Աստվածաշունչը մեկ տարում
Սեպտեմբեր 25

1. Ո՛վ կղզիներ, իմ առջեւս լո՛ւռ կեցէք։ Ժողովուրդները իրենց ոյժը թող նորոգեն, Թող մօտենան ու ապա խօսին։ Մէկտեղ դատաստանի մօտենանք։
2. Ո՞վ արդարը արեւելքէն ոտքի հանեց Եւ զայն իր ոտքը կանչեց։ Ազգերը անոր առջեւը բերաւ Եւ թագաւորները ոտքի տակ կոխկռտեց, Իր սուրով զանոնք փոշիի պէս ըրաւ Եւ հողմավար մղեղի պէս աղեղով քշեց։
3. Զանոնք հալածեց եւ խաղաղութեամբ անցաւ Այնպիսի ճամբայէ մը, ուր բնաւ ոտք կոխած չէր։
4. Ո՞վ է ասիկա գործողն ու ընողը Ու ազգերը սկիզբէն կանչողը։ Ես, Տէրս, որ առաջինն եմ Ու վերջիններուն հետ պիտի ըլլամ։
5. Կղզիները տեսան ու վախցան, Երկրին ծայրերը դողացին, Անոնք հաւաքուեցան ու մօտեցան։
6. Ամէն մէկը իր ընկերին օգնեց, Ամէն մարդ իր ընկերին «Զօրացի՛ր», ըսաւ։
7. Արուեստագէտը՝ ոսկերիչին, Ուռով ծեծողը սալի վրայ զարնողին սիրտ կու տայ Ու կ’ըսէ. «Ասիկա փակցնելու համար աղէկ է»։ Եւ զանիկա գամերով կը գամէ, որպէս զի չշարժի։
8. Բայց դո՛ւն, ո՛վ իմ ծառաս Իսրայէլ եւ Իմ ընտրեալս Յակո՛բ, Իմ սիրելիիս՝ Աբրահամին՝ սերունդը,
9. Որ երկրի ծայրերէն առի, Քեզ անոր եզերքներէն կանչեցի Եւ քեզի ըսի. «Դուն իմ ծառաս ես, Քեզ ընտրեցի ու չմերժեցի»։
10. Մի՛ վախնար, քանզի ես հիմա քեզի հետ եմ. Մի՛ զարհուրիր, վասն զի ես քու Աստուածդ եմ. Քեզ պիտի զօրացնեմ ու քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ Ու իմ արդարութեանս աջովը քեզ պիտի բռնեմ։
11. Ահա քեզի դէմ ամէն բարկացողները Պիտի ամչնան ու պիտի պատկառին Ու քեզի հետ վիճող մարդիկը Չեղածի պէս պիտի ըլլան ու պիտի կորսուին։
12. Քեզի հետ կռուող մարդիկը Պիտի փնտռես ու պիտի չգտնես. Քեզի հետ պատերազմող մարդիկը Չեղածի պէս պիտի ըլլան։
13. Քանզի ես քու Տէր Աստուածդ եմ, Որ քու աջ ձեռքէդ կը բռնեմ ու քեզի կ’ըսեմ. «Մի՛ վախնար, ես քեզի պիտի օգնեմ»։
14. Ո՛վ Յակոբի որդի, մի՛ վախնար, Ո՛վ Իսրայէլի մահկանացուներ, Ձեզի պիտի օգնեմ, կ’ըսէ Տէրը Ու Իսրայէլի Սուրբը, քու Փրկիչդ։
15. Ահա ես քեզ նոր, սուր եւ ատամնաւոր կամնասայլի պէս պիտի ընեմ։ Լեռները պիտի մանրես ու փշրես Եւ բլուրները մղեղի պիտի դարձնես.
16. Զանոնք պիտի հոսես ու հովը զանոնք պիտի տանի Եւ փոթորիկը զանոնք պիտի ցրուէ Ու դուն Տէրոջմով պիտի ցնծաս, Իսրայէլի Սուրբովը պիտի պարծենաս։
17. Աղքատներն ու տնանկները ջուր կը փնտռեն, բայց չկայ. Անոնց լեզուն ծարաւէն չորցեր է. Ես Տէրս անոնց խնդրուածքին պիտի պատասխանեմ։ Ես, Իսրայէլի Աստուածը, զանոնք երեսէ պիտի չձգեմ։
18. Բարձր տեղերու վրայ՝ գետեր Ու հովիտներու մէջ աղբիւրներ պիտի բանամ. Անապատը՝ ջուրի լճի Ու չոր երկիրը ջուրի աղբիւրներու պիտի դարձնեմ։
19. Անապատին մէջ եղեւին, Սատիմ, մրտենի եւ իւղի ծառ պիտի տնկեմ, Անջուր երկրին մէջ մայրի, Սօսի ու տօսախ մէկտեղ պիտի դնեմ,
20. Որպէս զի տեսնեն ու գիտնան Ու մէկտեղ մտածեն ու հասկնան, Թէ ասիկա Տէրոջը ձեռքը ըրաւ Ու Իսրայէլի սուրբը ստեղծեց։
21. «Ձեր դատը յառա՛ջ բերէք», կ’ըսէ Տէրը. «Ձեր զօրաւոր փաստերը մօտեցուցէ՛ք», կ’ըսէ Յակոբին Թագաւորը։
22. Թող մօտեցնեն ու ինչ ըլլալիքը մեզի պատմեն. Առաջինները մեզի պատմեն թէ անոնք ի՛նչ էին, Որպէս զի մտքերնիս պահենք ու անոնց վախճանը գիտնանք, Կամ ապագայ բաները մեզի գիտցնեն։
23. Ասկէ ետքը ըլլալիքները պատմեցէ՛ք, Որպէս զի ձեր աստուած ըլլալը գիտնանք. Կա՛մ աղէկ կա՛մ գէշ բան մը ըրէք, Որպէս զի զարմանանք ու մէկտեղ տեսնենք։
24. Ահա դուք ոչինչ էք, ձեր գործն ալ ոչինչ է։ Ձեզ ընտրողը գարշելի է։
25. Հիւսիսի կողմէն մէկը արթնցուցի Եւ պիտի գայ ու արեւելքէն իմ անունս պիտի կանչէ Եւ իշխանները տիղմի պէս պիտի կոխկռտէ, Ինչպէս բրուտը կաւը կը կոխկռտէ։
26. Ո՞վ պատմեց սկիզբէն՝ որ գիտնանք Ու առաջուան դարերէն՝ որ «Ճշմարիտ է», ըսենք. Ո՛չ յայտնող մը կայ, ո՛չ գիտցնող մը Եւ ո՛չ ալ ձեր խօսքերուն մտիկ ընող մը։
27. Առաջ ես զայն ըսի Սիօնին Ու Երուսաղէմին աւետիս բերող մը տուի։
28. Եւ նայեցաւ ու մարդ մը չկար, Բնաւ խորհրդական մը չկար, Որուն հարցնէի, որ պատասխան տար։
29. Ահա ամէնքը սնոտի են, գործերնին ոչինչ է. Անոնց ձուլածոյ կուռքերը պարապ հով են։
1. Ահա իմ ծառաս, որուն ձեռնտու պիտի ըլլամ Ու իմ ընտրածս, որուն իմ սիրտս հաւնեցաւ։ Իմ հոգիս անոր վրայ դրի. Անիկա ազգերուն իրաւունք պիտի ընէ։
2. Անիկա պիտի չպոռայ ու պիտի չաղաղակէ Եւ իր ձայնը դուրսը լսել պիտի չտայ։
3. Ջախջախուած եղէգը պիտի չփշրէ Ու պլպլած պատրոյգը պիտի չմարէ, Իրաւունքը հաւատարմութեամբ պիտի յայտնէ։
4. Անիկա պիտի չտկարանայ ու պիտի չթուլնայ, Մինչեւ որ իրաւունքը երկրի վրայ հաստատէ։ Կղզիները անոր օրէնքին պիտի սպասեն։
5. Երկինքը ստեղծող ու զանիկա կազմող, Երկիրը ու անոր մէջ բուսածը տարածող, Անոր վրայ եղող ժողովուրդին՝ շունչ Եւ անոր մէջ քալողներուն ոգի տուող Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ.
6. «Ես՝ Տէրս՝ քեզ արդարութեամբ կանչեցի։ Ձեռքէդ պիտի բռնեմ ու քեզ պիտի պաշտպանեմ։ Քեզ ժողովուրդին՝ իբր ուխտ Ու ազգերուն իբր լոյս պիտի տամ,
7. Որպէս զի կոյրերուն աչքերը բանաս, Բանտարկեալները բանտէն հանես Ու խաւարի մէջ նստողները՝ կապանքի տունէն։
8. Ես Եհովան եմ. իմ անունս այս է. Իմ փառքս ուրիշին չեմ տար, Ո՛չ ալ իմ պատիւս՝ կուռքերուն։
9. Առաջուան բաները ահա եղան Ու նորերը ես կը յայտնեմ։ Անոնք դեռ չեղած ձեզի պիտի իմացնեմ»։
10. Նոր ե՛րգ երգեցէք Տէրոջը Ու անոր գովութիւնը՝ երկրի ծայրերէն, Ո՛վ ծով իջնողներ ու զանիկա լեցնողներ, Կղզիներ եւ անոնց բնակիչները։
11. Անապատն ու անոր քաղաքները, Կեդարի բնակած գիւղերը թող ձայն բարձրացնեն։ Վէմին բնակիչները յաղթանակի երգով Լեռներուն գլխէն թող ձայն տան.
12. Տէրոջը փառք տան Եւ անոր գովութիւնը կղզիներուն մէջ պատմեն։
13. Տէրը հզօրի պէս պիտի ելլէ, Պատերազմող մարդու պէս իր նախանձը պիտի արթնցնէ. Պիտի աղաղակէ ու բարձրաձայն պիտի գոչէ Եւ իր թշնամիներուն պիտի յաղթէ՝ ՝։
14. Ես երկար ժամանակ լուռ կեցայ, Ձայնս կտրեցի ու զիս զսպեցի. Հիմա ծնանող կնոջ պէս պիտի պոռամ, Պիտի աւերեմ ու մէկէն պիտի կլլեմ՝ ՝.
15. Լեռներն ու բլուրները անապատ պիտի ընեմ, Անոնց բոլոր խոտը պիտի չորցնեմ, Գետերը ցամաքի պիտի վերածեմ Եւ լիճերը պիտի ցամքեցնեմ։
16. Կոյրերը իրենց չգիտցած ճամբուն մէջ պիտի պտըտցնեմ, Զանոնք իրենց չգիտցած շաւիղներուն մէջ պիտի քալեցնեմ. Անոնց առջեւ խաւարը՝ լոյս ու խորտուբորտ տեղերը հաւասար պիտի ընեմ. Անոնց այս բաները պիտի ընեմ ու զանոնք երեսէ պիտի չձգեմ։
17. Քանդակուած կուռքերու ապաւինողները Եւ ձուլածոյ կուռքերուն՝ ‘Դուք մեր աստուածներն էք’ ըսողները Ետ պիտի դառնան ու պիտի ամչնան։
18. Ո՛վ խուլեր, լսեցէ՛ք Եւ ո՛վ կոյրեր, նայեցէ՛ք, որպէս զի տեսնէք։
19. Ո՞վ է կոյր իմ ծառայէս զատ, Կամ խուլ՝ իմ ղրկած դեսպանիս պէս. Ո՞վ է կոյր՝ Աստուծոյ նուիրեալին պէս Եւ խուլ՝ Տէրոջը ծառային պէս։
20. Շատ բաներ կը տեսնես, բայց զգուշութիւն չես ըներ. Ականջներդ բաց են, բայց չես լսեր։
21. Տէրը իր արդարութեանը համար անոր հաճեցաւ, Իր օրէնքը մեծցուց ու փառաւորեց,
22. Բայց անիկա յափշտակուած եւ կողոպտուած ժողովուրդ մըն է, Ամէնքը քարայրներու մէջ որոգայթի բռնուեցան Ու բանտերու մէջ պահուեցան։ Անոնք յափշտակուեցան, բայց ազատող մը չկայ. Կողոպտուեցան, բայց մէկը չի գտնուիր որ «Ետ տուր», ըսէ։
23. Ձեր մէջ ո՞վ կայ, որ ասոր ականջ դնէ Եւ մտիկ ընէ ու լսէ ինչ որ պիտի գայ։
24. Ո՞վ մատնեց Յակոբը՝ յափշտակուելու Ու Իսրայէլը՝ կողոպտուելու։ Չէ՞ որ Տէրը՝ որուն դէմ մեղք գործեցին, Վասն զի անոր ճամբաներուն մէջ քալել չուզեցին Եւ անոր օրէնքին չհնազանդեցան։
25. Ուստի իր սաստիկ բարկութիւնը Ու պատերազմի ուժգնութիւնը անոր վրայ թափեց։ Ամէն կողմէ զանիկա բռնկցուց, բայց անիկա չգիտցաւ. Զանիկա այրեց, բայց անիկա իր սրտին մէջ չառաւ։
26. Օգնէ՛ ինծի, ո՛վ Տէր, իմ Աստուածս. Փրկէ՛ զիս քու ողորմութեանդ համեմատ։
27. Թող գիտնան թէ ա՛յս է քու ձեռքդ Եւ դուն ըրիր ասիկա, ո՛վ Տէր։
28. Թող անոնք անիծեն, բայց դուն օրհնէ՛, Երբ ինծի դէմ ելլեն, թող ամչնան, Բայց քու ծառադ թող ուրախ ըլլայ։
29. Իմ թշնամիներս թող նախատինք հագնին Ու իրենց ամօթը պատմուճանի պէս իրենց վրայ առնեն։
30. Շատ պիտի գոհանամ Տէրոջմէն իմ բերնովս Ու շատերուն մէջ պիտի օրհնեմ զանիկա։
31. Վասն զի ինք աղքատին աջ կողմը կը կենայ, Որպէս զի անոր անձը դատապարտողներէն փրկէ։
3. Ձիուն՝ խարազան ու իշուն՝ խթան Եւ յիմարներուն կռնակին գաւազան պէտք է։
4. Յիմարին իր յիմարութեանը համեմատ պատասխան մի՛ տար, Որպէս զի դուն ալ անոր նման չըլլաս։
1. Ո՜վ անմիտ Գաղատացիներ, ո՞վ ձեզ հրապուրեց, որոնց աչքերուն առջեւ Յիսուս Քրիստոս ձեր մէջ խաչը ելած նկարագրուեցաւ։
2. Ասիկա միայն կ’ուզեմ ձեզի հարցնել. «Օրէնքին գործերո՞վը դուք Հոգին առիք՝ թէ հաւատքին լսելովը»։
3. Այդչափ անմի՞տ էք. հոգիով սկսաք ու հիմա մարմնո՞վ կը վերջացնէք։
4. Այնչափ դիպուածները պարապ տե՞ղ ձեր վրայէն անցան, (եթէ պարապ ըլլայ ալ)։
5. Ուստի ան որ ձեզի Հոգին բաշխեց եւ ձեր մէջ զօրութիւններ գործեց, օրէնքին գործերո՞վն էր՝ թէ հաւատքին լսելովը։
6. Ինչպէս Աբրահամ Աստուծոյ հաւատաց ու անոր արդարութիւն սեպուեցաւ։
7. Ուրեմն գիտցէ՛ք թէ անոնք որ հաւատքէն են՝ անոնք են Աբրահամին որդիները։
8. Գիրքը նախապէս գիտնալով թէ Աստուած հեթանոսները հաւատքով կ’արդարացնէ, կանուխէն աւետիս տուաւ Աբրահամին՝ թէ «Քեզմով պիտի օրհնուին բոլոր ազգերը»։
9. Ուստի անոնք որ հաւատքէն են, կ’օրհնուին հաւատացեալ Աբրահամին հետ։
10. Վասն զի անոնք որ օրէնքին գործերէն են, անէծքի տակ են. վասն զի գրուած է թէ՝ «Անիծեալ ըլլայ ամէն մարդ՝ որ օրէնքին գրքին բոլոր գրածներուն մէջ չի կենար, որպէս զի զանոնք կատարէ»։
11. Եւ թէ օրէնքով մէ՛կը չի կրնար արդարանալ Աստուծոյ առջեւ, այդ յայտնի է. քանզի «Արդարը հաւատքով պիտի ապրի»։
12. Բայց օրէնքը հաւատքէն չէ, հապա «Ան որ կը կատարէ այն բաները՝ անոնցմով պիտի ապրի»։
13. Քրիստոս մեզ ծախու առաւ օրէնքին անէծքէն՝ ինք մեզի համար անիծուեցաւ. (վասն զի գրուած է թէ՝ «Անիծեալ է ան՝ որ փայտէ կը կախուի».)
14. Որպէս զի Աբրահամին օրհնութիւնը հեթանոսներուն վրայ ըլլայ Քրիստոս Յիսուսով. որպէս զի մենք ալ հոգիին խոստումները առնենք հաւատքով։
15. Մարդու սովորութեան պէս կը խօսիմ, եղբա՛յրներ. իրաւ որ մարդու մը հաստատած կտակը մէ՛կը չի խափաներ, ո՛չ ալ անոր վրայ ուրիշ բան մը կ’աւելցնէ։
16. Արդ՝ խոստումները Աբրահամին ու անոր սերունդին եղան. քանզի չըսեր. «Եւ քու սերունդներուդ», որպէս թէ շատերու համար, հապա որպէս թէ մէկի համար «Եւ քու սերունդիդ», որ Քրիստոս է։
17. Բայց այս կ’ըսեմ. «Այն կտակը որ նախապէս Աստուծմէ հաստատուեցաւ Քրիստոսով, որով Օրէնքը որ չորս հարիւր երեսուն տարի յետոյ դրուեցաւ, չի կրնար անվաւեր դարձնել խոստումները եւ խափանել։
18. Վասն զի եթէ ժառանգութիւնը օրէնքէն ըլլայ, ուրեմն ա՛լ խոստումէն չըլլար. բայց Աստուած Աբրահամին խոստումով շնորհեց։
19. Հապա ինչո՞ւ համար է օրէնքը։ Օրէնքը աւելցաւ յանցանքը յայտնելու համար, (մինչեւ գայ այն սերունդը՝ որուն խոստացուեր էր,) միջնորդի մը ձեռքով՝ հրեշտակներէ տրուած։
20. Բայց միջնորդը մէկի միջնորդ չէ. սակայն Աստուած մէկ է։
21. Ուրեմն օրէնքը հակառա՞կ բան մըն է Աստուծոյ խոստումներուն։ Քա՛ւ լիցի. քանզի եթէ տրուած ըլլար այնպիսի օրէնք մը, որ կարող ըլլար կենդանացնել, այն ատեն իրաւցընէ արդարութիւնը օրէնքէն կ’ըլլար։
22. Բայց գիրքը բոլոր աշխարհը մեղքի տակ կը ցուցնէ, որպէս զի խոստումը Յիսուս Քրիստոսին հաւատքովը տրուի հաւատացեալներուն։
23. Բայց քանի որ հաւատքը չէր եկած, օրէնքին տակ գոցուած կը պահուէինք, սպասելով այն հաւատքին, որ պիտի յայտնուէր։
24. Ուրեմն օրէնքը մեր դաստիարակը եղաւ՝ մեզ Քրիստոսին բերե լու, որպէս զի մենք հաւատքով արդարանանք։
25. Բայց երբ հաւատքը եկաւ, ալ օրէնքի տակ չենք։
26. Վասն զի ամէնքդ ալ Աստուծոյ որդիներ էք, Քրիստոս Յիսուսին վրայ եղած հաւատքով։
27. Քանզի դուք ամէնքդ որ Քրիստոսով մկրտուեցաք, Քրիստոսը վրանիդ հագաք.
28. Այսուհետեւ ո՛չ Հրեայ կայ, ո՛չ ալ Յոյն. ո՛չ ծառայ կայ, ո՛չ ալ ազատ. ո՛չ արու կայ, ո՛չ ալ էգ. վասն զի դուք ամէնքդ ալ մէկ էք Քրիստոս Յիսուսով։
29. Ապա եթէ դուք Քրիստոսինն էք, ուրեմն Աբրահամին սերունդն էք ու խոստումին նայելով՝ ժառանգորդներ։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981