Աստվածաշունչը մեկ տարում Սեպտեմբեր 18Եսայիա 27:1-131. Այն օրը Տէրը իր ամրակուռ, մեծ ու զօրաւոր սուրովը Պիտի պատժէ Լեւիաթանը, փախչող օձը, Այսինքն այն Լեւիաթանը՝ գալարուող օձը Ու ծովուն մէջ եղող վիշապը պիտի մեռցնէ։2. «Այն օրը գինիի այգիին վրայ երգեցէք.3. Ես՝ Տէրս՝ կը պահեմ զանիկա, Ամէն վայրկեան պիտի ոռոգեմ զանիկա, Գիշեր ու ցորեկ անոր պահպանութիւն պիտի ընեմ, Որպէս զի չըլլայ թէ մարդ մը անոր վնասէ։4. Ես բարկութիւն չունիմ. Երանի՜ թէ ցախերն ու փուշերը ինծի դէմ պատերազմէին։ Ես անոնց վրայ պիտի քալէի Ու զանոնք մէկէն պիտի այրէի։5. Եթէ ոչ՝ թող իմ զօրութեանս ապաւինին, Թող ինծի հետ խաղաղութիւն ընեն. Թող ինծի հետ խաղաղութիւն ընեն»։6. Ապագային Յակոբ պիտի արմատանայ, Իսրայէլ պիտի ծաղկի ու պիտի ընձիւղի Եւ պտուղով աշխարհի երեսը պիտի լեցնեն։7. Միթէ զանիկա զարնողին հարուածի՞ն պէս զարկաւ զանիկա, Կամ անկէ սպաննուածներուն սպաննութեա՞ն պէս սպանուեցաւ։8. Չափաւորութեամբ վիճեցար անոր հետ, Երբ զանիկա ղրկեցիր, Թէեւ արեւելեան հովին օրը սասատիկ հովով տարիր։9. Ուստի ասով քաւութիւն պիտի ըլլայ Յակոբին անօրէնութեանը։ Բոլոր դիտաւորութիւնը այս է, որ անոր մեղքը վերցնէ, Երբ զոհարաններուն բոլոր քարերը կիրի փշրուած քարերու պէս ընէ, Աստարովթի կուռքերն ու արեգակին արձանները, ա՛լ պիտի չկանգնին։10. Քանզի պարսպապատ քաղաքը՝ ամայի Ու շէն տեղը անապատի պէս պիտի թողուի ու մոռցուի։ Զուարակը հո՛ն պիտի արածի ու հո՛ն պիտի պառկի Ու անոր ճիւղերը պիտի հատցնէ։11. Անոր ոստերը չորնալով պիտի կոտրին, Կիները պիտի գան ու զանոնք պիտի բռնկեցնեն։ Անիկա իմաստուն ժողովուրդ չէ, Ուստի զանիկա ստեղծողը անոր վրայ պիտի չգթայ Ու զանիկա կազմողը անոր պիտի չողորմի։12. Այն օրը, Տէրը Գետին յորձանքէն մինչեւ Եգիպտոսի հեղեղատը պիտի թօթուէ։ Դո՛ւք, ո՛վ Իսրայէլի որդիներ, Մէկիկ մէկիկ պիտի հաւաքուիք։13. Այն օրը մեծ փողը պիտի հնչեցնեն Եւ Ասորեստանի երկրին մէջ թափառական եղողները Ու Եգիպտոսի երկրին մէջ աքսորուածները պիտի գան Ու Երուսաղէմ սուրբ լերանը վրայ Տէրոջը երկրպագութիւն պիտի ընեն։Եսայիա 28:1-291. Վա՜յ Եփրեմի գինովներուն հպարտութեան պսակին, Որուն փառաւոր զարդը թառամեալ ծաղիկ մըն է, Որ գինիով թմրածներուն պարարտ հովիտին գլուխը կը կենայ ։2. Ահա Տէրոջ կողմէ քաջ ու զօրաւոր թշնամի մը, Կարկուտի փոթորիկի պէս, աւերիչ մրրիկի պէս Ու սաստիկ ջուրերու յորդահոս հեղեղի պէս, Ձեռքովը գետինը պիտի զարնէ զանոնք ։3. Եփրեմի գինովներուն հպարտութեան պսակը Ոտքերով պիտի կոխկռտուի։4. Եւ պարարտ հովիտին գլուխը եղող անոր փառքերուն զարդը, Որ թառամեալ ծաղիկ մըն է, Հունձքէն առաջ վաղահաս թուզի պէս պիտի ըլլայ, Որ տեսնողը ձեռքը առածին պէս կը կլլէ։5. Այն օրը զօրքերու Տէրը իր ժողովուրդին մնացորդին Փառաւոր պսակ ու շքեղ թագ պիտի ըլլայ6. Եւ դատաստանի նստողին՝ արդարութեան ոգի Ու պատերազմը դէպի թշնամիին դուռը դարձնողին զօրութիւն պիտի ըլլայ։7. Բայց ասոնք ալ գինիով կը մոլորին Ու ցքիով կ’երերան։ Քահանան ու մարգարէն ցքիով կը մոլորին. Անոնք գինիէն կը շփոթին, ցքիէն կը դանդաչեն, Տեսիլքի մէջ կը մոլորին ու դատաստանի մէջ կը սխալին.8. Վասն զի անոնց բոլոր սեղանները փսխունքի պղծութիւնով ծածկուած են, Այնպէս որ մաքուր տեղ մը չկայ։9. Որո՞ւ գիտութիւն սորվեցնէ, Որո՞ւ կրթութիւն հասկցնէ. Կաթէ կտրուածներո՞ւն, Ստինքէ զատուածներո՞ւն։10. Քանզի խրատ խրատի վրայ, խրատ խրատի վրայ, Հրաման հրամանի վրայ, հրաման հրամանի վրայ, Քիչ մը հոս, քիչ մը հոն։11. Յիրաւի այս ժողովուրդին հետ Չհասկցուելու շրթունքով եւ օտար լեզուով պիտի խօսի։12. Քանզի անոնց ըսաւ. «Յոգնածը հանգստացնելու միջոցը ասիկա է Ու մխիթարութիւնը ասիկա է»։ Բայց անոնք մտիկ ընել չուզեցին։13. Ուստի Տէրոջը խօսքը պիտի ըլլայ անոնց՝ Խրատ խրատի վրայ, խրատ խրատի վրայ, Հրաման հրամանի վրայ, հրաման հրամանի վրայ, Քիչ մը հոս, քիչ մը հոն. Որպէս զի երթան, կռնակի վրայ իյնան ու կոտրտին Եւ որոգայթի մէջ իյնալով բռնուին։14. Ուրեմն Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէք, Ո՛վ ծաղր ընող մարդիկ, Որ Երուսաղէմի մէջ բնակող այս ժողովուրդին վրայ կը տիրէք,15. Որովհետեւ ըսիք. «Մենք մահուան հետ ուխտ ըրինք Ու գերեզմանին հետ դաշնակից եղանք, Որ եթէ յորդահոս հեղեղը ասկէ անցնի, մեր վրայ չգայ. Վասն զի ստութիւնը մեզի պատսպարան ըրինք Եւ ունայնութեան մէջ պահուեցանք»։16. Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես Սիօնի մէջ վէմ մը կը դնեմ իբրեւ հիմ. Ընտիր վէմ՝ պատուական անկիւն, հաստատուն հիմ. ‘Ով որ հաւատայ անոր, պիտի չարտորայ փախչելու’։17. Իրաւունքը՝ կապարալար, Արդարութիւնը խորաչափ պիտի ընեմ։ Կարկուտը ստութեան պատսպարանը պիտի տանի Ու ջուրերը պահուելու տեղը պիտի կոխեն։18. Մահուան հետ ըրած ուխտերնիդ պիտի աւրուի Ու գերեզմանին հետ ըրած դաշնակցութիւննիդ պիտի չհաստատուի։ Երբ յորդահոս հեղեղը ասկէ անցնի, Դուք անոր մէջ պիտի ընկղմիք,19. Անցնելու ատեն ձեզ պիտի քշէ, Քանզի ամէն առտու, ցորեկ ու գիշեր պիտի անցնի Ու անոր ձայնը լսելն անգամ սոսկալի պիտի ըլլայ։20. Քանզի անկողինը երկննալու համար կարճ է Ու ծածկոցը ծածկուելու համար նեղ է։21. Քանզի Տէրը պիտի ելլէ, ինչպէս Փարասին լերանը վրայ ելաւ Ու պիտի բարկանայ, ինչպէս Գարաւոնին ձորին մէջ բարկացաւ, Որպէս զի իր օտարոտի գործը կատարէ, որքան խորթ թուի, Իր պաշտօնը կատարէ, որքան խորհրդաւոր թուի։22. Հիմա ծաղր ընողներ մի՛ ըլլաք, Որպէս զի չըլլայ թէ ձեր կապանքները աւելի ուժովնան. Քանզի զօրքերու Տէր Եհովային կողմէ Բոլոր երկրին վրայ աւերումի վճիռ մը լսեցի։23. Ակա՛նջ տուէք ու իմ ձայնս լսեցէ՛ք. Մտի՛կ ըրէք ու իմ խօսքս լսեցէք.24. Միթէ հերկողը ցանելու համար շարունակ կը հերկէ՞. Միշտ իր երկիրը կը բանայ ու անոր կոշտերը կը տափանէ՞.25. Անոր երեսը շտկելէն ետքը Միթէ արջնդեղն ու չամանը չի՞ ցաներ Եւ ցորենը՝ կարգով ու գարին՝ որոշուած տեղը Եւ հաճարը իր սահմանին մէջ չի՞ դներ։26. Վասն զի իր Աստուածը կրթութիւն կու տայ անոր Ու կը սորվեցնէ թէ ի՛նչ պէտք է ընէ։27. Քանզի արջնդեղը կամնասայլով չի ծեծուիր Ու չամանին վրայ սայլին անիւը չի դառնար. Հապա արջնդեղը՝ գաւազանով Ու չամանը ցուպով կը թօթուըուի։28. Հացին ցորենը կը կոխկռտուի, Բայց զանիկա միշտ չի ծեծեր Ու սայլին անիւը զանիկա չի կոտրտեր Եւ ձիերը զանիկա չեն փշրեր։29. Ասիկա ալ զօրքերու Տէրոջմէն կ’ելլէ, Որուն խորհուրդը սքանչելի է։ Ու անոր իմաստութիւնը գերազանց է։Սաղմոսներ 107:33-4333. Գետերը անապատներու կը դարձնէ Ու ջուրերուն գնացքները՝ չոր երկրի34. Ու պտղաբեր երկիրը՝ աղի երկրի, Անոր բնակիչներուն չարութեանը համար։35. Անապատը ջուրերու լիճի կը փոխէ Ու չոր երկիրը՝ ջուրերու գնացքի36. Եւ անօթիները հոն կը բնակեցնէ, Որպէս զի բնակելու քաղաք հիմնեն37. Ու արտեր հերկեն ու ցանեն ու այգիներ տնկեն, Որպէս զի պտուղ բերեն։38. Զանոնք կ’օրհնէ եւ անոնք խիստ կը բազմանան Ու անոնց անասունները չի պակսեցներ։39. Նորէն կը պակսին ու կը ցածնան Բռնութենէ, նեղութենէ ու տրտմութենէ։40. Անարգանք կը թափէ իշխաններուն վրայ Ու զանոնք ճամբայ չունեցող անապատի մէջ կը մոլորեցնէ։41. Բայց աղքատը խեղճութենէ կը բարձրացնէ Եւ անոր տոհմերը ոչխարներու հօտի պէս կ’ընէ։42. Ուղիղները պիտի տեսնեն եւ ուրախանան Բայց ամէն անօրէնութիւն իր բերանը պիտի գոցէ։43. Ո՞վ է իմաստուն՝ որ այս բաները պահէ։ Անիկա Տէրոջը ողորմութիւնները պիտի հասկնայ։Առակներ 25:20-2020. Տրտում մարդուն առջեւ երգեր երգողը Ցուրտ օրը իր զգեստը հանողին Կամ բորակի վրայ թափուած քացախին կը նմանի ։2 Կորնթացիներ 10:1-181. Ես՝ Պօղոսս՝ ձեզի կ’աղաչեմ Քրիստոսին հեզութիւնովն ու քաղցրութիւնովը, որ երես առ երես գտնուած ատենս խոնարհ եմ ձեր մէջ, բայց հեռուէն համարձակ կը խօսիմ.2. Կ’աղաչեմ որ չըլլայ թէ մօտէն ալ համարձակիմ այն վստահութիւնովը՝ որով միտք ունիմ ցուցնել մէկ քանիներուն, որոնք մեր վրայով այնպէս կը կարծեն թէ մարմնաւորապէս կը քալենք։3. Քանզի թէպէտ մարմինով կը քալենք, բայց ո՛չ թէ մարմնաւորապէս զինուորութիւն կ’ընենք,4. Վասն զի մեր զինուորութեան զէնքերը մարմնաւոր չեն, հապա Աստուծմէ զօրութիւն առած՝ ամրոցներ քակելու։5. Մենք խորհուրդներ կը քակենք եւ Աստուծոյ գիտութեանը դէմ բոլոր հպարտացած բարձր բաները ու բոլոր մտքերը Քրիստոսին կը հնազանդեցնենք եւ գերի կ’ընենք։6. Պատրաստ ենք վրէժ առնելու ամէն անհնազանդութենէ, որպէս զի ձեր հնազանդութիւնը կատարեալ ըլլայ։7. Դուրսի երեւոյթի՞ն կը նայինք։ Կա՞յ մէկը որ վստահ ըլլայ իր անձին վրայ՝ թէ ինք Քրիստոսինն է։ Ան նորէն ինքնիրմէ թող խորհի՝ թէ ինչպէս ինք Քրիստոսինն է, այնպէս ալ մենք ։8. Քանզի եթէ աւելի ալ պարծենալու ըլլամ այն մեր իշխանութեանը համար՝ որ Տէրը մեզի տուաւ՝ ձեզ շինելու եւ ոչ թէ քակելու համար, պիտի չամչնամ.9. Որպէս զի այնպէս չսեպուիմ, որպէս թէ ես թուղթերովս ձեզի վախ կը պատճառեմ.10. Քանզի « Անոր թուղթերը, կ’ըսէ մէկը, ծանր ու զօրաւոր են, բայց անոր մարմնին երեւոյթը տկար է ու խօսքը՝ անարգ»։11. Այնպիսին թող խորհի, թէ մենք հեռուէն ի՛նչպէս ենք խօսքով ու թուղթերով, մօտեն ալ նո՛յնպէս պիտի ըլլանք գործով։12. Վասն զի մենք չենք համարձակիր մեր անձը կշիռքի դնել ու բաղդատել ոմանց հետ, որ ինքզինքնին կը գովեն. բայց իրարմով իրենց անձերը կը չափեն եւ զիրենք իրարու հետ բաղդատելով՝ չեն հասկնար։13. Բայց մենք չափէ դուրս բաներով պիտի չպարծենանք, հապա այն կանոնին չափովը՝ որ Աստուած մեզի բաժին տուաւ մինչեւ ձեզի հասնելու.14. Ո՛չ թէ որպէս թէ մենք ձեզի հասած չենք ու ինքզինքնիս չափէն աւելի կ’երկնցնենք, վասն զի Քրիստոսին աւետարանովը մինչեւ ձեզի հասանք։15. Եւ ո՛չ թէ չափէ դուրս բաներով՝ ուրիշներուն աշխատանքովը կը պարծենանք՝ հապա յոյս ունինք, որ ձեր հաւատքը աւելնալուն՝ մեր գործին չափովը ձեզմէ աւելի ընդարձակուինք,16. Ձեզմէ անդին աւետարանը քարոզելու եւ ո՛չ թէ պատրաստ բաներու վրայ պարծենալու ուրիշի մը գործով։17. Բայց ան որ կը պարծենայ՝ թող Տէրոջմով պարծենայ։18. Վասն զի ո՛չ թէ ան որ իր անձը կը գովէ՝ անիկա է ընտրուածը, հապա ան՝ որ Տէրը կը գովէ։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981