Աստվածաշունչը մեկ տարում Սեպտեմբեր 13Եսայիա 17:1-141. Դամասկոսին պատգամը։ «Ահա Դամասկոսը քաղաք ըլլալէ պիտի դադրի Ու աւերակի շեղջ մը պիտի ըլլայ։2. Անոր քաղաքները պիտի լքուին, Հօտերու փարախներ պիտի ըլլան, Որպէս զի անոնք պառկին ու վախցնող չըլլայ։3. Եփրեմի պարիսպը պիտի վերնայ Եւ Դամասկոսի ու Ասորիներու մնացորդէն՝ թագաւորութիւնը։ Անոնք Իսրայէլի որդիներուն փառքին պէս պիտի ըլլան», Կ՛ըսէ զօրքերու Տէրը։4. «Այն օրը Յակոբին փառքը պիտի պակսի Ու անոր մարմնին գիրութիւնը պիտի նիհարնայ։5. Այնպէս պիտի ըլլայ, ինչպէս հնձողը, երբ ցորեն կը հնձէ, Թեւին վրայ հասկերը կը ժողվէ։ Ռափայիններուն հովիտը հասկեր քաղողին պէս պիտի ըլլայ։6. Ինչպէս ձիթենին կը թօթուեն Ու բարձր ոստին ծայրը՝ երկու երեք հատ Եւ խիստ պտղաբեր ոստին վրայ չորս հինգ հատ կը մնայ, Անոր վրայ ալ միայն ճիռեր պիտի մնան», Կ’ըսէ Իսրայէլի Տէր Աստուածը։7. Այն օրը մարդիկ իրենց Ստեղծիչին պիտի նային Ու իրենց աչքերը Իսրայէլին Սուրբը պիտի դիտեն։8. Եւ իրենց ձեռագործ սեղաններուն վրայ պիտի չնային։ Իրենց մատներուն շինածը, Թէ՛ Աստարովթին կուռքերը, Թէ՛ արեգակին կուռքերը պիտի չդիտեն։9. Այն օրը անոր ամուր քաղաքները, Իսրայէլի որդիներուն երեսէն լքուած Անպիտան թուփերու եւ բարձր ոստերու պիտի նմանին Ու աւերակ պիտի ըլլան։10. Քանի որ դուն քու փրկութեանդ Աստուածը մոռցար Եւ քու զօրութեանդ Վէմը չյիշեցիր, Անոր համար հաճելի տունկեր պիտի տնկես Եւ օտար երկրէ բերուած տունկեր պիտի տնկես։11. Տնկածդ ցորեկը պիտի աճեցնես Ու ցանածդ առաւօտուն պիտի բուսցնես, Բայց բերքին օրը հունձքը պիտի պակսի Եւ սաստիկ տրտմութիւն պիտի ըլլայ։12. Վա՜յ շատ ժողովուրդներու բազմութեանը, Որոնք ծովու ձայնին պէս կը գոռան Ու վա՜յ ժողովուրդներու աղմուկին՝ Որոնք սաստիկ ջուրերու ձայնին պէս կը գոչեն։13. Ժողովուրդները շատ ջուրերու ձայնին պէս կը գոչեն, Բայց Աստուած զանոնք պիտի յանդիմանէ. Ուստի հեռու պիտի փախչին Ու լեռներուն վրայի մղեղին պէս հովին երեսէն Եւ մրրիկին առջեւէն քշուած փոշի ին պէս պիտի հալածուին։14. Ու իրիկունները խռովութիւն պիտի գայ Ու առտու չեղած բնաջինջ պիտի ըլլան։ Մեզ յափշտակողներուն բաժինը Ու մեզ կողոպտողներուն վիճակը ասիկա է։Եսայիա 18:1-71. Ո՛վ Եթովպիացիներու գետերուն անդիի կողմը եղող Թեւերով հովանաւոր երկիր,2. Որ ծովէն՝ պրտուեղէն նաւակներով Ջուրի երեսին վրայէն դեսպաններ կը ղրկէ։ Ո՛վ արագընթաց դեսպաններ, գացէ՛ք Երկայնահասակ ու լերկ՝ ՝ ազգին, Սկիզբէն մինչեւ հիմա ահեղ ժողովուրդին, Խիստ զօրաւոր ու ամէնքը կոխկռտող ազգին, Որուն երկիրը գետերը կը կտրեն։3. Ո՛վ աշխարհի բնակիչներ, Ու երկրի վրայ բնակողներ, Երբ լեռներուն վրայ դրօշակ բարձրացուի՝ նայեցէ՛ք Ու երբ փող հնչուի՝ լսեցէ՛ք։4. Քանզի Տէրը ինծի այսպէս ըսաւ. «Ես հանգիստ պիտի ըլլամ ու իմ բնակարանէս պիտի նայիմ՝ Խոտի վրայի՝ ՝ պայծառ տաքութեանը պէս Ու հունձքերու տաքութեանը մէջ ցօղաբեր ամպի պէս»։5. Քանզի հունձքի ժամանակէն առաջ, Երբ ընձիւղը մեծնայ Ու ծաղիկը ազոխ ըլլալով հասնելու ըլլայ, Անիկա ճիւղերը յօտոցով պիտի կտրէ Եւ ուռերը պիտի փրցնէ նետէ։6. Անոնք մէկտեղ լեռներու թռչուններուն Ու երկրի գազաններուն պիտի թողուին։ Թռչունները ամառը անոնց վրայ պիտի անցընեն Ու երկրի բոլոր գազանները անոնց վրայ պիտի ձմեռեն։7. Այն ժամանակ զօրքերու Տէրոջը ընծայ պիտի բերուի՝ Երկայնահասակ ու լերկ ժողովուրդէն՝ Սկիզբէն մինչեւ հիմա ահեղ ժողովուրդէն՝ Խիստ զօրաւոր ու ամէնքը կոխկռտող ազգէն, Որուն երկիրը գետերը կը կտրեն՝ Զօրքերու Տէրոջը անուանը տեղ՝ Սիօն լեռը՝ ընծայ պիտի բերեն։Սաղմոսներ 106:32-3932. Նաեւ բարկացուցին զԱնիկա Մերիպայի ջուրերուն քով։ Անոնց համար Մովսէսին գէշ եղաւ,33. Վասն զի դառնացուցին անոր հոգին։ Ան ալ անխորհրդաբար խօսեցաւ իր շրթունքներովը։34. Չկորսնցուցին այն ազգերը, Որ Տէրը պատուիրեր էր անոնց.35. Հապա հեթանոսներուն հետ խառնուեցան Ու անոնց գործերը սորվեցան36. Եւ անոնց կուռքերուն ծառայեցին Ու անոնք իրենց որոգայթ եղան։37. Իրենց տղաքներն ու աղջիկները Դեւերուն զոհեցին,38. Անմեղ արիւն թափեցին, Իրենց տղաքներուն ու աղջիկներուն արիւնը, Որոնք զոհեցին Քանանի կուռքերուն։ Երկիրը պղծուեցաւ արիւնով։39. Իրենց գործերովը պղծուեցան Ու իրենց ըրածներովը պոռնկութիւն ըրին,Առակներ 25:11-1211. Յարմարութեամբ ըսուած խօսքը Արծաթէ զարդերու մէջ դրուած ոսկիէ խնձորներու կը նմանի ։12. Իմաստունին յանդիմանութիւնը՝ մտիկ ընող ականջին՝ Ոսկիէ օղ ու մաքուր ոսկիէ մանեակ է։2 Կորնթացիներ 5:1-211. Վասն զի գիտենք թէ եթէ մեր վրանի նման երկրաւոր տունը քակուի, շինուածք մը ունինք Աստուծմէ, անձեռագործ յաւիտենական տուն մը երկնքի մէջ։2. Եւ յիրաւի ասոր մէջ կը հառաչենք՝ մեր երկնաւոր բնակութիւնը հագնիլ փափաքելով.3. Միայն թէ երբ զայն հագնելու ըլլանք, մերկ չգտնուինք։4. Որչափ ատեն որ այս վրանին տակն ենք, կը հառաչենք ծանրութիւն քաշելով, վասն զի չենք ուզեր մեր վրայէն հանել, հապա զանիկա ասոր վրայէն հագնիլ, որպէս զի մահկանացութիւնը ընկղմի այն կեանքին մէջ։5. Աստուած մեզ այս բանին կը պատրաստէ, որ նաեւ մեզի տուաւ Հոգիին գրաւականը։6. Ուստի ամէն ատեն վստահութիւն ունենանք, քանզի գիտենք թէ որչափ մարմնի մէջ ենք, Տէրոջմէն հեռու ենք.7. (Վասն զի հաւատքով կը քալենք ու ո՛չ թէ երեւոյթով.)8. Ուստի վստահութիւն ունենանք եւ ալ աւելի ուզենք մարմնէն հեռանալ ու Տէրոջը քով կենալ։9. Ասոր համար ջանանք որ թէ՛ կենանք եւ թէ՛ հեռանանք՝ անոր հաճոյ ըլլանք։10. Վասն զի պէտք է որ ամէնքս ալ Քրիստոսին ատեանին առջեւ ներկայանանք, որպէս զի ամէն մէկը իր մարմնովը ըրածներուն փոխարէնը առնէ՝ ինչ որ գործեր է, թէ՛ բարի եւ թէ՛ չար։11. Ուստի Տէրոջը վախը գիտնալով՝ մարդոց միտքը հաճեցնենք. սակայն մենք Աստուծոյ առջեւ յայտնի ենք եւ կը յուսամ թէ ձեր խղճմտանքին մէջ ալ յայտնի ենք։12. Ոչ թէ նորէն անձերնիս ձեզի կ’ընծայենք. հապա առիթ կու տանք ձեզի՝ մեզմով պարծենալու. որպէս զի բան մը ունենաք պատասխանելու անոնց՝ որ աչքի երեւցածով կը պարծենան ու ո՛չ թէ սրտով։13. Վասն զի եթէ խենդեցած ենք՝ այն Աստուծոյ համար է եւ եթէ զգաստ ենք՝ այն ձեզի համար է,14. Վասն զի Քրիստոսին սէրը մեզ կը ստիպէ եւ մեր համոզումն է թէ՝ եթէ մէկը ամենուն համար մեռաւ, ուրեմն ամէնքն ալ մեռան։15. Ան ամենուն համար մեռաւ, որպէս զի կենդանի եղողներն ալ միայն իրենց անձերուն համար կենդանի չըլլան, հապա անոր՝ որ իրենց համար մեռաւ եւ յարութիւն առաւ։16. Ուստի ասկէ յետոյ մենք մէկը մարմնով չենք ճանչնար, թէեւ Քրիստոսը մարմնով ճանչցանք, բայց հիմա ա՛լ այնպէս չենք ճանչնար։17. Ուրեմն եթէ մէկը Քրիստոսին մէջ է, անիկա նոր ստեղծուած մըն է։ Հիները անցան եւ ահա ամէն բան նոր եղաւ։18. Սակայն ամէն բան Աստուծմէն է, որ մեզ իրեն հետ հաշտեցուց Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով ու տուաւ մեզի հաշտութեան պաշտօնը.19. Այսինքն Աստուած էր, որ Քրիստոսով աշխարհս իրեն հետ հաշտեցուց եւ անոնց յանցանքները իրենց ներեց ու մեզի վստահեցաւ հաշտութեան պատգամը։20. Ուրեմն Քրիստոսին կողմանէ դեսպանութիւն կ’ընենք, որպէս թէ Աստուած ինք մեր միջոցով կոչ կ’ուղղէ. մենք կ’աղաչենք ձեզի Քրիստոսին կողմէ, հաշտուեցէ՛ք Աստուծոյ հետ։21. Վասն զի Աստուած զանիկա որ մեղք չէր գիտեր, մեզի համար մեղաւոր սեպեց՝ ՝, որպէս զի մենք անոր միջոցով Աստուծոյ արդարներն ըլլանք։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981