3. Քու իւղերուդ հոտը ախորժելի է, Քու անունդ թափուած իւղի պէս է, Անոր համար օրիորդները քեզ կը սիրեն։
4. Զիս քաշէ ու քու ետեւէդ պիտի վազեմ։ Թագաւորը իր ներքին սենեակները տարաւ զիս։ Քեզի հետ ցնծանք եւ ուրախանանք, Քու սէրդ գինիէն աւելի գովենք։ Քեզ ուղղութեամբ կը սիրեն։
5. Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկներ, Ես սեւ եմ, բայց գեղեցիկ, Կեդարի վրաններու պէս, Սողոմոնին վարագոյրներուն պէս։
6. Իմ սեւցած ըլլալուս մի՛ նայիք, Վասն զի արեւը զիս տեսաւ։ Իմ մօրս որդիները ինծի սրդողեցան, Զիս այգիներու պահապան ըրին, Բայց իմ այգիիս պահպանութիւն չըրի։
16. Վասն զի արդարը թէեւ եօթը անգամ ալ իյնայ՝ պիտի կանգնի. Բայց չարերը ձախորդութեան մէջ պիտի իյնան։
17. Բայց ասիկա պատուիրելով ձեզ չեմ գովեր, վասն զի ձեր հաւաքուիլը ո՛չ թէ աղէկ՝ հապա գէշ արդիւնք կ’ունենայ։
18. Նախ՝ երբ մէկտեղ հաւաքուիք եկեղեցիին մէջ կը լսեմ թէ բաժանումներ կան ձեր մէջ եւ մասամբ կը հաւատամ։
19. Վասն զի հարկաւ ձեր մէջ հերձուածներ ալ պիտի ըլլան, որպէս զի ձեր մէջ եղող ընտիրները երեւնան։
20. Ուստի դուք որ մէկտեղ կը հաւաքուիք, ատիկա Տէրունական ընթրիքը ուտել չէ.
21. Վասն զի ուտելու ատեն ամէն ոք աճապարանքով ընթրիքը կ’առնէ։ Մէկը անօթի կը մնայ ու միւսը կը գինովնայ։
22. Միթէ ուտելու եւ խմելու համար տուն չունի՞ք, կամ թէ Աստուծոյ եկեղեցի՞ն կ’անարգէք եւ կ’ամչցնէք չքաւորները։ Ձեզի ի՞նչ ըսեմ, ձեզ գովե՞մ։ Այդ բանին համար չեմ գովեր։
23. Վասն զի ես Տէրոջմէն ընդունեցի զայն, որ ձեզի ալ աւանդեցի՝ թէ՝ Տէր Յիսուս իր մատնուած գիշերը հաց առաւ
24. Եւ գոհանալով՝ կտրեց ու ըսաւ. ‘Առէ՛ք ու կերէ՛ք, այս է իմ մարմինս որ ձեզի համար պիտի կտրուի. ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար’։
25. Նոյնպէս ալ գաւաթը ընթրիքէն յետոյ առաւ ու ըսաւ. ‘Այս գաւաթը նոր ուխտ է իմ արիւնովս. ասիկա ըրէք քանի անգամ որ խմելու ըլլաք՝ զիս յիշելու համար։
26. Վասն զի քանի անգամ որ այս հացը ուտէք ու այս գաւաթը խմէք, Տէրոջը մահը պիտի պատմէք՝ մինչեւ ինք գայ’։
27. Ուստի ով որ այս հացը ուտէ կամ Տէրոջը գաւաթը խմէ անարժանաբար, պարտական պիտի ըլլայ Տէրոջը մարմնին եւ արիւնին։
28. Ուրեմն թող մարդ իր անձը փորձէ ու այսպէս այն հացէն ուտէ եւ այն գաւաթէն խմէ։
29. Վասն զի ան որ անարժանաբար կ’ուտէ ու կը խմէ, իր անձին դատապարտութիւնը կ’ուտէ ու կը խմէ, վասն զի Տէրոջը մարմնին իմաստը չորոշեր։
30. Ասոր համար ձեր մէջ շատ հիւանդներ ու ցաւագարներ կան եւ շատեր ալ կը ննջեն։
31. Վասն զի եթէ ինքզինքնիս դատելու ըլլայինք, պիտի չդատապարտուէինք։
32. Իսկ երբ կը դատուինք, Տէրոջմէն կը խրատուինք, որպէս զի աշխարհի հետ չդատապարտուինք։
33. Ուստի, եղբայրներս, երբ մէկտեղ կը հաւաքուիք ուտելու, իրարու սպասեցէք
34. Իսկ եթէ մէկը անօթի է՝ թող իր տանը մէջ ուտէ, որ չըլլայ թէ դատապարտութեան համար հաւաքուիք։ Ուրիշ պատուէրներ ձեզի եկած ատենս պիտի հաղորդեմ։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981