Աստվածաշունչը մեկ տարում
Օգոստոս 28

1. Ես դարձայ ու տեսայ Արեւուն տակ եղած բոլոր զրկանքները։ Զրկուածներուն աչքը արցունք կար, Բայց անոնք մխիթարող չունէին. Անոնց զրկանք ընողներուն ձեռքը ոյժ կար, Բայց անոնց մխիթարութիւն տուող չկար։
2. Ես խորհեցայ թէ՝ մեռածները, արդէն մեռածները, Հիմա ապրողներէն աւելի բաղդաւոր են։
3. Բայց ան որ մինչեւ հիմա եղած չէ, երկուքէն ալ՝ աւելի բաղդաւոր է, Վասն զի անիկա արեւուն տակ եղած չարութիւնը չտեսաւ։
4. Ու ես ամէն աշխատութիւն Եւ ամէն յաջող գործ տեսայ, Որոնց համար մարդ իր ընկերին կը նախանձի։ Ասիկա ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք է։
5. Անմիտը իր ձեռքերը կը ծալլէ Ու իր միսը կ’ուտէ։
6. Աւելի աղէկ է մէկ լեցուն ձեռք հանգստութեամբ, Քան թէ երկու լեցուն ձեռք, որ աշխատանքով ու հոգիի տանջանքով է։
7. Ես դարձայ ու արեւուն տակ ունայնութիւն տեսայ։
8. Մարդ կայ, որ յաջորդ չունի, Ո՛չ զաւակ ունի եւ ո՛չ եղբայր. Բայց անոր բոլոր աշխատութիւնը վախճան չունի Ու անոր աչքերը հարստութեամբ չեն կշտանար Եւ չըսեր թէ ՝ «Ես որո՞ւ համար կ’աշխատիմ Ու իմ հոգիս բարիքէ կը զրկեմ»։ Ասիկա ալ ունայնութիւն ու չար զբաղում է։
9. Երկուքը մէկէն աղէկ է, Վասն զի անոնց աշխատանքը աղէկ վարձք ունի,
10. Քանզի եթէ իյնան, մէկզմէկ կը վերցնեն։ Բայց վա՜յ իյնող մէկուն՝ Որ զինք վերցնող մը չունի։
11. Երկու մարդ մէկտեղ պառկելով կը տաքնան, Բայց մէկը ի՞նչպէս կրնայ տաքնալ երբ առանձինն է։
12. Եթէ մէկը անոնց բռնութիւն ընէ, Երկուքը կրնան անոր դէմ դնել։ Երեքպատիկ դերձանը դիւրաւ չի կտրուիր։
13. Աղէկ է աղքատ ու իմաստուն տղան, Քան թէ ծեր ու անմիտ թագաւորը, Որ չի գիտեր խրատուիլ։
14. Քանզի մէկը բանտէն կ’ելլէ, որպէս զի թագաւորէ, Բայց ուրիշ մը, որ թագաւոր ծնած է, աղքատ կ’ըլլայ։
15. Տեսայ արեւուն տակ քալող բոլոր կենդանիները Այն տղուն հետ, որ թագաւորին երկրորդն էր Ու անոր տեղը պիտի անցնէր.
16. Անոնց առջեւ կեցող՝ ՝ բոլոր ժողովուրդը անթիւ էր. Սակայն ետքը եկողներն ալ պիտի չուրախանան։ Ասիկա ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք է։
1. Երբ Աստուծոյ տունը երթաս, ոտքիդ զգուշութիւն ըրէ՛։ Աւելի մտիկ ընելու համար մօտեցիր, Քան թէ անմիտներու պէս զոհ մատուցանելու. Վասն զի անոնք չեն գիտեր թէ չարութիւն կ’ընեն։
2. Բերնովդ մի՛ աճապարեր, Թող քու սիրտդ Աստուծոյ առջեւ խօսելու չարտորայ. Քանզի Աստուած երկինքն է ու դուն երկրի վրայ ես, Անոր համար քու խօսքերդ քիչ թող ըլլան։
3. Վասն զի երազը շատ զբաղումէն յառաջ կու գայ Ու յիմարին ձայնը՝ շատ խօսքերէն։
4. Երբ Աստուծոյ ուխտ ընես, Զանիկա կատարելը մի՛ ուշացներ, Քանզի Աստուած անմիտներուն չի հաճիր։ Ըրած ուխտդ կատարէ՛։
5. Աղէկ է որ ուխտ չընես, Քան թէ ուխտ ընես ու չկատարես։
6. Թող մի՛ տար, որ քու բերանդ մարմնիդ մեղք գործել տայ Եւ հրեշտակին առջեւ մի՛ ըսեր թէ՝ սխալ եղաւ։ Ինչո՞ւ Աստուած քու խօսքիդ համար բարկանայ Ու ձեռքերուդ գործը աւրէ։
7. Վասն զի երազներուն շատութեանը մէջ Եւ խօսքերուն շատութեանը մէջ Ունայնութիւններ ալ կան. Բայց դուն Աստուծմէ վախցի՛ր։
8. Եթէ գաւառի մը մէջ աղքատին եղած զրկանքը Ու իրաւունքի եւ արդարութեան զրկուիլը տեսնես, Այս բանին վրայ մի՛ զարմանար. Վասն զի բարձրերուն վրայ Բարձր եղողը կը դիտէ Եւ անոնցմէ Բարձրը կայ։
9. Երկիրը ամենուն ալ օգտակար է. Թագաւորին անգամ արտէն ծառայութիւն կ’ըլլայ։
10. Արծաթ սիրողը արծաթէն չի կշտանար, Ո՛չ ալ հարստութիւն սիրողը՝ երկրի բերքէն։ Ասիկա ալ ունայնութիւն է։
11. Երբ բարիքը շատնայ, Ուտողներն ալ կը շատնան. Ուրեմն զանիկա ունեցողներուն՝ Աչքով տեսնելէն զատ ի՞նչ օգուտ կ’ըլլայ։
12. Քաղցր է աշխատող մարդուն քունը՝ Թէ՛ շատ եւ թէ՛ քիչ ուտէ Բայց հարուստին կուշտ ըլլալը՝ ՝ Չի թողուր որ անիկա հանգիստ քնանայ։
13. Արեւուն տակ տեսայ թէ գէշ ցաւ մը կայ, Այսինքն այն հարստութիւնը, որ իր տիրոջը ձախորդութեանը համար պահուած է։
14. Այն հարստութիւնը ձախորդ դիպուածով մը կը կորսուի Ու ինք տղայ կը ծնանի եւ անոր ձեռքը բան մը չըլլար։
15. Ինչպէս իր մօրը որովայնէն ելաւ, Այնպէս մերկ պիտի դառնայ։ Ինչպէս եկաւ, այնպէս պիտի երթայ Ու իր աշխատութենէն բան մը պիտի չառնէ որ իրեն հետ տանի։
16. Այս ալ գէշ ցաւ մըն է, Որ ինչպէս եկաւ, ճիշդ այնպէս պիտի երթայ Եւ ի՞նչ օգուտ կ’ըլլայ անոր, Որ հովի համար կ’աշխատի։
17. Անիկա իր բոլոր օրերը խաւարի մէջ կը սպառէ՝ Մեծ տրտմութեամբ, հիւանդութեամբ եւ սրտմտութեամբ։
18. Սակայն այս աղէկութիւնը տեսայ, Որ վայելուչ է ուտել ու խմել Եւ Աստուծոյ տուած կեանքին բոլոր օրերուն մէջ՝ Արեւուն տակ իր կատարած բոլոր աշխատանքին բարիքը վայլել, Վասն զի անոր բաժինը ասիկա է։
19. Ամէն մարդու, որուն Աստուած հարստութիւն ու ստացուածք կու տայ, Անկէ ուտելու եւ բաժինը առնելու Ու իր աշխատանքէն ուրախանալու իշխանութիւնն ալ կու տայ։ Ասիկա Աստուծոյ պարգեւն է։
20. Քանզի անիկա իր կեանքին օրերը շատ չի յիշեր. Վասն զի Աստուած անոր սրտին ուրախութիւնովը անոր պատասխան կու տայ։
1. Արեւուն տակ տեսայ թէ չարիք մը կայ Ու անիկա մարդոց մէջ շատ կը գտնուի ։
2. Մարդ մը, որուն Աստուած հարստութիւն ու ստացուածք եւ փառք կու տայ, Իր հոգիին ցանկացած ոեւէ բանէ պակասութիւն մը չ’ունենար, Բայց Աստուած անոր իշխանութիւն չի տար անկէ ուտելու. Հապա զանիկա օտար մարդ կ’ուտէ։ Այս ալ ունայնութիւն ու գէշ ցաւ մըն է։
3. Եթէ մարդ հարիւր զաւակ ծնանի Ու շատ տարիներ ապրի Եւ անոր հոգին բարութենէ չկշտանայ Եւ անիկա թաղում ալ չունենայ, Կ’ըսեմ թէ վիժածը անկէ աղէկ է։
4. Վասն զի ասիկա ունայնութեամբ եկաւ ու խաւարով գնաց Եւ անունը խաւարի մէջ ծածկուեցաւ։
5. Արեւն ալ չտեսաւ ու բան մը չգիտցաւ. Ասիկա միւսէն ի՞նչ բանով աւելի հանգիստ է։
6. Իսկ եթէ երկու հազար տարի ալ ապրի Ու աղէկութիւն չտեսնէ, Միթէ ամէնքը նոյն տեղը չե՞ն երթար։
7. Մարդուն բոլոր աշխատութիւնը իր բերնին համար է, Սակայն անոր հոգին չի կշտանար։
8. Քանզի իմաստունը անմիտէն աւելի ի՞նչ բան ունի. Ապրողներուն մէջ քալել գիտցող աղքատը ի՞նչ օգուտ կ’ունենայ։
9. Աչքերով տեսնելը հոգիով փափաքելէն աղէկ է։ Ասիկա ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք է։
10. Ինչ որ եղաւ, արդէն անոր անուն դրուած է Եւ յայտնի է թէ մարդ է Ու անիկա իրմէ Զօրաւորին հետ վիճելու կարող չէ։
11. Որովհետեւ ունայնութիւն շատցնող շատ բաներ կան, Մարդուն ի՞նչ կը մնայ։
12. Քանզի ո՞վ գիտէ թէ ո՛ր բանը աղէկ է կենդանի մարդուն՝ Ստուերի պէս անցուցած իր ունայն կեանքին բոլոր օրերուն մէջ. Վասն զի մարդուն ո՞վ պիտի յայտնէ՝ Թէ իրմէ ետքը արեւուն տակ ի՛նչ պիտի ըլլայ։
18. Այս պիտի գրուի գալու ազգին համար։ Դեռ չծնած ժողովուրդը Տէրոջը գոհութիւն պիտի տայ։
19. Վասն զի իր սրբութեանը բարձրութենէն նայեցաւ։ Տէրը երկնքէն երկրի վրայ նայեցաւ,
20. Որպէս զի կապուածին հառաչանքը լսէ Ու մահուան դատապարտուածները արձակէ։
21. Որպէս զի Սիօնի մէջ Տէրոջը անունը պատմեն Ու անոր գովութիւնը՝ Երուսաղէմի մէջ,
22. Երբ ժողովուրդները ու թագաւորութիւնները Մէկտեղ հաւաքուին՝ Տէրոջը ծառայելու համար։
23. Անիկա զօրութիւնս տկարացուց ճամբուն մէջ Ու իմ օրերս կարճըցուց։
24. Ես ըսի. «Ո՛վ իմ Աստուածս, Իմ օրերուս կիսուն մէջ զիս մի՛ վերցներ։ Քու տարիներդ ազգէ մինչեւ ազգ են։
25. Սկիզբէն երկրի հիմերը դրիր Ու երկինքը քու ձեռքերուդ գործն է։
26. Անոնք պիտի կորսուին, բայց դուն պիտի կենաս։ Անոնց ամէնքը լաթի պէս պիտի մաշին, Հանդերձի պէս պիտի փոխես զանոնք Ու պիտի փոխուին։
27. Բայց դուն նոյնն ես Եւ քու տարիներդ պիտի չվերջանան։
28. Քու ծառաներուդ որդիները ապահով պիտի բնակին Ու անոնց սերունդը հաստատ պիտի մնայ քու առջեւդ»։
5. Իմաստուն մարդը զօրաւոր կ’ըլլայ Ու գիտութիւն ունեցողը ոյժ կ’աւելցնէ.
6. Վասն զի պատերազմդ խոհեմութեամբ կ’ընես. Եւ ազատութիւնը խորհրդականներու շատութիւնով կ’ըլլայ։
1. Չէ՞ որ ես առաքեալ եմ. չէ՞ որ ես ազատ եմ. չէ՞ որ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը աչքովս տեսայ. չէ՞ որ դուք իմ գործս էք Տէրոջմով։
2. Թէպէտ ուրիշներուն առաքեալ չըլլամ ալ, բայց անտարակոյս ձեզի եմ. վասն զի իմ առաքելութեանս կնիքը դուք էք Տէրոջմով։
3. Իմ պատասխանս անոնց որ զիս կը քննեն, այս է.
4. «Միթէ մենք իրաւունք չունի՞նք ուտելու եւ խմելու։
5. Միթէ մենք իրաւունք չունի՞նք Քրիստոսով քոյր եղող կին մը մեզի հետ պտըտցնելու, ինչպէս միւս առաքեալներն ու Տէրոջը եղբայրները ու Կեփաս կ’ընեն ։
6. Միթէ ես ու Բառնաբա՞սը միայն իրաւունք չունինք չգործելու։
7. Ո՞վ իր ապրուստով զինուորութիւն կ’ընէ. ո՞վ այգի կը տնկէ ու անոր պտուղէն չուտեր, կամ ո՞վ աչխարներ կ’արածէ ու ոչխարներուն կաթէն չուտեր։
8. Միթէ մարդկօրէ՞ն կ’ըսեմ այս բաները, կամ չէ՞ որ օրէնքն ալ նոյնը կ’ըսէ։
9. Քանզի Մովսէսին օրէնքին մէջ ալ գրուած է. «Կալին մէջ աշխատող եզին դունչը մի՛ կապեր»։ Միթէ Աստուած միայն եզե՞րը կը հոգայ.
10. Չէ՞ որ մասնաւորաբար մեզի համար կ’ըսէ. վասն զի մեզի համար գրուեցաւ. որովհետեւ ան որ կը հերկէ՝ պէտք է որ յոյսով հերկէ եւ ան որ ցորենը կը ծեծէ՝ պէտք է որ վայլելու յոյսով՝ ՝ ընէ ։
11. Եթէ մենք ձեզի հոգեւոր բաներ սերմանեցինք, մե՞ծ բան է՝ եթէ ձեզմէ մարմնաւոր բաներ հնձենք։
12. Եթէ ուրիշները ձեր վրայ այս իրաւունքը ունին, չէ՞ որ ալ աւելի մե՛նք. բայց մենք այս իրաւունքը չգործածեցինք, հապա ամէն բանի համբերեցինք, որպէս զի Քրիստոսին աւետարանին արգելք մը չըլլանք։
13. Չէ՞ք գիտեր թէ տաճարին մէջ աշխատողները տաճարէն կ’ուտեն ու անոնք որ սեղանին պաշտօնեաներն են՝ սեղանէն բաժին կ’առնեն։
14. Նոյնպէս ալ Տէրը հրաման տուաւ, որ աւետարանը քարոզողները աւետարանէն ապրին։
15. Բայց ես այս իրաւունքներէն մէ՛կը չգործածեցի, ո՛չ ալ այդ բաները գրեցի ինծի համար. քանզի աւելի աղէկ է ինծի որ մեռնիմ, քան թէ մէկը իմ պարծանքս պարապ հանէ։
16. Վասն զի եթէ ես աւետարանը քարոզեմ, ինծի պարծանք չէ, իմ պարտականութիւնս է. մանաւանդ վայ է ինծի՝ եթէ աւետարանը չքարոզեմ։
17. Քանզի եթէ ասիկա կամաւ ընեմ, վարձք կ’ունենամ. իսկ եթէ ակամայ՝ ան ինծի յանձնուած տնտեսութիւն մըն է։
18. Ուրեմն ի՞նչ վարձք կ’ըլլայ ինծի. այս կ’ըլլայ որ քարոզելու ատենս Քրիստոսին աւետարանը ձրի տամ որ չըլլայ թէ աւետարանին մէջ իմ իրաւունքս գէշ կերպով գործածեմ։
19. Քանզի թէեւ ես ամենէն ազատ էի, բայց իմ անձս ամենուն ծառայ ըրի, որպէս զի շատերը շահիմ։
20. Հրեաներուն հետ Հրեայի պէս եղայ, որպէս զի Հրեաները շահիմ,
21. Օրէնքի տակ եղողներուն հետ օրէնքի տակ եղողի պէս եղայ, [ոչ թէ ես օրէնքի տակ էի,] որպէս զի օրէնքի տակ եղողներն ալ շահիմ. օրէնքի տակ չեղողներուն հետ օրէնքի տակ չեղողի պէս եղայ, (ոչ թէ ես Աստուծմէն օրէնք չունէի, հապա Քրիստոսին օրէնքին տակ էի,) որպէս զի օրէնք չունեցողներն ալ շահիմ.
22. Տկարներուն հետ տկարի պէս եղայ, որպէս զի տկարները շահիմ. ամենուն հետ ամէն բան եղայ, որպէս զի մէկ քանիները ապրեցնեմ։
23. Եւ ասիկա աւետարանին համար կ’ընեմ, որպէս զի անոր կցորդ ըլլամ։
24. Չէ՞ք գիտեր ասպարէզին մէջ վազողները։ Իրաւ ամէնքը կը վազեն, բայց մէ՛կը կ’առնէ մրցանակը։ Այնպէս վազեցէք, որ հասնիք։
25. Ամէն ով որ կը մրցի, ամէն բանի մէջ չափաւորութիւն կը պահէ։ Անոնք եղծանելի պսակը առնելու համար ու մենք՝ անեղծանելին։
26. Ուստի ես կը վազեմ, ոչ թէ անստուգութեամբ. ես բռնամարտութիւն կ’ընեմ, ոչ թէ հովը ծեծելով.
27. Բայց իմ մարմինս կը ճնշեմ ու կը նուաճեմ, որպէս զի չըլլայ թէ ուրիշներուն քարոզելէ յետոյ՝ ես ինքս խոտելի գտնուիմ։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981