Աստվածաշունչը մեկ տարում Օգոստոս 26Ժողովողներ 1:1-181. Երուսաղէմի թագաւոր Դաւիթի որդիին Ժողովողին խօսքերը.2. Ունայնութի՜ւն ունայնութեանց, ըսաւ Ժողովողը, Ունայնութի՜ւն ունայնութեանց, ամէն բան ունայնութիւն է։3. Ի՞նչ օգուտ կ’ունենայ մարդ Արեւուն տակ քաշած բոլոր աշխատանքէն։4. Ազգ կ’երթայ եւ ազգ կու գայ, Բայց երկիրը միշտ կը կենայ։5. Նաեւ արեւը կը ծագի ու արեւը մարը կը մտնէ Եւ իր ծագած տեղը արտորալով կը դառնայ։6. Հովը դէպի հարաւ կ’երթայ Ու դէպի հիւսիս կը պտըտի։ Հովը ասդին անդին պտըտելով Կ’երթայ, իր շրջաններուն համեմատ կը դառնայ։7. Բոլոր գետերը ծով կ’երթան, Բայց ծովը չի լեցուիր։ Այն տեղը, ուր գետերը կ’երթային, Նորէն հոն կ’երթան։8. Բոլոր խօսքերը կը հատնին՝ ՝։ Մարդս խօսելու կարող չէ։ Աչքը տեսնելով չի կշտանար Ու ականջը լսելով չի լեցուիր։9. Ինչ որ եղած է, նոյնը պիտի ըլլայ Ու ինչ որ գործուած է, նոյնը պիտի գործուի։ Արեւուն տակ բնաւ նոր բան մը չկայ։10. Կա՞յ արդեօք այնպիսի բան մը, Որուն համար կրնայ ըսուիլ՝ «Ահա ասիկա նոր է». Ահա մեզմէ առաջ եղած դարերուն մէջ Անիկա արդեն եղած էր։11. Առաջուան բաներուն յիշատակը չկայ Ու ետքը ըլլալիք բաներուն ալ, Ետքը եկողներուն մէջ յիշատակը պիտի չըլլայ։12. Ես՝ Ժողովողս՝ Երուսաղէմի մէջ Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղայ։13. Իմ սիրտս երկնքի տակ բոլոր եղածները Իմաստութեամբ փնտռելու ու քննելու տուի։ Աստուած այս չար զբաղումը մարդոց որդիներուն տուաւ, Որպէս զի անով զբաղին։14. Արեւուն տակ բոլոր գործուած գործերը տեսայ Եւ ահա ամէնքն ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք՝ ՝ են։15. Այն որ ծուռ է, չի կրնար շտկուիլ Ու այն որ պակաս է, չի կրնար համրուիլ։16. Ես իմ սրտիս մէջ խօսեցայ ու ըսի. «Ահա ես մեծցայ ու իմաստութիւն ստացայ Երուսաղէմի մէջ ինծմէ առաջ եղողներէն ամենէն աւելի Եւ իմ սիրտս շատ իմաստութիւն ու գիտութիւն տեսաւ»։17. Իմ սիրտս իմաստութիւնը ճանչնալու, Խենդութիւնը եւ յիմարութիւնը գիտնալու տուի։ Հասկցայ թէ ասիկա ալ հոգիի տանջանք է։18. Վասն զի շատ իմաստութեան մէջ շատ տրտմութիւն կայ Ու իր գիտութիւնը աւելցնողը իր վիշտը կ’աւելցնէ։Ժողովողներ 2:1-261. Ես իմ սրտիս մէջ ըսի. «Եկուր հիմա ուրախութեան միջոցով քեզ փորձեմ», Ուստի բարիքներ վայելէ։ Ահա ասիկա ալ ունայնութիւն է։2. Ծիծաղին համար ըսի. «Յիմար է» Եւ ուրախութեանը համար՝ «Ասոր ըրածը ի՞նչ է»։3. Սրտիս մէջ խորհեցայ, որ մարմինս գինիով զուարթացնեմ, Իմաստութեան առաջնորդութիւնովը ճանչնամ անմտութիւնը, Որպէս զի տեսնեմ թէ ի՞նչ բան բարի է մարդոց որդիներուն, Որ կրնան ընել երկնքի տակ Իրենց կեանքի բոլոր օրերուն մէջ։4. Մեծ գործեր ըրի։ Ինծի տուներ շինեցի ու ինծի այգիներ տնկեցի։5. Ինծի պարտէզներ եւ մրգաստաններ շինեցի Ու անոնց մէջ ամէն տեսակ պտղատու ծառ տնկեցի։6. Ինծի ջուրի աւազաններ շինեցի, Որպէս զի անոնցմով մայրիներու անտառը ոռոգուի։7. Ծառաներ ու աղախիններ ստացայ Եւ իմ տանս մէջ ծնած ծառաներ ունեցայ։ Շատ արջառներ եւ հօտեր ունեցայ, Ինծմէ առաջ Երուսաղէմի մէջ եղողներէն ամենէն աւելի։8. Նաեւ արծաթ ու ոսկի Եւ թագաւորներու ու գաւառներու գանձեր դիզեցի։ Ինծի երգիչներ եւ երգչուհիներ ճարեցի Եւ մարդը զուարճացնող շատ հարճեր։9. Ինծմէ առաջ Երուսաղէմի մէջ եղողներէն Ամենէն մեծը եղայ ու բարգաւաճեցայ։10. Իմ աչքերուս ամէն ցանկութիւն անոնցմէ չարգիլեցի Ու իմ սիրտս ամէն տեսակ ուրախութենէ զուրկ չթողուցի։ Իմ սիրտս իմ բոլոր աշխատութիւններովս ուրախացաւ։ Իմ բոլոր աշխատութիւններուս վարձքը ասիկա էր։11. Ու ես իմ ձեռքերուս ըրած բոլոր գործերուն Ու այդ գործերը ընելու համար իմ թափած աշխատանքիս նայեցայ Եւ ահա ամէնքը ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք էին Ու արեւուն տակ ոեւէ օգուտ չկար։12. Ես դարձայ իմաստութիւնը տեսնելու, Նաեւ յիմարութիւնն ու անմտութիւնը, Վասն զի թագաւորին ետեւէն եկող մարդը ի՞նչ կրնայ ընել ։ Ինչ որ արդէն ըրած են։13. Ուստի տեսայ թէ իմաստութիւնը անմտութենէն օգտակար է, Ինչպէս լոյսը խաւարէն օգտակար է։14. Իմաստունին աչքերը իր գլխուն վրայ են, Իսկ անմիտը խաւարի մէջ կը քալէ. Բայց ես հասկցայ թէ Անոնց ամենուն պատահած դէպքը մէկ է։15. Այն ատեն իմ սրտիս մէջ ըսի «Որովհետեւ անմիտին պատահածը ինծի ալ պիտի պատահի, Ուրեմն ես ինչո՞ւ համար աւելի իմաստուն եղայ». Այս պատճառով իմ սրտիս մէջ ըսի թէ այս ալ ունայնութիւն է։16. Վասն զի ինչպէս անմիտին՝ նմանապէս իմաստունին Մնայուն յիշատակը չկայ։ Վասն զի հիմա եղած բոլոր բաները Ապագային պիտի մոռցուին։ Իմաստունը ի՞նչպէս կը մեռնի։ Անմիտին պէս։17. Անոր համար այս կեանքէն զզուեցայ, Վասն զի արեւուն տակ եղած գործերը ինծի գէշ երեւցան, Քանզի ամէնքը ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք են։18. Ես արեւուն տակ քաշած բոլոր աշխատութենէս զզուեցայ, Քանզի ինծմէ ետքը գալու մարդուն պիտի թողում զանիկա։19. Ո՛վ գիտէ թէ անիկա իմաստո՞ւն պիտի ըլլայ թէ անմիտ։ Բայց պիտի տիրէ իմ բոլոր աշխատութիւններուս վրայ, Որոնք արեւուն տակ կատարեցի, Որոնց մէջ իմաստութիւն ցուցուցի։ Ասիկա ալ ունայնութիւն է։20. Ես դարձայ, որպէս զի արեւուն տակ կատարած բոլոր աշխատանքիս վրայով Իմ սրտէս յոյսս կտրեմ։21. Վասն զի մարդ կայ, որուն աշխատութիւնը Իմաստութեամբ, գիտութեամբ եւ յաջողութեամբ կ’ըլլայ, Բայց անկէ չաշխատող մարդուն իբրեւ բաժին կու տայ։ Ասիկա ալ ունայնութիւն ու մեծ չարիք է։22. Վասն զի մարդ արեւուն տակ իր կատարած բոլոր աշխատանքէն Ու սրտին տանջանքէն ի՞նչ օգուտ կ’ունենայ։23. Քանզի անոր բոլոր օրերը՝ վիշտերով Ու գործը տրտմութեամբ լեցուն են։ Անոր սիրտը գիշերն անգամ հանգստութիւն չի գտներ։ Ասիկա ալ ունայնութիւն է։24. Մարդս ուտելէն ու խմելէն Եւ իր աշխատանքովը իր հոգին զուարճացնելէ աւելի լաւ բան չունի։ Ես տեսայ թէ ասիկա ալ Աստուծոյ ձեռքով կ’ըլլայ։25. Վասն զի ինծմէ զատ՝ ՝ ո՞վ կրնայ ուտել Եւ ո՞վ կրնայ զուարճանալ։26. Քանզի Աստուած իր առջեւ հաճելի եղող մարդուն Իմաստութիւն, գիտութիւն եւ ուրախութիւն կու տայ, Բայց մեղաւորին զբաղում կու տայ, Որպէս զի անիկա ստացուածք հաւաքէ ու դիզէ, Որպէս զի Աստուծոյ առջեւ հաճելի եղողին տայ։ Ասիկա ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք է։Սաղմոսներ 102:1-111. Ո՛վ Տէր, լսէ՛ իմ աղօթքս Ու իմ աղաղակս թող քեզի հասնի։2. Քու երեսդ մի՛ ծածկեր ինծմէ իմ նեղութեանս օրը, Խոնարհեցո՛ւր ինծի քու ականջդ, Շուտով պատասխան տուր ինծի այն օրը որ քեզի կը կանչեմ։3. Վասն զի իմ օրերս մուխի պէս անհետացան Եւ իմ ոսկորներս խռիւի պէս այրեցան։4. Սիրտս զարնուեցաւ ու խոտի պէս չորցաւ, Այնպէս որ իմ հացս ուտել մոռցայ։5. Հառաչանքիս ձայնէն Ոսկորներս մարմնիս փական։6. Անապատին մէջի հաւալուսին նմանեցայ, Աւերակներուն բուին պէս եղայ։7. Անքուն մնացի ու նման եղայ Տանիքին վրայ մինակ եղող ճնճղուկին։8. Ամէն օր իմ թշնամիներս զիս կը նախատեն, Իմ վրաս սաստիկ բարկացողները ինծի դէմ երդում կ’ընեն։9. Վասն զի մոխիրը հացի պէս կերայ Ու խմելիքս արցունքով խառնեցի՝10. Քու բարկութեանդ ու սրտմտութեանդ համար՝ Վասն զի զիս վերցուցիր ու նետեցիր։11. Իմ օրերս երկնցած ստուերի պէս եղան Ու ես խոտի պէս չորցայ։Առակներ 24:1-21. Չար մարդոց մի՛ նախանձիր Ու անոնց հետ կենալու մի՛ ցանկար.2. Վասն զի անոնց միտքը բռնութեան մասին կը խորհի Եւ անոնց շրթունքները բռնութեան վրայով կը խօսին։1 Կորնթացիներ 7:20-4020. Բայց ամէն մէկը ի՛նչ կոչումի մէջ որ կանչուեցաւ, թող անոր մէջ կենայ։21. Ծառա՞յ էիր երբ կանչուեցար, հոգ մի՛ ըներ. բայց եթէ կրնաս ազատ ըլլալ, զայն ընտրէ։22. Վասն զի այն ծառան որ Տէրոջմով կանչուած է, Տէրոջմէ ազատագրուած է անիկա. նոյնպէս այն ազատը որ կանչուած է, Քրիստոսին ծառան է։23. Դուք գնով ծախու առնուեցաք, մարդոց ծառայ մի՛ ըլլաք։24. Ե՛ղբայրներ, ամէն մէկը ի՛նչ կոչումի մէջ որ կանչուեցաւ, թող անոր մէջ կենայ Աստուծոյ առջեւ։25. Բայց կոյսերուն համար Տէրոջմէն հրաման մը չունիմ, միայն թէ Տէրոջը շնորհքով խրատ կու տամ, որ վստահելի է։26. Ուրեմն ես կը խորհիմ թէ ասիկա աղէկ է հիմակուան նեղութեանը համար, այսինքն՝ աղէկ է մարդուս որ մնայ այնպէս, ինչպէս որ է։27. Կապուա՞ծ ես կնոջ, մի՛ փնտռեր արձակուիլ։ Արձակուա՞ծ ես կնոջմէ, կին մի՛ փնտռեր։28. Իսկ եթէ ամուսնանաս՝ չես մեղանչեր եւ եթէ կոյսը ամուսնանայ՝ չի մեղանչեր։ Բայց այնպիսիները մարմնի նեղութիւն պիտի ունենան. սակայն ես ձեզի կը խնայեմ։29. Բայց ա՛յս կ’ըսեմ, ե՛ղբայրներ, թէ որոշումի ժամանակը կարճցած է. ալ անոնք որ կին ունին՝ այնպէս ըլլան որպէս թէ չունին30. Եւ անոնք որ կու լան՝ որպէս թէ չեն լար ու անոնք որ կը խնդան՝ որպէս թէ չեն խնդար եւ անոնք որ ծախու կ’առնեն՝ որպէս թէ բան մը չունին31. Եւ անոնք որ աշխարհիկ գործով կը զբաղին՝ որպէս թէ միայն անով չեն զբաղիր. վասն զի այս աշխարհի կերպարանքը կ’անցնի։32. Բայց ես կ’ուզեմ որ դուք անհոգ ըլլաք. վասն զի չամուսնացած մարդը Տէրոջը գործով մտահոգ է, թէ ի՞նչպէս Տէրոջը հաճելի ըլլայ։33. Իսկ ամուսնացածը աշխարհիս բաներով մտահոգ է, թէ ի՞նչպէս իր կնոջ հաճելի ըլլայ։34. Եւ ամուսնացած կինը ու կոյսը կը տարբերին իրարմէ. վասն զի կոյսը Տէրոջը բաներով կը մտահոգուի, որպէս զի ինք սուրբ ըլլայ հոգիով ու մարմնով. իսկ ամուսնացած կինը՝ աշխարհիս բաներով կը մտահոգուի, թէ ի՞նչպէս իր էրկանը հաճելի ըլլայ։35. Բայց այս բանը ձեր օգտին համար կ’ըսեմ, ո՛չ թէ ձեր վրայ ճնշում կը բանեցնեմ, հապա պարկեշտութեան համար ու առանց զբաղումի Տէրոջը ծառայելու համար։36. Իսկ եթէ մէկը ամօթ կը սեպէ որ իր կոյսը ամուսնութեան տարիքը անցուցեր է ու պէտք է ամուսնանայ (այս է բնականը), թող ամուսնացնէ, մեղք չի գործեր։37. Բայց ան որ իր սրտին մէջ հաստատ կը կենայ ու իր վրայ ճնշում չկայ, ինք իր կամքին վրայ իշխանութիւն ունի ու իր սրտին մէջ որոշեր է որ կոյս մնայ, աղէկ կ’ընէ։38. Ուստի ան որ իր կոյսը կ’ամուսնացնէ, աղէկ կ’ընէ ու ան որ չամուսնացներ աւելի աղէկ կ’ընէ։39. Կինը կապուած է որչափ ժամանակ որ իր այրը ողջ է. բայց եթէ իր այրը մեռնի, ազատ է ամուսնանալու որու հետ որ ուզէ, միայն թէ Տէրոջմով։40. Բայց իմ կարծիքովս՝ աւելի երանելի է եթէ այնպէս կենայ։ Կարծեմ թէ ե՛ս ալ Աստուծոյ Հոգին ունիմ։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981