1. Քու հացդ ջուրերու երեսին վրայ ձգէ, Վասն զի շատ օրերէն ետքը զանիկա պիտի գտնես։
2. Եօթնին եւ ութին ալ բաժին տուր, Վասն զի չես գիտեր թէ երկրի վրայ ի՛նչ պատուհաս պիտի գայ։
3. Եթէ ամպերը լեցուն ըլլան, Երկրի վրայ անձրեւ կը թափեն։ Երբ ծառ մը դէպի հարաւ կամ դէպի հիւսիս իյնայ, Այն ծառը ինկած տեղը կը մնայ։
4. Հովը դիտողը չի կրնար ցանել Եւ ամպերուն նայողը չի կրնար հնձել։
5. Ինչպէս դուն հովին ճամբան ո՛րն ըլլալը Ու յղիին որովայնին մէջ ոսկորներուն ի՛նչպէս կազմուիլը չես գիտեր, Նոյնպէս ամենաստեղծ Աստուծոյն գործը չես գիտեր։
6. Առտուն քու սերմդ ցանէ Եւ իրիկունը քու ձեռքդ պարապ մի՛ թողուր. Վասն զի չես գիտեր թէ ո՞րը օգտակար պիտի ըլլայ՝ Ա՞յս թէ այն, Կամ թէ երկուքը հաւասարապէս աղէկ պիտի ըլլան։
7. Իրաւ որ լոյսը քաղցր է Ու արեւը տեսնելը աչքերու ախորժելի է։
8. Թէեւ մարդ մը շատ տարի ապրի Ու անոնց ամենուն մէջ ուրախանայ, Խաւարի օրերն ալ յիշելու է, Վասն զի անոնք շատ պիտի ըլլան։ Բոլոր գալիքը ունայնութիւն է։
9. Ո՛վ երիտասարդ, քու մանկութեանդ մէջ ուրախ եղիր Ու երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ սիրտդ թող քեզ զուարճացնէ Եւ քու սրտիդ ճամբաներովը Ու աչքերուդ նայուածքով քալէ. Բայց գիտցիր թէ ասոնց ամենուն համար Աստուած քեզ դատաստանի պիտի կանչէ։
10. Քու սրտէդ տրտմութիւնը վերցո՛ւր Ու մարմնէդ չարութիւնը հեռացո՛ւր, Վասն զի մանկութիւնն ու երիտասարդութիւնն ալ ունայնութիւն են։
1. Քու Ստեղծիչդ երիտասարդութեան օրերուն մէջ յիշէ, Դեռ թշուառութեան օրերը չեկած Ու այն տարիները չհասած, Որոնց մէջ պիտի ըսես՝ «Անոնց չեմ հաւնիր»,
2. Արեւը, լոյսը, լուսինն ու աստղերը չխաւարած Ու անձրեւին ետեւէն ամպերը չդարձած։
3. Այն օրը որ տանը պահապանները պիտի դողան Ու զօրաւոր մարդիկը պիտի ծռին Եւ աղացողները քիչ մնալնուն համար պիտի դադարին Ու պատուհաններէն նայողները պիտի մթննան
4. Ու երբ աղօրիքին ձայնը տկարանայ, Փողոցներուն մէջ դռները պիտի գոցուին, Եւ թռչունի ձայնով պիտի արթննան Ու բոլոր երգող աղջիկները նկուն պիտի ըլլան։
5. Բարձրէն պիտի վախնան, Ճամբուն մէջ վախկոտ պիտի ըլլան։ Եւ նշենին պիտի ծաղկի Ու մարախը ծանրութիւն պիտի սեպուի Եւ ախորժակը պիտի դադարի. Վասն զի մարդ իր յաւիտենական տունը կ’երթայ Ու լացողները փողոցներուն մէջ պիտի շրջին։
6. Դեռ արծաթէ թելը չփրթած, Ոսկիէ բաժակը չկոտրած, Սափորը աղբիւրին քով չփշրուած Ու ջրհորին վրայի անիւը չկոտրուած։
7. Այն ատեն հողը երկիր պիտի դառնայ՝ առաջուան եղածին պէս Ու հոգին Աստուծոյ պիտի դառնայ, որ զանիկա տուաւ։
8. Ունայնութի՜ւն ունայնութեանց, ըսաւ Ժողովողը, Ամէն բան ունայնութիւն է։
9. Որչափ որ Ժողովողը իմաստուն էր, Այնչափ ալ ժողովուրդին գիտութիւն սորվեցուց։ Խորհելով ու քննելով Շատ առակներ շարադրեց։
10. Ժողովողը փնտռեց, որ ախորժելի խօսքեր գտնէ։ Գրուածը ուղիղ եւ ճշմարիտ խօսքեր են։
11. Իմաստուններուն խօսքերը խթաններու պէս են Ու ժողովներու տէրերէն գամուած բեւեռներու պէս՝ մէկ հովիւէ տրուած։
12. Վերջապէս, որդեա՛կ իմ, անոնցմէ խրատ ա՛ռ։ Շատ գիրք շինելը ծայր չունի Ու շատ կարդալը մարմինը կը յոգնեցնէ։
13. Այս բոլոր խօսքին վախճանը լսենք։ Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանքները պահէ՛, Վասն զի մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է։
14. Քանզի Աստուած ամէն գործ, Ամէն ծածուկ բաներու հետ, Թէ՛ բարին եւ թէ՛ չարը դատաստանի պիտի բերէ։
15. Մարդուն օրերը խոտի պէս են, Դաշտի ծաղիկի պէս կը ծաղկին։
16. Վասն զի հովը անոր վրայէն կ’անցնի ու ան կ’ոչնչանայ Եւ ա՛լ անոր տեղը չի ճանչնար զանիկա։
17. Բայց Տէրոջը ողորմութիւնը յաւիտեանս յաւիտենից իրմէ վախցողներուն վրայ է Ու անոր արդարութիւնը՝ որդիներուն որդիներուն վրայ.
18. Անոնց վրայ է ՝ որոնք կը պահեն անոր ուխտը Եւ կը յիշեն անոր պատուիրանքները եւ կը կատարեն։
19. Տէրը իր աթոռը երկնքի մէջ հաստատեց։ Անոր թագաւորութիւնը ամենուն վրայ կը տիրէ։
20. Օրհնեցէ՛ք Տէրը, ո՛վ հրեշտակներ, որ ուժով զօրաւոր էք, Որ անոր խօսքին ձայնը լսելով՝ իր հրամանը կը կատարէք։