Աստվածաշունչը մեկ տարում Օգոստոս 30Ժողովողներ 8:1-171. Իմաստունին պէս ո՞վ կայ Ու խօսքի մեկնութիւնը ո՞վ գիտէ։ Մարդուն իմաստութիւնը անոր երեսը կը փայլեցնէ Ու երեսին պնդութիւնը կը փոխուի։2. Թագաւորին հրամանը կատարէ Աստուծոյ ուխտին համաձայն։3. Անոր առջեւէն ելլելու մի՛ արտորար, Չար գործի մէջ մի՛ կենար, Վասն զի անիկա ինչ որ ուզէ՝ կ’ընէ։4. Ուր որ թագաւորին խօսքը կայ, հոն իշխանութիւն կայ. Ու ո՞վ կրնայ անոր ըսել՝ «Ի՞նչ կ’ընես»։5. Պատուիրանքը պահողը չարիքի չի հանդիպիր Եւ իմաստունին միտքը ժամանակն ու ճամբան գիտէ։6. Վասն զի ամէն դիտաւորութիւն իր ժամանակն ու յարմարութիւնը ունի, Քանզի մարդուն վրայ շատ նեղութիւն կու գայ։7. Վասն զի անիկա ըլլալիքը չի գիտեր Եւ ո՞վ պիտի յայտնէ անոր թէ ի՞նչպէս պիտի ըլլայ։8. Հոգիին վրայ իշխող մարդ չկայ, որ հոգին արգիլէ։ Մահուան օրուանը վրայ տիրող չկայ. Պատերազմին մէջ արձակում չկայ Ու ամբարշտութիւնը իրեն հետեւողները չ’ազատեր։9. Ասոնց ամէնքը տեսայ Ու արեւուն տակ եղող ամէն գործի իմ սիրտս տուի։ Ատեն կայ, երբ մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ Իրեն թշուառութեան համար։10. Տեսայ ամբարիշտներ, Որոնք թաղուեցան գացին ու սուրբ տեղէն ելան Եւ մոռցուեցան այն քաղաքին մէջ, ուր այսպէս բաներ ըրին։ Այս ալ ունայնութիւն է։11. Որովհետեւ գէշ գործին վրայ վճիռը շուտով չի կատարուիր, Այս պատճառով մարդոց որդիներուն սիրտը Չարութիւն ընելու փափաքով լեցուած է։12. Թէեւ մեղաւորը հարիւր անգամ չարութիւն ընէ Ու անոր կեանքը երկննայ ալ, Ամէն պարագայի ստոյգ գիտեմ թէ բարութիւնը՝ Աստուծմէ վախցողներուն, անոր երեսէն վախցողներուն պիտի ըլլայ,13. Բայց ամբարշտին բարութիւն պիտի չըլլայ։ Անիկա իր օրերը պիտի չերկնցնէ, հապա ստուերի պէս պիտի ըլլայ. Վասն զի Աստուծոյ երեսէն չի վախնար։14. Ունայնութիւն մը կայ, որ աշխարհիս վրայ կ’ըլլայ, Այսինքն արդարներ կան, որոնց ամբարիշտներուն գործին պէս կը պատահի Ու ամբարիշտներ ալ կան, որոնց արդարներուն գործին պէս կը պատահի։ Ըսի թէ՝ «Այս ալ ունայնութիւն է»։15. Ես ուրախութիւնը գովեցի, Վասն զի մարդ արեւուն տակ Ուտելէ, խմելէ եւ ուրախութիւն ընելէ զատ Աղէկ բան մը չունի։ Վասն զի արեւուն տակ Աստուծոյ տուած կեանքին օրերուն մէջ Իր աշխատանքէն ասիկա կը մնայ իրեն։16. Երբ ես իմ սիրտս տուի իմաստութիւնը գիտնալու Ու երկրի վրայ եղած զբաղումները տեսնելու (Վասն զի թէ՛ ցորեկ եւ թէ՛ գիշեր Իր աչքը քուն չտեսնող մարդ կայ)։17. Այն ատեն Աստուծոյ բոլոր գործերէն հասկցայ, Թէ մարդ չի կրնար գտնել այն գործը, որ արեւուն տակ կ’ըլլայ. Վասն զի մարդ կ’աշխատի փնտռելու, բայց չի գտներ Ու թէեւ իմաստունն ալ «Գիտեմ» ըսէ՝ գտնելու կարող չըլլար։Ժողովողներ 9:1-181. Վասն զի բոլորը իմ սրտիս մէջ դրի, Որ բոլորը զննեմ եւ յիշեցի Թէ արդարները եւ իմաստուններն ու անոնց գործերը Աստուծոյ ձեռքին մէջ են։ Մարդ չի գիտեր՝ թէ սէրը եւ ատելութիւնը, Ամէն բան անոնց առջեւ է։2. Ամէն բան ամենուն հաւասարապէս կը պատահի. Արդարին ու ամբարշտին, Բարի մարդուն, մաքուրին ու անմաքուրին, Զոհ ընողին ու զոհ չընողին Պատահածը նոյնն է։ Ինչպէս է բարի մարդը, մեղաւորն ալ այնպէս է։ Երդում ընողը՝ երդումէ վախցողին պէս է։3. Արեւուն տակ եղած բոլոր գործերուն մէջ գէշ բանը այս է, Որ ամենուն պատահածը նոյնն է։ Մարդոց որդիներուն սիրտը Չարութեամբ լեցուած ըլլալով՝ Իրենց կենդանութեան ատենը իրենց սրտին մէջ խենդութիւն կայ, Անկէ յետոյ պիտի մեռնին։4. Բայց բոլոր կենդանիներուն ընկերացող մարդը յոյս ունի, Վասն զի ողջ շունը մեռած առիւծէն աղէկ է։5. Որովհետեւ անոնք որ կ’ապրին, գիտեն թէ պիտի մեռնին. Բայց մեռելները բան մը չեն գիտեր Ու ալ վարձք մը չեն առներ. Վասն զի անոնց յիշատակը մոռցուեցաւ։6. Թէ՛ անոնց սէրը, թէ՛ ատելութիւնը Եւ թէ՛ նախանձը արդէն կորսուեցան Ու անոնք արեւուն տակ եղող բաներէն Ա՛լ յաւիտեան բաժին չունին։7. Գնա՛ հացդ ուրախութեամբ կե՛ր Ու գինիդ ուրախ սրտով խմէ՛, Վասն զի Աստուած քու գործերուդ հաւնեցաւ։8. Հանդերձներդ ամէն ատեն ճերմակ թող ըլլան Ու գլխուդ վրայէն իւղը պակաս թող չըլլայ։9. Քու սիրած կնոջդ հետ կեանքը վայլէ Քու ունայն կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ, Որ Աստուած քեզի տուաւ արեւուն տակ, Բոլոր ունայն օրերուդ մէջ։ Վասն զի այս կեանքին մէջ քու բաժինդ անիկա է Արեւուն տակ կատարած աշխատանքէդ։10. Ձեռքդ ինչ որ գտնէ ընելու, Բոլոր ուժովդ ըրէ, Քանզի գերեզմանիդ մէջ Գործ, խորհուրդ, գիտութիւն ու իմաստութիւն չկայ։11. Դարձայ ու արեւուն տակ տեսայ, Թէ ճամբան վազողներունը չէ, Պատերազմը զօրաւորներունը չէ Նաեւ հացը իմաստուններունը չէ, Հարստութիւնն ալ հանճարեղներունը չէ, Նաեւ շնորհքը գիտուններունը չէ. Հապա ժամանակ ու դիպուած կը պատահին ամենուն։12. Վասն զի ժամանակն անգամ չի գիտեր։ Ինչպէս ձուկերը չար ուռկանով կը բռնուին Եւ թռչունները ծուղակի մէջ կը բռնուին, Նոյնպէս մարդոց որդիներն ալ որոգայթի մէջ կ’իյնան, Երբ չար ժամանակը յանկարծ անոնց վրայ գայ։13. Արեւուն տակ այս իմաստութիւնն ալ տեսայ։ Անիկա ինծի մեծ երեւցաւ.14. Պզտիկ քաղաքին վրայ, որուն մէջ քիչ մարդ կար, Մեծ թագաւոր մը եկաւ ու զանիկա պաշարեց Եւ անոր դէմ մեծ պատնէշներ շինեց15. Ու անոր մէջ աղքատ իմաստուն մը գտնուեցաւ Եւ անիկա իր իմաստութիւնովը քաղաքը ազատեց, Բայց այդ աղքատ մարդը բնաւ յիշող մը չեղաւ։16. Այն ատեն ըսի թէ՝ Իմաստութիւնը ուժէն աղէկ է, Թէեւ աղքատին իմաստութիւնը կ’անարգեն Ու անոր խօսքերուն մտիկ չեն ըներ։17. Իմաստուններուն մեղմ խօսքերը Յիմարներուն մէջ իշխան եղողին աղաղակէն աղէկ կը լսուին։18. Իմաստութիւնը պատերազմական զէնքերէն աղէկ է, Բայց մէկ մեղաւորը շատ բարիքներու կորուստին պատճառ կ’ըլլայ։Ժողովողներ 10:1-201. Մեռած ճանճերը իւղագործին իւղը գարշահոտ կ’ընեն։ Քիչ մը անմտութիւնն ալ իմաստութեամբ եւ պատուով երեւելի սեպուած մարդը այնպէս կ’ընէ ՝ ՝։2. Իմաստունին սիրտը իր աջ կողմն է, Իսկ անմիտին սիրտը իր ձախ կողմն է։3. Անմիտ մարդը ճամբան քալելու ատենն ալ՝ Խելքը պակաս ըլլալուն համար՝ իր յիմար ըլլալը ամենուն կը յայտնէ։4. Եթէ իշխանին բարկութիւնը քեզի դէմ ելլէ, Քու տեղդ մի՛ ձգեր, Վասն զի քաղցրութիւնը մեծ յանցանքները կը դադրեցնէ։5. Արեւուն տակ չարութիւն մըն ալ տեսայ, Որպէս թէ իշխանին երեսէն ելած անխոհեմութիւն մը ըլլար։6. Անմտութիւնը խիստ բարձր տեղերու վրայ կը դրուի Ու հարուստները ցած տեղ մը կը նստին։7. Տեսայ ծառաներ, որոնք ձիերու վրայ հեծեր էին Եւ իշխաններ, որոնք հետիոտն կը քալէին։8. Փոս փորողը ինք անոր մէջ կ’իյնայ Ու օձը կը խածնէ ցանկ քակողը։9. Քարեր կտրողը անոնցմէ կը վնասուի Եւ փայտ ճեղքողը անկէ վտանգի մէջ կ’իյնայ։10. Եթէ երկաթը բթացած է ու անոր բերանը չոր է, Այն ատեն մարդը իր ոյժը կրկնապատկելու է. Բայց իմաստութիւնը կ’օգնէ, որ յաջողի։11. Եթէ օձը թովելէն առաջ խածնէ, Այն ատեն թովիչը օգուտ մը չունենար։12. Իմաստունին բերնին խօսքերը շնորհալի են, Բայց անմիտին շրթունքները զինք կ’սպառեն։13. Անոր բերնին խօսքերուն սկզբնաւորութիւնը անմտութիւն է Ու անոր խօսքին վերջը կատաղի խենդութիւն է։14. Յիմարը իր խօսքերը կը շատցնէ։ Մարդ ինչ ըլլալիքը չի գիտեր։ Անոր ո՞վ պիտի յայտնէ Թէ անկէ ետքը ի՛նչ պիտի ըլլայ։15. Յիմարներուն աշխատանքը զիրենք կը յոգնեցնէ, Քաղաքին ճամբան չգիտցողին պէս ։16. Վա՜յ քեզի, երկի՛ր, երբ քու թագաւորդ մանուկ է Ու իշխաններդ առտուն կերակուր կ’ուտեն։17. Երա՜նի քեզի, երկի՛ր, երբ քու թագաւորդ ազնուազարմ է Եւ քու իշխաններդ ժամանակին կ’ուտեն՝ Ուժի համար եւ ո՛չ թէ գինովութեան համար։18. Ծուլութիւնով շէնքը կը փլչի Եւ ձեռքերու թուլութիւնով տունը կը կաթի։19. Կոչունքը ծիծաղելու համար կ’ընէն Ու գինին կեանքը կ’ուրախացնէ. Իսկ արծաթը ամէն բան կը գոհացնէ։20. Մտքիդ մէջ անգամ թագաւորին անէծք մի՛ տար Եւ քու ննջարանիդ մէջ մեծերուն անէծք մի՛ տար. Վասն զի երկնքի թռչունը այդ ձայնը կը տանի Ու թեւաւորը խօսքը կը պատմէ։Սաղմոսներ 103:6-146. Տէրը արդարութիւն ու իրաւունք կ’ընէ Բոլոր զրկուածներուն.7. Անիկա իր ճամբաները Մովսէսին ճանչցուց Ու իր գործերը՝ Իսրայէլի որդիներուն։8. Բարեգութ ու ողորմած է Տէրը, Երկայնամիտ ու առատ՝ ողորմութիւնով։9. Անիկա մինչեւ վերջը չի հակառակիր Եւ յաւիտեանս ոխ չի պահեր։10. Անիկա մեր մեղքերուն համեմատ չըրաւ մեզի Ու մեր անօրէնութիւններուն համեմատ հատուցում չըրաւ մեզի։11. Հապա որչափ որ երկինքը երկրէն բարձր է, Այնչափ իր ողորմութիւնը իրմէ վախցողներուն վրայ զօրաւոր է։12. Որչափ որ արեւելքը արեւմուտքէն հեռու է, Այնչափ հեռացուց մեզմէ մեր յանցանքները։13. Ինչպէս հայր մը կը գթայ իր որդիներուն վրայ, Այնպէս ալ Տէրը կը գթայ իրմէ վախցողներուն վրայ։14. Վասն զի ան գիտէ մեր կազմուածքը, Կը յիշէ թէ մենք հող ենք։Առակներ 24:10-1210. Եթէ նեղութեան օրը թուլնաս, Ոյժդ քիչ է։11. Ազատէ՛ զանոնք, որ մեռցուելու կը տարուին Ու սպաննուելու վրայ եղողները ազատելէն ետ մի՛ կենար։12. Եթէ ըսեն թէ՝ «Մենք ասիկա չգիտցանք», Ահա սրտերը քննողը կը հասկնայ Ու քու հոգիդ պաշտպանողը ինք գիտէ Եւ ամէն մարդու իր գործին չափովը պիտի հատուցանէ։1 Կորնթացիներ 10:19-3319. Ուրեմն ի՞նչ ըսեմ. կուռքը բա՞ն մըն է, կամ կուռքերու զոհուածը բա՞ն մըն է։20. Բայց այս կ’ըսեմ թէ՝ այն բաները որոնք հեթանոսները զոհ կ’ընեն, դեւերուն կը զոհեն ու ո՛չ թէ՝ Աստուծոյ ու չեմ ուզեր որ դուք դեւերուն հաղորդակից ըլլաք. չէք կրնար խմել Տէրոջը գաւաթը ու դեւերուն գաւաթը.21. Չէք կրնար վայելել Տէրոջը սեղանէն ու դեւերուն սեղանէն։22. Նախանձի՞ գրգռնեք Տէրը. միթէ մենք անկէ զօրաւո՞ր ենք։23. Ամէն բան ինծի օրինաւոր է, բայց ո՛չ թէ ամէն բան՝ օգտակար։ Ամէն բան ինծի օրինաւոր է, բայց ո՛չ թէ ամէն բան շինութիւն կ’ընէ։24. Չըլլայ որ մէկը միայն իր անձին օգուտը փնտռէ, հապա իր ընկերինն ալ ։25. Ամէն ինչ որ սպանդանոցին մէջ կը ծախուի՝ կերէք ու քննութիւն մի՛ ընէք խղճմտանքի համար.26. Վասն զի երկիրը իր լիութիւնովը Տէրոջն է։27. Եւ եթէ անհաւատներէն մէկը ձեզ կերակուրի հրաւիրէ եւ ուզէք երթալ, ամէն ինչ որ ձեր առջեւ դրուի՝ կերէք առանց խղճահարուելու։28. Բայց եթէ մէկը ձեզի ըսէ թէ՝ ‘Ատիկա կուռքի զոհուած է’, այն ատեն անոր համար որ ձեզի իմացուց ու անոր խղճմտանքին համար մի՛ ուտէք.29. Սակայն խղճմտանք կ’ըսեմ՝ ո՛չ թէ ձերը, հապա ընկերինը։ Բայց ինչո՞ւ իմ ազատութիւնս պիտի կաշկանդուի ուրիշին խղճմտանքին համար։30. Եթէ ես շնորհակալութեամբ կը վայելեմ՝ ինչո՞ւ համար հայհոյեն ինծի, քանի որ կը գոհանամ։31. Արդ՝ թէ՛ ուտէք, թէ՛ խմէք եւ թէ ի՛նչ գործ որ ընէք, ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ըրէք։32. Գայթակղութեան պատճառ մի՛ ըլլաք՝ ո՛չ Հրեաներուն, ո՛չ հեթանոսներուն եւ ո՛չ ալ Աստուծոյ եկեղեցիին։33. Ինչպէս ես ալ ամէն կերպով ամենուն հաճոյ կ’ըլլամ ու չեմ փնտռեր իմ անձիս օգուտը, հապա շատերունը՝ որպէս զի փրկուին։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981