Աստվածաշունչը մեկ տարում Սեպտեմբեր 21Եսայիա 33:1-241. Վա՜յ քեզի, ո՛վ կործանող, որ դուն չկործանուեցար Ու վա՜յ քեզի, ո՛վ յափշտակող որ քեզ չյափշտակեցին։ Երբ դուն կործանելը լմնցնես, քեզ պիտի կործանեն. Երբ յափշտակելէ դադրիս, քեզ պիտի յափշտակեն։2. Ո՛վ Տէր, մեզի ողորմէ, քեզի՛ կը յուսանք. Ամէն առտու մեր զօրութիւնը եղիր Ու նեղութեան ժամանակ մեզի փրկութիւն եղիր ։3. Աղմուկին ձայնէն ժողովուրդները կը փախչին, Քու բարձրանալէդ ազգերը կը ցրուին։4. Ձեր աւարը թրթուրին հաւաքուելուն պէս պիտի հաւաքեն. Անոր վրայ՝ մարախներուն ցատկելուն պէս պիտի ցատկեն։5. Տէրը բարձրացած է, վասն զի բարձրերը կը բնակի։ Սիօնը իրաւունքով ու արդարութիւնով լեցուց։6. Քու ժամանակներուդ հաստատութիւնը Ու փրկութեանդ զօրութիւնը իմաստութիւն ու գիտութիւն պիտի ըլլայ։ Տէրոջը վախը անոր գանձն է։7. Ահա անոնց քաջերը դուրսը կ’աղաղակեն. Խաղաղութեան դեսպանները դառնապէս կու լան։8. Բանուկ ճամբաները ամայի եղան, Ճամբայէն անցնող չմնաց։ Անիկա ուխտը աւրեց, քաղաքները անարգեց, Մարդը բանի տեղ չի սեպեր.9. Երկիրը սուգ կը բռնէ ու կը նուաղի, Լիբանան ամչցաւ ու թառամեցաւ, Սարօն անապատի պէս եղաւ։ Բասան ու Կարմեղոս կը թօթուուին։10. «Հիմա պիտի ելլեմ, կ’ըսէ Տէրը, Հիմա պիտի փառաւորուիմ, Հիմա պիտի բարձրանամ։11. Դուք յարդով պիտի յղանաք եւ մղեղ պիտի ծնանիք Ու ձեր շունչը կրակի պէս ձեզ պիտի ուտէ։12. Ժողովուրդները կիրի այրուելուն պէս պիտի ըլլան. Անոնք կրակի մէջ նետուած փուշերու պէս պիտի այրին»։13. Ո՛վ հեռու եղողներ, լսեցէք թէ ի՞նչ ըրի Ու մօտ եղողներ, իմ զօրութիւնս ճանչցէք։14. Սիօնի մէջ մեղաւորները կը վախնան, Դողը կեղծաւորները կը բռնէ։ Մեզմէ ո՞վ կրնայ բնակիլ լափող կրակի մէջ. Մեզմէ ո՞վ կրնայ բնակիլ յաւիտենական բոցերուն մէջ։15. Արդարութեամբ քալողը եւ ուղղութեամբ խօսողը, Անիրաւութեան շահը մերժողը, Կաշառք առնելէն ձեռք թօթուողը, Արիւնահեղութեան խօսքերը չլսելու համար ականջները գոցողը Ու չարութիւնը չտեսնելու համար աչքերը գոցողը։16. Անիկա բարձրերը պիտի բնակի, Անոր բերդը ամուր վէմերու վրայ պիտի ըլլայ. Անոր հաց պիտի տրուի Ու անոր ջուրը անպակաս պիտի ըլլայ։17. Քու աչքերդ թագաւորը իր վայելչութիւնովը պիտի տեսնեն, Անոնք հեռաւոր երկրի պիտի նային։18. Քու միտքդ վախերու վրայ պիտի մտածէ. «Ո՞ւր է դպիրը, ո՞ւր է կշռողը, Ո՞ւր է աշտարակները համրողը։19. Դուն պիտի չտեսնես այն խիստ ժողովուրդը, Դժուարիմաց ու անծանօթ լեզու ունեցող ժողովուրդը, Թոթովախօս ու անիմանալի լեզուով խօսող ժողովուրդը ։20. Մեր տօնախմբութիւններու քաղաքին՝ Սիօնին՝ նայէ՛։ Քու աչքերդ Երուսաղէմը պիտի տեսնեն, Իբրեւ խաղաղ բնակարան մը ու անխախտ վրան մը, Որուն ցիցերը յաւիտեան պիտի չշարժին Ու չուանները բնաւ պիտի չկտրին։21. Հապա հոն փառաւորեալ Տէրը պիտի ըլլայ մեզի Լայնատարած գետերու ու վտակներու տեղ, Ուր թիաքարշ նաւ պիտի չմտնէ Եւ անկէ մեծ նաւ պիտի չանցնի։22. Քանզի մեր դատաւորը Տէրն է, Մեր օրէնսդիրը Տէրն է, Մեր թագաւորը Տէրն է, Անիկա մեզ պիտի ազատէ։23. Քու չուաններդ թուլցան, Իրենց կայմին խարիսխը չկրցան հաստատ բռնել, Առագաստը չկրցան բանալ։ Այն ատեն մեծ աւար բաժնուեցաւ։ Մինչեւ անգամ կաղերը աւար առին։24. Ու հոն բնակողը պիտի չըսէ. «Հիւանդ եմ»։ Հոն բնակող ժողովուրդին անօրէնութիւնը պիտի ներուի։Եսայիա 34:1-171. Ո՛վ ազգեր, մօտեցէ՛ք, որպէս զի լսէք, Ո՛վ ժողովուրդներ, ականջ տուէ՛ք. Երկիրն ու անոր լիութիւնը, Աշխարհն ու անոր բոլոր բնակիչները թող մտիկ ընեն։2. Վասն զի Տէրոջը բարկութիւնը՝ բոլոր ազգերուն վրայ Ու սրտմտութիւնը անոնց բոլոր զօրքերուն վրայ է։ Անիկա զանոնք նզովեց, զանոնք սպանդի մատնեց։3. Անոնց սպաննուածները պիտի նետուին Ու անոնց դիակներէն գէշ հոտ պիտի ելլէ։ Անոնց արիւնէն լեռները պիտի հալին,4. Երկնքի բոլոր զօրքերը պիտի հալին Ու երկինք մագաղաթի պէս պիտի գալարի Եւ անոր բոլոր զօրքերը վար պիտի թափին՝ Ինչպէս տերեւը որթատունկէն կը թափի Ու ինչպէս թուզը թզենիէն կը թափի։5. Քանզի իմ սուրս երկնքի մէջ արբեցած է։ Ահա անիկա Եդովմին վրայ ու իմ նզոված ժողովուրդիս վրայ Դատաստան ընելու պիտի իջնէ։6. Տէրոջը սուրը արիւնով լեցուած է Ու ճարպով իւղոտուած է՝ Գառներուն եւ նոխազներուն արիւնովը Ու խոյերուն երիկամունքներուն ճարպովը, Քանզի Տէրը Բօսրայի մէջ զոհ ունի Ու Եդովմի երկրին մէջ՝ մեծ սպանդ։7. Անոնց հետ պիտի իյնան միեղջերուները Ու զուարակները՝ ցուլերուն հետ Եւ անոնց երկիրը արիւնով պիտի գինովնայ Ու անոնց հողը ճարպով պիտի պարարտանայ,8. Քանզի Տէրոջը վրէժխնդրութեան օրը Ու Սիօնին վէճին համար հատուցման տարին է։9. Անոր գետերը՝ ձիւթի Ու հողը ծծումբի պիտի դառնան։ Անոր երկիրը վառուած ձիւթ պիտի ըլլայ,10. Գիշեր ու ցորեկ պիտի չմարի. Անոր ծուխը յաւիտեան պիտի ելլէ Եւ դարէ դար աւերակ պիտի մնայ։ Յաւիտեանս յաւիտենից անկէ անցնող պիտի չըլլայ։11. Հապա զանիկա հաւալուսներն ու ոզնիները պիտի ժառանգեն։ Հոն քաջահաւն ու ագռաւը պիտի բնակին։ Անոր վրայ դատարկութեան լարը Եւ ունայնութեան կշիռքը պիտի քաշուի։12. Անոր ազնուականները թագաւորութեան պիտի կանչեն, Բայց հոն մէկը պիտի չգտնուի։ Անոր բոլոր իշխանները պիտի ոչնչանան։13. Անոր պալատներուն մէջ փուշեր։ Անոր պարիսպներուն վրայ եղիճ ու եկքան պիտի բուսնին. Չագալներու՝ բնակարան, Ջայլամներու գաւիթ պիտի ըլլայ։14. Վայրենի կատուները բորենիներուն պիտի հանդիպին, Այծամարդերը իրարու ձայն պիտի տան։ Յուշկապարիկները հոն պիտի հանգչին Ու հոն իրենց հանգիստ տեղ պիտի գտնեն։15. Հոն իժը իր բոյնը պիտի շինէ ու հաւկիթ պիտի ածէ Եւ իր ձագերը պիտի հանէ ու իր հովանիին տակ առնելով պիտի խնամէ։ Ուրուրները հոն պիտի հաւաքուին, ամէն մէկը իր ընկերին հետ։16. Տէրոջը գրքին մէջ փնտռեցէ՛ք ու կարդացէ՛ք. Ասոնց մէ՛կը պիտի չպակսի, Մէ՛կուն ընկերը պակաս պիտի չըլլայ, Վասն զի իր բերանը հրամայեր է Ու իր Հոգին պիտի հաւաքէ զանոնք։17. Ինք անոնց համար վիճակ ձգեր է Ու իր ձեռքը զանիկա լարով բաժներ է անոնց։ Զանիկա յաւիտեան պիտի ժառանգեն, Դարէ դար անոր մէջ պիտի բնակին։Սաղմոսներ 109:1-51. Ո՛վ իմ օրհնութեանս Աստուածը, լուռ մի՛ կենար.2. Վասն զի ամբարշտին Ու նենգաւորին բերանը բացուեցաւ իմ վրաս, Ինծի դէմ սուտ լեզուով խօսեցան։3. Ատելութեան խօսքերով զիս պատեցին Եւ ինծի հետ անիրաւ տեղը կռուեցան։4. Իմ սիրոյս փոխարէն հակառակութիւն ըրին ինծի, Բայց ես աղօթք կ’ընէի ։5. Նաեւ իմ բարիքիս տեղ չարիք հատուցանեցին Ու իմ սիրոյս տեղ՝ ատելութիւն։Առակներ 25:25-2625. Ինչպէս է պաղ ջուրը՝ ծարաւցած մարդուն, Այնպէս է հեռու երկրէ եկած բարի լուրը։26. Չար մարդուն առջեւ ինկող արդարը Տղմուտ աղբիւրի ու պղտորած ակի կը նմանի ։2 Կորնթացիներ 12:1-211. Պարծենալը իրաւցընէ անօգուտ է. միայն թէ Տէրոջը տեսիլքներուն ու յայտնութիւններուն հասնիմ։2. Մարդ մը կը ճանչնայի Քրիստոսով, որ տասնըչորս տարի առաջ (մարմինո՞վ էր՝ չեմ գիտեր, կամ առա՞նց մարմնի՝ չեմ գիտեր, Աստուած գիտէ), յափշտակուեցաւ մինչեւ երրորդ երկինքը։3. Ու կը ճանչնայի ուրիշ մարդ մը, (մարմնո՞վ թէ առանց մարմնի՝ չեմ գիտեր, Աստուած գիտէ)4. Որ դրախտ յափշտակուեցաւ ու լսեց անպատմելի խօսքեր, որոնց մասին արժան չէ խօսիլ։5. Ես այնպիսիին համար պիտի պարծենամ. բայց իմ անձիս համար պիտի չպարծենամ, հապա միայն տկարութեանս վրայ։6. Վասն զի եթէ պարծենալ ալ ուզեմ, անմիտ պիտի չըլլամ, որովհետեւ շիտակը պիտի խօսիմ. բայց կը խնայեմ խօսքս ՝ որ չըլլայ թէ մէկը իմ վրաս աւելի համարում ունենայ, քան որչափ իմ վրաս կը տեսնէ կամ ինծմէ կը լսէ։7. Որպէս զի չըլլայ որ ես հպարտանամ խիստ շատ յայտնութիւններուն համար։ Ինծի մարմնի խայթոց մը տրուեցաւ, Սատանայի հրեշտակ մը, զիս նեղելու համար, որպէս զի չըլլայ թէ հպարտանամ։8. Ասոր համար երեք անգամ աղաչեցի Տէրոջը, որ մէկդի ընէ ինծմէ։9. Ու ըսաւ ինծի. «Իմ շնորհքս հերիք է քեզի, վասն զի իմ զօրութիւնս տկարութեան մէջ կը կատարուի»։ Ուստի մեծ յօժարութեամբ աւելի իմ տկարութիւններուս վրայ պիտի պարծենամ, որպէս զի Քրիստոսին զօրութիւնը իմ վրաս հանգչի։10. Անոր համար համաձայնած եմ տկարութիւններու, նախատինքներու, տառապանքներու, հալածանքներու եւ նեղութիւններու՝ Քրիստոսին համար, վասն զի երբ կը տկարանամ, այն ատեն կը զօրանամ։11. Ես անմիտ եղայ պարծենալով։ Դուք ստիպեցիք զիս. վասն զի պէտք էր ձեզմէ վկայութիւն առնէի, քանզի ես երեւելի առաքեալներէն բանով մը պակաս չգտնուեցայ, թէեւ ես ոչինչ եմ։12. Յիրաւի ձեր մէջ առաքեալի նշաններ գործուեցան ամէն համբերութիւնով, նշաններով եւ սքանչելիքներով ու զօրութիւններով։13. Վասն զի ալ ի՞նչ կայ, որով պակաս գտնուեցաք ուրիշ եկեղեցիներէ, միայն անով՝ որ ես ձեզի ձանձրութիւն չտուի։ Ներեցէ՛ք ինծի այդ յանցանքը։14. Ահա այս երրորդ անգամն է որ կը պատրաստուիմ ձեզի գալու. բայց ես ձեզի ձանձրութիւն պիտի չտամ, վասն զի ձեր ունեցածը չեմ փնտռեր, հապա՝ ձեզ. որովհետեւ որդիները պարտաւոր չեն ծնողքներուն համար բան դիզել, հապա ծնողքները՝ որդիներուն համար։15. Ես մեծ յօժարութեամբ ծախք պիտի ընեմ ու ծախք պիտի ըլլամ ալ ձեր անձերուն համար, թէպէտեւ ձեզ աւելի սիրելովս ձեզմէ քիչ սիրուիմ ալ։16. Սակայն ես ձեզի ծանրութիւն մը չտուի, բայց գուցէ մէկը ըսէ թէ խորագէտ ըլլալովս նենգութեամբ ձեզ բռնեցի։17. Միթէ իմ ձեզի ղրկածներէս մէկուն ձեռքով ձեզմէ բան մը քաշեցի՞։18. Տիտոսին աղաչեցի ու անոր հետ այն եղբայրը ղրկեցի. միթէ Տիտոս ձեզմէ բան մը քաշե՞ց. չէ՞ որ երկուքս ալ նոյն հոգիով քալեցինք, չէ՞ որ նոյն ճամբով պտըտեցանք ։19. Դարձեալ, կը կարծէք թէ ձեր առջեւ ջատագովութի՞ւն կ’ընենք մեր անձերուն. Աստուծոյ առջեւ Քրիստոսով կը խօսինք։ Ամէն բան, սիրելիներ, ձեր շինութեանը համար է.20. Քանզի կը վախնամ որ չըլլայ թէ երբ գամ՝ ձեզ ուզածիս պէս չգտնեմ եւ ես ալ ձեզի ձեր ուզածին պէս չգտնուիմ. չըլլայ թէ ձեր մէջ գտնուին վէճեր, նախանձներ, սրտմտութիւններ, կամ գրգռութիւններ, չարախօսութիւններ, բանսարկութիւններ, ամբարտաւանութիւններ, խռովութիւններ.21. Չըլլայ թէ երբ նորէն գամ, իմ Աստուածս զիս նկուն ընէ ձեր քով ու սուգ ընեմ շատերուն համար, որոնք առաջուընէ մեղք գործեցին ու չապաշխարեցին իրենց գործած պղծութեանը եւ պոռնկութեանը ու գիջութեանը վրայ։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981