Աստվածաշունչը մեկ տարում
Սեպտեմբեր 20

1. «Վա՜յ ապստամբ տղաքներուն, կ’ըսէ Տէրը, Որոնք մեղք մեղքի վրայ աւելցնելու համար Խորհուրդ կ’ընեն, բայց ինծմով չէ. Դաշինք կը կնքեն, բայց իմ Հոգիովս չէ.
2. Որոնք առանց իմ խորհուրդս հարցնելու Կ’երթան Եգիպտոս կ’իջնեն, Փարաւոնին պաշտպանութեանը տակ ապաստան փնտռելու Ու Եգիպտոսին հովանիին ապաւինելու համար։
3. Բայց Փարաւոնին պաշտպանութիւնը ձեզի՝ ամօթ Ու Եգիպտոսին հովանիին ապաւինիլը ձեզի նախատինք պիտի ըլլայ,
4. Քանզի անոր իշխանները Տայանիս գացին Ու դեսպանները Հանէս հասան։
5. Ամէնքը ամչցան այն ժողովուրդին պատճառով, Որ իրենց օգուտ մը ընելու կարողութիւն չունի։ Անիկա չի կրնար օգնութիւն մը ընել կամ օգուտ մը ունենալ, Հապա իրենց ամօթ ու նախատինք պիտի ըլլայ»։
6. Ահա բեռ կրող անասունները՝ ՝ ՝ դէպի հարաւ՝ Նեղութեան ու վշտերու, Մատակ առիւծի եւ առոյգ առիւծի, Իժի ու կիզող թեւաւոր օձի երկիրը կ’երթան. Իրենց ստացուածքը՝ էշերու կռնակին վրայ Ու իրենց գանձերը ուղտի սապատին վրայ կը տանին Այնպիսի ժողովուրդի մը, որ իրենց օգուտ չունի։
7. Վասն զի Եգիպտացիները պարապ ու զուր տեղ օգնութիւն կ’ընեն։ Անոր համար զինք « Պարապ նստող, պարծենկոտ» կոչեցի։
8. Ուրեմն գնա՛, անոնց առջեւ ասիկա տախտակի վրայ գրէ՛ Եւ գրքի մէջ դրոշմէ՛, Որպէս զի ապագային Յաւիտենականութեան վկայութեան համար մնայ։
9. Քանզի ասիկա ապստամբ ժողովուրդ մըն է, Ատախօս տղաքներ են Ու այնպիսի տղաքներ են, որոնք Տէրոջը օրէնքը լսել չեն ուզեր,
10. Որոնք տեսանողներուն կ’ըսեն. «Մի՛ տեսնէք» Ու մարգարէներուն՝ «Մեզի համար ուղիղ բաներ մի՛ մարգարէանաք. Մեզի շողոքորթութիւններ ըրէ՛ք, Խաբէութիւններ մարգարէացէ՛ք,
11. Ճամբայէն ե՛տ քաշուեցէք, Շաւիղէն խոտորեցէ՛ք, Իսրայէլին Սուրբը մեր առջեւէն վերցուցէ՛ք»։
12. Ահա Իսրայէլին Սուրբը այսպէս կ’ըսէ. «Որովհետեւ դուք այս խօսքը անարգեցիք Եւ բռնութեան ու ծռութեան ապաւինեցաք՝
13. Անոր համար այս անօրէնութիւնը Բարձր պարիսպի մը՝ իյնալու վրայ եղող Ուռեցած ճեղքուածքի պէս պիտի ըլլայ ձեզի, Որուն կործանումը յանկարծակի՝ մէկ վայրկեանի մէջ՝ պիտի գայ։
14. Եւ զանիկա բրուտներու սափորին կոտրուելուն պէս պիտի կոտրէ. Պիտի փշրէ ու չխնայէ։ Անոր կտորուանքներուն մէջ Կրակարանէն կրակ առնելու Կամ փոսէն ջուր հանելու խեցիի կտոր մը պիտի չգտնուի։
15. Վասն զի Տէր Եհովան, Իսրայէլին Սուրբը, այսպէս կ’ըսէ. «Դուք դառնալով ու հանգստանալով փրկութիւն կը գտնէք, Ձեր զօրութիւնը հանդարտութեամբ ու վստահութեամբ կ’ըլլայ»։ Բայց դուք չուզեցիք,
16. Հապա ըսիք. «Ո՛չ, ձի հեծնենք փախչինք»։ Անոր համար պիտի փախչիք։ «Արագընթաց ձիերու վրայ հեծնենք», ըսիք, Անոր համար ձեզ հալածողներն ալ արագընթաց պիտի ըլլան։
17. Մէկուն սպառնալիքովը՝ հազարնիդ, Հինգին սպառնալիքովը ամէնքդ պիտի փախչիք. Մինչեւ որ լերան գլուխը սիւնի պէս Ու բլուրին վրայ նշանի պէս լքուիք։
18. Բայց Տէրը պիտի սպասէ, որպէս զի ձեզի գթութիւն ընէ Ու պիտի բարձրանայ, որպէս զի ձեզի ողորմի. Քանզի Տէրը արդար Աստուած մըն է։ Երանի՜ այն ամենուն, որ անոր կը սպասեն։
19. Ահա ո՛վ ժողովուրդ, որ Երուսաղէմի մէջ, Սիօնի վրայ կը բնակիս, Ա՛լ բնաւ պիտի չլաս։ Քու աղաղակիդ ձայնը լսածին պէս շուտով քեզի պիտի ողորմի Եւ քեզի պատասխան պիտի տայ։
20. Թէեւ Տէրը ձեզի նեղութեան հաց ու տառապանքի ջուր տայ, Քու ուսուցիչներդ անգամ մըն ալ պիտի չհեռանան, Հապա քու աչքերդ քու ուսուցիչներդ պիտի տեսնեն։
21. Երբ աջ կողմը կամ ձախ կողմը խոտորելու ըլլաս, Քու ականջներդ ետեւէդ խօսք մը պիտի լսեն, որ կ’ըսէ. «Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք»։
22. Այն ատեն քու քանդակած արծաթ կուռքերուդ ծածկոցները Ու ձուլածոյ ոսկի կուռքերուդ զարդերը պիղծ պիտի համարես, Զանոնք դաշտանի լաթի պէս պիտի նետես։ Անոնց ամէն մէկուն պիտի ըսես. «Դո՛ւրս ելիր»։
23. Եւ Տէրը քու սերմանած երկրիդ հունտերուն վրայ՝ անձրեւ Ու երկրի արդիւնքէն հաց պիտի տայ Եւ առատ ու պարարտ պիտի ըլլայ։ Այն օրը քու խաշինքդ ընդարձակ արօտի մէջ պիտի ճարակին։
24. Երկիրը գործող եզներն ու էշերը Թիով ու հեծանոցով հոսած Մաքուր կերակուր պիտի ուտեն։
25. Մեծ կոտորածին օրը, Աշտարակներուն կործանման ատենը, Ամէն բարձր լերան վրայ Եւ ամէն բարձրացած բլուրի վրայ Գետեր ու ջուրի առուներ պիտի ըլլան։
26. Այն օրը երբ Տէրը իր ժողովուրդին վերքը պատէ Ու անոնց հարուածին խոցը բժշկէ, Լուսնին լոյսը արեւին լոյսին պէս Ու արեւին լոյսը եօթնապատիկ աւելի Ու եօթը օրուան լոյսին չափ պիտի ըլլայ։
27. Ահա Տէրոջը անունը հեռուէն կու գայ։ Անոր բարկութիւնը կը վառի ու բոցը սաստիկ է։ Շրթունքները սրտմտութեամբ լեցուած են Ու լեզուն մաշող կրակի պէս է։
28. Անոր հոգին յորդահոս գետի պէս Մինչեւ պարանոցը պիտի հասնի, Որպէս զի ազգերը ունայնութեան մաղով մաղէ Եւ ժողովուրդներուն կզակը սանձ դնելով՝ զանոնք մոլորեցնէ։
29. Դուք սուրբ տօնի մը գիշերուան պէս երգ պիտի ունենաք Ու Իսրայէլին Վէմին՝ Տէրոջը՝ լեռը երթալու համար Սրինգով գացողի պէս սրտի ուրախութիւն պիտի ունենաք ։
30. Տէրը իր փառաւոր ձայնը լսել պիտի տայ Ու իր սաստիկ բարկութիւնովը եւ մաշող կրակին բոցովը, Հեղեղով, փոթորիկով ու կարկուտի քարերով Իր երկնցած բազուկը՝ ՝ պիտի ցուցնէ։
31. Վասն զի գաւազանով զարնող Ասորեստանցին Տէրոջը ձայնէն պիտի զարհուրի
32. Ու որոշուած գաւազանին ամէն հարուած, Որ Տէրը անոր վրայ պիտի իջեցնէ, Թմբուկներով ու քնարներով պիտի ըլլայ։ Անոր հետ աղմկալից պատերազմներով պիտի պատերազմի։
33. Քանզի Տոփեթը շատոնց պատրաստուած է։ Անիկա ալ թագաւորին համար պատրաստուեցաւ, Զանիկա խորունկցուց ու լայն ցուց, Ան դիզած է կրակ ու փայտ։ Տէրոջը շունչը ծծումբի հեղեղի պէս զայն պիտի բռնկեցնէ։
1. Վա՜յ անոնց, որ օգնութեան համար Եգիպտոս կ’իջնեն Ու ձիերու կը վստահին եւ կառքերու կ’ապաւինին, որովհետեւ շատ են Ու ձիաւորներու՝ որովհետեւ խիստ զօրաւոր են, Սակայն Իսրայէլի Սուրբին չեն նայիր Ու Տէրը չեն փնտռեր։
2. Բայց ան իմաստուն է ու աղէտ կը բերէ։ Եւ իր խօսքերը ետ չի դարձներ։ Բայց չարերուն տանը դէմ Եւ անօրէնութիւն գործողներուն օգնութեանը դէմ պիտի ելլէ։
3. Արդ՝ Եգիպտացիները մարդ են, ոչ թէ Աստուած Ու անոնց ձիերը մարմին են, ոչ թէ հոգի Ու երբ Տէրը իր ձեռքը երկնցնէ Թէ՛ օգնութիւն ընողը պիտի սահի Եւ թէ՛ օգնութիւն գտնողը պիտի իյնայ Ու ամէնքը մէկտեղ պիտի կորսուին։
4. Քանզի Տէրը ինծի այսպէս ըսաւ. Ինչպէս առիւծը կամ կորիւնը իր որսին համար կը մռնչէ Ու երբ հովիւներուն գունդը անոր դէմ հաւաքուի, Անոնց ձայնէն չի վախնար Ու անոնց աղաղակէն չի վհատիր, Այնպէս ալ զօրքերու Տէրը Սիօն լերանը համար Ու անոր բլուրին համար պատերազմելու պիտի իջնէ։
5. Ինչպէս թռչունները իրենց ձագերը կը ծածկեն, Այնպէս զօրքերու Տէրը Երուսաղէմին պաշտպանութիւն պիտի ընէ։ Պիտի պաշտպանէ ու փրկէ զանիկա, Պիտի անցնի ու պիտի ազատէ։
6. Դուք այն Աստուծոյն դարձէք, Որուն դէմ Իսրայէլին որդիները չարաչար ապստամբեցան,
7. Քանզի այն օրը ամէն մարդ մէկդի պիտի նետէ Իր արծաթէ կուռքերն ու ոսկիէ կուռքերը, Որոնք իրենց մեղաւոր ձեռքերով շինեցին ձեզի։
8. «Ասորեստանցին սուրով պիտի իյնայ, բայց ո՛չ թէ մարդու սուրով. Հապա այնպիսի սուր մը պիտի ուտէ զանիկա, որ մարդու սուր չէ Ու անիկա սուրէն պիտի փախչի։ Անոր երիտասարդները հարկատու պիտի ըլլան։
9. Իր վախին պատճառով իր բերդը պիտի անհետանայ Եւ անոր իշխանները յանկարծ դրօշակը պիտի լքեն», Կ’ըսէ Տէրը, որուն կրակը Սիօնի մէջ է Ու փուռը՝ Երուսաղէմի մէջ։
1. Ահա թագաւոր մը արդարութեամբ պիտի թագաւորէ Ու իշխանները իրաւունքով պիտի իշխեն։
2. Այս մարդը՝ ՝ հովին դէմ դնող պատսպարանի պէս Ու փոթորիկին դէմ դնող ծածկոցի պէս, Չոր տեղը՝ ջուրի վտակներու պէս Եւ ծարաւուտ երկրի մէջ Մեծ ապառաժի մը հովանիին պէս պիտի ըլլայ։
3. Տեսնողներուն աչքերը պիտի շլանան, Լսողներուն ականջները մտիկ պիտի ընեն։
4. Արտորացողներուն սիրտը առողջ դատողութիւն պիտի ունենայ Եւ թոթովախօսներուն լեզուն Յստակ խօսելու պատրաստ պիտի ըլլայ։
5. Անզգամին անգամ մըն ալ ազնուաբարոյ պիտի չըսուի, Ագահին անգամ մըն ալ առատաձեռն պիտի չըսուի.
6. Վասն զի անզգամը անզգամութեամբ կը խօսի Ու անոր սիրտը անօրէնութեամբ կը գործէ։ Կեղծաւորութիւն կ’ընէ ու Տէրոջը վրայով ամբարշտութեամբ կը խօսի։ Անօթին հոգին կերակուրէ կը զրկէ Ու ծարաւին խմելիքը կը հատցնէ։
7. Ագահին հնարքները չար են Անիկա սուտ խօսքերով աղքատները կորսնցնելու համար Նենգութիւններ կը խորհի, Եթէ նոյնիսկ տնանկին դատը արդար ըլլայ։
8. Բայց ազնուաբարոյ մարդը ազնիւ բաներ կը խորհի Ու ազնիւ բաներու վրայ հաստատ կը մնայ։
9. Ո՛վ հանգիստ կիներ, ելէ՛ք, Իմ ձայնիս մտիկ ըրէ՛ք. Ո՛վ անհոգ աղջիկներ, Իմ խօսքիս ակա՛նջ տուէք։
10. Օրերով ու տարիներով խռովութեան մէջ պիտի ըլլաք, Ո՛վ անհոգ կիներ, Քանզի այգեկութքը կորսուեցաւ, Հունձքին ժամանակը պիտի չգայ։
11. Ո՛վ հանգիստ կիներ, դողացէ՛ք. Ո՛վ անհոգ կիներ, խռովութեան մէջ ինկէ՛ք. Հանուեցէ՛ք ու մերկացէ՛ք Ու մէջքերնիդ քուրձ կապեցէ՛ք։
12. Ցանկալի արտերուն ու պտղաբեր որթատունկին համար Կուրծքերնին պիտի ծեծեն՝ ՝։
13. Իմ ժողովուրդիս երկրին վրայ Փուշ եւ ցախ պիտի բուսնի. Նոյնպէս բոլոր ուրախութեան տուներուն վրայ՝ Բերկրալի քաղաքին մէջ։
14. Քանզի պալատները երեսէ պիտի ձգուին, Աղմկայոյզ քաղաքը պիտի լքուի, Բերդերն ու պարիսպները յաւիտեան քարայրներ պիտի ըլլան, Ցիռերու զուարճութեան համար ու խաշինքներու արօտ ըլլալու համար,
15. Մինչեւ որ վերէն մեր վրայ Հոգի թափուի Ու անապատը պտղաբեր արտի դառնայ Եւ պտղաբեր արտը անտառ համարուի։
16. Այն ատեն անապատին մէջ իրաւունքը պիտի բնակի Ու պտղաբեր արտին մէջ արդարութիւնը պիտի հանգչի։
17. Եւ արդարութեան գործը՝ խաղաղութիւն Ու արդարութեան արդիւնքը հանգիստ ու ապահովութիւն պիտի ըլլայ յաւիտեան։
18. Իմ ժողովուրդս խաղաղաւէտ բնակութեան մէջ Ու ապահով վրաններու մէջ Եւ կատարեալ հանգստութեան մէջ պիտի բնակի։
19. Բայց կարկուտ պիտի իջնէ անտառին վրայ Ու քաղաքը բոլորովին պիտի խոնարհի։
20. Երանի՜ ձեզի, որ ջուրերու քով կը ցանէք Ու եզն ու էշը ազատ կը թափառին։
7. Աստուած իր սրբութիւնովը՝ ՝ խօսեցաւ. «Ես ցնծութեամբ Սիւքէմը պիտի բաժնեմ Ու Սոկքովթի հովիտը պիտի չափեմ։
8. Իմս է Գաղաադը ու իմս է Մանասէն Եւ Եփրեմը գլխուս զօրութիւնն է։ Յուդան իմ օրէնսդիրս է.
9. Մովաբը իմ լուացուելու ամանս է։ Եդովմին վրայ պիտի ձգեմ իմ մուճակս. Փղշտացիներուն դէմ ցնծութեամբ պիտի աղաղակեմ»։
10. Ո՞վ պիտի տանի զիս պարսպապատ քաղաքը. Ո՞վ պիտի առաջնորդէ ինծի մինչեւ Եդովմ։
11. Չէ՞ որ դո՛ւն, ո՛վ Աստուած, որ երեսէ ձգեցիր մեզ Ու մեր գործերուն հետ չելար, ո՛վ Աստուած։
12. Նեղութեան մէջ մեզի օգնէ, Վասն զի փուճ է մարդուն օգնութիւնը։
13. Աստուծմով քաջութիւն պիտի ունենանք։ Ան պիտի ոտնակոխէ մեր թշնամիները։
23. Հիւսիսային հովը ամպեր կը հաւաքէ Ու խոժոռ դէմքը՝ չարախօս լեզու։
24. Աղէկ է տանիքի մը անկիւնը բնակիլ, Քան թէ կռուազան կնոջ հետ՝ մեծ տան մէջ։
16. Դարձեալ կ’ըսեմ, ոչ ոք զիս անմիտ թող սեպէ, բայց գոնէ անմիտի մը պէս զիս ընդունեցէք, որպէս զի ես ալ քիչ մը պարծենամ։
17. Ինչ որ ես կը խօսիմ, ո՛չ թէ Տէրոջը կամքին պէս կը խօսիմ, հապա որպէս թէ անմտութիւնով մը՝ այդ պարծենալուն վստահութիւնովը։
18. Որովհետեւ շատեր մարմնի կողմանէ կը պարծենան, ես ալ պիտի պարծենամ։
19. Քանզի դուք իմաստուն ըլլալով յօժարութեամբ կը համբերէք անմիտներուն։
20. Կը համբերէք, նոյնիսկ եթէ մէկը ձեզ ծառայեցնէ, եթէ մէկը ձեր ստացուածքը ուտէ, եթէ մէկը ձեզմէ բան մը առնէ, եթէ մէկը ձեր վրայ հպարտանայ, եթէ մէկը ձեր երեսին զարնէ։
21. Ամչնալով կը խօսիմ, իբր թէ մենք տկար էինք, բայց ինչ բանով որ կը համարձակի մէկը պարծենալ, (անմտութեամբ կը խօսիմ,) ե՛ս ալ կը համարձակիմ։
22. Անոնք Եբրայեցի՞ են, ե՛ս ալ։ Իսրայէլացի՞ են, ե՛ս ալ։
23. Աբրահամի՞ն սերունդէն են, ե՛ս ալ։ Քրիստոսի՞ն պաշտօնեաներ են, (յիմարաբար կը խօսիմ,) ա՛լ աւելի ես։ Աշխատանքներով՝ աւելի, ծեծերով՝ ա՛լ աւելի, բանտարկութիւններով՝ աւելի, մահուան վտանգներով ՝ շատ անգամ։
24. Հրեաներէն հինգ անգամ քառասունէն մէկ պակաս ծեծ կերայ։
25. Երեք անգամ ձաղկով ծեծուեցայ։ Մէկ անգամ քարկոծուեցայ։ Երեք անգամ նաւաբեկութեան հանդիպեցայ։ Գիշեր մը ու ցորեկ մը ծովուն անդունդը մնացի։
26. Շատ անգամ ճամբորդութիւններու մէջ չարչարուեցայ. գետերէն՝ վտանգներ, աւազակներէն՝ վտանգներ, իմ ազգէս՝ վտանգներ, հեթանոսներէն՝ վտանգներ, քաղաքի մէջ՝ վտանգներ, անապատի մէջ՝ վտանգներ, ծովու վրայ՝ վտանգներ՝ սուտ եղբայրներու մէջ վտանգներ կրեցի ։
27. Ջանքի ու աշխատանքի մէջ, շատ անգամ անքուն գիշերներու, անօթութեան ու ծարաւի մէջ, շատ անգամ ծոմ կենալու մէջ, ցուրտի ու մերկութեան մէջ էի։
28. Մոռնանք արտաքին նեղութիւնները ։ Ամէն օրուան զբաղումները, բոլոր եկեղեցիներուն հոգը վրաս կը դիզուէր։
29. Ո՞վ կը տկարանայ ու ես չեմ տկարանար։ Ո՞վ կը գայթակղի ու իմ սիրտս չայրիր։
30. Եթէ պարծենալ պէտք ըլլայ, միայն տկարութեանս բաներուն վրայ կրնամ պարծենալ։
31. Աստուած՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հայրը՝ որ յաւիտեան օրհնեալ է, գիտէ թէ սուտ չեմ խօսիր։
32. Դամասկոսի մէջ Արետա թագաւորին ազգապետը զիս բռնելու համար՝ դռներուն քով պահապաններ դրեր էր։
33. Զիս պատուհանէ մը զամբիւղով պարիսպէն վար իջեցուցին ու անոր ձեռքէն փախայ։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981