Աստվածաշունչը մեկ տարում Սեպտեմբեր 17Եսայիա 25:1-121. Ո՛վ Տէր, իմ Աստուածս դուն ես. Քեզ պիտի բարձրացնեմ, քու անուանդ փառք պիտի տամ. Քանզի սքանչելի բաներ ըրիր, Քու վաղեմի խորհուրդներն հաւատարիմ եւ ճշմարիտ են։2. Քանզի քաղաքը հողակոյտ Ու պարսպապատ քաղաքը աւերակ դարձուցիր, Որպէս զի այսուհետեւ քաղաք չըլլալով՝ Օտարականներուն պալատը յաւիտեան չշինուի։3. Անոր համար զօրաւոր ժողովուրդը քեզ պիտի պատուէ Եւ ահարկու ազգերուն քաղաքը քեզմէ պիտի վախնայ։4. Վասն զի դուն ապաւէն եղար աղքատին, Ապաւէն՝ չքաւորին իր նեղութեան ատենը, Ապաստանարան՝ փոթորիկէն, հովանի՝ տաքութենէն, Երբ անօրէն մարդոց կատաղութիւնը պատ փլցնող փոթորիկի պէս գայ ։5. Օտարականներուն աղաղակը Չոր տեղին տաքութեանը պէս պիտի մեղմացնես։ Ինչպէս տաքութիւնը ամպի հովանիով կ’իջնէ, Այնպէս բռնաւորներուն ցնծութեանը ձայնը պիտի ցածնայ։6. Զօրքերու Տէրը այս լերան վրայ Բոլոր ազգերուն կոչունք մը պիտի ընէ, Պարարտ բաներու եւ հին գինիներու, Ծուծով լեցուած պարարտ բաներու Ու զտուած հին գինիներու կոչունք։7. Այս լերան վրայ Բոլոր ժողովուրդներուն վրայ տարածուած ծածկոցը Ու բոլոր ազգերուն վրայ փռուած վարագոյրը բնաջինջ պիտի ընէ։8. Մահը յաւիտեան բնաջինջ պիտի ընէ Ու Տէր Եհովան ամէն աչքէ արցունքը պիտի սրբէ Եւ բոլոր երկրի երեսէն իր ժողովուրդին նախատինքը պիտի վերցնէ. Վասն զի Տէրը խօսեցաւ։9. Ու այն օրը պիտի ըսեն. «Ահա մեր Աստուածը ասիկա է. Անոր յուսացինք ու անիկա մեզ ազատեց. Տէրը ասիկա է, անոր յուսացինք. Անոր փրկութիւնովը պիտի ցնծանք եւ ուրախանանք»։10. Քանզի Տէրոջը ձեռքը այս լերան վրայ պիտի հանգչի Ու Մովաբ անոր տակ պիտի կոխկռտուի, Ինչպէս յարդը կը կոխկռտուի աղբանոցին մէջ։11. Իր ձեռքերը պիտի տարածէ անոր վրայ, Ինչպէս լողացողը կը տարածէ լողալու ատեն։ Անոր հպարտութիւնը անոր ձեռքերուն հնարքներուն հետ պիտի կործանէ։12. Եւ քու բարձր պարիսպներուդ ամրութիւնը պիտի խոնարհեցնէ Ու գետնին հետ հաւասարեցնելով փոշիի մէջ պիտի ձգէ։Եսայիա 26:1-211. Այն օրը Յուդային երկրին մէջ այս երգը պիտի երգեն. «Մենք զօրաւոր քաղաք մը ունինք. Փրկութիւնը պարիսպներու ու պատնէշներու տեղ կը կանգնեցնէ։2. Դռները բացէ՛ք, Որպէս զի ճշմարտութիւն պահող արդար ազգը ներս մտնէ։3. Հաստատ միտքը կատարեալ խաղաղութեան մէջ կը պահես, Վասն զի քեզի կը յուսայ։4. Յաւիտեան Տէրոջը յուսացէք, Քանզի Տէր Եհովան յաւիտենական վէմ է,5. Քանզի անիկա բարձր տեղեր բնակողները կը խոնարհեցնէ, Բարձր քաղաքը կը ցածցնէ, Զանիկա հողի հետ հաւասար կ’ընէ։6. Ոտքը զանիկա պիտի կոխկռտէ, Աղքատին ոտքն ու չքաւորներուն գարշապարը»։7. Արդարին ճամբան շիտակ է։ Դո՛ւն, որ ուղիղ ես, արդարին ճամբան դուն կ’ուղղես։8. Քու դատաստաններուդ ճամբուն մէջ քեզի կը սպասենք, ո՛վ Տէր. Մեր հոգիին ցանկութիւնը քու անուանդ եւ քու յիշատակիդ համար է։9. Գիշերը հոգիով քեզի ցանկացի Ու առաւօտուն քեզ փնտռեցի բոլոր սրտովս՝ ՝. Քանզի, երբ քու դատաստաններդ երկրի վրայ ըլլան, Աշխարհի բնակիչները արդարութիւն կը սորվին։10. Ամբարշտին ողորմութիւն ալ ըլլայ՝ արդարութիւն չի սորվիր։ Անիկա ուղղութեան երկրին մէջ անօրէնութիւն կը գործէ Ու Տէրոջը մեծափառութիւնը չի տեսներ։11. Ո՛վ Տէր, անոնք քու ձեռքիդ բարձրանալը չեն տեսներ, Բայց ժողովուրդին վրայ քու ունեցած նախանձդ պիտի տեսնեն ու ամչնան։ Կրակը պիտի սպառէ քու թշնամիներդ։12. Ո՛վ Տէր, մեզի խաղաղութիւն պիտի տաս, Վասն զի մեր բոլոր գործերն ալ դուն մեզի համար կատարեցիր։13. Ո՛վ Տէր Աստուած մեր, քեզմէ զատ ուրիշ տէրեր մեր վրայ տիրեցին, Բայց քու անունդ, միայն քո՛ւկդ կը յիշենք։14. Անոնք մեռած են, պիտի չողջնան, Ուրուականներ են, չեն կրնար ելլել, Վասն զի դուն այցելութիւն ընելով՝ զանոնք բնաջինջ ըրիր Ու անոնց յիշատակը կորսնցուցիր։15. Դուն այս ազգը աւելցուցիր, ո՛վ Տէր, Այս ազգը աւելցնելով՝ փառաւորուեցար, Երկրին բոլոր ծայրերը ընդարձակեցիր։16. Ո՛վ Տէր, նեղութեան մէջ քեզ փնտռեցին, Քու պատիժդ անոնց վրայ եղած ատեն աղաչանք ըրին՝ ՝։17. Ինչպէս ծնանելու մօտ եղող յղի կինը Իր երկունքին մէջ տանջուելով կ’աղաղակէ, Մենք ալ քու առջեւդ այնպէս եղանք, ո՛վ Տէր։18. Յղացանք, ցաւեր քաշեցինք, Հով ծնանողի պէս եղանք Ու երկիրը չկրցանք ազատել Եւ աշխարհի բնակիչները չինկան։19. Քու մեռելներդ պիտի ողջննան։ Մեռելներուդ մարմինները յարութիւն պիտի առնեն։ Արթնցէ՛ք ու ցնծութեամբ երգեցէ՛ք, ո՛վ հողի մէջ բնակողներ. Քանզի քու ցօղդ խոտերու ցօղ է։ Երկիրը իր մեռելները դուրս պիտի նետէ։20. Գնա՛, ո՛վ իմ ժողովուրդս, քու սենեակներուդ մէջ մտի՛ր Ու քու վրադ դռներդ գոցէ՛. Պահուէ՛ քիչ մը, վայրկեան մը, Մինչեւ բարկութիւնը անցնի։21. Քանզի ահա Տէրը իր տեղէն կ’ելլէ, Որպէս զի երկրի բնակիչներուն այցելութիւն ընէ իրենց անօէնութեանը համար։ Եւ երկիր իր արիւնները պիտի յայտնէ Եւ սպաննուածներն ալ պիտի չծածկէ։Սաղմոսներ 107:23-3223. Նաւերով ծովը իջնողները Ու մեծ ջուրերու մէջ գործ գործողները,24. Անոնք Տէրոջը գործերը Ու անոր հրաշքները կը տեսնեն անդունդին մէջ։25. Վասն զի ան կ’ըսէ ու մրրկալից հովը կը հանէ, Որ անոր ալիքները բարձրացնէ։26. Երկինք կ’ելլեն ու անդունդը կ’իջնեն։ Անոնց անձերը նեղութենէ կը հալին,27. Գինով մարդու պէս կը դողդղան ու կ’երերան Եւ անոնց բոլոր իմաստութիւնը կը հատնի։28. Այն ատեն Տէրոջը կ’աղաղակեն իրենց նեղութեանը մէջ Ու կը փրկէ զանոնք իրենց տառապանքներէն։29. Մրրիկը կը հանդարտեցնէ Ու ալիքները կը դադարին։30. Իրենք ալ կ’ուրախանան, որ դադարեցան Եւ կ’առաջնորդէ զանոնք իրենց ուզած նաւահանգիստը։31. Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար, Իր ըրած հրաշքներուն համար, որ մարդոց որդիներուն ըրաւ։32. Թող բարձրացնեն զանիկա ժողովուրդին մէջ Ու ծերերուն ատեանին մէջ թող գովեն զանիկա։Առակներ 25:18-1918. Իր դրացիին համար սուտ վկայութիւն ընողը Լախտի, սուրի եւ սրած նետի պէս է։19. Նեղութեան օրը անհաւատարիմ մարդու ապաւինիլը Փշրուող ակռայի եւ դիւրասահ ոտքի ապաւինելու պէս է։2 Կորնթացիներ 1:9-159. Բայց մահուան վճիռը մեր վրայ զգացինք, որպէս զի մենք մեզի չապաւինինք, հապա Աստուծոյ՝ որ մեռելները կը յարուցանէ.10. Որ այնպիսի մեծ մահուանէ մեզ փրկեց ու կը փրկէ11. Ու կը յուսանք թէ տակաւին պիտի փրկէ, մեզի համար ձեր ըրած աղօթքին օգնութեամբը. որպէս զի շատերուն աղօթքին պատճառաւ մեզի եղած շնորհքին համար՝ շատերէն գոհութիւն տրուի մեզի համար։12. Վասն զի մեր պարծանքն է, մեր խղճմտանքին վկայութիւնը, թէ մենք Աստուծոյ առջեւ պարզմտութեամբ ու անկեղծութեամբ եւ ոչ թէ մարմնաւոր իմաստութիւնով, հապա Աստուծոյ շնորհքովը աշխարհի մէջ վարուեցանք, բայց աւելի դէպի ձեզ։13. Քանզի ուրիշ բան չենք գրեր ձեզի, հապա այն որ դուք կը կարդաք ու կը ճանչնաք եւ կը յուսամ թէ մինչեւ վերջը պիտի ճանչնաք.14. Ինչպէս քիչ շատ ճանչցաք մեզ, որ ձեր պարծանքն ենք, ինչպէս դուք ալ մերը՝ Տէր Յիսուսին օրը։15. Այս վստահութիւնով կ’ուզէի առաջ ձեզի գալ, որպէս զի դուք երկրորդ անգամ շնորհք ընդունիք. Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981