Աստվածաշունչը մեկ տարում Օգոստոս 5Աշխատանք 1:1-221. Հուս երկրին մէջ Յոբ անունով մարդ մը կար։ Այն մարդը կատարեալ ու արդար եւ աստուածավախ էր ու չարութենէ ետ կը քաշուէր։2. Անոր եօթը տղայ ու երեք աղջիկ ծնան։3. Անոր ստացուածքը եօթը հազար ոչխար ու երեք հազար ուխտ եւ հինգ հարիւր զոյգ եզ ու հինգ հարիւր մատակ էշ էր ու խիստ շատ ծառաներ ունէր ։ Այն մարդը բոլոր արեւելքցիներէն մեծ էր։4. Անոր տղաքը կ’երթային ու ամէն մէկը իր օրը տուներնին հացկերոյթ կ’ընէին եւ մարդ ղրկելով երեք քոյրերնին կը հրաւիրէին, որպէս զի իրենց հետ ուտեն ու խմեն։5. Երբ հացկերոյթին օրերը կը լմննային, Յոբ կանչել կու տար՝ ՝ զանոնք ու կը սրբէր եւ առտուն կ’ելլէր՝ անոնց ամենուն թուովը ողջակէզներ կը մատուցանէր. որովհետեւ կ’ըսէր Յոբ. «Կարելի է տղաքս մեղք գործեցին ու սրտերնուն մէջ Աստուծոյ հայհոյեցին»։ Միշտ այսպէս կ’ընէր Յոբ։6. Արդ՝ օր մը՝ Աստուծոյ որդիները գացին Տէրոջը առջեւ կայնելու։ Սատանան ալ գնաց անոնց հետ։7. Տէրը ըսաւ Սատանային. «Ուրկէ՞ կու գաս»։ Ու սատանան պատասխան տուաւ Տէրոջը ու ըսաւ. «Երկրի վրայ շրջելէն ու անոր վրայ պտըտելէն»։8. Տէրը ըսաւ Սատանային. «Իմ Յոբ ծառայիս աղէկ ուշադրութիւն ըրի՞ր։ Երկրի վրայ անոր պէս կատարեալ եւ արդար, աստուածավախ ու չարութենէ ետ քաշուող մարդ չկայ»։9. Սատանան պատասխան տուաւ Տէրոջը ու ըսաւ. «Միթէ Յոբ ձրի՞ Աստուած կը պաշտէ։10. Չէ՞ որ դուն անոր ու անոր տանը եւ անոր ամէն ունեցածներուն շուրջը ցանկով պատեցիր, անոր ձեռքերուն գործերը օրհնեցիր ու անոր ստացուածքը երկրի վրայ շատցաւ։11. Հիմա ձեռքդ երկնցուր ու անոր ամէն ունեցածին դպչէ ու պիտի տեսնես թէ ի՛նչպէս քեզի պիտի հայհոյէ»։12. Տէրը ըսաւ Սատանային. «Ահա անոր ամէն ունեցածը քու ձեռքդ կու տամ. միայն թէ իրեն վրայ ձեռք չերկնցնես»։ Այն ժամանակ Սատանան Տէրոջը առջեւէն գնաց։13. Օր մը Յոբին տղաքն ու աղջիկները իրենց մեծ եղբօրը տանը մէջ կ’ուտէին ու գինի կը խմէին։14. Պատգամաբեր մը եկաւ Յոբին ու ըսաւ. «Երբ եզները կը հերկէին ու մատակ էշերը անոնց քով կ’արածուէին,15. Սեբայեցիները յարձակեցան ու զանոնք առին ու ծառաները սուրի բերնէ անցուցին։ Միայն ե՛ս ազատեցայ ու եկայ. որպէս զի քեզի պատմեմ»։16. Երբ անիկա տակաւին կը խօսէր, ուրիշ մէկն ալ եկաւ ու ըսաւ. «Երկնքէն Աստուծոյ կրակը իջաւ ու հօտերը եւ ծառաները այրեց ու զանոնք սպառեց եւ միայն ես ազատեցայ եւ եկայ որ քեզի պատմեմ»։17. Երբ անիկա տակաւին կը խօսէր, ուրիշ մէկն ալ եկաւ ու ըսաւ. «Քաղդէացիները երեք գունդի բաժնուած՝ ուղտերուն վրայ յարձակեցան եւ զանոնք առին ու ծառաները սուրի բերնէ անցուցին։ Միայն ե՛ս ազատեցայ ու եկայ, որպէս զի քեզի պատմեմ»։18. Երբ անիկա տակաւին կը խօսէր, ուրիշ մէկն ալ եկաւ ու ըսաւ. «Երբ տղաքդ ու աղջիկներդ իրենց մեծ եղբօրը տանը մէջ կ’ուտէին ու գինի կը խմէին,19. Ահա անապատէն մեծ հով մը եկաւ ու այնպէս զարկաւ տանը, որ անոնց վրայ փլաւ ու անոնք մեռան։ Միայն ե՛ս ազատեցայ ու եկայ, որպէս զի քեզի պատմեմ»։20. Այն ատեն Յոբ ելաւ, իր պատմուճանը պատռեց եւ գլխուն մազերը կտրեց ու գետինը իյնալով երկրպագութիւն ըրաւ21. Ու ըսաւ. «Մօրս արգանդէն մերկ ելայ ու հոն մերկ պիտի դառնամ։ Տէրը տուաւ ու Տէրը առաւ, օրհնեալ ըլլայ Տէրոջը անունը»։22. Այս ամենուն մէջ Յոբ չմեղանչեց ու Աստուծոյ դէմ անզգամութիւն չըրաւ։Աշխատանք 2:1-131. Ուրիշ օր մը Աստուծոյ որդիները գացին Տէրոջը առջեւ։ Սատանան ալ գնաց անոնց հետ։2. Տէրը ըսաւ Սատանային. «Ուրկէ՞ կու գաս»։ Սատանան պատասխան տուաւ Տէրոջը ու ըսաւ. «Երկրի վրայ շրջելէն ու անոր մէջ պտըտելէն»։3. Տէրը Սատանային ըսաւ. «Իմ Յոբ ծառայիս աղէկ ուշադրութիւն ըրի՞ր։ Երկրի վրայ անոր պէս կատարեալ եւ արդար, աստուածավախ ու չարութենէ ետ քաշուող մարդ չկայ։ Անիկա տակաւին իր կատարելութեանը մէջ հաստատ է, թէեւ դուն ուզեցիր զիս համոզել, որ անիկա զուր տեղը կորսնցնեմ»։4. Սատանան պատասխան տուաւ ու Տէրոջը ըսաւ. «Մորթի տեղ՝ մորթ, նաեւ մարդս իր բոլոր ստացուածքը իր կեանքին տեղը կու տայ։5. Բայց հիմա ձեռքդ երկնցուր ու անոր ոսկորին ու մարմնին դպչէ ու պիտի տեսնես թէ ի՛նչպէս քեզի պիտի հայհոյէ»։6. Տէրը ըսաւ Սատանային. «Ահա զանիկա քու ձեռքդ կու տամ. միայն թէ անոր կեանքը պահէ»։7. Սատանան գնաց Տէրոջը առջեւէն ու Յոբը՝ ոտքին թաթէն մինչեւ գագաթը՝ գէշ պալարներով զարկաւ։8. Անիկա խեցիի կտոր մը առաւ, որպէս զի անով քերուի ու մոխիրի մէջ նստաւ։9. Անոր կինը ըսաւ անոր. «Դուն տակաւին քու կատարելութեանդ մէջ հաստատ կը կենա՞ս. Աստուծոյ հայհոյէ ու մեռիր»։10. Յոբ ըսաւ անոր. «Դուն անզգամ կնոջ մը պէս կը խօսիս։ Աստուծոյ ձեռքէն միայն բարի՞ք ընդունինք ու չարիք չընդունի՞նք»։ Այս ամենուն մէջ Յոբ իր շրթունքներովը չմեղանչեց։11. Յոբին երեք բարեկամները, Եղիփազ Թեմանացին, Բաղդատ Սօքեցին ու Սոփար Նաամացին, երբ լսեցին անոր գլխուն եկած բոլոր փորձութիւնները, ամէն մէկը իր տեղէն ելլելով եկան ու մէկտեղ հաւաքուեցան, որպէս զի երթան ցաւակից ըլլան անոր ու զանիկա մխիթարեն։12. Հեռուէն աչքերնին վերցնելով տեսան, բայց չճանչցան զանիկա եւ ձայներնին վերցուցին ու լացին։ Ամէն մէկը իր պատմուճանը պատռելով՝ դէպի երկինք իրենց գլուխներուն վրայ հող ցանեցին։13. Անոր հետ եօթը օր ու եօթը գիշեր գետնի վրայ նստան։ Մէ՛կը անոր խօսք մը չըսաւ, քանզի տեսան որ անոր ցաւը խիստ սաստիկ էր։Սաղմոսներ 91:7-137. Հազար հոգի քու քովէդ Ու տասը հազար՝ քու աջ կողմէդ պիտի իյնան, Բայց քեզի հարուած մը պիտի չմօտենայ։8. Միայն քու աչքերովդ պիտի նայիս Ու ամբարիշտներուն հատուցումը պիտի տեսնես։9. Որովհետեւ դուն Տէրը՝ իմ Ապաւէնս, Բարձրեալը՝ քեզի ապաստանարան ըրիր,10. Քեզի չարիք պիտի չհասնի Եւ քու բնակարանիդ հարուած մը պիտի չմօտենայ։11. Վասն զի իր հրեշտակներուն պիտի ապսպրէ քեզի համար, Որ քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ քեզ պահեն։12. Անոնք ձեռքերնուն վրայ պիտի վերցնեն քեզ, Որ չըլլայ թէ ոտքդ քարի զարնես։13. Առիւծի ու իժի վրայ պիտի քալես. Առիւծի կորիւնը ու վիշապը պիտի կոխկռտես։Առակներ 22:13-1413. Ծոյլը կ’ըսէ. «Դուրսը առիւծ կայ, Հրապարակին մէջ պիտի մեռցուիմ»։14. Օտար կիներուն բերանը խորունկ փոս է, Տէրոջը ատելի եղողը հոն կ’իյնայ։հռոմեական 7:1-251. Միթէ չէ՞ք գիտեր, եղբայրնե՛ր, (քանզի ես օրէնքը գիտցողներուն կը խօսիմ,) որ օրէնքը մարդուս վրայ կ’իշխէ՝ որչափ ժամանակ որ ողջ է։2. Վասն զի այր ունեցող կինը իր ողջ էրկանը կապուած է օրէնքով. բայց եթէ այրը մեռնի, արձակուած է էրկանը օրէնքէն։3. Ուրեմն քանի որ այրը ողջ է, շուն պիտի կոչուի՝ եթէ ուրիշ էրկան մը կին ըլլայ. բայց եթէ այրը մեռնի, այն օրէնքէն ազատ կ’ըլլայ, այնպէս որ շնացող չըլլար՝ եթէ ուրիշ էրկան մը կին ըլլայ։4. Ուստի դո՛ւք ալ, իմ եղբայրներս Քրիստոսին մարմնովը օրէնքին մեռաք. որպէս զի ուրիշի մը ըլլաք, անոր՝ որ մեռելներէն յարութիւն առեր է որպէս զի Աստուծոյ պտուղ բերէք։5. Քանզի երբ մենք մարմնով էինք՝ մեղքերու կրքերը, որոնք օրէնքով կ’ըլլային, մեր անդամներուն մէջ կը ներգործէին, որպէս զի մենք մահուան պտուղ բերենք։6. Բայց հիմա այն օրէնքէն արձակուեցանք. վասն զի մեռանք անոր՝ որով բռնուած էինք որպէս զի մենք ծառայենք հոգիին նորոգութիւնովը եւ ո՛չ թէ գրին հնութիւնովը։7. Ուրեմն ի՞նչ ըսենք. օրէնքը մե՞ղք է։ Քա՛ւ լիցի. բայց ես մեղքը պիտի չճանչնայի, եթէ օրէնքով չըլլար. ինչպէս ցանկութիւնն ալ պիտի չգիտնայի, եթէ օրէնքը ըսած չըլլար՝ ‘Մի՛ ցանկար’։8. Բայց մեղքը՝ պատուիրանքը առիթ սեպելով՝ իմ մէջս ցանկութիւններ գոյացուց։ Վասն զի առանց օրէնքի՝ մեղքը մեռած է։9. Ես ալ առանց օրէնքի ատեն մը կենդանի էի. բայց երբ պատուիրանքը վրաս հասաւ, մեղքը ողջնցաւ10. Եւ ես մեռայ ու այն պատուիրանքը որ կեանքի համար էր, նոյնը ինծի մահուան համար եղաւ։11. Վասն զի մեղքը պատուիրանքը առիթ սեպելով՝ զիս խաբեց ու անով մեռցուց։12. Ուստի օրէնքը սուրբ է ու պատուիրանքը՝ սուրբ եւ արդար ու բարի։13. Ուրեմն բարին ինծի մա՞հ եղաւ։ Քա՛ւ լիցի, հապա մեղքը իմ մէջս մահ գործեց այս բանին միջոցով, որ բարի է, որպէս զի մեղքին իսկական բնոյթը յայտնուի, պատուիրանքով մեղքին շիտակ մեղք ըլլալը հաստատուի։14. Վասն զի գիտենք թէ օրէնքը հոգեւոր է, բայց ես մարմնաւոր եմ՝ մեղքի տակ ծախուած։15. Քանզի ինչ որ կ’ընեմ՝ չեմ ճանչնար։ Չէ թէ ինչ որ կ’ուզեմ զայն կ’ընեմ, հապա ինչ որ կ’ատեմ՝ զայն կ’ընեմ։16. Բայց եթէ չուզածս կ’ընեմ, հաւանութիւն կու տամ օրէնքին՝ թէ բարի է։17. Իսկ արդ՝ ո՛չ թէ ես կ’ընեմ զանիկա, հապա մեղքը՝ որ իմ ներսիդիս կը բնակի։18. Քանզի գիտեմ որ իմ ներսիդիս, այսինքն իմ մարմնիս մէջ, բարի բան մը չի բնակիր. վասն զի կամեցողութիւն կայ քովս, բայց բարին ի գործ դնելը չեմ կրնար։19. Քանզի ո՛չ թէ բարին որ կ’ուզեմ, զայն կ’ընեմ, հապա չարը՝ որ չեմ ուզեր, զայն կ’ընեմ։20. Իսկ եթէ չուզած բանս կ’ընեմ, ալ ո՛չ թէ ես կ’ընեմ զանիկա, հապա մեղքը՝ որ իմ ներսիսդիս բնակած է։21. Ուստի ես կը գտնեմ օրէնք մը, որ երբ բարին ընելը կամենամ, չարը իմ քովս կ’ըլլայ։22. Վասն զի ներսի մարդուն նայելով՝ Աստուծոյ օրէնքին կը հաւնիմ.23. Բայց ուրիշ օրէնք մը կը տեսնեմ իմ անդամներուս մէջ, որ իմ մտքիս օրէնքին դէմ կը պատերազմի եւ զիս գերի կ’ընէ մեղքի օրէնքին, որ իմ անդամներուս մէջ է։24. Ի՜նչ խղճալի մարդ եմ ես. ո՞վ պիտի ազատէ զիս այս մահկանացու մարմնէն։25. Գոհութիւն Աստուծոյ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով։ Ուրեմն ես ինքս մտքով Աստուծոյ օրէնքին կը ծառայեմ ու մարմնով՝ մեղքի օրէնքին։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981