2. Ինծի վշտալի տեսիլք մը յայտնուեցաւ։ Յափշտակողը կը յափշտակէ ու կործանողը կը կործանէ։ Ո՛վ Եդեմացիներ, վե՛ր ելէք. ո՛վ Մարեր, պաշարեցէ՛ք։ Անոր պատճառած բոլոր հառաչանքը դադրեցուցի։
3. Ասոր համար երիկամունքս ցաւով լեցուեցաւ Ու ծննդական կնոջ ցաւերուն պէս ցաւեր բռնեցին զիս։ Այնպէս կծկուած եմ, որ չեմ կրնար լսել, Այնպէս խռոված եմ, որ չեմ կրնար տեսնել՝ ՝։
5. Սեղան կը պատրաստեն, դէտեր կը դնեն, կ’ուտեն կը խմեն. Ելէ՛ք, ո՛վ իշխաններ, վահանները օծեցէ՛ք։
6. Քանզի Տէրը ինծի այսպէս ըսաւ. «Գնա՛, դէտ մը դի՛ր, որ տեսածը պատմէ»։
7. Անիկա հեծեալներ տեսաւ, երկու ձիաւոր Ու էշերու վրայ հեծեալներ եւ ուղտերու վրայ հեծեալներ։ Ուշադրութեամբ, մեծ ուշադրութեամբ մտիկ ըրաւ
8. Ու աղաղակեց առիւծի պէս. «Ո՛վ Տէր, ես ցորեկը միշտ իմ դիտանոցիս մէջ կը կայնիմ Ու բոլոր գիշերը իմ պահպանութեանս տեղը կը կենամ։
9. Ահա հեծեալ մարդիկ, Երկու ձիաւոր՝ կու գան»։ Նաեւ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ինկաւ Բաբելոն, ինկաւ Ու անոր աստուածներուն բոլոր արձանները Կոտրտեցան ու գետինը նետուեցան »։
10. Ով իմ ժողովուրդս՝ ցորենի նման կամնուած ու հոսուած, Ես ձեզի պատմեցի, ինչ որ լսած էի Զօրքերու Տէրոջմէն, Իսրայէլի Աստուծմէն։
11. Սէիրէն ձայն մը կու գայ ինծի. «Ո՛վ պահապան, գիշերուան համար ի՞նչ լուր, Ո՛վ պահապան, գիշերուան համար ի՞նչ լուր կայ »։
12. Պահապանը կ’ըսէ. «Առաւօտը կու գայ ու նաեւ գիշերը. Եթէ կ’ուզէք հարցնել, հարցուցէ՛ք. Դարձէ՛ք ու եկէ՛ք»։
13. Արաբիայի անտառին մէջ գիշերը պիտի անցընէք, Ո՛վ Դեդանացիներու կարաւաններ։
10. Ու Երուսաղէմի տուները համրեցիք։ Պարիսպը ամրացնելու համար տուներ փլցուցիք։
11. Հին աւազանին ջուրերուն համար Երկու պարսպին մէջտեղ ջրամբար մը շինեցիք, Բայց զանիկա շինողին չնայեցաք Ու նախապէս զանիկա կազմողին ուշադրութիւն չըրիք։
12. Այն օրը զօրքերու Տէր Եհովան ձեզ կանչեց Լալու ու սգալու, Գլուխ կնտեցնելու եւ քուրձ հագնելու։
13. Ահա ցնծութիւն եւ ուրախութիւն ըրիք, Արջառներ կը սպաննէիք եւ ոչխարներ կը մորթէիք, Միս կ’ուտէիք ու գինի կը խմէիք՝ ըսելով. «Ուտենք ու խմենք, Քանզի վաղը պիտի մեռնինք»։
14. Բայց զօրքերու Տէրոջը կողմանէ իմ ականջներուս յայտնուեցաւ թէ՝ «Անշուշտ այս անօրէնութիւնը ձեզի պիտի չթողուի, Մինչեւ որ դուք մեռնիք», Կ’ըսէ զօրքերու Տէր Եհովան։
15. Զօրքերու Եհովա Տէրը այսպէս ըսաւ. «Գնա՛ ու պալատին հրամանատարին, Սեբնա գանձապետին քով մտիր ու ըսէ՛.
16. ‘Դուն հոս ի՞նչ ունիս եւ հոս ո՞վ ունիս, Որ հոս քեզի գերեզման փորեցիր. Ո՛վ դուն, որ քու գերեզմանդ բարձր տեղ կը փորես Ու քեզի վէմի մէջ բնակարան կը շինես’։
17. Ահա Տէրը քեզ պիտի նետէ ուժգնօրէն Եւ քեզ բոլորովին պիտի ծածկէ։
18. Անշուշտ գնդակի պէս Լայնատարած երկիր մը պիտի գլորէ քեզ Դուն հոն պիտի մեռնիս Եւ քու փառքիդ կառքերը հոն պիտի մնան, Ո՛վ քու տիրոջդ տանը անարգանքը։
19. Ու քու պաշտօնէդ քեզ պիտի վռնտեմ, Քու աստիճանէդ քեզ պիտի զրկեմ։
20. Այն օրը պիտի կանչեմ իմ ծառաս, Քեղկիայի որդին՝ Եղիակիմը՝
21. Եւ քու պատմուճանդ անոր պիտի հագցնեմ, Քու գօտիովդ զանիկա պիտի զօրացնեմ, Քու իշխանութիւնդ անոր ձեռքը պիտի տամ, Անիկա Երուսաղէմի բնակիչներուն Ու Յուդային տանը հայրը պիտի ըլլայ։
22. Դաւիթին տանը բանալին Անոր ուսին վրայ պիտի դնեմ, Որպէս զի անիկա բանայ եւ գոցող չըլլայ Ու գոցէ եւ բացող չըլլայ։
23. Զանիկա հաստատ տեղ մը Բեւեռի պէս պիտի գամեմ։ Անիկա իր հօրը տանը Փառաւոր աթոռի պէս պիտի ըլլայ։
24. Անոր հօրը տանը բոլոր փառքը անոր վրայ պիտի կախուի, Անոր սերունդէն եղող պատուականներն ու անարգները, Բոլոր պզտիկ ամանները, տեսակ տեսակ թասերէն Մինչեւ ամէն տեսակ տիկերը։
25. «Այն օրը, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը, Այս հաստատ տեղը գամուած բեւեռը պիտի վերցուի Եւ պիտի կոտրի ու իյնայ Ու անոր վրայ եղած բեռը պիտի կոտրտի», Քանզի Տէրը խօսեցաւ։
1. Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
2. Թող այսպէս ըսեն Տէրոջը փրկածները, Որոնք փրկեց թշնամիին ձեռքէն
3. Ու հաւաքեց զանոնք երկիրներէն, Արեւելքէն, արեւմուտքէն, հիւսիսէն ու ծովէն։
5. Անօթի ու ծարաւ ըլլալով՝ Հոգինին իրենց ներսիդին կը մարէր։
6. Տէրոջը աղաղակեցին իրենց նեղութեանը մէջ Եւ անիկա փրկեց զանոնք իրենց տառապանքներէն
7. Ու զանոնք ուղիղ ճամբու մէջ առաջնորդեց, Մինչեւ որ բնակելու քաղաքը հասան։
8. Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար Ու հրաշքներուն համար, որ մարդոց որդիներուն ըրաւ։
9. Վասն զի անիկա ծարաւցած հոգին կը յագեցնէ Ու անօթեցածը բարութիւնով կը լեցնէ։
14. Սուտ առատաձեռնութեան վրայ պարծենցողը Անանձրեւ ամպերու եւ հովի պէս է։
15. Համբերութեամբ իշխանին սիրտը կը շինուի Եւ անոյշ լեզուն ոսկորներ կը կոտրէ։
16. Եթէ մեղր գտնես, միայն քեզի բաւական եղածին չափ կեր, Չըլլայ որ յագենաս ու զանիկա փսխես։
1. Պօղոս, Աստուծոյ կամքովը Յիսուս Քրիստոսին առաքեալը ու Տիմոթէոս մեր եղբայրը. Կորնթոսի մէջ եղած Աստուծոյ եկեղեցիին եւ Աքայիայի մէջ եղող բոլոր սուրբերուն.
2. Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ մեր Հօրմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։
3. Օրհնեալ ըլլայ Աստուած՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին հայրը՝ գթութեան Հայրը եւ ամէն մխիթարութեան Աստուածը.
4. Որ մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ, որպէս զի մենք կարող ըլլանք մխիթարել զանոնք՝ որ ամէն տեսակ նեղութիւններու մէջ են, այն մխիթարութիւնովը որով մենք Աստուծմէ կը մխիթարուինք.
5. Քանզի ինչպէս Քրիստոսին չարչարանքները մեր վրայ շատ եղան, նմանապէս Քրիստոսին ձեռքովը մեր մխիթարութիւնն ալ շատ ըլլայ։
6. Եթէ նեղութիւն քաշենք՝ ձեր մխիթարութեանը ու փրկութեանը համար է եւ եթէ մխիթարուինք՝ ձեր մխիթարութեանը ու փրկութեանը համար է, որ կը տոկաք համբերելով այն չարչարանքներուն՝ որոնցմով մենք ալ կը չարչարուինք։
7. Մեր յոյսը հաստատուն է ձեզի համար, վասն զի գիտենք թէ ինչպէս մեր չարչարանքներուն հաղորդակից եղաք, նոյնպէս ալ մխիթարութեանը պիտի ըլլաք։
8. Վասն զի Ասիոյ մէջ մեզի պատահած նեղութիւնները չեմ ուզեր ձեզի իմացնել, եղբա՛յրներ, թէ մեր կարողութենէն շատ աւելի ծանրաբեռնուեցանք, նոյնիսկ յոյսերնիս կտրեցինք ապրելէ։
9. Բայց մահուան վճիռը մեր վրայ զգացինք, որպէս զի մենք մեզի չապաւինինք, հապա Աստուծոյ՝ որ մեռելները կը յարուցանէ.
10. Որ այնպիսի մեծ մահուանէ մեզ փրկեց ու կը փրկէ
11. Ու կը յուսանք թէ տակաւին պիտի փրկէ, մեզի համար ձեր ըրած աղօթքին օգնութեամբը. որպէս զի շատերուն աղօթքին պատճառաւ մեզի եղած շնորհքին համար՝ շատերէն գոհութիւն տրուի մեզի համար։
12. Վասն զի մեր պարծանքն է, մեր խղճմտանքին վկայութիւնը, թէ մենք Աստուծոյ առջեւ պարզմտութեամբ ու անկեղծութեամբ եւ ոչ թէ մարմնաւոր իմաստութիւնով, հապա Աստուծոյ շնորհքովը աշխարհի մէջ վարուեցանք, բայց աւելի դէպի ձեզ։
13. Քանզի ուրիշ բան չենք գրեր ձեզի, հապա այն որ դուք կը կարդաք ու կը ճանչնաք եւ կը յուսամ թէ մինչեւ վերջը պիտի ճանչնաք.
14. Ինչպէս քիչ շատ ճանչցաք մեզ, որ ձեր պարծանքն ենք, ինչպէս դուք ալ մերը՝ Տէր Յիսուսին օրը։
15. Այս վստահութիւնով կ’ուզէի առաջ ձեզի գալ, որպէս զի դուք երկրորդ անգամ շնորհք ընդունիք.
16. Ու ապա անցնիլ դէպի Մակեդոնիա եւ դարձեալ Մակեդոնիայէն ձեզի գալ, որպէս զի դուք ճամբեցնէք դէպի Հրէաստան։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981