8. Ինչպէս տեսայ, անօրէնութիւն հերկողները Եւ անիրաւութիւն ցանողները նոյնը կը հնձեն։
9. Աստուծոյ շունչէն կը կորսուին Ու անոր ռնգունքին արտաշնչումէն բնաջինջ կ’ըլլան։
10. Անիկա կը խափանէ առիւծին մռնչիւնը եւ մռնչող առիւծին ձայնը Ու կորիւններուն ակռաները կը կոտրտուին։
11. Առիւծը առանց որսի կը կորսուի Ու մատակ առիւծին կորիւնները կը ցրուին։
12. Ինծի գաղտուկ կերպով խօսք մը ըսուեցաւ Ու անոր շշունջը ականջս հասաւ։
13. Գիշերուան տեսիլքներուն արհաւիրքը Քունի մէջ թմրած մարդուն վրայ կ’իջնէ։
14. Վրաս այնպիսի վախ մը ու դող մը եկաւ, Որ բոլոր ոսկորներս ցնցեց։
15. Առջեւէս ոգի մը անցաւ Ու մարմնիս մազերը փուշ փուշ եղան։
16. Անիկա կայնեցաւ, բայց ես չկրցայ զանազանել անոր կերպարանքը. Աչքերուս առջեւ երեւոյթ մը կար։ Լռութիւն եղաւ ու ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր.
17. «Միթէ մարդը Աստուծոյ առջեւ արդար կրնա՞յ ըլլալ, Մարդը Արարիչէն աւելի մաքուր կրնա՞յ ըլլալ»։
18. Ահա անիկա իր ծառաներուն չի հաւատար։ Իր հրեշտակներուն վրայ պակասութիւն կը գտնէ։
19. Ալ ո՞ւր կը մնան անոնք, որ կաւեղէն տուներու մէջ կը բնակին, Որոնց հիմը փոշիին մէջ է եւ որոնք ցեցէն առաջ կը ճզմուին։
20. Անոնք առաւօտէն մինչեւ իրիկուն կը ճնշուին Ու առանց մէկուն իմանալուն կը կորսուին յաւիտեան։
21. Ահա անոնց վրայ եղած փառաւորութիւնը կը վերցուի։ Անոնք կը մեռնին առանց իմաստուն ըլլալու»։
14. Որովհետեւ ինծի կը ցանկայ, Անոր համար ես պիտի փրկեմ զանիկա. Անոր ամրութիւն պիտի ըլլամ, Վասն զի անիկա իմ անունս գիտցաւ։
15. Ինծի պիտի կանչէ ու ես անոր պատասխան պիտի տամ, Նեղութեան մէջ անոր հետ պիտի ըլլամ, Պիտի ապրեցնեմ ու փառաւորեմ զանիկա,
16. Երկայն օրերով պիտի կշտացնեմ զանիկա Ու իմ փրկութիւնս անոր պիտի ցուցնեմ։
15. Մանուկին սրտին մէջ յիմարութիւնը կապուած է. Խրատի գաւազանը զանիկա կը հեռացնէ անկէ։
1. Իսկ արդ դատապարտութիւն չկայ Քրիստոս Յիսուսով եղողներուն, որոնք մարմնաւոր կերպով չեն վարուիր ։
2. Քանզի Քրիստոս Յիսուսով կեանքի հոգիին օրէնքը զիս ազատեց մեղքի եւ մահուան օրէնքէն։
3. Վասն զի այն որ օրէնքին համար անկարելի էր, որովհետեւ տկար էր մարմնով, Աստուած իր Որդին ղրկելով մեղանչական մարմնի նմանութեամբ ու մեղքի համար եւ դատապարտեց մեղքը այն մարմնին մէջ.
4. Որպէս զի օրէնքին արդարութիւնը կատարուի մեր մէջ, քանի որ մարմնաւորապէս չենք քալեր, հապա՝ հոգեւորապէս։
5. Քանզի մարմնաւոր եղողները մարմնին բաները կը մտածեն ու հոգեւոր եղողները՝ հոգիին բաները։
6. Վասն զի մարմնաւոր խորհուրդը մահ է, իսկ հոգեւոր խորհուրդը՝ կեանք ու խաղաղութիւն։
7. Քանզի մարմնաւոր խորհուրդը Աստուծոյ դէմ թշնամութիւն է. վասն զի Աստուծոյ օրնէքին չի հնազանդիր, մանաւանդ չի կրնար ալ։
8. Վասն զի մարմնով եղողները չեն կրնար Աստուծոյ հաճոյ ըլլալ։
9. Բայց դուք մարմնով չէք, հապա՝ հոգիով, եթէ Աստուծոյ Հոգին ձեր մէջ բնակած է. իսկ եթէ մէկը Քրիստոսին Հոգին չունի անիկա անորը չէ։
10. Եւ եթէ Քրիստոս ձեր մէջ է, ա՛լ մարմինը մեռած է մեղքի համար ու հոգին կենդանի է արդարութեան համար։
11. Իսկ եթէ Յիսուսը մեռելներէն յարուցանողին Հոգին ձեր մէջ բնակած է, ուրեմն անիկա որ Քրիստոսը մեռելներէն յարուցանեց, պիտի կենդանացնէ ձեր մահկանացու մարմիններն ալ իր Հոգիովը որ ձեր մէջ կը բնակի։
12. Ապա ուրեմն, եղբայրնե՛ր, պարտական ենք, ո՛չ թէ մարմնին՝ մարմնաւորապէս ապրելու համար.
13. Վասն զի եթէ մարմնաւորապէս ապրելու ըլլաք, պիտի մեռնիք. բայց եթէ Հոգիով մարմնին գործերը սպաննէք, պիտի ապրիք։
14. Վասն զի անոնք որ Աստուծոյ Հոգիովը կ’առաջնորդուին, անոնք Աստուծոյ որդիներն են։
15. Քանզի դուք ծառայութեան հոգին չառիք կրկին վախնալու, հապա որդեգրութեան հոգին առիք, որ անով կը կանչենք Աբբա Հայր։
16. Նոյն ինքն Հոգին վկայութիւն կու տայ մեր հոգիին հետ, թէ մենք Աստուծոյ որդիներն ենք.
17. Եւ եթէ որդիներ, ուրեմն՝ ժառանգորդներ, Աստուծոյ ժառանգորդները ու Քրիստոսին ժառանգակիցներ, որպէս զի եթէ իր չարչարանքներուն կցորդ ըլլանք, իր փառքին ալ հաղորդ ըլլանք։
18. Վասն զի ես այսպէս կը նկատեմ թէ այս ժամանակին չարչարանքները բան մը չեն գալու փառքին քով՝ որ մեզի պիտի յայտնուի։
19. Զի ստեղծուածները մեծ ակնկալութեամբ Աստուծոյ որդիներուն յայտնուելուն կը սպասեն։
20. Վասն զի ունայնութեան հնազանդեցան ստեղծուածները, (ոչ թէ իրենց կամքովը՝ հապա անոր համար որ Աստուած հնազանդեցուց,)
21. Այն յոյսով, որ ստեղծուածները իրենք ալ ապականութեան ծառայութենէն ազատուելով, Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը պիտի հասնին ։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981