Աստվածաշունչը մեկ տարում Օգոստոս 3Էսթեր 7:1-101. Թագաւորը Համանին հետ Եսթեր թագուհիին քով կոչունքի գնաց։2. Թագաւորը երկրորդ օրն ալ գինի խմելու ատեն Եսթերին ըսաւ. «Ո՛վ Եսթեր թագուհի, ի՞նչ է քու խնդիրքդ. ըսէ՛ ու քեզի պիտի շնորհուի եւ ի՞նչ է քու աղաչանքդ. մինչեւ թագաւորութեանս կէսը պիտի տրուի»։3. Եսթեր թագուհին պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Եթէ քու առջեւդ շնորհք գտայ, ո՛վ թագաւոր ու եթէ թագաւորին հաճոյ կ’երեւնայ, խնդիրքովս իմ հոգիս ու աղաչանքովս իմ ազգս ինծի տրուի.4. Վասն զի թէ՛ ես եւ թէ՛ իմ ազգս կոտորուելու, մեռնելու ու բնաջինջ ըլլալու ծախուեցանք ու եթէ ծառայ ու աղախին ըլլալու ծախուէինք, բան մը չէի խօսեր. թէպէտեւ թշնամին թագաւորին քաշած վնասը չէր կրնար հատուցանել»։5. Ասուերոս թագաւորը խօսեցաւ ու Եսթեր թագուհիին ըսաւ. «Ո՞վ է անիկա եւ ո՞ւր է անիկա, որ այս բանը ընելու համարձակեցաւ»։6. Եսթեր ըսաւ. «Հակառակորդն ու թշնամին այս չար Համանն է»։ Ու Համան թագաւորին ու թագուհիին երեսէն խիստ վախցաւ։7. Թագաւորը գինի խմելէն բարկութեամբ ելաւ, պալատին պարտէզը գնաց. բայց Համան հոն մնաց, որպէս զի իր անձին համար Եսթեր թագուհիին աղաչէ. վասն զի տեսաւ, որ իր վրայ չարիքը հասած է թագաւորէն։8. Թագաւորը երբ պալատին պարտէզէն կոչունքին սենեակը դարձաւ, Համան Եսթերին եղած բազմոցին վրայ ինկած էր ու թագաւորը ըսաւ. «Միթէ իմ տանս մէջ իմ քովս թագուհի՞ն ալ պիտի բռնաբարէ»։ Այս խօսքը թագաւորին բերնէն ելածին պէս Համանին երեսը ծածկեցին։9. Այն ատեն Արբոնա, ներքինիներէն մէկը, թագաւորին առջեւ ըսաւ. «Ահա այն յիսուն կանգուն բարձր փայտը, որ Համան թագաւորին բարերարութիւն ընող Մուրթքէին համար պատրաստեց, Համանի տանը մէջ կը կենայ»։ Ու թագաւորը ըսաւ. «Զանիկա անոր վրայ կախեցէ՛ք»։10. Եւ Համանը Մուրթքէին համար պատրաստած փայտին վրայ կախեցին։ Այն ատեն թագաւորին բարկութիւնը իջաւ։Էսթեր 8:1-171. Այն օրը Ասուերոս թագաւորը Հրեաներու թշնամիին Համանին տունը Եսթեր թագուհիին պարգեւեց ու Մուրթքէն թագաւորին առջեւ եկաւ, վասն զի Եսթեր թագաւորին յայտներ էր թէ անիկա իրեն ի՛նչ ազգական էր։2. Եւ թագաւորը առաւ իր մատանին, որ Համանէն հաներ էր ու զանիկա Մուրթքէին տուաւ ու Եսթեր Համանին տանը վրայ դրաւ Մուրթքէն։3. Եսթեր նորէն թագաւորին առջեւ խօսեցաւ ու անոր ոտքերը ինկաւ եւ լալով անոր աղաչեց որ Ագագացի Համանին չարութիւնը ու Հրեաներուն դէմ պատրաստած ծրագիրը խափանէ։4. Թագաւորը ոսկի գաւազանը Եսթերին երկնցուց ու Եսթեր ելաւ ու թագաւորին առջեւ կայնեցաւ5. Ու ըսաւ. «Եթէ թագաւորին հաճոյ կ’երեւնայ ու ես քու առջեւդ շնորհք գտայ ու եթէ այս բանը թագաւորին առջեւ ուղիղ կ’երեւնայ ու ես քու աչքերուդ հաճոյ եմ, թող գրուի որ Ագագացի Ամադաթային որդիին Համանին ծրագիրը, այսինքն թագաւորին բոլոր գաւառներուն մէջ եղող Հրեաները կորսնցնելու համար անոր գրած հրովարտակները, խափանուին։6. Վասն զի իմ ժողովուրդիս վրայ գալու չարիքը ի՞նչպէս կրնամ տեսնել. իմ ազգականներուս կորուստը ի՞նչպէս կրնամ տեսնել»։7. Ասուերոս թագաւորը Եսթեր թագուհիին ու Հրեայ Մուրթքէին ըսաւ. «Ահա Համանին տունը Եսթերին պարգեւեցի ու զանիկա փայտի վրայ կախեցին՝ Հրեաներուն վրայ ձեռք երկնցնելուն համար։8. Եւ դուք Հրեաներուն համար ձեզի հաճոյ երեւցածը թագաւորին անունովը գրեցէք ու թագաւորին մատանիովը կնքեցէ՛ք. վասն զի թագաւորին անունովը գրուած ու թագաւորին մատանիովը կնքուած հրովարտակը չի խափանուիր»։9. Այն ատեն երրորդ ամսուան, այսինքն Սիվան ամսուան, քսանըերեքերորդ օրը թագաւորին գրագիրները կանչուեցան ու Հրեաներուն ու Հնդկաստանէն մինչեւ Եթովպիա եղող գաւառներուն, հարիւր քսանըեօթը գաւառներուն, նախարարներուն եւ կուսակալներուն ու իշխաններուն, ամէն գաւառին իր գրովը ու ամէն ազգին իր լեզուովը ու Հրեաներուն իրենց գրովը ու լեզուովը գրուեցաւ՝ Մուրթքէին բոլոր հրամայածին պէս։10. Ասուերոս թագաւորին անունովը գրեց ու թագաւորին մատանիովը կնքեց եւ ձիերու, նժոյգներու ու մատակ ձիերու, ջորիներու վրայ հեծած սուրհանդակներով հրովարտակներ ղրկեց,11. Որոնցմով թագաւորը բոլոր քաղաքներու Հրեաներուն հրաման տուաւ որ հաւաքուին ու իրենց կեանքը պաշտպանեն եւ իրենց վրայ յարձակող ազգին ու գաւառին բոլոր մարդիկը, տղաքներն ու կիները կոտորեն, մեռցնեն ու կորսնցնեն եւ անոնց ունեցածը յափշտակեն։12. Մէկ օրուան մէջ՝ Ասուերոս թագաւորին բոլոր գաւառներուն մէջ, տասնըերկրորդ ամսուան, այսինքն Ադար ամսուան, տասնըերեքերորդ օրը ։13. Հրովարտակին պատուէրը այս էր, որ հրամանը ամէն մէկ գաւառին մէջ հրատարակուի ու բոլոր ժողովուրդներուն բացատրուի, որպէս զի Հրեաները նոյն օրը իրենց թշնամիներէն վրէժ առնելու պատրաստ ըլլան։14. Սուրհանդակները նժոյգներու ու ջորիներու վրայ հեծան ու թագաւորին հրամանէն ստիպուելով՝ արտորացին ճամբայ ելլելու ու հրովարտակը Շուշան մայրաքաղաքին մէջ ալ հրատարակուեցաւ։15. Մուրթքէն ելաւ թագաւորին առջեւէն՝ կապուտակէ ու ճերմակ բեհեզէ թագաւորական զգեստով եւ ոսկիէ մեծ թագով ու բեհեզեղէն ու ծիրանի պատմուճանով եւ Շուշան քաղաքը ուրախացաւ ու ցնծութիւն ըրաւ։16. Հրեաները լոյս, ուրախութիւն, ցնծութիւն ու պատիւ ունեցան։17. Բոլոր գաւառներուն մէջ ու բոլոր քաղաքներուն մէջ՝ ուր թագաւորին հրամանն ու հրովարտակը կը հասնէր, Հրեաները ուրախութիւն ու ցնծութիւն ունեցան եւ կոչունքի ու տօնախմբութեան օր ըրին ու երկրին ժողովուրդներէն շատերը Հրեայ եղան, վասն զի անոնց վրայ Հրեաներուն վախը ինկաւ։Սաղմոսներ 90:7-177. Վասն զի քու բարկութենէդ կը մաշինք Եւ քու սրտմտութենէդ կը խռովինք։8. Մեր անօրէնութիւնները՝ քու առջեւդ Ու մեր ծածուկ մեղքերը քու երեսիդ լոյսին մէջ դրիր։9. Վասն զի մեր բոլոր օրերը քու բարկութիւնովդ կ’անցնին, Մեր տարիները՝ ցնորքի մը պէս։10. Մեր կեանքի տարիները եօթանասուն են. Եթէ զօրութիւնով ութսուն ալ ըլլան, Տակաւին անոնց փառքը աշխատանք ու ցաւ է, Վասն զի անոնք շուտով կ’անցնին ու մենք կը թռչինք։11. Ո՞վ գիտէ քու բարկութեանդ զօրութիւնը Եւ քու սրտմտութիւնդ քու վախիդ համեմատ։12. Այնպէս սորվեցուր մեզի մեր օրերը համրել, Որ սրտի իմաստութիւն ստանանք։13. Դարձի՛ր, ո՛վ Տէր, մինչեւ ե՞րբ. Գթա՛ քու ծառաներուդ։14. Կշտացուր մեզ կանուխ քու ողորմութիւնովդ, Որպէս զի ցնծանք ու ուրախ ըլլանք մեր բոլոր օրերուն մէջ։15. Ուրախացո՛ւր մեզ այն օրերուն չափովը որ տրտմեցուցիր. Այն տարիներուն չափովը որ չարիք տեսանք։16. Թող երեւնայ քու գործդ քու ծառաներուդ Եւ քու փառքդ՝ անոնց որդիներուն։17. Ու մեր Տէր Աստուծոյն վայելչութիւնը մեր վրայ ըլլայ։ Ձեռքերնուս գործը հաստատէ մեր վրայ. Մեր ձեռքերուն գործը հաստատէ։Առակներ 22:10-1110. Ծաղրողը եթէ վռնտես, կռիւը կ’անցնի Ու վէճը եւ անարգանքը կը դադրին։11. Սրտի մաքրութիւն սիրողին շրթունքներուն վրայ շնորհք կայ Ու թագաւորը անոր բարեկամ կ’ըլլայ։հռոմեական 5:1-211. Արդ՝ մենք հաւատքով արդարացած ըլլալով՝ խաղաղութիւն ունինք Աստուծոյ հետ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով2. Որով ընդունեցինք հաւատքով, այս շնորհքին մօտենալը, որուն մէջ կեցեր ենք եւ Աստուծոյ փառքին յոյսովը կը պարծինք։3. Ո՛չ միայն այսքան՝ հապա նաեւ նեղութիւններու մէջ կը պարծինք. վասն զի գիտենք թէ նեղութիւնը համբերութիւն կը գործէ4. Եւ համբերութիւնը՝ փորձառութիւն ու փորձառութիւնը՝ յոյս.5. Եւ յոյսը ամօթով չի ձգեր. վասն զի Աստուծոյ սէրը մեր սրտերուն մէջ տարածուած է Սուրբ Հոգիին միջոցով, որ մեզի տրուեցաւ։6. Վասն զի երբ մենք դեռ տկար էինք, յարմար ժամանակին Քրիստոս ամբարիշտներուն համար մեռաւ։7. Վասն զի արդարի մը համար հազիւ կրնայ մէկը մեռնիլ. (Բայց բարի մարդու մը համար՝ կարելի է որ մէկը համարձակի մեռնիլ.)8. Սակայն Աստուած իր սէրը որ մեր վրայ ունէր ՝ յայտնեց, երբ դեռ մեղաւոր էինք։9. Քրիստոս մեզի համար մեռաւ. ուրեմն հիմա որ իր արիւնով արդարացանք, ո՜րչափ աւելի իրմով պիտի ազատինք բարկութենէն։10. Վասն զի եթէ մեր թշնամի եղած ատենը Աստուծոյ հետ հաշտուեցանք իր Որդիին մահովը, ո՜րչափ աւելի մեր հաշտուած ատենը պիտի ապրինք անոր կեանքովը։11. Եւ ոչ միայն այս, հապա Աստուծմով կը պարծենանք ալ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով որով հիմա հաշտութիւն ընդունեցինք։12. Վասն զի ինչպէս մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին։13. (Վասն զի մինչեւ օրէնքին ատենը աշխարհի մէջ մեղք կար, բայց մեղք չէր սեպուեր՝ քանի որ օրէնք չկար։14. Սակայն մահը Ադամէն մինչեւ Մովսէս թագաւորեց, նաեւ Ադամին յանցանքին նման չմեղանչողներուն վրայ ալ, որ օրինակ էր անոր որ ետքը պիտի գար։15. Բայց շնորհքը յանցանքին պէս չէ. վասն զի եթէ մարդու մը յանցանքովը շատեր մեռան, ալ որչա՜փ աւելի Աստուծոյ շնորհքը եւ այն պարգեւը որ Յիսուս Քրիստոսի՝ մէկ մարդուն՝ շնորհքովն է, շատերուն վրայ աւելցաւ։16. Բայց ձրի պարգեւը այնպէս չէ, ինչպէս մէկին մեղքին արդիւնքը. վասն զի դատաստանը մէկ մեղքէն դատապարտութեան մէջ ձգեց, բայց շնորհքը շատ մեղքերէ արդարութեան տարաւ ։17. Վասն զի եթէ մէկ մարդու մեղքովը մահը թագաւորեց, ո՜րչափ աւելի անոնք որ շնորհքի ու արդարութեան պարգեւին առատութիւնը կ’առնեն, կեանքի մէջ պիտի թագաւորեն Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով։)18. Ուրեմն ինչպէս մէկուն յանցանքովը բոլոր մարդոց դատապարտութեան վճիռ եղաւ, այնպէս՝ մէկուն արդարութիւնովը բոլոր մարդոց կեանքի արդարութեան շնորհք եղաւ.19. Վասն զի ինչպէս մէկ մարդու անհնազանդութիւնովը շատեր մեղաւոր եղան, այնպէս մէկուն հնազանդութիւնովը շատեր արդար պիտի ըլլան։20. Սակայն օրէնքը մէջտեղ ինկաւ որպէս զի յանցանքը շատնայ. բայց ուր աւելի եղաւ մեղքը, ա՛լ աւելի եղաւ շնորհքը.21. Որպէս զի ինչպէս մեղքը թագաւորեց մահով, այնպէս շնորհքը թագաւորէ արդարութիւնով՝ մինչեւ յաւիտենական կեանքը մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981