Աստվածաշունչը մեկ տարում Սեպտեմբեր 11Եսայիա 13:1-221. Բաբելոնին համար տրուած պատգամը, որ Ամովսին որդիին Եսայիին յայտնուեցաւ։2. Մերկ լերանը վրայ դրօշակ տնկեցէ՛ք, Բարձր ձայնով կանչեցէք անոնց, Ձեռքով նշան ըրէք, որպէս զի իշխաններուն դռները մտնեն։3. Իմ որոշածներուս հրաման ըրի. Իմ զօրաւորներս, իմ փառքիս համար ուրախացողները, Իմ բարկութիւնս գործադրելու կանչեցի։4. Լեռներուն վրայ բազմութեան ձայն մը կայ, Մեծ ժողովուրդի մը ձայնին պէս, Մէկտեղ հաւաքուած ազգերու թագաւորութիւններուն աղմուկին ձայնը կայ. Զօրքերու Տէրը պատերազմի համար իր զօրքերը աչքէ կ’անցնէ։5. Հեռաւոր երկրէն, երկնքի ծայրէն, Տէրը ու անոր բարկութեանը գործիքները Բոլոր երկիրը աւերելու կու գան։6. Ողբացէ՛ք, վասն զի Տէրոջը օրը մօտ է. Անիկա Ամենակարողէն եկած աւերման պէս պիտի գայ։7. Անոր համար բոլոր ձեռքերը պիտի թուլնան Ու ամէն մարդու սիրտ պիտի հալի։8. Անոնք պիտի սոսկան։ Նեղութիւն ու անձկութիւն պիտի տիրէ անոնց, Ծննդական կնոջ պէս ցաւ պիտի քաշեն։ Ամէն մարդ իր ընկերին վրայ պիտի նայի ու ապշի։ Անոնց երեսները բոցագոյն պիտի ըլլան։9. Ահա Տէրոջը օրը կու գայ՝ Անգթութեամբ, սրտմտութեամբ եւ սաստիկ բարկութեամբ, Որպէս զի երկիրը աւերակ դարձնէ Ու մեղաւորները անկէ բնաջինջ ընէ։10. Վասն զի երկնքի աստղերն ու անոնց համաստեղութիւնները Իրենց լոյսը պիտի չտան։ Արեւը իր ելած ատենը պիտի խաւարի Եւ լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ։11. Ես պիտի պատժեմ աշխարհը իր չարութեանը համար Եւ ամբարիշտները՝ իրենց անօրէնութեանը համար։ Հպարտներուն ամբարտաւանութիւնը պիտի դադրեցնեմ Եւ բռնաւորներուն գոռոզութիւնը պիտի ցածցնեմ։12. Մարդը զուտ ոսկիէն Ու Ոփիրի ոսկիէն պատուական պիտի ընեմ։13. Ուստի պիտի սարսեմ երկինքը Ու երկիր իր տեղէն պիտի սասանի Զօրքերու Տէրոջը սրտմտութիւնովը՝ Անոր սաստիկ բարկութեանը օրը։14. Բաբելոնի բնակիչները հալածուած այծեամի պէս պիտի ըլլան Ու մոլորած ոչխարներու պէս, ու զանոնք հաւաքող մը պիտի չըլլայ։ Անոնց ամէն մէկը իր ժողովուրդին պիտի դառնայ Եւ ամէն մարդ իր երկիրը պիտի փախչի։15. Ով որ գտնուի՝ պիտի խոցուի Եւ ով որ գտնուի՝ սուրով պիտի իյնայ։16. Անոնց տղաքը աչքերնուն առջեւ գետինը պիտի զարնուին, Անոնց տուները պիտի կողոպտուին Եւ անոնց կիները պիտի պղծուին։17. Ահա անոնց դէմ Մարերու ազգը ոտքի պիտի հանեմ, Որոնք արծաթը բանի տեղ չեն դներ Ու ոսկիէն չեն ախորժիր։18. Անոնց աղեղները երիտասարդները պիտի խոցեն Ու անոնք որովայնի պտուղին գթութիւն պիտի չընեն։ Անոնց աչքը պիտի չգթայ տղաքներուն։19. Թագաւորութիւններուն փառքը Եւ Քաղդէացիներուն փառաւորութեանը պարծանքը եղող Բաբելոնը Տակնուվրայ պիտի ըլլայ, Ինչպէս Աստուած Սոդոմն ու Գոմորը կործանեց։20. Հոն յաւիտեան բնակութիւն պիտի չըլլայ Եւ ազգէ ազգ մարդ պիտի չբնակի։ Հոն Արաբացիները վրան պիտի չկանգնեցնեն Եւ հովիւները իրենց հօտը հոն պիտի չպառկեցնեն.21. Հապա հոն վայրենի կատուներ՝ ՝ պիտի պառկին Ու անոնց տուները ոռնացող անասուններով պիտի լեցուին Եւ հոն ջայլամներ պիտի բնակին Ու հոն այծամարդեր պիտի կաքաւեն։22. Անոր պալատներուն մէջ բորենիներ Ու զբօսանքի տուներուն մէջ ճագարներ պիտի կանչուըռտեն։ Եւ անոր ժամանակը հասնելու վրայ է Ու անոր օրերը ա՛լ պիտի չերկննան։Եսայիա 14:1-321. Վասն զի Տէրը պիտի ողորմի Յակոբին Եւ Իսրայէլը նորէն պիտի ընտրէ Ու զանոնք իրենց երկրին վրայ պիտի հանգստացնէ. Օտարազգիները պիտի միանան անոնց Ու Յակոբին տանը պիտի յարին։2. Ժողովուրդները պիտի առնեն ու իրենց տեղը պիտի տանին։ Իսրայէլին տունը պիտի ժառանգէ զանոնք Տէրոջը երկրին վրայ, Իբրեւ ծառաներ եւ աղախիններ Եւ անոնք զիրենք գերի տանողները գերի պիտի առնեն Ու իրենց բռնութիւն ընողներուն վրայ պիտի տիրեն։3. Երբ Տէրը քեզ հանգստացնէ քու աշխատանքէդ, տանջանքէդ ու քու վրադ դրուած ծանր ծառայութենէն,4. Բաբելոնի թագաւորին համար այս առակը խօսիր ու ըսէ՛. Ի՜նչպէս դադրեցաւ բռնութիւն ընողը, Ի՜նչպէս դադրեցաւ հարկապահանջ քաղաքը ։5. Տէրը՝ ամբարիշտներուն գաւազանը Ու իշխողներուն ցուպը կոտրեց։6. Սրտմտութեամբ եւ անդադար հարուածով ազգերը զարնողը, Բարկութեամբ ժողովուրդներուն վրայ իշխողը Հիմա կը հալածուի ու արգիլող մը չկայ։7. Բոլոր երկիրը հանգստացաւ ու հանդարտեցաւ Եւ ցնծութեան ձայներ կը հանեն։8. Նաեւ մայրիները ու Լիբանանի եղեւինները Քեզի համար կ’ուրախանան ու կ’ըսեն. ‘Քանի որ դուն պառկեր ես, Մեր վրայ փայտ կտրող չելաւ’։9. Դժոխքը վարէն քեզի համար դղրդեցաւ, Որպէս զի քու գալուստդ դիմաւորէ։ Քեզի համար արթնցուց մեռելները, Երկրի բոլոր իշխանները Եւ բոլոր ազգերուն թագաւորները Իրենց աթոռներէն վերցուց։10. Անոնք պիտի պատասխանեն ու քեզի ըսեն. ‘Միթէ դո՞ւն ալ մեզի պէս տկարացար Ու մեզի նմանեցար’։11. Քու փառքդ եւ տաւիղներուդ ձայնը գերեզմանը իջան. Քու տակդ զեռուններ տարածուեցան Ու որդերը քեզ կը ծածկեն։12. Ով առտուն ծագող Արուսեակ, Ի՜նչպէս երկնքէն ինկար Ու մինչեւ գետինը կործանեցար, Դուն որ ազգերը նկուն կ’ընէիր։13. Դուն սրտիդ մէջ ըսած էիր. ‘Երկինքը պիտի ելլեմ Ու իմ աթոռս Աստուծոյ աստղերէն վեր պիտի բարձրացնեմ Եւ ժողովի լեռը, հիւսիսի քովերը պիտի բնակիմ.14. Ամպերու բարձրութիւններուն վրայ պիտի ելլեմ, Բարձրելոյն պիտի նմանիմ’։15. Բայց ահա դժոխքը կ’իջնես, գուբին խորունկ տեղերը։16. Քեզ տեսնողները քու վրադ պիտի զարմանան Ու քեզի նայելով պիտի ըսեն. ‘Աս այն մարդն է, որ երկիրը կը սարսէր, Թագաւորութիւնները կը դողացնէր,17. Աշխարհս անապատ կը դարձնէր, Անոր քաղաքները աւերակ կ’ընէր Ու իր գերիները տուներնին չէր ղրկեր’։18. Ազգերուն բոլոր թագաւորները Ամէն մէկը պատուով իր տանը մէջ կը պառկի։19. Բայց դուն գարշելի ընձիւղի մը պէս, Գուբի քարերուն մէջ իջնող, Սուրով խոցուած մեռելներուն հանդերձին պէս, Ոտքի տակ կոխուած դիակի պէս Քու գերեզմանէդ դուրս նետուեցար։20. Դուն թաղումով անոնց հետ չմիացար, Քանզի քու երկիրդ աւերեցիր Ու ժողովուրդդ սպաննեցիր։ Չարերուն սերունդը յաւիտեան պիտի չյիշուի։21. Կոտորած պատրաստեցէ՛ք անոր տղոցը, Իրենց հայրերուն անօրէնութեանը համար, Որպէս զի չելլեն ու երկիրը չժառանգեն Եւ աշխարհի երեսը թշնամիներով չլեցնեն»։22. Քանզի զօրքերու Տէրը կ’ըսէ. «Անոնց վրայ պիտի ելլեմ Եւ Բաբելոնի անունն ու մնացորդը Եւ զաւակն ու սերունդը պիտի բնաջնջեմ։23. Զանիկա՝ ոզնիներուն ժառանգութիւն Ու ջուրի լճակներ պիտի ընեմ Եւ կորստեան աւելով պիտի աւլեմ զանիկա»։24. Զօրքերու Տէրը երդում ըրաւ ու ըսաւ. «Ինչպէս ծրագրեցի, անշուշտ այնպէս պիտի ըլլայ Ու ինչ որ որոշեցի, ա՛ն պիտի կատարուի։25. Ասորեստանցին իմ երկրիս մէջ պիտի կոտորեմ Ու զանիկա լեռներուս վրայ պիտի կոխկռտեմ Եւ անոր լուծը անոնց վրայէն պիտի վերնայ Ու անոր բեռը՝ անոնց ուսէն»։26. Բոլոր երկրի համար որոշուած նախասահմանութիւնը ասիկա է։ Բոլոր ազգերուն վրայ երկնցած ձեռքը ասիկա է։27. Քանի որ զօրքերու Տէրը նախասահմանեց, Ո՞վ կրնայ զանիկա խափանել։ Անոր ձեռքը երկնցած է, Ո՞վ կրնայ զանիկա ետ դարձնել։28. Աքազ թագաւորին մահուան տարին այս պատգամը եղաւ.29. «Ո՛վ Փղշտացիներու երկիր, Քեզ զարնողին գաւազանը կոտրուելուն համար մի՛ ուրախանար. Քանզի օձին արմատէն քարբ պիտի ելլէ Ու անոր պտուղը կիզող թեւաւոր օձ պիտի ըլլայ։30. Աղքատներուն անդրանիկները պիտի կերակրուին Ու չքաւորները ապահովութեամբ պիտի պառկին։ Քու արմատդ սուրով պիտի կորսնցնեմ Ու անիկա քու մնացորդդ պիտի մեռցնէ։31. Ողբա՛, ո՛վ դուռ, աղաղակէ՛, ո՛վ քաղաք, Դո՛ւն, ո՛վ Փղշտացիներու երկիր, տակնուվրայ պիտի ըլլաս, Քանզի հիւսիսէն ծուխ մը կու գայ Ու անոր զօրքերէն փախստական մը պիտի չըլլայ»։32. Ազգերու դեսպաններուն ի՞նչ պատասխան պիտի տրուի. «Տէրը Սիօնի հիմերը հաստատեց Ու անոր ժողովուրդին աղքատները հոն պիտի ապաստանին»։Սաղմոսներ 106:19-2319. Հորթ շինեցին Քորեբի մէջ Ու երկրպագութիւն ըրին ձուլածոյ պատկերին։20. Իրենց Փառքը Խոտակեր արջառի նմանութեանը փոխեցին։21. Մոռցան իրենց փրկիչ Աստուածը, Որ մեծամեծ գործեր ըրաւ Եգիպտոսի մէջ22. Ու հրաշքներ՝ Քամի երկրին մէջ Եւ ահաւոր բաներ՝ Կարմիր ծովուն մէջ։23. Ուստի ըսաւ թէ՝ զանոնք պիտի կորսնցնեմ, Եթէ անոր ընտրեալը՝ Մովսէս՝ Մէջտեղը անոր առջեւ կայնած չըլլար, Անոր բարկութիւնը իջեցնելու համար, որպէս զի չսատկեցնէ։Առակներ 25:6-76. Թագաւորին առջեւ մի՛ պարծիր Եւ մեծերուն տեղը մի՛ կենար,7. Վասն զի աղէկ է որ քեզի ըսեն թէ «Հո՛ս, վեր ելիր», Քան թէ վար իջեցնեն քեզ իշխանին առջեւ։2 Կորնթացիներ 3:1-181. Սկսի՞նք նորէն ինքզինքնիս գովել. կամ թէ ոմանց պէս պէ՞տք է մեզի յանձնարարութեան թուղթեր ձեզի կամ ձեզմէ։2. Բայց մեր թուղթը դուք էք մեր սրտերուն մէջ գրուած, ճանչցուած ու կարդացուած ամէն մարդէ.3. Յայտնի ըլլալով որ դուք Քրիստոսին թուղթն էք մեր սպասաւորութիւնովը, ո՛չ թէ մելանով գրուած, հապա կենդանի Աստուծոյ Հոգիովը, ո՛չ թէ քարեղէն տախտակներու վրայ, հապա սրտին մարմնեղէն տախտակներուն վրայ։4. Մենք վստահութիւն ունինք Աստուծոյ վրայ Քրիստոսին ձեռքով.5. Ոչ թէ մենք ինքնիրեննիս բաւական ենք բան մը խորհելու՝ որպէս թէ մեզմէ, հապա մեր կարողութիւնը Աստուծմէ է.6. Որ մեզ յարմարցուց նոր կտակարանին պաշտօնեաներ ըլլալու, ո՛չ թէ գրին, հապա հոգիին. վասն զի գիրը կը սպաննէ, բայց հոգին կ’ապրեցնէ։7. Իսկ եթէ քարերու վրայ գրով փորուած մահուան օրէնքը այնքան փառաւոր եղաւ, որ Իսրայէլի որդիները չէին կրնար Մովսէսին երեսին նայիլ՝ անոր երեսին պայծառութեան համար, որ պիտի խափանուէր.8. Ուրեմն հոգիին օրէնքը որքա՜ն աւելի փառաւոր պիտի ըլլայ։9. Վասն զի եթէ դատապարտութեան պաշտօնը փառաւոր էր՝ ո՜րչափ աւելի արդարութեան պաշտօնը փառաւոր պիտի ըլլայ։10. Վասն զի այն որ փառաւոր էր՝ անփառունակ դարձաւ զինք գերազանցող փառքին պատճառաւ։11. Քանզի եթէ այն որ պիտի խափանուէր՝ փառաւոր էր, որչա՜փ աւելի այն որ մնայուն է՝ փառաւոր պարտի ըլլալ ։12. Ուստի այսպիսի յոյս մը ունենալով, շատ համարձակութեամբ կը վարուինք մեր խօսքին մէջ13. Եւ ո՛չ թէ ինչպէս Մովսէս իր երեսին վրայ ծածկոց կը ձգէր, որպէս զի Իսրայէլի որդիները չնայէին այն խափանուելու բաներուն վախճանին։14. Սակայն անոնց մտքերը կուրցան. վասն զի մինչեւ այսօր նոյն ծածկոցը ձգուած է հին կտակարանին վրայ ու չի վերնար, (վասն զի Քրիստոսով կը խափանուի,)15. Հապա մինչեւ այսօր, երբ Մովսէսին գիրքը կը կարդան, անոնց սրտին վրայ ծածկոց մը կը կենայ։16. Բայց երբ Տէրոջը դառնան, այն ատեն պիտի վերնայ այն ծածկոցը։17. Արդ՝ Տէրը Հոգին է եւ ուր որ Տէրոջը Հոգին կայ, հոն ազատութիւն կայ։18. Բայց մենք ամէնքս, բաց երեսով Տէրոջը փառքը որպէս թէ հայելիի մէջ տեսնելով, նոյն պատկերին համաձայն կը նորոգուինք փառքէ փառք, որպէս թէ Տէրոջը Հոգիէն։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981