1. Մովաբին պատգամը։ Յիրաւի Մովաբին Ար քաղաքը գիշերով յարձակում կրեց ու կործանուեցաւ. Յիրաւի Մովաբին Կիր քաղաքը գիշերով յարձակում կրեց ու կործանուեցաւ։
2. Անիկա տաճարն ու Դեբոն Եւ բարձր տեղերը ելաւ լալու համար։ Մովաբ պիտի ողբայ Նաբաւի ու Մեդաբայի համար։ Անոր բոլոր գլուխները կնտակ պիտի ըլլան, Ամէն մօրուք պիտի կտրուի։
3. Անոր փողոցներուն մէջ քուրձ պիտի հագնին, Անոր տանիքներուն ու հրապարակներուն մէջ Ամէնքը պիտի ողբան ու լան,
4. Եսեբոնն ու Եղէաղէն պիտի աղաղակեն։ Անոնց ձայնը մինչեւ Յասսա պիտի լսուի։ Անոր համար Մովաբին սպառազէնները պիտի կոծեն, Իրենց հոգին պիտի խռովուի։
5. Իմ սիրտս Մովաբին համար պիտի աղաղակէ։ Անոր փախստականները երեք տարեկան երինջի պէս մինչեւ Սեգովը պիտի փախչին. Քանզի Ղուիթին զառիվերէն լալով պիտի ելլեն, Վասն զի Որոնայիմի ճամբան կոտորածի աղաղակ պիտի հանեն։
6. Քանզի Նեմերիմին ջուրերը կ’աւրուին, Քանզի խոտը կը չորնայ, կանանչ խոտը կը հատնի Ու կանանչեղէն չի մնար։
7. Անոր համար իրենց ստացած հարստութիւնը Ու բոլոր պահածնին ուռիներուն ձորը պիտի տանին.
5. Աթոռը ողորմութեամբ պիտի հաստատուի Եւ անոր վրայ Դաւիթին խորանին մէջ Այնպիսի դատաւոր մը պիտի նստի ճշմարտութեամբ, Որ իրաւունքը պիտի փնտռէ Ու արդարութիւնը շուտով պիտի գործադրէ»։
6. Մովաբին ամբարտաւանութիւնը լսեցինք։ Անիկա խիստ ամբարտաւան է։ Անոր գոռոզութիւնը, ամբարտաւանութիւնն ու սրտմտութիւնը լսեցինք ։ Անոր սնապարծ խօսքերը պարապ են։
7. Այս պատճառով Մովաբ պիտի ողբայ, Ամէնքը պիտի ողբան Մովաբին համար։ Կիրհարէսէթին հիմերուն վրայ պիտի հեծեծէք, Անոնք իրապէս կործանուած են։
8. Քանզի Եսեբոնին դաշտերը նուաղեցան. Ազգերու իշխանները Սեբամային որթատունկին ամենէն պատուական ճիւղերը կոտրեցին, Որոնք մինչեւ Յազեր հասեր էին եւ անապատը շրջապատեր էին։ Անոր շառաւիղները երկննալով՝ ծովէն անցեր էին։
9. Ասոր համար Սեբամային որթատունկին վրայ Յազերին լացովը պիտի լամ. Ձեզ աչքիս արցունքովը պիտի ոռոգեմ, ո՛վ Եսեբոն ու Եղէաղէ, Վասն զի ձեր ամառնային պտուղին ու հունձքին համար եղած աղաղակը դադրեցաւ։
10. Պտղաբեր արտերէն ուրախութիւնն ու ցնծութիւնը պիտի վերնան, Այգիներու մէջ երգերու եւ ցնծութեան ձայն պիտի չլսուի։ Հնձանի մէջ ա՛լ գինի պիտի չկոխեն։ Անոնց աղաղակը վերջացուցի։
11. Այս պատճառով իմ հոգիս՝ Մովաբին համար Ու սիրտս Կիրհարէսէթին համար քնարի պէս ձայն պիտի տայ։
12. Այն ատեն պիտի երեւնայ Թէ ինչպէս Մովաբ իր բարձր տեղը երթալով պիտի յոգնի Ու իր սրբարանը պիտի մտնէ աղօթք ընելու համար, Բայց օգուտ մը պիտի չունենայ։
13. Այս է այն խօսքը որ Տէրը շատոնց Մովաբին համար ըսեր էր։
14. Բայց հիմա Տէրը խօսեցաւ ու ըսաւ. «Երեք տարուան մէջ, վարձկանի տարիներու պէս, Մովաբին փառքը պիտի անարգուի Այն բոլոր մեծ բազմութիւնովը Եւ մնացորդը խիստ փոքր ու տկար պիտի ըլլայ»։
24. Նաեւ այն ցանկալի երկիրը անարգեցին Ու անոր խօսքին չհաւատացին։
25. Իրենց վրաններուն մէջ տրտնջեցին, Տէրոջը ձայնը չլսեցին։
26. Ուստի անոնց համար երդում ըրաւ՝ ՝, Որ զանոնք անապատին մէջ ձգէ
27. Եւ անոնց սերունդը՝ ազգերու մէջ, Զանոնք երկիրներու մէջ ցրուէ։
28. Բայց անոնք Բելփեգովրի յարեցան Ու մեռածներուն զոհերը կերան
29. Եւ իրենց գործերովը Տէրը բարկացուցին։ Ուստի անոնց վրայ ժանտամահ հասաւ։
30. Ետքը Փենէհէս ելաւ ու բարեխօսեց Եւ ժանտամահը դադրեցաւ։
31. Այս բանը անոր արդարութիւն սեպուեցաւ՝ Ազգէ մինչեւ ազգ՝ յաւիտեան։
8. Կռիւի համար շուտով դուրս մի՛ ելլեր. Չըլլայ թէ երբ ընկերդ քեզ ամչցնէ, Դուն վերջը ինչ ընելիքդ չգիտնաս ։
9. Ընկերիդ հետ քու դատդ վարէ՛, Բայց գաղտնիքը ուրիշի մի՛ յայտներ,
1. Այս պաշտօնը ստացանք Աստուծոյ ողորմութիւնով, ուստի չենք ձանձրանար.
2. Հապա կը հրաժարինք ամօթալի ծածուկ բաներէն ու խորամանկութիւնով չենք վարուիր եւ խարդախութիւն չենք ըներ Աստուծոյ խօսքին մէջ. հապա ճշմարտութիւնը յայտնելով՝ անձերնիս կը ներկայացնենք մարդոց խղճմտանքին՝ Աստուծոյ առջեւ։
3. Իսկ եթէ մեր աւետարանը ծածկուած ալ է, կորսուածներուն համար ծածկուած է.
4. Որոնց մէջ այս աշխարհի աստուածը անհաւատներուն մտքերը կուրցուց, որպէս զի Քրիստոսին աւետարանին փառքին լոյսը անոնց վրայ չծագի, որ է Աստուծոյ պատկերը։
5. Վասն զի ո՛չ թէ անձերնիս կը քարոզենք, հապա Քրիստոս Յիսուս Տէրը ու մեզ՝ ձեր ծառաները Յիսուսին համար
6. Վասն զի Աստուած որ հրաման ըրաւ որ խաւարէն լոյս ծագի, ինք մեր սրտերուն մէջ ծագեցաւ Աստուծոյ փառքին գիտութեան լոյսը տալու համար Յիսուս Քրիստոսին անձովը։
7. Արդ՝ մենք այս գանձը հողէ ամաններու մէջ ունինք, որպէս զի զօրութեան առաւելութիւնը Աստուծմէն ըլլայ ու ո՛չ թէ մեզմէ։
8. Ամէն կողմանէ վշտացած ենք, բայց նեղը ինկած չենք. տագնապած ենք, բայց յուսահատած չենք
9. Հալածուած ենք, բայց երեսէ ձգուած չենք. վար ձգուած ենք, բայց կորսուած չենք։
10. Ամէն ատեն Յիսուսին մահը մեր մարմիններուն մէջ կը կրենք, որպէս զի Յիսուսին կեանքն ալ մեր մարմիններուն մէջ յայտնուի։
11. Վասն զի մենք որ կենդանի ենք՝ Յիսուսին համար մահուան կը մատնուինք, որպէս զի Յիսուսին կեանքն ալ մեր մահկանացու մարմիններուն մէջ յայտնի ըլլայ։
12. Ուստի մահը մեր մէջ կը ներգործէ եւ կեանքը՝ ձեր մէջ։
13. Բայց հաւատքին նոյն հոգին ունինք, ինչպէս գրուած է. «Հաւատացի, անոր համար խօսեցայ»։ Մենք ալ կը հաւատանք ու անոր համար կը խօսինք։
14. Գիտենք թէ ան որ Տէր Յիսուսը յարուցանեց՝ մեզ ալ Յիսուսով պիտի յարուցանէ ու անոր առջեւ պիտի կայնեցնէ ձեզի հետ։
15. Վասն զի ամէն բան ձեզի համար է, որպէս զի շատերուն գոհութեամբ առատացած շնորհքը՝ աւելնայ Աստուծոյ փառքին համար։
16. Այս պատճառով չենք վհատիր. թէպէտ այս մեր դուրսի մարդը ապականի, սակայն մեր ներսի մարդը օրէ օր պիտի նորոգուի։
17. Վասն զի մեր վայրկենական թեթեւ նեղութիւնը աւելի ու աւելի յաւիտենական փառքի գերազանցութիւնը պիտի ներգործէ,
18. Ուստի մենք երեւցած բաներուն չնայինք, հապա չերեւցածներուն. քանզի երեւցած բաները ժամանակաւոր են, բայց չերեւցածները՝ յաւիտենական։