22. Վասն զի քու սիրտդ գիտէ թէ Դուն ալ շատ անգամ ուրիշներուն անէծք տուած ես։
23. Ասոնց ամէնքը իմաստութեամբ փորձեցի Եւ ըսի՝ «Ես իմաստուն պիտի ըլլամ»։ Բայց անիկա ինծմէ հեռու էր։
24. Ինչ որ հեռուն է Ու խիստ խորունկ եղածը ո՞վ կրնայ գտնել։
25. Ես իմ սրտովս պտըտեցայ, որպէս զի գիտնամ եւ քննեմ Ու փնտռեմ իմաստութիւնն ու հանճարը Եւ յիմարութեան չարութիւնը Ու անմտութիւնը եւ խենդութիւնը։
26. Ես մահուանէն աւելի դառն գտայ այն կինը, Որուն սրտին մէջ ցանցեր եւ ուռկաններ Ու ձեռքերուն մէջ կապանքներ կան։ Աստուծոյ առջեւ հաճելի եղողը անկէ կ’ազատի, Բայց մեղաւորը անկէ կը բռնուի։
27. Ահա ասիկա գտայ, կ’ըսէ Ժողովողը, Մէկիկ մէկիկ համրելով ՝ հաշիւը գտնելու համար.
28. (Որ հոգիս տակաւին կը փնտռէ, Բայց չեմ կրնար գտնել)։ Այր մարդ՝ հազարէն մէկը գտայ, Բայց բոլոր ասոնց մէջ մէկ կին չգտայ։
29. Ահա միայն ասիկա գտայ՝ Թէ Աստուած մարդը ուղիղ ստեղծեց, Բայց անոնք շատ հնարքներ փնտռեցին։
1. Ո՛վ Տէր, լսէ՛ իմ աղօթքս Ու իմ աղաղակս թող քեզի հասնի։
2. Քու երեսդ մի՛ ծածկեր ինծմէ իմ նեղութեանս օրը, Խոնարհեցո՛ւր ինծի քու ականջդ, Շուտով պատասխան տուր ինծի այն օրը որ քեզի կը կանչեմ։
3. Վասն զի իմ օրերս մուխի պէս անհետացան Եւ իմ ոսկորներս խռիւի պէս այրեցան։
4. Սիրտս զարնուեցաւ ու խոտի պէս չորցաւ, Այնպէս որ իմ հացս ուտել մոռցայ։
5. Հառաչանքիս ձայնէն Ոսկորներս մարմնիս փական։
7. Իմաստութիւնը յիմարին համար շատ բարձր է. Անիկա դրանը մէջ իր բերանը չի բանար։
8. Ով որ չարութիւն ընել կը մտածէ, Անիկա նենգամիտ պիտի կոչուի։
9. Յիմարութեան խորհուրդը մեղք է Եւ ծաղր ընողը մարդոց զզուելի է։
1. Չեմ ուզեր որ չգիտցողի պէս ըլլաք, եղբա՛յրներ, որ մեր հայրերը բոլորն ալ ամպին տակ էին ու ամէնքն ալ ծովէն անցան
2. Եւ ամէնքն ալ Մովսէսով մկրտուեցան ամպին ու ծովին մէջ
3. Եւ ամէնքն ալ նոյն հոգեւոր կերակուրը կերան
4. Ու ամէնքն ալ նոյն հոգեւոր խմելիքը խմեցին, վասն զի կը խմէին այն հոգեւոր վէմէն, որ անոնց հետ կ’երթար ու այն վէմը Քրիստոսն էր։
5. Բայց անոնցմէ շատերուն չհաւնեցաւ Աստուած, ատոր համար անապատին մէջ փռուած ինկան։
6. Ու այն բաները մեզի օրինակ եղան, որպէս զի չար բաներու չցանկանք, ինչպէս անոնք ցանկացին։
7. Ոչ ալ կռապաշտ ըլլանք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք եղան։ Ինչպէս գրուած է. «Ժողովուրդը նստաւ ուտելու եւ խմելու ու ելան խաղալու»։
8. Պոռնկութիւն չընենք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք պոռնկացան ու մէկ օրուան մէջ քսանըերեք հազար հոգի ինկան։
9. Քրիստոսը չփորձենք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք փորձեցին ու օձերէն խայթուելով մեռան։
10. Եւ մի՛ տրտնջէք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք տրտնջեցին ու սատակիչէն ջարդուեցան։
11. Բայց այս բոլոր բաները իբրեւ օրինակ կը պատահէին անոնց. իսկ մեզի՝ քանի որ դարերուն վերջը հասաւ՝ խրատ ըլլալու համար գրուեցան։
12. Ուստի ան որ կը սեպէ թէ հաստատուն կեցած է, թող զգուշանայ որ չըլլայ թէ իյնայ։
13. Ձեզի մարդկային փորձութենէն զատ ուրիշ բան չէ պատահած. բայց Աստուած հաւատարիմ է, որ ձեզ պիտի չթողու որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք, հապա փորձութեանը հետ ազատութեան միջոց մըն ալ պիտի տայ, որպէս զի կարող ըլլաք համբերել։
14. Անոր համար, իմ սիրելիներս, կռապաշտութենէ փախէք։
15. Որպէս թէ իմաստուններու հետ կը խօսիմ. դուք դատեցէք ինչ որ կ’ըսեմ։
16. Օրհնութեան գաւաթը՝ որ մենք կ’օրհնենք չէ՞ որ Քրիստոսին արեան հաղորդութիւնն է. հացը որ մենք կը կտրենք, չէ՞ որ Քրիստոսին մարմնին հաղորդութիւնն է։
17. Քանզի մենք շատերս մէկ հաց մէկ մարմին ենք, վասն զի ամէնքս ալ այդ մէկ հացէն կը վայելենք։