Աստվածաշունչը մեկ տարում
Օգոստոս 8

1. «Միթէ մարդս երկրի վրայ պատերազմի ասպարէզ չունի՞ Եւ անոր օրերը վարձկանի մը օրերուն պէս չե՞ն ։
2. Ինչպէս ծառան իրիկուան շուքին կը փափաքի Ու վարձկանը իր վարձքին կ’սպասէ,
3. Այնպէս ունայնութեան ամիսներ բաժին տրուած են Ու թշուառութեան գիշերներ ինծի համար որոշուած են։
4. Պառկած ատենս կ’ըսեմ. ‘Ե՞րբ պիտի ելլեմ Ու գիշերը ե՞րբ պիտի անցնի’։ Մինչեւ արշալոյս անհանգստութեամբ լեցուած եմ։
5. Մարմինս որդերով ու հողի կոշտերով ծածկուած է։ Մորթս կը ճեղքուի ու կը հալի։
6. Օրերս ոստայնանկին կկոցէն արագ կ’անցնին Ու կը սպառին առանց յոյսի։
7. Յիշէ՛ թէ կեանքս հովի պէս է. Աչքս ասկէ յետոյ բարիք պիտի չտեսնէ։
8. Զիս տեսնողին աչքերը նորէն զիս պիտի չտեսնեն։ Քու աչքերդ իմ վրաս կը նային ու ես բնաջինջ կ’ըլլամ։
9. Ինչպէս ամպը կը ցրուի կ’երթայ, Այնպէս գերեզմանը իջնողը պիտի չելլէ.
10. Անիկա ա՛լ իր տունը պիտի չդառնայ Ու իր բնակարանը ա՛լ զանիկա պիտի չճանչնայ։
11. Ուստի ես իմ բերանս պիտի չզսպեմ. Հոգիիս նեղութիւնովը պիտի խօսիմ, Սրտիս դառնութիւնովը պիտի գանգատիմ։
12. Միթէ ես ծո՞վ եմ, կամ կէ՞տ, Որ իմ վրաս պահապաններ կը դնես։
13. Երբ ես կ’ըսեմ՝ ‘Անկողինս զիս պիտի մխիթարէ Ու մահիճս իմ գանգատներս պիտի պակսեցնէ’,
14. Զիս երազներով կը վախցնես Ու ցնորքներով կը զարհուրեցնես։
15. Ուստի աւելի կ’ընտրեմ խեղդուիլ ու մեռնիլը, Քան թէ իմ ոսկորներուս պահպանուիլը ։
16. Ես ձանձրացած եմ ու չեմ ուզեր յաւիտեան ապրիլ։ Ինծմէ ե՛տ կեցիր, վասն զի իմ օրերս ունայնութիւն են։
17. Մարդը ո՞վ է, որ դուն զանիկա մեծ բան մը կը համարես Ու անոր հոգ կը տանիս։
18. Ամէն առտու զանիկա կը դիտես, Ամէն վայրկեան կը փորձես։
19. Մինչեւ ե՞րբ ինծմէ ետ պիտի չկենաս. Թուքս կլլելու չա՞փ ալ թող չես տար։
20. Եթէ մեղանչեմ, քեզի ի՞նչ ընեմ, ո՛վ մարդիկը Քննող. Ինչո՞ւ համար զիս քու նշանակէտդ ըրիր ու ես ինծի բեռ եղայ։
21. Եւ ինչո՞ւ մեղքս չես ներեր Ու իմ անօրէնութիւնս չես վերցներ։ Հիմա հողին մէջ պիտի պառկիմ Ու առաւօտուն եթէ զիս փնտռես՝ պիտի չգտնուիմ»։
1. Այն ատեն Բաղդատ Սօքեցին պատասխանեց.
2. «Մինչեւ ե՞րբ այդպէս պիտի խօսիս Ու բերնիդ խօսքերը սաստիկ հովի պէս պիտի ըլլան։
3. Միթէ Աստուած դատաստանը կը խափանէ՞։
4. Եթէ քու տղաքդ անոր դէմ մեղանչեր են, Ան ալ իրենց յանցանքին մատնած է զանոնք,
5. Եթէ դուն առտուները կանուխ Աստուած կը փնտռես Ու Ամենակարողէն շնորհք կը խնդրես,
6. Եթէ դուն մաքուր ու շիտակ ըլլաս, Անշուշտ անիկա քեզի համար պիտի արթննայ Ու քու արդարութեանդ բնակարանին յաջողութիւն պիտի տայ։
7. Թէեւ քու սկիզբդ փոքր ըլլայ, բայց քու վերջդ խիստ պիտի մեծնայ։
8. Հիմա հարցուր հին ազգերուն Ու անոնց հայրերը քննելու ուշադրութիւն ըրէ՛
9. (Վասն զի մենք երէկուաններն ենք ու բան մը չենք գիտեր. Քանզի մեր կեանքը երկրի վրայ ստուեր մըն է)։
10. Ահա անոնք քեզի պիտի սորվեցնեն, քեզի պիտի խօսին Ու իրենց սրտէն խօսքեր պիտի հանեն։
11. Միթէ պրտուն առանց տիղմի կը բուսնի՞. Կնիւնը առանց ջուրի կ’աճի՞։
12. Անիկա դեռ իր դալար վիճակին մէջ ու չկտրտուած Ամէն խոտէ առաջ կը չորնայ։
13. Այսպէս պիտի ըլլայ բոլոր անոնց ճամբան, որոնք Աստուած կը մոռնան Ու կեղծաւորին յոյսը պիտի կորսուի.
14. Վասն զի անոր յոյսը պիտի կտրուի Ու անոր վստահութիւնը սարդի ոստայնին պէս պիտի ըլլայ։
15. Անիկա իր տանը պիտի կռթնի, Բայց ան հաստատութիւն պիտի չունենայ. Իր ձեռքովը զանիկա պիտի բռնէ Բայց ան կանգնած պիտի չմնայ։
16. Արեւը չծագած՝ ՝ դալար է Ու անոր ճիւղերը իր եղած պարտէզէն վեր կ’ելլեն։
17. Անոր արմատները քարակոյտին կը փաթթուին, Ինք քարերուն մէջ կ’ապրի։
18. Եթէ մէկը զանիկա իր տեղէն խլէ, Տեղը պիտի ուրանայ զանիկա՝ ըսելով թէ ՝ ‘Ես քեզ չտեսայ’։
19. Ահա անոր ճամբուն ուրախութիւնը այս է Ու հողէն ուրիշներ պիտի ելլեն։
20. Ահա Աստուած արդար մարդը չի մերժեր, Ո՛չ ալ չարերուն ձեռնտու կ’ըլլայ,
21. Մինչեւ որ քու բերանդ ծիծաղով լեցնէ Ու շրթունքներդ ուրախութեան ձայնով։
22. Քեզ ատողները ամօթով պիտի ծածկուին Ու ամբարիշտներուն վրանը բնաջինջ պիտի ըլլայ»։
8. Բայց դուն, ո՛վ Տէր, յաւիտեան բարձր ես։
9. Վասն զի ահա քու թշնամիներդ, ո՛վ Տէր, Վասն զի ահա քու թշնամիներդ պիտի կորսուին, Բոլոր անօրէնութիւն գործողները պիտի ցրուին,
10. Բայց իմ եղջիւրս միեղջերուին եղջիւրին պէս պիտի բարձրացնես։ Եւ նոր իւղով օծուեցայ
11. Եւ իմ աչքերս թշնամիներուս կորուստը տեսան, Իմ ականջներս ինծի դէմ ելնող չարագործներուն կրած պատիժը լսեցին։
12. Արդարը արմաւենիի պէս պիտի ծաղկի, Լիբանանի եղեւինի պէս պիտի մեծնայ։
13. Տէրոջը տանը մէջ տնկուածները Մեր Աստուծոյն սրահներուն մէջ պիտի ծաղկին,
14. Ծերութեան ատեն ալ պտուղ պիտի տան, Պարարտ ու կանանչ պիտի մնան,
15. Որպէս զի պատմեն թէ Տէրը ուղիղ է։ Անիկա իմ Վէմս է ու անիրաւութիւն չկայ անոր քով։
17. Ականջդ ծռէ ու իմաստուններուն խօսքերուն մտիկ ըրէ Եւ քու սիրտդ իմ գիտութեանս տուր.
18. Վասն զի եթէ անոնք քու սրտիդ մէջ պահես, հաճելի բան է, Անոնք քու շրթունքներուդ վրայ ալ պիտի հաստատուին։
19. Ահա քեզի այս բաները այսօր իմացուցի, Որպէս զի քու ապաւէնդ Տէրը ըլլայ։
20. Միթէ ես քեզի երեսուն խրատներ Ու գիտութիւն չգրեցի՞,
21. Որպէս զի քեզի ճշմարիտ խօսքերուն ստուգութիւնը ցուցնեմ, Որպէս զի քեզի հարցնողներուն ճշմարիտ խօսքերով պատասխան տաս։
1. Ստոյգը կ’ըսեմ Քրիստոսով ու չեմ ստեր, (իմ խիղճս ալ ինծի կը վկայէ Սուրբ Հոգիով,)
2. Որ մեծ տրտմութիւն է ինծի ու իմ սրտիս ցաւը անպակաս է։
3. Քանզի ես ինքս կը փափաքէի նզովուիլ Քրիստոսէն, մարմնի կողմէ իմ եղբայրներուս ու ազգականներուս համար,
4. Որոնք Իսրայէլացի են. որոնցն է որդեգրութիւնը, փառքը, ուխտերը, օրէնսդրութիւնը, պաշտօնն ու խոստումները։
5. Իրենցն են նահապետները, Քրիստոս ալ իրենցմէ եկաւ մարմնի կողմանէ, որ ինքը օրհնեալ Աստուած է ամենուն վրայ յաւիտեանս։ Ամէն։
6. Բայց Աստուծոյ խօսքը երբեք գետին ինկած չէ. քանզի ոչ թէ ամէն անոնք որ Իսրայէլէն են՝ Իսրայէլացի են
7. Եւ ոչ թէ Աբրահամին սերունդ ըլլալնուն համար ամէնքը որդիներ են. այլ ‘Իսահակով քեզի սերունդ պիտի կոչուի’։
8. Այսինքն՝ ո՛չ թէ անոնք որ մարմնին որդիներ են՝ Աստուծոյ որդիներ ալ են, հապա խոստումի որդիները սերունդ կը սեպուին։
9. Վասն զի խոստումը այս էր, թէ՝ ‘Երբ դառնամ՝ Սառան որդի մը պիտի ունենայ’։
10. Ո՛չ միայն այսքան, հապա Ռեբեկայէն ալ յայտնի է որ յղացաւ մէկէն, այսինքն՝ մեր Իսահակ հօրմէն.
11. Վասն զի տղաքը դեռ չծնած եւ դեռ աղէկ կամ գէշ բան մը չգործած, (որպէս զի Աստուծոյ նախասահմանութիւնը հաստատ մնայ ընտրութեանը պէս,
12. Ո՛չ թէ գործերէն, հապա անկէ՛ որ կանչեց,) իրեն ըսուեցաւ թէ՝
13. «Մեծը պզտիկին պիտի ծառայէ». ինչպէս գրուած է թէ՝ «Յակոբը սիրեցի, բայց Եսաւը ատեցի»։
14. Ուրեմն ի՞նչ ըսենք։ Միթէ Աստուծոյ քով անիրաւութի՞ւն կայ։ Քա՛ւ լիցի։
15. Վասն զի Մովսէսին կ’ըսէ. «Որու որ պիտի ողորմիմ՝ կ’ողորմիմ ու որու վրայ որ պիտի գթամ՝ կը գթամ»։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981