1. Իմ հոգիիս սիրածը Գիշերը մահիճիս մէջ փնտռեցի, Զանիկա փնտռեցի բայց չգտայ։
2. Ելլեմ հիմա պտըտիմ քաղաքին մէջ, Փողոցներուն ու հրապարակներուն մէջ, Իմ հոգիիս սիրածը փնտռեմ։ Զանիկա փնտռեցի, բայց չգտայ։
3. Քաղաքին մէջ պտըտող պահապանները զիս գտան։ «Արդեօք իմ հոգիիս սիրածը տեսա՞ք», ըսի ։
4. Անոնցմէ քիչ մը առաջ անցնելով, Իմ հոգիիս սիրածը գտայ։ Զանիկա բռնեցի ու չթողուցի, Մինչեւ որ իմ մօրս տունը Ու զիս ծնանողին սենեակը տարի։
5. Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկներ, Ձեզ այծեամներով կամ դաշտին եղնիկներովը կ’երդմնցնեմ, Որ սիրուհիս չվերցնէք ու չարթնցնէք՝ Մինչեւ որ ինք ուզէ։
6. Ո՞վ է ասիկա, որ զմուռսով եւ կնդրուկով Ու փերեզակներուն ամէն տեսակ փոշիովը խնկուած՝ Անապատէն կ’ելլէ ծուխի սիւներու պէս։
7. Ահա Սողոմոնին գահոյքը, Որուն բոլորտիքը Իսրայէլի զօրաւոր մարդոցմէ Վաթսուն զօրաւոր մարդ կայ։
8. Ամէնքն ալ սուսերաւոր Ու պատերազմի վարժուած են։ Գիշերուան վախին համար՝ Ամէն մէկուն սուրը իր ազդրին վրայ է։
9. Սողոմոն թագաւորը Լիբանանի ծառերէն Գահաւորակ մը շինեց իրեն համար։
10. Սիւները՝ արծաթէ, յենարանները՝ ոսկիէ, Բազմոցը ծիրանիէ շինեց, Որուն մէջ Երուսաղէմի աղջիկները Խիստ գեղեցիկ՝ ՝ ասեղնագործած էին։
11. Ո՜վ Սիօնի աղջիկներ, ելէ՛ք Եւ Սողոմոն թագաւորը տեսէ՛ք Այն թագովը, որով իր մայրը՝ անոր փեսայութեան օրը Ու սրտին ուրախութեան օրը՝ պսակեց զանիկա։
1. Ահա դուն գեղեցիկ ես, ո՛վ իմ սիրուհիս, Ահա դուն գեղեցիկ ես։ Լաչակիդ մէջէն քու աչքերդ աղաւնիներ ու աչքերուն նման են. Քու մազերդ Գաղաադ լեռը պառկող՝ ՝ այծերուն հօտին պէս են։
2. Ակռաներդ լուացարանէն ելլող խուզուած մաքիի հօտի պէս են, Որոնք՝ բոլորն ալ՝ երկուորեակ կը ծնանին Ու անոնց մէջ ամուլ չկայ։
3. Քու շրթունքներդ կարմիր դերձանի պէս են Ու խօսուածքդ գեղեցիկ է։ Այտերդ լաչակիդ մէջէն՝ Նուռի կտորներու կը նմանին։
4. Քու պարանոցդ զինարանի համար շինուած Դաւիթին աշտարակին պէս է, Ուր հազար ասպար կախուած են. Ամէնքն ալ զօրաւորներու վահաններ են։
5. Քու երկու ստինքդ նման են երկու ուլերու, Որոնք այծեամի մը ծնած երկուորեակներն են Եւ շուշաններու մէջ կ’արածին։
6. Օրուան հովը չփչած ու ստուերները չհեռացած, Ես զմուռսի լեռն ու կնդրուկի բլուրը պիտի երթամ։
7. Բոլորովին գեղեցիկ ես, ո՛վ իմ սիրուհիս Եւ քու վրադ արատ չկայ։
8. Ո՛վ իմ հարսս, ինծի հետ Լիբանանէն եկո՛ւր, Ինծի հետ Լիբանանէն եկո՛ւր. Ամանայի գագաթէն, Սանիրի ու Հերմոնի գագաթէն, Առիւծներու մորիներէն ու ինձերու լեռներէն նայէ։
9. Սիրտս առիր, ո՛վ իմ հարս քոյրս, Սիրտս առիր քու մէկ աչքովդ Եւ պարանոցիդ մէկ քառամանեակովը։
10. Քու սէրդ ի՜նչ գեղեցիկ է, ո՛վ հարս քոյրս. Քու սէրդ գինիէն աղէկ է Ու քու իւղերուդ անուշահոտութիւնը՝ Բոլոր խունկերէն։
11. Շրթունքներէդ խորիսխի մեղր կը կաթի, ո՛վ իմ հարսս, Լեզուիդ տակ մեղր ու կաթ կայ։ Քու զգեստներուդ անուշահոտութիւնը Լիբանանի հոտին պէս է։
12. Իմ հարս քոյրս փակեալ պարտէզ մըն է, Փակեալ աղբիւր ու կնքուած աղբերակ մըն է։
13. Քու տունկերդ քաղցրահամ պտուղներով, Հինաներով ու նարդոսներով՝ նռնենիներու դրախտ են։
14. Նարդոս եւ քրքում, եղէգն ու կինամոն, Ամէն տեսակ կնդրուկի ծառով, զմուռսով ու հալուէով Եւ բոլոր գլխաւոր խունկերով։
15. Պարտէզներու աղբիւր, Կենդանի ջուրի ջրհոր Ու Լիբանանէն վազած հեղեղներ։
16. Արթնցի՛ր, ո՛վ հիւսիս, եկո՛ւր, ո՛վ հարաւ, Իմ պարտէզիս մէջ փչէ, որպէս զի անոր խունկերը բուրեն։ Իմ սիրականս թող իր պարտէզը գայ Ու իրեն ախորժելի պտուղները ուտէ։
10. Ձորերուն մէջ աղբիւրներ կը ղրկէ, Ջուրերը լեռներուն մէջէն կը հոսին։
11. Անոնք դաշտի բոլոր գազաններուն կը խմցնեն Ու վայրի էշերը իրենց ծարաւը կ’անցնեն։