Աստվածաշունչը մեկ տարում Սեպտեմբեր 24Եսայիա 39:1-81. Այն ատեն Բաբելոնի թագաւորը, Բաղադանին որդին Մարովդաք-Բաղադան, նամակներ ու ընծաներ ղրկեց Եզեկիային, քանզի անոր հիւանդանալը եւ առողջանալը լսեր էր։2. Եզեկիա ատոնց համար ուրախացաւ եւ իր թանկագին բաներուն տունը, արծաթն ու ոսկին ու խունկերը եւ պատուական իւղը ու իր զէնքերուն բոլոր տունը եւ իր գանձերուն մէջ բոլոր գտնուածը ցուցուց։ Իր տանը մէջ եւ իր բոլոր տէրութեանը մէջ բան մը չմնաց, որ Եզեկիա անոնց չցուցնէ։3. Եսայի մարգարէն Եզեկիա թագաւորին եկաւ ու անոր ըսաւ. «Այդ մարդիկը ի՞նչ ըսին եւ ուրկէ՞ եկան քեզի»։ Եզեկիա ըսաւ. «Ինծի հեռու տեղէ, Բաբելոնէն եկան»։4. Անիկա ըսաւ. «Քու տանդ մէջ ի՞նչ տեսան»։ Եզեկիա ըսաւ. «Տանս մէջ ինչ որ կար՝ տեսան ու գանձերուս մէջ բան չմնաց որ անոնց չցուցնէի»։ Այն ատեն Եզեկիային ըսաւ.5. «Զօրքերու Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ.6. ‘Ահա օրեր պիտի գան, որ քու տանդ մէջ ինչ որ կայ ու ինչ որ քու հայրերդ մինչեւ այսօր հաւաքեցին Բաբելոն պիտի տարուին, բան մը պիտի չմնայ’։7. Քու սեփական որդիներդ ալ պիտի առնեն եւ անոնք Բաբելոնի թագաւորին պալատին մէջ ներքինիներ պիտի ըլլան»։8. Եզեկիա Եսայիին ըսաւ. «Տէրոջը խօսքը, որ դուն ըսիր, բարի է»։ Նաեւ ըսաւ. «Որովհետեւ իմ օրերուս մէջ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն պիտի ըլլայ»։Եսայիա 40:1-311. «Մխիթարեցէ՛ք, մխիթարեցէ՛ք, իմ ժողովուրդս», Կ’ըսէ ձեր Աստուածը.2. Երուսաղէմին քաղցրութեամբ խօսեցէք Ու անոր ըսէք թէ՝ իր պատերազմելու ժամանակը լրացաւ Եւ իր անօրէնութիւնը ներուեցաւ, Քանզի իր բոլոր մեղքերուն համար Տէրոջ ձեռքէն կրկին հատուցում առաւ»։3. Անապատին մէջ կանչողին ձայնը. «Տէրոջը՝ ՝ ճամբա՛ն պատրաստեցէք Ու ամայութեան մէջ մեր Աստուծոյն համար շաւի՛ղ շտկեցէք։4. Ամէն ձոր պիտի բարձրանայ, Ամէն լեռ ու բլուր պիտի ցածնայ, Ծուռը պիտի շտկուի, Խորտուբորտ տեղերը հաւասար պիտի ըլլան։5. Տէրոջը փառքը պիտի յայտնուի Եւ ամէն մարմին մէկտեղ զանիկա պիտի տեսնէ. Քանզի Տէրոջը բերանը խօսեցաւ»։6. Ձայն մը ըսաւ. «Կանչէ՛» Ու ես ըսի. «Ի՞նչ կանչեմ»։ Ամէն մարմին խոտ է։ Անոր բոլոր վայելչութիւնը դաշտի ծաղիկին պէս է։7. Խոտը կը չորնայ, ծաղիկը կը թառամի, Երբ անոր վրայ Տէրոջը հովը փչէ։ Իրաւցընէ ժողովուրդը խոտ է։8. Խոտը կը չորնայ, ծաղիկը կը թառամի, Բայց մեր Աստուծոյն խօսքը յաւիտեան պիտի մնայ։9. Ելի՛ր բարձր լերան վրայ, Ո՛վ դուն, որ Սիօնին աւետիս կը բերես, Քու ձայնդ ուժո՛վ բարձրացուր, Ո՛վ դուն, որ Երուսաղէմին աւետիս կը բերես. Բարձրացո՛ւր, մի՛ վախնար. Յուդայի քաղաքներուն ըսէ. «Ահա ձեր Աստուածը»։10. Ահա Տէր Եհովան զօրութեամբ պիտի գայ Ու անոր բազուկը իրեն համար պիտի իշխէ։ Ահա իր վարձքը իրեն հետ է Ու գործերու հատուցումը իր առջեւն է։11. Անիկա հովիւի պէս իր հօտը պիտի հովուէ. Գառնուկները իր բազուկովը պիտի հաւաքէ Ու զանոնք իր գրկին մէջ պիտի կրէ Եւ ծիծ տուողները կամաց պիտի քշէ։12. Ո՞վ իր ափովը ջուրերը չափեց Ու թիզով երկինքը ծրագրեց Ու երկրի հողը չափի մէջ ամփոփեց Ու լեռները կշռաթաթով Ու բլուրները կշիռքով կշռեց։13. Ո՞վ քննեց Տէրոջը Հոգին Ու անոր խորհրդակից ըլլալով՝ ուղղութիւն տուաւ անոր։14. Անիկա որո՞ւ խորհուրդ հարցուց, Ո՞վ անոր իմաստութիւն տուաւ Ու դատաստանի ճամբան սորվեցուց։ Ո՞վ անոր գիտութիւն սորվեցուց Ու իմաստութեան ճամբան ճանչցուց։15. Ահա ազգերը դոյլէն կաթած կաթիլի պէս են Ու կշիռքին մէջի մանր փոշիին պէս կը սեպուին, Ահա կղզիները ցրուած փոշիի պէս են՝ ՝։16. Լիբանանը կրակի համար բաւական չէ Ու անոր անասունները ողջակէզի համար բաւական չեն։17. Բոլոր ազգերը անոր առջեւ ոչինչի պէս Ու ոչինչէն պակաս եւ ունայնութիւն կը սեպուին։18. Ուստի դուք Աստուած որո՞ւ կը նմանցնէք Ու զանիկա ի՞նչ նմանութեան հետ կը բաղդատէք։19. Արուեստագէտը կը ձուլէ կուռքը Ու ոսկերիչը զանիկա ոսկիով կը պատէ Եւ անոր արծաթէ շղթաներ կը շինէ։20. Այն աղքատը որ չի կրնար մեծածախս նուէրներ տալ, Անփուտ փայտ կ’ընտրէ, Իրեն վարպետ արհեստաւոր կը փնտռէ, Որպէս զի անշարժ կուռք մը շինէ։21. Միթէ չգիտցա՞ք, չլսեցի՞ք, Ձեզի առաջուրնէ չըսուեցա՞ւ, Երկրին հիմնադրութենէն չհասկցա՞ք։22. Ի՛նքն է երկրի շրջանակին վրայ նստողը Ու անոր բնակիչները մարախներու պէս են։ Ի՛նքն է երկինքը վարագոյրի պէս տարածողը Ու նստելու համար զանիկա վրանի պէս կանգնեցնողը։23. Ի՛նքն է իշխանները բնաջինջ ընողը Ու երկրի դատաւորները ոչնչացնողը։24. Հազիւ թէ անոնք տնկուած, ցանուած են ու Անոնց բունը հողի մէջ արմատացած է, Անիկա անոնց վրայ կը փչէ ու անոնք կը չորնան Եւ փոթորիկը զանոնք մղեղի պէս կը տանի։25. «Արդ՝ որո՞ւ կը նմանցնէք զիս, Որ ես անոր հաւասար ըլլամ», կ’ըսէ Սուրբը։26. Աչքերնիդ վե՛ր վերցուցէք ու նայեցէ՛ք, Ասոնք ո՞վ ստեղծեց։ Անիկա անոնց զօրքը համրանքով կը հանէ։ Անոնց ամէնքը իրենց անունովը կը կանչէ։ Իր մեծ իշխանութիւնովը ու սաստիկ զօրութիւնովը Անոնցմէ բնաւ մէկը չի կորսուիր։27. Ո՛վ Յակոբ, ինչո՞ւ կ’ըսես Ու ո՛վ Իսրայէլ, ինչո՞ւ կը յայտարարես թէ՝ «Իմ ճամբաս Տէրոջմէ ծածկուեցաւ Եւ իմ իրաւունքս իմ Աստուծմէս զանց առնուեցաւ»։28. Միթէ չգիտցա՞ր կամ չլսեցի՞ր Թէ յաւիտենական Աստուածը՝ Եհովան, Երկրի ծայրերուն Ստեղծիչը, Չի յոգնիր ու չի թուլնար. Անոր իմաստութիւնը չի քննուիր։29. Անիկա է յոգնածին ոյժ տուողը Ու կարողութիւն չունեցողին շատ զօրութիւն հասցնողը։30. Երիտասարդները անգամ պիտի յոգնին ու թուլնան Եւ ընտիր կտրիճները բոլորովին պիտի իյնան,31. Բայց Տէրոջը ապաւինողներուն ոյժը պիտի նորոգուի Եւ անոնք արծիւներու պէս թեւերով վեր պիտի ելլեն՝ ՝, Պիտի վազեն ու չթուլնան, Պիտի քալեն ու չյոգնին։Սաղմոսներ 109:21-2521. Բայց դո՛ւն, ո՛վ Տէր Եհովա, օգնէ՛ ինծի՝ ՝ քու անուանդ համար. Փրկէ՛ զիս քու բարի ողորմութեամբդ։22. Վասն զի ես խեղճ ու աղքատ եմ Ու իմ սիրտս ներսիդիս խոցուած է։23. Ես երկնցող ստուերի պէս անցայ, Մարախի պէս թօթուըուեցայ։24. Ծունկերս ծոմապահութենէն տկարացան Ու մարմինս իր պարարտութենէն մաշեցաւ։25. Ես անոնց նախատինք եղայ, Երբ զիս տեսնեն՝ գլուխնին կը շարժեն։Առակներ 26:2-22. Ինչպէս ճնճղուկը կը պտըտի ու ծիծեռնակը կը թռչի, Այնպէս ալ առանց պատճառի անէծք չի գար։Գաղատացիներ 2:1-211. Տասնըչորս տարի յետոյ նորէն Երուսաղէմ գացի Բառնաբասին հետ՝ Տիտոսն ալ մէկտեղ առնելով։2. Ելայ յայտնութիւնով ու անոնց իմացուցի այն աւետարանը՝ որ հեթանոներուն մէջ կը քարոզեմ, բայց առանձին անոնց՝ որոնք երեւելիներ էին, որ չըլլայ թէ պարապ տեղ վազեմ կամ վազած ըլլամ։3. Բայց ինծի հետ եղող Տիտոսն ալ, որ Յոյն էր, չպարտաւորուեցաւ թլփատուիլ.4. Մանաւանդ ներս սպրդող սուտ եղբայրներուն համար՝ որոնք սահելով ներս մտան Քրիստոս Յիսուսով մեր ունեցած ազատութիւնը լրտեսելու համար, որպէս զի մեզ ծառայեցնեն.5. Որոնց նոյնիսկ քիչ մը ատեն մտիկ չըրինք, որպէս զի աւետարանին ճշմարտութիւնը հաստատուն մնայ ձեր մէջ։6. Բայց անոնք որ բան մը կը կարծուէին, ինչ որ էին՝ այն իմ հոգս չէ. Աստուած մարդոց աչառութիւն չ’ըներ, վասն զի այնպէս կարծուածները բան մը չիմացուցին ինծի։7. Հապա անոր հակառակը՝ երբ տեսան թէ անթլփատներուն աւետարանը ինծի յանձնուած է, ինչպէս Պետրոսին ալ՝ թլփատուածներունը,8. (Վասն զի ան որ Պետրոսին յաջողութիւն տուաւ թլփատուածներուն առաքելութիւն ընելու, ինծի ալ՝ հեթանոսներունը,)9. Ու երբ ինծի տրուած շնորհքը գիտցան ու Յակոբոսն ու Կեփասը եւ Յովհաննէսը, որոնք սիւներ սեպուած էին, աջ ձեռքերնին տուին ինծի ու Բառնաբասին՝ ի նշան հաղորդակցութեան, որպէս զի մենք հեթանոսներուն մէջ երթանք ու անոնք՝ թլփատուածներուն.10. Միայն թէ կը կամենային որ աղքատները յիշենք եւ ես ալ աշխատեցայ բան մը ընել։11. Երբ Պետրոս Անտիոք եկաւ, ես անոր դէմ կեցայ. որովհետեւ ինք մեղադրելի էր։12. Վասն զի դեռ Յակոբոսին քովէն մէկ քանի հոգի չեկած, ինք հեթանոսներուն հետ անխտրաբար կ’ուտէր. բայց երբ եկան՝ մէկդի կը քաշուէր եւ ինքզինք կը զատէր, վախնալով թլփատուածներէն։13. Եւ անոր հետ կեղծաւորուեցան միւս Հրեաներն ալ, այնպէս որ Բառնաբաս ալ անոնց կեղծաւորութեանը հակեցաւ։14. Բայց ես երբ տեսայ թէ աւետարանին ճշմարտութեանը մէջ շիտակ չեն քալեր, ամենուն առջեւ Պետրոսին ըսի. «Եթէ դուն, որ Հրեայ ես, հեթանոսի պէս ու ո՛չ թէ Հրեայի պէս կ’ապրիս, ի՞նչպէս հեթանոսները կը ստիպես Հրեայի պէս վարուելու»։15. Մենք որ բուն Հրեայ ենք եւ ոչ թէ հեթանոս մեղաւորներ,16. Գիտնալով՝ թէ մարդ օրէնքին գործերէն չի կրնար արդարանալ, հապա Յիսուս Քրիստոսի հաւատքէն, մենք ալ Քրիստոս Յիսուսին հաւատացինք՝ որպէս զի արդարանանք Քրիստոսին հաւատքով եւ ո՛չ թէ օրէնքին գործերով, որովհետեւ օրէնքին գործերով ոչ ոք պիտի արդարանայ։17. Իսկ եթէ մենք կ’ուզենք Քրիստոսով արդարանալ, մեղաւո՞ր գտնուինք, ուրեմն Քրիստոս մեղքի պաշտօնեա՞յ եղաւ։ Քա՛ւ լիցի։18. Քանզի եթէ իմ քակած բաներս նորէն կը շինեմ, իմ անձս յանցաւոր կը ցուցնեմ։19. Վասն զի ես օրէնքով մեռայ օրէնքին, որպէս զի Աստուծոյ կենդանի ըլլամ։20. Քրիստոսին հետ խաչը ելայ եւ ալ կենդանի եմ ո՛չ թէ ես, հապա Քրիստոս կենդանի է իմ մէջս. բայց ես որ հիմա մարմնովս կ’ապրիմ՝ Աստուծոյ Որդիին հաւատքովը կ’ապրիմ, որ զիս սիրեց ու իր անձը ինծի համար մատնեց։21. Ես Աստուծոյ շնորհքը չեմ խափաներ. վասն զի եթէ արդարութիւնը օրէնքէն էր, ուրեմն Քրիստոս պարապ տեղ մեռաւ։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981