Աստվածաշունչը մեկ տարում Սեպտեմբեր 14Եսայիա 19:1-241. Եգիպտոսին պատգամը։ Ահա Տէրը թեթեւընթաց ամպի վրայ հեծեր է Ու Եգիպտոս կը մտնէ։ Անոր երեսէն Եգիպտոսին կուռքերը պիտի սարսռան Ու Եգիպտոսին սիրտը իր ներսիդին պիտի հալի։2. «Եգիպտացիները պիտի գրգռեմ Եգիպտացներուն դէմ։ Ամէն մէկը իր եղբօրը հետ եւ ամէն մէկը իր ընկերին հետ, Քաղաք քաղաքի հետ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան հետ Պատերազմ պիտի ընէ։3. Եգիպտոսին ոգին իր ներսիդին պիտի նուաղի Եւ ես անոր խորհուրդը պիտի ցրուեմ։ Անոնք կուռքերու, կախարդներու, Վհուկներու ու նշանագէտներու պիտի հարցնեն։4. Եգիպտացիները խստասիրտ տիրոջ մը ձեռքը պիտի մատնեմ։ Անոնց վրայ անգութ թագաւորութիւն պիտի տիրէ», Կ’ըսէ զօրքերու Տէրը՝ Եհովան։5. Եւ ջուրերը ծովէն պիտի պակսին Ու գետը պիտի ցամքի ու չորնայ։6. Գետերուն ջուրերը պիտի քաշուին՝ ՝ Ու պարսպապատ քաղաքներուն ՝ ՝ գետերը պիտի պարպուին ու չորնան, Եղէգն ու պրտուն պիտի թառամին։7. Գետին քով ու գետին եզերքին վրայ եղող մարգարիտները Եւ գետին բոլոր վարուցանը Պիտի չորնան, ցիրուցան ըլլան ու կորսուին։8. Ձկնորսներն ալ պիտի հեծեն Ու գետին բոլոր կարթընկէցները պիտի ողբան, Ջուրին վրայ ցանց նետողները պիտի տրտմին։9. Բարակ քթան գործողները Ու ճերմակ կտաւ հինողները պիտի ամչնան։10. Անոր սիւները պիտի կոտրտին Ու բոլոր վարձք առնողներուն հոգին պիտի տրտմի։11. Իրաւ որ Տայանիսին իշխանները յիմարներ են. Փարաւոնին իմաստուն խորհրդականներուն խորհուրդը անասնական է։ Ի՞նչպէս Փարաւոնին կրնաք ըսել՝ «Ես իմաստուններու որդի եմ, Ես հին թագաւորներու որդի եմ»։12. Արդ՝ ո՞ւր են քու իմաստուններդ, Որ հիմա քեզի պատմեն ու իմացընեն Թէ զօրքերու Տէրը ի՛նչ վճռեր է Եգիպտոսին համար։13. Տայանիսին իշխանները յիմարացան. Մեմփիսին իշխանները խաբուեցան. Իր ցեղերուն գլխաւորները Եգիպտոսը մոլորեցուցին։14. Տէրը անոր մէջ մոլորութեան ոգի խառնեց Ու անոնք Եգիպտոսը իր ամէն գործի մէջ մոլորեցուցին, Ինչպէս փսխող գինովը կը մոլորի։15. Եգիպտոսի մէջ գործ պիտի չըլլայ, Որ գլուխ կամ պոչ եղողը Արմաւենիի ոստ կամ կնիւն գործէ։16. Այն օրը Եգիպտոս կիներու պէս պիտի ըլլայ Ու պիտի դողայ եւ զարհուրի Զօրքերու Տէրոջը ձեռքին շարժումէն, Որ պիտի բարձրացնէ անոր վրայ։17. Յուդային երկիրը Եգիպտացիներուն արհաւիրք պիտի ըլլայ։ Ով որ զանիկա յիշէ՝ պիտի վախնայ Զօրքերու Տէրոջը խորհուրդին պատճառով, Որ անոր դէմ սահմաներ է։18. Այն օրը Եգիպտոսի մէջ Քանանի լեզուն խօսող Եւ զօրքերու Տէրոջը անունովն երդում ընող Հինգ քաղաք պիտի ըլլայ։ Մէկը Արեգ քաղաք պիտի կոչուի։19. Այն օրը Եգիպտոսի մէջ Տէրոջը համար սեղան Ու անոր սահմանին քով Տէրոջը համար կոթող մը պիտի ըլլայ։20. Անիկա Եգիպտացիներու երկրին մէջ Զօրքերու Տէրոջը համար նշան ու վկայութիւն պիտի ըլլայ. Վասն զի բռնաւորներուն պատճառով Տէրոջը պիտի աղաղակեն Ու անիկա ազատարար մը ու մեծ մարդ մը ղրկելով անոնց՝ պիտի ազատէ զանոնք։21. Տէրը Եգիպտոսի մէջ պիտի յայտնուի Ու Եգիպտացիները պիտի ճանչնան Տէրը Եւ զոհեր ու պատարագներ պիտի մատուցանեն Եւ Տէրոջը ուխտ պիտի ընեն ու կատարեն։22. Տէրը Եգիպտացիները պիտի զարնէ։ Պիտի զարնէ բայց պիտի բժշկէ Եւ անոնք Տէրոջը պիտի դառնան Ու անիկա պիտի ընդունի զանոնք ու պիտի բշկէ։23. Այն օրը Եգիպտոսէն դէպի Ասորեստան բանուկ ճամբայ պիտի ըլլայ Ու Ասորեստանցիները Եգիպտոս ու Եգիպտացիները Ասորեստան պիտի երթան Ու Եգիպտացիները Ասորեստանցիներուն հետ Աստուծոյ պիտի ծառայեն։24. Այն օրը Իսրայէլ երրորդ պիտի ըլլայ Եգիպտոսի ու Ասորեստանի հետ Ու երկրին մէջ օրհնութիւն պիտի ըլլայ։Եսայիա 20:1-61. Երբ Տարաթան Ասորեստանի Սարգոն թագաւորէն զրկուելով՝ Ազովտոս գնաց ու Ազովտեսին դէմ պատերազմեցաւ ու առաւ,2. Այն ժամանակ Տէրը Ամովսի որդիին Եսայիին միջոցով խօսեցաւ՝ ըսելով. «Գնա՛, մէջքէդ քուրձդ հանէ՛ ու ոտքերէդ կօշիկներդ»։ Անիկա այնպէս ըրաւ եւ սկսաւ մերկ ու բոկոտն շրջիլ։3. Տէրը ըսաւ. «Ինչպէս իմ ծառաս Եսայի երեք տարի մերկ ու բոկոտն շրջեցաւ, որպէս զի Եգիպտոսի ու Եթովպիայի համար նշան ու ցոյց ըլլայ,4. Այնպէս ալ Ասորեստանի թագաւորը Եգիպտացիները պիտի գերէ ու Եթովպիացիները պիտի աքսորէ երիտասարդներն ու ծերերը՝ մերկ, բոկոտն եւ իրենց ամօթոյքը բաց՝ Եգիպտոսի նախատինք պիտի ըլլան։5. Անոնք պիտի սոսկան ու ամչնան Եթովպիայէն, որ իրենց ապաւէնն էր ու Եգիպտոսէն, որ իրենց փառքն էր։6. Այն օրը այս ծովեզերեայ երկրին բնակիչները պիտի ըսեն. ‘Ահա այսպէս եղաւ մեր ապաստանարանը՝ ուր մենք Ասորեստանի թագաւորին երեսէն ազատելու համար ու օգնութիւն գտնելու համար փախանք։ Ուրեմն մենք ի՞նչպէս պիտի ազատինք’»։Սաղմոսներ 106:40-4840. Ուստի Տէրոջը բարկութիւնը բորբոքեցաւ իր ժողովուրդին վրայ Ու զզուեցաւ իր ժառանգութենէն։41. Զանոնք հեթանոսներուն ձեռքը մատնեց Ու զանոնք ատողները տիրեցին անոնց վրայ։42. Անոնց թշնամիները նեղեցին զանոնք Ու անոնց ձեռքին տակ խոնարհեցան։43. Շատ անգամ փրկեց անոնք, Բայց անոնք իրենց խորհուրդներովը դառնացուցին Անիկա Ու նուաստացան իրենց անօրէնութիւններուն համար։44. Սակայն անիկա նայեցաւ անոնց նեղութեանը, Երբ անոնց աղաղակը լսեց45. Ու անոնց համար իր ուխտը յիշեց Եւ իր մեծ ողորմութեանը համեմատ զղջաց46. Ու անոնց բոլոր գերեվարներուն առջեւ Գթութիւն գտնել տուաւ անոնց։47. Փրկէ՛ մեզ, ո՛վ Տէր, մեր Աստուածը Ու հաւաքէ մեզ հեթանոսներուն մէջէն, Որպէս զի քու սուրբ անուանդ գոհութիւն մատուցանենք Ու քու օրհնութիւնովդ պարծենանք։48. Օրհնեալ ըլլայ Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, Յաւիտեանս յաւիտենից։ Բոլոր ժողովուրդը թող ըսէ. «Ամէն»։ Ալէլուիա՜։Առակներ 25:13-1313. Հաւատարիմ դեսպանը զինք ղրկողներուն Հունձքի ատեն ձիւնին զովութեանը պէս է Եւ իր տիրոջը հոգին կը զովացնէ։2 Կորնթացիներ 6:1-181. Ուստի մենք ալ գործակից ըլլալով՝ կաղաչենք որ Աստուծոյ շնորհքը պարապ տեղ ընդունած չըլլաք։2. Վասն զի «Ընդունելի ժամանակի մը մէջ լսեցի քեզի, կ’ըսէ, եւ փրկութեան օրը օգնութիւն ըրի քեզի»։ Ահա՛ հիմա է ընդունելի ժամանակը, ահա՛ հիմա է փրկութեան օրը։3. Ոեւէ մէկուն գայթակղութիւն չենք պատճառեր, որպէս զի մեր պաշտօնը չարատաւորուի։4. Բայց ամէն բանի մէջ մեր անձը կ’ընծայենք՝ Աստուծոյ սպասաւորներու պէս՝ շատ համբերութիւնով վշտերու մէջ, տառապանքներու, նեղութիւններու,5. Ծեծերու, բանտերու, խռովութիւններու, աշխատութիւններու, հսկումներու, ծոմերու մէջ,6. Մաքրութիւնով, գիտութիւնով, երկայնմտութիւնով, քաղցրութիւնով, Սուրբ Հոգիով, անկեղծ սիրով,7. Ճշմարտութեան խօսքով, Աստուծոյ զօրութիւնով, արդարութեան զէնքերով՝ որ աջ կողմէն ու ձախ կողմէն է։8. Փառքով ու անարգութիւնով, գովութիւնով ու պարսաւանքով, մոլորեցնողներու պէս՝ ու ճշմարիտներ։9. Անծանօթներու պէս եւ ծանօթներ, մեռնողներու պէս եւ ահա կենդանի ենք, պատժուածներու պէս ու չենք սպանուած։10. Տրտմածներու պէս ու միշտ ուրախ ենք, աղքատներու պէս ու շատերը կը հարստացնենք, բան մը չունեցողներու պէս եւ ամէն բան ստացած ենք։11. Մեր բերանը ձեզի բացուած է, ո՜վ Կորնթացիք եւ մեր սիրտը լայնցած։12. Դուք մեր կողմէն չէք նեղուիր, հապա ձեր ունեցած գութին կողմէ՝ ՝ կը նեղուիք։13. Ուստի անոր հատուցում ընելու համար (իբրեւ որդիներուս կը խօսիմ ձեզի,) դուք ալ դէպի զիս լայն բացէք ձեր սրտերը։14. Անհաւատներուն հետ օտարախառն լծակից մի՛ ըլլաք. քանզի ի՞նչ մասնակցութիւն ունի արդարութիւնը անօրէնութեան հետ եւ ի՞նչ հաղորդակցութիւն ունի լոյսը խաւարին հետ15. Եւ ի՞նչ միաբանութիւն ունի Քրիստոս Բելիարին հետ, կամ ի՞նչ բաժին ունի հաւատացեալը անհաւատին հետ16. Եւ ի՞նչ յարմարութիւն ունի Աստուծոյ տաճարը կուռքերուն հետ. վասն զի դուք կենդանի Աստուծոյ տաճարն էք. ինչպէս Աստուած ըսաւ, թէ «Անոնց մէջ պիտի բնակիմ ու անոնց մէջ պիտի քալեմ եւ անոնց Աստուած պիտի ըլլամ ու անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան։17. Ասոր համար ելէ՛ք անոնց մէջէն ու զատուեցէ՛ք», կ’ըսէ Տէրը։ «Պիղծ բանի մի՛ դպչիք18. Ու ես ձեզ պիտի ընդունիմ եւ ես ձեզի Հայր պիտի ըլլամ ու դուք ինծի տղաքներ ու աղջիկներ պիտի ըլլաք», կ’ըսէ Ամենակալ Տէրը։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981