Աստվածաշունչը մեկ տարում Օգոստոս 27Ժողովողներ 3:1-221. Ամէն բանի ատենը կայ Ու երկնքի տակ եղող ամէն գործի՝ ժամանակը։2. Ծնանելու ժամանակ եւ մեռնելու ժամանակ, Տնկելու ժամանակ ու տնկուածը խլելու ժամանակ,3. Մեռցնելու ժամանակ եւ բժշկելու ժամանակ, Փլցնելու ժամանակ ու շինելու ժամանակ,4. Լալու ժամանակ եւ ծիծաղելու ժամանակ, Սուգ ընելու ժամանակ ու կաքաւելու ժամանակ,5. Քարեր դուրս նետելու ժամանակ ու քարեր հաւաքելու ժամանակ, Գրկելու ժամանակ ու գրկէ հեռացնելու ժամանակ,6. Փնտռելու ժամանակ եւ կորսնցնելու ժամանակ,7. Պատռելու ժամանակ եւ կարելու ժամանակ, Լռելու ժամանակ ու խօսելու ժամանակ,8. Սիրելու ժամանակ եւ ատելու ժամանակ, Պատերազմի ժամանակ ու խաղաղութեան ժամանակ։9. Աշխատողին՝ իր կատարած աշխատանքէն Ի՞նչ օգուտ կայ։10. Տեսայ այն զբաղումը, որ Աստուած մարդոց որդիներուն տուաւ, Որպէս զի անով զբաղին։11. Անիկա ամէն բան իր ժամանակին վայելուչ ըրաւ Եւ մարդուն մտքին մէջ յաւիտենականութիւնը ճանչնալու փափաքը դրաւ. Բայց Աստուծոյ ըրած գործը Մարդ չի կրնար սկիզբէն մինչեւ վերջը հասկնալ։12. Այս գիտեմ, որ ուրախ ըլլալէ Ու կենդանութեան ատեն աղէկութիւն ընելէ զատ, Ուրիշ աղէկ բան չկայ անոնց մէջ։13. Նաեւ ամէն մարդու ուտելն ու խմելը Եւ իր բոլոր աշխատութենէն բարիք վայլելը Աստուծոյ պարգեւն է։14. Գիտեմ թէ Աստուծոյ ամէն ըրածը յաւիտեան պիտի մնայ. Անոր վրայ բան մը աւելցնել կամ անկէ պակսեցնել կարելի չէ։ Աստուած անիկա ըրաւ, որպէս զի իր երեսէն վախնան։15. Ինչ որ եղած է, հիմա ալ կայ Ու ինչ որ պիտի ըլլայ՝ արդէն եղած է։ Աստուած անցածը կը փնտռէ։16. Ու նաեւ արեւուն տակ տեսայ, թէ բարեպաշտութեան տեղ՝ ամբարշտութիւն Եւ արդարութեան տեղ անօրէնութիւն կայ։17. Ես իմ սրտիս մէջ ըսի թէ՝ Աստուած պիտի դատէ արդարն ու ամբարիշտը, Վասն զի ամէն դիտաւորութիւն ու ամէն գործ իր ժամանակը ունի։18. Ես իմ սրտիս մէջ ըսի՝ Մարդոց որդիներուն վիճակին վրայով՝ Թէ Աստուած զանոնք պիտի փորձէ Ու պիտի տեսնեն թէ իրենք անասուններ են։19. Վասն զի մարդոց որդիներուն պատահածը Եւ անասուններուն պատահածը նոյնն են։ Մէկը ինչպէս կը մեռնի, միւսն ալ այնպէս կը մեռնի։ Ամենուն շունչը նոյնն է։ Մարդը անասունէն աւելի բան մը չունի, Վասն զի ամէն բան ունայնութիւն է։20. Ամէնքը նոյն ըեղը կ’երթան։ Ամէն բան հողէն ելաւ ու ամէն բան հող պիտի դառնայ։21. Ո՞վ գիտէ թէ մարդոց որդիներուն հոգիները վեր կ’ելլեն, Բայց անասուններուն ոգիները գետինը կ’իջնեն։22. Տեսայ թէ մարդս իր գործերովը ուրախ ըլլալէ զատ Ուրիշ աղէկութիւն մը չունի, Քանզի անոր բաժինը այն է։ Ո՞վ պիտի տանի զանիկա, որ տեսնէ Թէ՝ իրմէ ետքը ի՛նչ պիտի ըլլայ։Սաղմոսներ 102:12-1712. Բայց դուն, ո՛վ Տէր, յաւիտեան կը կենաս Եւ քու յիշատակդ՝ ազգէ մինչեւ ազգ։13. Դուն պիտի ելլես ու Սիօնին ողորմիս. Վասն զի ժամանակն է անոր ողորմելու, Քանզի որոշուած ժամանակը հասաւ։14. Քու ծառաներդ անոր քարերուն կը հաւնին Ու անոր հողին կը գթան։15. Հեթանոսները պիտի վախնան Տէրոջը անունէն Ու երկրի բոլոր թագաւորները քու փառքէդ։16. Տէրը պիտի շինէ Սիօնը, Իր փառքովը պիտի երեւնայ։17. Տնանկներուն աղօթքին մտիկ պիտի ընէ Ու անոնց աղօթքը պիտի չանարգէ։Առակներ 24:3-43. Տունը իմաստութեամբ կը շինուի Ու հանճարով կը հաստատուի։4. Շտեմարանները գիտութեամբ Եւ ամէն տեսակ պատուական ու վայելուչ գանձերով կը լեցուին։1 Կորնթացիներ 8:1-131. Կուռքերուն զոհերուն վրայով՝ գիտենք թէ ամէնքս ալ գիտութիւն ունինք։ Գիտութիւնը կը հպարտացնէ, բայց սէրը շինութիւն կ’ընէ։2. Եթէ մէկը կը կարծէ թէ բան մը գիտէ, իրապէս բան մը չի գիտեր՝ ինչպէս պէտք է գիտնար։3. Իսկ եթէ մէկը Աստուած կը սիրէ, ինք անկէ ճանչցուած է։4. Ուստի կուռքերու զոհուածները ուտելու վրայով՝ գիտենք թէ կուռքը ոչինչ է աշխարհի մէջ եւ թէ մէկէն զատ ուրիշ Աստուած չկայ։5. Քանզի թէեւ ըլլան ալ անունով աստուածներ, թէ՛ երկինքը եւ թէ՛ երկրի վրայ, (ինչպէս կան շատ աստուածներ ու շատ տէրեր,)6. Բայց մենք մէկ Աստուած ունինք՝ Հայրը՝ որմէ են բոլոր բաները եւ մենք ալ անով ու մէկ Տէր Յիսուս Քրիստոս, որմէ են բոլոր բաները ու մենք ալ անով։7. Բայց ամէնքը նոյն գիտութիւնը չունին։ Ոմանք կուռքին վրայ նոյն կարծիքը չունին։ Միսը կ’ուտեն կուռքերու զոհուածի պէս, որովհետեւ իրենց խղճմտանքը տկար է, կը պղծուի։8. Սակայն կերակուրը մեզ Աստուծոյ առջեւ չի կեցներ, քանզի եթէ ուտենք չենք աւելնար եւ եթէ չուտենք չենք պակսիր։9. Բայց զգո՛յշ կեցէք, որ չըլլայ թէ ձեր ազատութիւնը տկարներուն գայթակղութիւն ըլլայ։10. Քանզի եթէ մէկը տեսնէ քեզ, որ գիտութիւն ունիս եւ կռատունի մէջ սեղան նստած ես, չէ՞ որ այն տկար խղճմտանք ունեցող մարդն ալ համարձակութիւն պիտի ունենայ կուռքերու զոհուածը ուտելու11. Եւ քու գիտութիւնովդ այդ տկար եղբայրը կրնայ կորսուիլ, որուն համար Քրիստոս մեռաւ։12. Այսպէս՝ եղբայրներուն դէմ մեղանչելով ու անոնց տկար խղճմտանքը վիրաւորելով՝ Քրիստոսին դէմ կը մեղանչէք։13. Ուստի եթէ կերակուրը կը գայթակղեցնէ իմ եղբայրս, միս պիտի չուտեմ յաւիտեան՝ որպէս զի իմ եղբայրս չգայթակղեցնեմ։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981