Աստվածաշունչը մեկ տարում
Սեպտեմբեր 16

1. Ողբացէ՛ք, ո՛վ Թարսիսի նաւեր, Քանզի անիկա բնաջինջ եղաւ, հոն տուն կամ դուռ չմնաց։ Ասիկա Կիտացիներու երկրէն յայտնուեցաւ անոնց։
2. Ո՜վ կղզիի բնակիչներ, լռեցէ՛ք. Ծովէ անցնող Սիդոնացիներու վաճառականները լեցուցեր էին քեզ։
3. Եւ շատ ջուրերու մէջ գոյացող Սիովրի հունտերը, Գետին հունձքը անոր եկամուտն էր։ Անիկա ազգերուն վաճառանոցն էր։
4. Ո՛վ Սիդոն, ամչցի՛ր, քանզի ծովը կը խօսի. Ծովուն զօրութիւնը կը խօսի ու կ’ըսէ. «Ես ծննդականի ցաւ չեմ քաշեր ու չեմ ծնանիր. Երիտասարդներ չեմ սնուցաներ եւ կոյս աղջիկներ չեմ մեծցներ»։
5. Երբ այս բանը Եգիպտացիներուն ականջը հասնի, Տիւրոսին լուրին համար պիտի տագնապին։
6. Թարսիս անցէ՛ք, Ո՛վ ծովեզերքի բնակիչներ, ողբացէ՛ք։
7. Ձեր ուրախութեան քաղաքը ասիկա՞ է, Որուն ծագումը հին օրերէն է, Անոր ոտքերը հեռու տեղ պանդուխտ ըլլալու պիտի տանին զանիկա։
8. Ո՞վ այս խորհուրդը ըրաւ Տիւրոսի դէմ, Որ իր բնակիչները կը պսակէր։ Անոր վաճառականները իշխաններ էին Ու առուտուր ընողները՝ երկրին պատուաւոր մարդիկը ։
9. Զօրքերու Տէրը այս խորհուրդը ըրաւ, Որպէս զի ամէն փառքի ամբարտաւանութիւն խայտառակէ Ու երկրին բոլոր պատուաւորները անարգէ։
10. Ո՛վ Թարսիսի աղջիկ, Քու տեղէդ գետի պէս անցիր, Ասկէ ետքը գօտի չկայ։
11. Իր ձեռքը ծովուն վրայ երկնցուց, Թագաւորութիւնները սարսեց։ Տէրը Քանանացիներուն հրամայեց, Որ անոր բերդերը աւերեն.
12. Ու ըսաւ. «Դուն անգամ մըն ալ պիտի չուրախանաս, Ո՛վ Սիդոնի անարգուած կոյս աղջիկ, Ելի՛ր, Կիտի՛մ անցիր, Բայց հոն ալ հանգստութիւն պիտի չունենաս»։
13. Ահա Քաղդէացիներու երկիրը, Որ ատենօք ժողովուրդ չէր, Ասորեստանցիները հիմնեցին զանիկա անապատի բնակիչներուն համար. Իրենց աշտարակներ կանգնեցին, անոր պալատները քանդեցին Եւ զանիկա հիմա աւերակ ըրին։
14. Ողբացէ՛ք, ո՛վ Թարսիսի նաւեր, Վասն զի ձեր զօրութիւնը կորսուեցաւ։
15. Եւ այն օրը Տիւրոս մոռցուած պիտի մնայ եօթանասուն տարի, Մէկ թագաւորի օրերուն չափ։ Իսկ եօթանասուն տարի ետքը Երգ մը պիտի երգեն Տիւրոսին, պոռնիկի երգին պէս.
16. «Ո՛վ մոռցուած պոռնիկ, քնարը ա՛ռ Ու քաղաքին մէջ պտըտէ՛. Աղէ՛կ զարկ, շա՛տ խաղ կանչէ, Որպէս զի քեզ յիշեն»։
17. Եօթանասուն տարի ետքը Տէրը այցելութիւն պիտի ընէ Տիւրոսին։ Անիկա իր շահին պիտի դառնայ Ու աշխարհի երեսը եղող բոլոր երկրի թագաւորութիւններուն հետ Պոռնկութիւն պիտի ընէ։
18. Անոր վաճառականութեան շահը՝ ՝ Տէրոջը պիտի նուիրուի. Անիկա գանձատունը պիտի չդրուի, Կամ շտեմարանի մէջ պիտի չպահուի. Հապա անոր վաճառականութեան շահը Տէրոջը առջեւ բնակողներուն պիտի ըլլայ, Որպէս զի ուտեն մինչեւ կշտանան Ու պատուական զգեստներ հագնին ։
1. Ահա Տէրը երկիրը կը պարպէ ու զանիկա կը դատարկեցնէ Եւ տակնուվրայ ընելով անոր բնակիչները կը ցրուէ։
2. Ինչպէս է ժողովուրդը, քահանան ալ՝ այնպէս, Ինչպէս է աղախինը, իր տիկինն ալ՝ այնպէս, Ինչպէս է ծախու առնողը, ծախողն ալ՝ այնպէս, Ինչպէս է փոխ տուողը, առնողն ալ՝ այնպէս, Ինչպէս է տոկոս առնողը՝ տոկոս տուող ալ այնպէս պիտի ըլլայ։
3. Երկիրը բոլորովին պիտի պարպուի Ու բոլորովին պիտի կողոպտուի, Քանզի այս խօսքը Տէրը խօսեցաւ։
4. Երկիրը սուգ կը բռնէ ու կը մարի, Աշխարհը կը նուաղի ու կը մարի, Երկրին ժողովուրդին մեծերը կը նուաղին։
5. Երկիրը իր բնակիչներուն կողմէ պղծուեցաւ, Քանզի անոնք օրէնքները զանց ըրին, Պատուիրանքը փոխեցին, յաւիտենական ուխտը խափանեցին։
6. Այս պատճառով նզովուեցաւ երկիրը Ու անոր մէջ բնակողները իրենց յանցանքին պատիժը կրեցին, Որուն համար երկրին բնակիչները այրեցան Ու քիչ մարդիկ մնացին։
7. Նոր գինին սուգ կը բռնէ, որթատունկը կը նուաղի Եւ բոլոր ուրախ եղողները կը հառաչեն։
8. Թմբուկներուն ցնծութիւնը կը դադարի, Ուրախութիւն ընողներուն աղաղակը կը կտրի, Քնարին ցնծութիւնը կը դադրի։
9. Երգով գինի պիտի չխմեն. Ցքին խմողներուն դառն պիտի ըլլայ։
10. Դատարկ քաղաքը կործանուեցաւ, Ամէն տուն գոցուեցաւ, որպէս զի մարդ մը չմտնէ։
11. Փողոցներուն մէջ գինիի համար աղաղակ կայ. Ամէն ուրախութիւն լռեց, Երկրին ցնծութիւնը վերցուեցաւ։
12. Քաղաքին մէջ ամայութիւն մնաց Ու դուռը կոտրուեցաւ ու աւերակ եղաւ։
13. Քանզի երկրին մէջ, ժողովուրդներուն մէջ, Թօթուրուած ձիթենիի պէս Ու այգեկութքէն ետքը ճռաքաղի պէս պիտի ըլլայ։
14. Անոնք ձայներնին վերցնելով ցնծութեամբ պիտի երգեն, Ծովու կողմէն Տէրոջը փառքին համար բարձրաձայն պիտի աղաղակեն։
15. Անոր համար արեւելեան կողմը փառաւորեցէ՛ք Տէրը, Ծովու կղզիներուն մէջ՝ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն անունը։
16. Երկրի ծայրերէն օրհնութիւններ լսեցինք, Արդարին փառք մատուցանեցէք, Բայց ես ըսի. «Նիհար եմ, նիհար եմ, վա՜յ ինձ. Յափշտակողները կը յափշտակեն. Յափշտակողները բռնի կը յափշտակեն»։
17. Ո՛վ երկրի բնակիչ, Վախ, գուբ եւ որոգայթ պիտի ըլլայ քու վրադ։
18. Վախին ձայնէն փախչողը գուբը պիտի իյնայ, Գուբին մէջէն ելլողը որոգայթին մէջ պիտի բռնուի, Քանզի բարձրէն պատուհանները բաց են Ու երկրին հիմերը կը շարժին։
19. Երկիրը բոլորովին կը ճնշուի. Երկիրը բոլորովին կը պատռուի Երկիրը բոլորովին կը սարսի.
20. Երկիրը գինովի պէս անդադար պիտի երերայ Ու հիւղի պէս պիտի շարժի։ Անոր մեղքը պիտի ծանրանայ անոր վրայ։ Անիկա պիտի իյնայ ու անգամ մըն ալ պիտի չելլէ։
21. Այն օրը Տէրը բարձրէն այցելութիւն պիտի ընէ հպարտներուն զօրքին Ու երկրի վրայ՝ երկրի թագաւորներուն։
22. Անոնք պիտի հաւաքուին, Ինչպէս բանտարկեալները գուբին մէջ կը հաւաքուին Ու բանտի մէջ պիտի գոցուին։ Շատ ժամանակ յետոյ անոնք պիտի պատժուին։
23. Լուսինը պիտի ամչնայ ու արեւը պիտի պատկառի, Երբ զօրքերու Տէրը Սիօն լերանը վրայ Ու Երուսաղէմի մէջ թագաւորէ Ու իր մեծերուն առջեւ փառաւորուի։
10. Անոնք խաւարի ու մահուան շուքի մէջ կը նստէին, Տառապանքով ու երկաթով կապուած էին,
11. Վասն զի Աստուծոյ խօսքերուն հակառակ կեցան Ու Բարձրեալին խորհուրդը անարգեցին.
12. Ուստի անիկա ալ նեղութիւնով խոնարհեցուց անոնց սիրտը։ Ինկան ու օգնական մը չկար։
13. Տէրոջը աղաղակեցին իրենց նեղութեանը մէջ Ու զանոնք փրկեց իրենց տառապանքներէն։
14. Զանոնք խաւարէն ու մահուան շուքէն հանեց Ու անոնց կապանքները կոտրտեց։
15. Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար, Իր ըրած հրաշքներուն համար, որ մարդոց որդիներուն ըրաւ։
16. Վասն զի պղնձէ դռները փշրեց Ու երկաթէ նիգերը կոտրեց։
17. Յիմարները իրենց չար ճամբուն համար Ու իրենց անօրէնութիւններուն համար նեղութիւն կը կրեն։
18. Անոնց անձը ամէն կերակուրէ կը զզուի Ու մինչեւ մահուան դռներուն կը մօտենան։
19. Տէրոջը կ’աղաղակեն իրենց նեղութեանը մէջ Ու կը փրկէ զանոնք իրենց տառապանքներէն։
20. Իր խօսքը կը ղրկէ ու կը բժշկէ զանոնք Ու կ’ազատէ զանոնք իրենց կործանումէն։
21. Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար, Իր ըրած հրաշքներուն համար, որ մարդոց որդիներուն ըրաւ։
22. Գոհութեան պատարագներ թող մատուցանեն Ու անոր գործերը ցնծութեամբ պատմեն։
17. Քու ոտքդ դրացիիդ տունը թող չյաճախէ, Չըլլայ որ քեզմէ ձանձրանայ ու քեզ ատէ։
8. Վասն զի Ասիոյ մէջ մեզի պատահած նեղութիւնները չեմ ուզեր ձեզի իմացնել, եղբա՛յրներ, թէ մեր կարողութենէն շատ աւելի ծանրաբեռնուեցանք, նոյնիսկ յոյսերնիս կտրեցինք ապրելէ։
9. Բայց մահուան վճիռը մեր վրայ զգացինք, որպէս զի մենք մեզի չապաւինինք, հապա Աստուծոյ՝ որ մեռելները կը յարուցանէ.
10. Որ այնպիսի մեծ մահուանէ մեզ փրկեց ու կը փրկէ
11. Ու կը յուսանք թէ տակաւին պիտի փրկէ, մեզի համար ձեր ըրած աղօթքին օգնութեամբը. որպէս զի շատերուն աղօթքին պատճառաւ մեզի եղած շնորհքին համար՝ շատերէն գոհութիւն տրուի մեզի համար։
12. Վասն զի մեր պարծանքն է, մեր խղճմտանքին վկայութիւնը, թէ մենք Աստուծոյ առջեւ պարզմտութեամբ ու անկեղծութեամբ եւ ոչ թէ մարմնաւոր իմաստութիւնով, հապա Աստուծոյ շնորհքովը աշխարհի մէջ վարուեցանք, բայց աւելի դէպի ձեզ։
13. Քանզի ուրիշ բան չենք գրեր ձեզի, հապա այն որ դուք կը կարդաք ու կը ճանչնաք եւ կը յուսամ թէ մինչեւ վերջը պիտի ճանչնաք.
14. Ինչպէս քիչ շատ ճանչցաք մեզ, որ ձեր պարծանքն ենք, ինչպէս դուք ալ մերը՝ Տէր Յիսուսին օրը։
15. Այս վստահութիւնով կ’ուզէի առաջ ձեզի գալ, որպէս զի դուք երկրորդ անգամ շնորհք ընդունիք.
16. Ու ապա անցնիլ դէպի Մակեդոնիա եւ դարձեալ Մակեդոնիայէն ձեզի գալ, որպէս զի դուք ճամբեցնէք դէպի Հրէաստան։
17. Երբ այսպէս մտածեցի, միթէ երկմտութիւնո՞վ շարժեցայ. կամ թէ այն որ ես կը խորհիմ, մարմնաւորապէ՞ս կը խորհիմ, որպէս զի իմ կողմանէս «այոն՝ այո եւ ոչը՝ ոչ» ըլլայ՝ ՝։
18. Սակայն հաւատարիմ է Աստուած, որ մեր խօսքը ձեզի որ հասաւ «այո» եւ «ոչ» չէր։
19. Վասն զի Աստուծոյ Որդին Յիսուս Քրիստոսը, որ մեզմով ձեզի քարոզուեցաւ, (ինծմով եւ Սիղուանոսով ու Տիմոթէոսով,) «այո» ու «ոչ» չեղաւ, հապա իր մէջ եղաւ «այո»ն։
20. Քանզի որչափ որ Աստուծոյ խոստումները կան՝ իր մէջ «Այո» են ու իր մէջ «Ամէն» են Աստուծոյ փառքին համար մեր ձեռքով։
21. Բայց ան որ մեզ ձեզի հետ մէկտեղ Քրիստոսով հաստատեց ու մեզ օծեց, Աստուած է.
22. Որ մեզ կնքեց ալ եւ մեզի տուաւ Հոգիին գրաւը մեր սրտերուն մէջ։
23. Բայց ես Աստուած վկայ կը կանչեմ իմ անձիս, որ ձեզի խնայելուս համար տակաւին Կորնթոս չեկայ. սակայն ոչ թէ ձեր հաւատքին վրայ կը տիրապետենք, հապա գործակից ենք ձեր ուրախութեանը. վասն զի դուք հաւատքով կը կենաք։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981