Աստվածաշունչը մեկ տարում
Օգոստոս 7

1. «Հիմա աղաղակէ՛։ Քեզի պատասխան տուող մը կա՞յ արդեօք Ու սուրբերէն որո՞ւն պիտի դարձնես քու երեսդ։
2. Ստոյգ է, որ բարկութիւնը յիմարը կը սպաննէ Ու նախանձը անմիտը կը մեռցնէ։
3. Ես յիմարին արմատանալը տեսայ, Բայց շուտով անոր բնակութիւնը անիծեցի։
4. Անոր որդիները ապահովութենէ հեռու են. Անոնք դրանը մէջ կը կոխկռտուին Եւ ազատող մը չի գտնուիր։
5. Անօթի եղողը կ’ուտէ անոր հունձքը Ու զանիկա փուշերու մէջէն կը յափշտակէ Ու աւարառուն կը կլլէ անոնց ստացուածքը։
6. Թէեւ չարիքը հողէն չ’ելլեր Ու թշուառութիւնը գետնէն չի բուսնիր.
7. Բայց մարդը թշուառութեան համար կը ծնանի, Ինչպէս կրակի կայծերը՝ ՝ վեր կը թռչին։
8. Իսկ ես Աստուծոյ պիտի դիմէի, Իմ գործս Աստուծոյ պիտի յանձնէի,
9. Որ այնպիսի մեծ ու անքննելի բաներ կ’ընէ, Անհամար սքանչելիքներ կ’ընէ, որոնք կարելի չէ համրել։
10. Անիկա երկրի վրայ անձրեւ կու տայ Ու դաշտերուն վրայ ջուրեր կը ղրկէ։
11. Նաեւ ցածերը կը բարձրացնէ Ու սգաւորները ապահովութեան կը հասցնէ։
12. Անիկա խորամանկներուն խորհուրդները կը ցրուէ, Որպէս զի ձեռքերնին կարող չըլլան իրենց գործերը գլուխ հանել։
13. Իմաստունները իրենց խորամանկութեանը մէջ կը բռնէ Ու նենգաւորներուն խորհուրդը շուտով կը խափանէ։
14. Ցորեկը մութի կը բռնուին Ու կէսօրին գիշերուան պէս խարխափելով կը քալեն ։
15. Բայց աղքատը սուրէն, անոնց բերնէն Ու հզօրին ձեռքէն կ’ազատէ։
16. Այսպէս աղքատը յոյս կ’ունենայ, Իսկ անօրէնը իր բերանը կը գոցէ։
17. Ահա երանելի է այն մարդը, որ Աստուած կը խրատէ։ Ուրեմն Ամենակարողին յանդիմանութիւնը մի՛ անարգեր.
18. Վասն զի ինք կը վիրաւորէ ու կը փաթթէ. Կը զարնէ ու իր ձեռքերը կը բժշկեն։
19. Վեց նեղութիւններէ քեզ պիտի ազատէ Ու եօթներորդին՝ քեզի չարիք պիտի չդպչի։
20. Սովի ժամանակ քեզ մահուանէ պիտի ազատէ Ու պատերազմին մէջ՝ սուրին ձեռքէն
21. Լեզուի խարազանէն ապահով պիտի ըլլաս, Երբ կործանումը գայ անկէ պիտի չվախնաս.
22. Կործանումին ու սովին վրայ պիտի ծիծաղիս Ու երկրի գազաններէն պիտի չվախնաս։
23. Քանզի դաշտի քարերուն հետ դաշինք պիտի կնքես Ու դաշտի գազանները քեզի հետ խաղաղութեամբ պիտի վարուին։
24. Ու պիտի գիտնաս թէ վրանիդ մէջ յաջողութիւն կայ Եւ քու բնակարանէդ բա՛ն մը պակաս պիտի չգտնես՝ ՝։
25. Եւ պիտի գիտնաս թէ քու զաւակներդ շատուոր են Ու քու սերունդդ երկրի խոտերուն պէս պիտի ըլլան։
26. Աղէկ մը ծերացած՝ գերեզմանը պիտի մտնես, Ցորենի խուրձերուն պէս՝ որոնք ժամանակին կը դիզուին։
27. Ահա մենք այս բանը քննեցինք։ Շիտակ է. Մտիկ ըրէ՛ անոր ու քու օգտիդ համար ճանչցիր զանիկա»։
1. Յոբ պատասխան տուաւ ու ըսաւ.
2. «Երանի՜ թէ իմ տրտմութիւնս աղէկ կշռուէր Ու իմ թշուառութիւնս մէկտեղ կշիռքի մէջ դրուէր։
3. Քանզի հիմա անիկա ծովուն աւազէն ծանր կ’ըլլայ. Անոր համար իմ խօսքերս կը հատնին։
4. Որովհետեւ Ամենակարողին նետերը իմ ներսիդիս են, Որոնց թոյնը իմ հոգիս կը ծծէ։ Աստուծոյ արհաւիրքները ինծի դէմ պատերազմելու շարուած են։
5. Միթէ վայրենի էշը խոտին քով կը զռնչէ՞. Կամ եզը իր մսուրին քով կը բառաչէ՞.
6. Անհամ բանը առանց աղի կ’ուտուի՞. Հաւկիթին ճերմկուցին մէջ համ կա՞յ արդեօք։
7. Այն բաները, որոնց սիրտս չէր ուզեր դպչիլ, Իմ զազրելի կերակուրս եղան։
8. Երանի՜ թէ ուզածս կատարուէր Ու տար Աստուած այն բանը, որուն կը սպասէի,
9. Այսինքն Աստուած զիս ճնշել ուզէր Ու ձեռքը երկնցնելով զիս կործանէր։
10. Բայց տակաւին մխիթարութիւն պիտի ունենամ Եւ անողորմ ցաւին մէջ պիտի ուրախանամ, Քանզի ես Սուրբին խօսքերը չուրացայ։
11. Ոյժս ի՞նչ է որ դիմանամ Ու վախճանս ի՞նչ է, որ կեանքս երկնցնեմ։
12. Միթէ իմ ոյժս քարերո՞ւ ոյժ է, Կամ թէ մարմինս պղնձեղէ՞ն է։
13. Չէ՞ որ օգնութենէ զուրկ եմ Ու ձեռնտուութիւնը հեռացած է ինծմէ։
14. Ան որ բարեկամի մը օգնութիւնը կը հեռացնէ, Ամենակարողին վախը կը մերժէ։
15. Իմ եղբայրներս հեղեղներու պէս խաբեցին զիս, Ձորերու հեղեղատներու պէս՝ որոնք կ’անցնին.
16. Որոնք սառէն պղտորած են, Երբ անոնց մէջ ձիւնը կը ծածկուի՝ ՝.
17. Տաքը տեսածնուն պէս կը հալին, Խիստ տաք ատեն իրենց տեղէն աներեւոյթ կ’ըլլան։
18. Կարաւանները իրենց ճամբան կը դարձնեն, Բայց դատարկ ելլելով՝ կը կորսուին.
19. Թեմայի կարաւանները նայեցան, Սաբայի ճամբորդները անոնց յուսացին.
20. Երբ կը յուսային՝ ամչցան, Երթալու ատեն կարմրեցան։
21. Արդարեւ ինծի անօգուտ եղաք, Թշուառութիւն տեսաք ու սոսկացիք։
22. Ես ձեզի ըսի՞՝ «Ինծի բերէք Ու ձեր ստացուածքէն ընծայ տուէք ինծի։
23. Կամ՝ զիս թշնամիին ձեռքէն ազատեցէք Ու բռնաւորներուն ձեռքէն զիս փրկեցէք»։
24. Սորվեցուցէք ինծի, որ լուռ կենամ Ու հասկցուցէք ինծի, թէ ի՞նչ բանի մէջ սխալեր եմ։
25. Ուղիղ խօսքերը որչա՜փ զօրաւոր են. Բայց ձեր յանդիմանութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ։
26. Ձեր կշտամբող խօսքերը զիս չեն կրնար լռեցնել Եւ ոչ ալ ձեր խօսքերուն պիտի անսամ։
27. Մանաւանդ որբին համար որոգայթ կը լարէք Ու ձեր բարեկամին համար հոր կը փորէք։
28. Հիմա հաճեցէք ինծի նայիլ։ Սուտ կը խօսի՞մ ձեր առջեւ։
29. Դարձէ՛ք, կ’աղաչեմ, որ անիրաւութիւն չըլլայ։ Այո՛, դարձէ՛ք, քանզի ասով իմ արդարութիւնս կը յայտնուի ։
30. Միթէ իմ լեզուիս վրայ անիրաւութիւն կա՞յ. Միթէ իմ քիմքս չար բաները չի՞ կրնար զանազանել»։
1. Բարի է գոհանալ Տէրոջմէն Ու սաղմոս ըսել քու անուանդ, ո՛վ Բարձրեալ,
2. Առտուները՝ քու ողորմութիւնդ Ու գիշերները քու հաւատարմութիւնդ պատմել
3. Տասը լար ունեցող նուագարանով ու տաւիղով Եւ քնարի ձայնով։
4. Վասն զի դուն, ո՛վ Տէր, քու գործովդ զիս ուրախացուցիր. Քու ձեռքերուդ գործերովը պիտի ցնծամ։
5. Ո՛վ Տէր, որքա՜ն մեծ են քու գործերդ, Շատ խորունկ են քու խորհուրդներդ։
6. Անմիտ մարդը ասիկա չ’իմանար Ու յիմարը չի հասկնար։
7. Թէ՝ ամբարիշտներուն խոտի պէս բուսնիլը Ու բոլոր անօրէնութիւն գործողներուն ծաղկիլը Իրենց յաւիտենական կորուստին կը տանին ։
16. Իր ստացուածքը շատցնելու համար աղքատին զրկանք ընողը Ու հարուստին տուողը՝ անշուշտ կարօտութեան պիտի մատնուի։
22. Քանզի գիտենք թէ բոլոր ստեղծուածները մինչեւ հիմա մէկտեղ կը հառաչեն ու ծնանելու ցաւ կը քաշեն։
23. Եւ ոչ միայն անոնք, հապա մենք ալ որ Հոգիին առաջին պտուղը ունինք, մենք մեզմէ մեր անձերուն մէջ կը հառաչենք՝ որդեգրութեան, այսինքն մեր մարմնին ազատութեանը սպասելով։
24. Վասն զի յոյսով փրկուեցանք. բայց յոյսը երբ տեսնուի, յոյս ըլլալէ կը դադրի, վասն զի ոեւէ մէկը տեսնուած բանին ինչո՞ւ պիտի յուսայ։
25. Իսկ եթէ չտեսնուած բաներուն կը յուսանք, համբերութիւնով պիտի սպասենք անոր ։
26. Նոյնպէս Հոգին ալ օգնութեան կը հասնի մեր տկարութիւններուն. քանզի ինչո՞ւ եւ ի՞նչպէս աղօթելու ենք՝ չենք գիտեր. բայց ինքը՝ Հոգին՝ բարեխօս կ’ըլլայ մեզի համար անբարբառ հառաչանքներով։
27. Եւ սրտերը Քննողը գիտէ Հոգիին ի՛նչ խորհիլը, քանզի Աստուծոյ կամքին համեմատ բարեխօսութիւն կ’ընէ սուրբերուն համար։
28. Սակայն գիտենք թէ ամէն բաները բարիին գործակից կ’ըլլան անոնց որ Աստուած կը սիրեն, որոնք անոր նախասահմանութիւնովը կանչուած են։
29. Վասն զի զանոնք որ առաջ կը ճանչնար, առաջուընէ սահմանեց իր Որդիին պատկերին կերպարանակից ըլլալու. որպէս զի անիկա անդրանիկ ըլլայ բազմաթիւ եղբայրներու մէջ։
30. Անոնք որ նախապէս սահմանեց նաեւ կանչեց զանոնք եւ անոնք որ կանչեց, նաեւ արդարացուց զանոնք եւ անոնք որ արդարացուց, նաեւ փառաւորեց զանոնք։
31. Ուրեմն ի՞նչ ըսենք այս բաներուն համար. ‘Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ պիտի ըլլայ մեզի հակառակ’։
32. Ան որ իր Որդիին չխնայեց, հապա մեր ամենուն համար մատնեց զանիկա, ալ ի՞նչպէս անոր հետ բոլոր բաները մեզի չի պարգեւեր։
33. Ո՞վ է որ Աստուծոյ ընտրածներուն դէմ մեղադիր կ’ըլլայ։ Աստուած է որ կ’արդարացնէ։
34. Ուրեմն ո՞վ է որ կը դատապարտէ։ Քրիստոս է որ մեռաւ, մանաւանդ որ յարութիւն ալ առաւ ու Աստուծոյ աջ կողմն է, որ նաեւ մեզի համար բարեխօսութիւն կ’ընէ։
35. Ուրեմն ո՞վ պիտի զատէ մեզ Քրիստոսին սէրէն. տառապա՞նքը, կամ նեղութի՞ւնը, կամ հալածա՞նքը, կամ սո՞վը, կամ մերկութի՞ւնը, կամ վտա՞նգը, կամ սո՞ւրը.
36. (Ինչպէս գրուած է. ‘Ամէն օր քեզի համար կը սպաննուինք. մորթուելու ոչխարի պէս կը սեպուինք’.)
37. Հապա այս ամէն բաներուն մէջ ա՛լ աւելի յաղթող կ’ըլլանք անո՛վ, որ մեզ սիրեց։
38. Վասն զի ես հաստատ գիտեմ թէ ո՛չ մահը, ո՛չ կեանքը, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ իշխանութիւնները, ո՛չ զօրութիւնները, ո՛չ ներկայ բաները, ո՛չ գալու բաները,
39. Ո՛չ բարձրութիւնը, ո՛չ խորունկութիւնը եւ ո՛չ ուրիշ արարած կրնայ մեզ զատել Աստուծոյ սէրէն՝ որ Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմով է։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981