տէրոջը իրենց ըսածին պէս ըրին եւ Տէրը Յոբին աղօթքը ընդունեց։10. Եւ Տէրը գերութենէ ազատեց Յոբը՝ իր բարեկամներուն համար աղօթք ըրած ատենը. նաեւ Տէրը Յոբին բոլոր ստացուածքին կրկնապատիկը տուաւ։11. Եւ անոր բոլոր եղբայրներն ու քոյրերը եւ նախապէս բոլոր զանիկա ճանչցողներն ալ միասին անոր մօտ գալով՝ անոր տանը մէջ հաց կերան անոր հետ ու անոր համար ցաւելով՝ Տէրոջը անոր ղրկած բոլոր փորձանքին համար զինք մխիթարեցին։ Ամէն մէկը մէկմէկ կտոր ստակ ու մէկմէկ ոսկի օղ տուին անոր։12. Տէրը Յոբին վերջը առաջինէն աւելի օրհնեց. այնպէս որ տասնըչորս հազար ոչխար ու վեց հազար ուղտ եւ հազար զոյգ եզ ու հազար մատակ էշ ունեցաւ։13. Եւ անոր եօթը տղայ եւ երեք աղջիկ ծնան։14. Մէկ աղջկան անունը Եմիմա ու երկրորդին անունը Կասիա ու երրորդին անունը Կերենհապուք դրաւ։15. Եւ բոլոր երկրին վրայ Յոբին աղջիկներուն պէս գեղեցիկ կիներ չէին գտնուեր ու հայրերնին անոնց ժառանգութիւն տուաւ իրենց եղբայրներուն հետ։16. Եւ ասկէ ետք Յոբ հարիւր քառասուն տարի ապրելով՝ տեսաւ իր որդիներն ու իր որդիներուն որդիները մինչեւ չորրորդ ազգը։17. Ու Յոբ ծերացած ու օրերը լեցուած մեռաւ։Սաղմոսներ 101:5-85. Ան որ ծածուկ կը խօսի իր ընկերին դէմ, պիտի ջնջեմ. Ան որ աչքերով բարձր է ու սրտով ամբարտաւան՝ Անոր պիտի չհամբերեմ։6. Իմ աչքերս երկրի հաւատարիմներուն վրայ ըլլան, Որպէս զի ինծի հետ բնակին։ Կատարելութեան ճամբուն մէջ քալողը Ինծի ծառայութիւն պիտի ընէ։7. Նենգաւորը պիտի չբնակի իմ տանս մէջ. Սուտ խօսողը աչքերուս առջեւ պիտի չհաստատուի։8. Առտուն կանուխ պիտի ջնջեմ երկրին բոլոր ամբարիշտները, Որպէս զի Տէրոջը քաղաքէն բոլոր անօրէնութիւն գործողները կորսնցնեմ։Առակներ 23:31-3531. Մի՛ նայիր գինիին կարմրութեանը, Գաւաթին մէջ իր գոյնը ցուցնելուն ու շիտակ վազելուն։32. Անիկա ետքը օձի պէս կը խածնէ Ու քարբի պէս կը խայթէ։33. Անկէ ետքը քու աչքդ օտար կիներու պիտի նայի Եւ քու սիրտդ ծուռ բաներ պիտի խօսի34. Եւ ծովու մէջ պառկողի պէս Ու կայմի վրայ պառկողի պէս պիտի ըլլաս։35. Եւ պիտի ըսես. «Զիս ծեծեցին ու ես ցաւ մը չզգացի, Ինծի զարկին ու ես բան մը չիմացայ. Ե՞րբ պիտի արթննամ, Որպէս զի զանիկա նորէն փնտռեմ»։1 Կորնթացիներ 7:1-191. Արդ՝ այն բաներուն համար, որ դուք ինծի գրեցիք, աղէկ է մարդուս որ կնոջ չմօտենայ։2. Բայց պոռնկութիւնը արգիլելու համար ամէն մարդ թող իր կինը ունենայ ու ամէն կին՝ իր այրը։3. Այրը թող իր կնոջ պարտքը վճարէ, նոյնպէս կինն ալ՝ իր էրկան։4. Կինը իր մարմնին չիշխեր, հապա այրը. նոյնպէս այրն ալ իր մարմնին չիշխեր, հապա՝ կինը։5. Մէկզմէկ մի՜ զրկէք, եթէ ոչ՝ միաբանութեամբ ատեն մը, աղօթքի պարապելու համար ու նորէն իրարո՛ւ դարձէք, որպէս զի Սատանան ձեզ չփորձէ ձեր անժուժկալութեան համար։6. Աս կ’ըսեմ խրատելով, ո՛չ թէ հրամայելով։7. Քանզի կ’ուզէի, որ բոլոր մարդիկ ինծի պէս ըլլային. բայց ամէն մէկը իր պարգեւը ունի Աստուծմէ, մէկը՝ այսպէս ու միւսը՝ այնպէս։8. Բայց չամուսնացածներուն ու որբեւարիներուն կ’ըսեմ. «Աղէկ է անոնց՝ եթէ ինծի պէս կենան»։9. Բայց եթէ ժուժկալութիւն չունին՝ թող ամուսնանան, վասն զի աղէկ է ամուսնանալ, քան թէ կրքով բորբոքիլ։10. Բայց ամուսնացածներուն կը պատուիրեմ. ո՛չ թէ ես, հապա՝ Տէրը, որ կինը այրէն չզատուի։11. (Իսկ եթէ զատուիլ ալ՝ առանց ամուսնանալու մնայ, կամ էրկան հետ հաշտուի,) ու այրը իր կինը թող չձգէ։12. Բայց միւսներուն ալ ե՛ս կ’ըսեմ, ոչ թէ Տէրը. «Եթէ եղբայր մը անհաւատ կին ունենայ ու անոր հաճելի ըլլայ իրեն հետ բնակիլ, թող չձգէ զանիկա։13. Եւ կին մը որ անհաւատ այր ունենայ ու անոր հաճելի ըլլայ իրեն հետ բնակիլ, թող չձգէ զանիկա։14. Վասն զի անհաւատ այրը սրբուած է կնոջմովը եւ անհաւատ կինը սրբուած է այրովը. ապա թէ ոչ՝ ձեր որդիները պիղծ պիտի ըլլային, բայց հիմա սուրբ են։15. Իսկ եթէ անհաւատը զատուի՝ թող զատուի։ Եղբայր մը կամ քոյր մը այնպիսի պարագաներու մէջ գերի չէ. սակայն Աստուած խաղաղութեան կանչեց մեզ։16. Քանզի ի՞նչ գիտես դուն, ո՛վ կին, թերեւս քու այրդ պիտի ապրեցնես. կամ դուն ի՞նչ գիտես, ո՛վ այր, թերեւս քու կինդ պիտի ապրեցնես։17. Միայն թէ ամէն մէկուն ինչպէս Տէրը բաժնեց, ամէն մէկը ինչպէս Աստուած կանչեց, այնպէս թող երթայ։ Բոլոր եկեղեցիներուն ես այսպէս պատուէր կու տամ։18. Եթէ թլփատուած մէկը հաւատքի կանչուեցաւ, թող թլփատութեան նշանները չփոխէ։ Եթէ չթլփատուածներէն մէկը կանչուեցաւ, թող չթլփատուի։19. Վասն զի թլփատութիւնը բան մը չէ ու անթլփատութիւնն ալ բան մը չէ. հապա Աստուծոյ պատուիրանքները պահելն է էականը ։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981