Աստվածաշունչը մեկ տարում Սեպտեմբեր 26Եսայիա 43:1-281. Հիմա, ո՛վ Յակոբ, քեզ ստեղծողը Ու ո՛վ Իսրայէլ, քեզ ձեւակերպող Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Մի՛ վախնար, վասն զի ես քեզ փրկեցի, Քեզ քու անունովդ կանչեցի. դուն իմս ես։2. Երբ ջուրերէն անցնիս, ես քեզի հետ պիտի ըլլամ, Երբ գետերէն անցնիս, պիտի չընկղմիս, Երբ կրակի մէջէն քալես, պիտի չայրիս, Բոցը քեզ պիտի չբռնկեցնէ։3. Քանզի ես՝ քու Տէր Աստուածդ՝ Իսրայէլի Սուրբը՝ քու Փրկիչդ եմ. Եգիպտոսը քեզի իբր փրկանք, Եթովպիան ու Սաբան քու տեղդ տուի։4. Քանի որ իմ առջեւս պատուական եղար, Պատիւ գտար եւ ես քեզ սիրեցի. Անոր համար քու անձիդ փոխարէն՝ մարդ Ու քու հոգիիդ փոխարէն ժողովուրդներ պիտի տամ։5. Մի՛ վախնար, քանզի ես քեզի հետ եմ. Քու սերունդդ արեւելքէն պիտի բերեմ Եւ քեզ արեւմուտքէն պիտի հաւաքեմ։6. Հիւսիսին պիտի ըսեմ՝ «Տո՛ւր» Ու հարաւին՝ «Մի՛ արգիլեր». Իմ տղաքներս հեռուէն Ու աղջիկներս երկրի ծայրէն բե՛ր,7. Այսինքն բոլոր իմ անունովս կոչուածները. Վասն զի անոնք իմ փառքիս համար ստեղծեցի, Զանոնք ձեւակերպեցի ու կազմեցի»։8. Աչք ունեցող կոյր ժողովուրդը Ու ականջ ունեցող խուլերը հանեցէք։9. Բոլոր ազգերը մէկտեղ թող հաւաքուին Եւ ժողովուրդները թող հաւաքուին. Անոնցմէ ո՞վ կրնայ ասիկա յայտնել Ու սկիզբի բաները մեզի գիտցնել։ Իրենց վկաները թող բերեն որպէս զի արդարանան Եւ մարդիկ լսեն ու ըսեն թէ՝ ‘Ասիկա ճշմարիտ է’։10. «Իմ վկաներս դուք էք», կ’ըսէ Տէրը, Նաեւ իմ ընտրած ծառաս. Որպէս զի գիտնաք ու ինծի հաւատաք Եւ հասկնաք թէ ես եմ. Ինծմէ առաջ Աստուած չեղաւ Ու ինծմէ ետքն ալ պիտի չըլլայ։11. Տէրը ե՛ս եմ, ե՛ս եմ Եւ ինծմէ ուրիշ փրկիչ չկայ։12. Ես պատմեցի ու փրկեցի եւ գիտցուցի, Երբ ձեր մէջ օտար աստուած չկար Ու իմ վկաներս դո՛ւք էք, կ’ըսէ Տէրը, որ ե՛ս եմ Աստուած»։13. Սկիզբէն ի վեր ես նոյնն եմ Ու չկայ մէկը, որ իմ ձեռքէս կարենայ ազատիլ. Երբ ես բան մը ընեմ, ո՞վ կրնայ զանիկա արգիլել»։14. Այսպէս կ’ըսէ Տէրը՝ Ձեր Փրկիչը՝ Իսրայէլի Սուրբը. «Ձեր սիրոյն համար Բաբելոն կը ղրկեմ Եւ անոնց ամէն փախստականները Ու նաւերու մէջ աղաղակող Քաղդէացիները կ’իջեցնեմ՝ ՝։15. Ես եմ Եհովան՝ ձեր Սուրբը, Իսրայէլի Ստեղծիչը, ձեր Թագաւորը։16. Այսպէս կ’ըսէ Տէրը, որ ծովու մէջ ճամբայ Ու զօրաւոր ջուրերու մէջ շաւիղ կը բանայ,17. Որ կառքն ու ձին, զօրքը եւ հզօրութիւնը կը հանէ, Անոնք մէկտեղ կը պառկին ու չեն ելլեր, Անոնք պատրոյգի պէս կը մարին եւ կ’անցնին։18. «Առաջուանները մի՛ յիշէք Ու հին բաները մտքերնիդ մի՛ բերէք։19. Ահա ես նոր բան մը պիտի ընեմ, որ հիմա պիտի յայտնուի։ Միթէ զանիկա պիտի չգիտնա՞ք։ Ես անապատի մէջ ալ ճամբայ պիտի բանամ Ու անջրդի երկրի մէջ գետեր պիտի բղխեցնեմ։20. Զիս դաշտի գազանները, Չագալներն ու ջայլամները պիտի փառաւորեն, Վասն զի իմ ժողովուրդիս, իմ ընտրեալներուս, խմցնելու համար, Անապատի մէջ ջուրեր Եւ անջրդի երկրի մէջ գետեր պիտի տամ։21. Եւ այս ժողովուրդը ինծի համար ստեղծեցի, Անոնք իմ գովութիւնս պիտի պատմեն։22. «Բայց դուն ինծի չկանչեցիր, ո՛վ Յակոբ. Հապա ինծմէ ձանձրացար, ո՛վ Իսրայէլ։23. Քու ողջակէզներուդ ոչխարները ինծի չբերիր Եւ քու զոհերովդ զիս չփառաւորեցիր. Ընծայի համար քեզ չաշխատցուցի, Կնդրուկի համար քեզ չյոգնեցուցի։24. Ինծի համար ստակով խունկեղէգը ծախու չառիր, Քու զոհերուդ ճարպովը զիս չկշտացուցիր, Հապա քու մեղքերովդ զիս նեղեցիր, Քու անօրէնութիւններովդ զիս յոգնեցուցիր»։25. «Ե՛ս եմ, ե՛ս եմ, որ քու յանցանքներդ ինծի համար կը ջնջեմ Ու քու մեղքերդ ա՛լ պիտի չյիշեմ։26. Միտքս ձգէ՛, մէկտեղ դատի ելլենք. Դուն խօսիր, որպէս զի արդարանաս։27. Քու նախահայրդ մեղք գործեց Եւ քու ուսուցիչներդ ինծմէ ապստամբեցան։28. Ուստի ես ալ սրբարանին իշխանները պիղծ սեպեցի Եւ Յակոբը՝ նզովքի Ու Իսրայէլը նախատինքի մատնեցի»։Եսայիա 44:1-281. «Հիմա մտիկ ըրէ, ո՛վ իմ ծառաս Յակոբ Ու դուն, ո՛վ իմ ընտրած Իսրայէլս։2. Քեզ ստեղծող եւ արգանդի մէջ ձեւակերպող Ու քեզի օգնութիւն ընող Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ո՛վ իմ ծառաս Յակոբ Եւ դուն, ո՛վ իմ ընտրած Իսրայէլս, մի՛ վախնար.3. Քանզի ծարաւին վրայ ջուր պիտի թափեմ Անջուր երկրին վրայ՝ հեղեղներ։ Քու սերունդիդ վրայ իմ Հոգիս պիտի թափեմ Եւ քու որդիներուդ վրայ՝ իմ օրհնութիւնս։4. Անոնք իբր թէ ՝ խոտերու պէս, Ջուրի վտակներու քով եղող ուռիներու պէս պիտի բուսնին։5. Մէկը պիտի ըսէ թէ ‘Ես Տէրոջն եմ’. Մէկն ալ Յակոբին անունովը պիտի կանչուի, Միւսն ալ իր ձեռքովը պիտի գրէ թէ ‘Ես Տէրոջն եմ’ Ու Իսրայէլին անունովը պիտի մականուանուի»։6. Տէրը՝ Իսրայէլի Թագաւորը Եւ զօրքերու Տէրը, անոր Փրկիչը, այսպէս կ’ըսէ. «Ե՛ս եմ առաջինը ու ե՛ս եմ վերջինը, Ինծմէ զատ Աստուած չկայ։7. Հին ժողովուրդը հաստատելէս ի վեր Ո՞վ կրցաւ ինծի ձայն տալ ու պատմել, Ասիկա ինծի համար կարգի դնել. Թող ըսեն գալու եւ ըլլալու բաները։8. Մի՛ վախնաք ու մի՛ զարհուրիք. Միթէ ես ձեզի այն ատենէն չգիտցուցի՞ ու չյայտարարեցի՞ Թէ իմ վկաներս դուք էք։ Ինծմէ զատ Աստուած կա՞յ. Յիրաւի ուրիշ Վէմ չկայ. ուրիշ մը չեմ գիտեր»։9. Բոլոր կուռք շինողներն ալ ունայնութիւն են, Անոնց ընտիր գործերը օգուտ մը չեն ըներ, Իրենք իրենց դէմ վկաներ են. Չեն տեսներ ու չեն իմանար, որ ամչնան։10. Բայց ո՞վ է անիկա որ աստուած կը շինէ, Կուռք կը ձուլէ, որ օգուտ մը չ’ըներ։11. Ահա անոր բոլոր ընկերները պիտի ամչնան, Վասն զի արուեստագէտները՝ իրենք մարդ են. Թող անոնք ամէնքը հաւաքուին ու կայնին։ Պիտի վախնան ու մէկտեղ պիտի ամչնան։12. Երկաթագործը ածուխի վրայ կը շինէ տապարը, Կռաններով անոր ձեւ կու տայ, Զանիկա իր զօրաւոր բազուկովը կը շինէ։ Երբ անօթենայ, ուժէ կը կտրի. Երբ ջուր չխմէ, կը մարի։13. Հիւսնը լար կը քաշէ եւ մատիտով կուռքը կը գծագրէ, Զանիկա քանդակագործի գրիչով կը քանդակէ, Անոր վրայ կարկինով կը գծէ, Զանիկա մարդու կերպարանքով Եւ մարդկային գեղեցկութիւնով կը շինէ, Որպէս զի տան մէջ դրուի։14. Անիկա իրեն եղեւիններ կը կտրէ Եւ թեղօշ ու կաղնի կ’առնէ, Զանոնք անտառի ծառերէն կ’ընտրէ։ Սոճի կը տնկէ եւ անձրեւը զանիկա կը մեծցնէ։15. Անոնք մարդուն վառելիք կ’ըլլան. Անոնցմէ կ’առնէ, որպէս զի կրակ վառէ ու տաքնայ. Անոնց մէկ մասը կ’այրէ ու հաց կ’եփէ, Նաեւ աստուած մը կը շինէ եւ անոր երկրպագութիւն կ’ընէ։ Անկէ կուռք կը շինէ ու կը պաշտէ։16. Անոր կէսը կրակի մէջ կը վառէ, Կէսին վրայ հաց ու Խորոված կ’եփէ ու կը կշտանայ, Կը տաքնայ ու կ’ըսէ. «Ահա տաքցայ, կրակը տեսայ»։17. Անոր մնացածով աստուած՝ այսինքն կուռք կը շինէ իրեն, Զանիկա կը պաշտէ ու անոր երկրպագութիւն կ’ընէ, Անոր աղօթք կ’ընէ ու կ’ըսէ. «Զիս ազատէ՛, քանզի իմ աստուածս դո՛ւն ես»։18. Չեն գիտեր ու չեն հասկնար, Քանզի անոնց աչքերը՝ տեսնելէ Եւ անոնց սրտերը հասկնալէ դադրեցան։19. Ոեւէ մէկը միտքը չի բերեր Եւ գիտութիւն ու հանճար չունի, որ ըսէ. «Ասոր կէսը կրակի մէջ վառեցի, Անոր կայծերուն վրայ հաց ալ եփեցի. Միս խորովեցի ու կերայ Եւ մնացածն ալ պիղծ բա՞ն շինեմ, Ծառի կո՞ճղ պաշտեմ»։20. Անիկա մոխիրով կը սնանի, Անոր խաբուած սիրտը զինք կը մոլորեցնէ Եւ իր հոգին չի կրնար փրկել ու չի հարցներ. «Իմ աջ ձեռքիս մէջ ստութիւն չկա՞յ»։21. Ասոնք միտքդ բեր, ո՛վ Յակոբ Եւ դո՛ւն, ո՛վ Իսրայէլ, քանզի իմ ծառաս ես. Ես ստեղծեցի քեզ, դուն իմ ծառաս ես։ Ո՛վ Իսրայէլ, քեզ պիտի չմոռնամ՝ ՝։22. Քու յանցանքներդ՝ մէգի պէս Ու քու մեղքերդ ամպի պէս ջնջեցի։ Ինծի՛ դարձիր, քանզի քեզ փրկեցի։23. Ուրա՛խ եղէք, ո՛վ երկինք, քանզի Տէրը ըրաւ ասիկա ։ Ո՛վ երկրի վարի կողմեր, ցնծութեամբ աղաղակեցէք. Լեռնե՛ր, անտա՛ռ ու անոր մէջ եղող բոլո՛ր ծառեր, Ուրախութեան ձայներ հանեցէ՛ք, Քանզի Տէրը փրկեց Յակոբը Եւ Իսրայէլի մէջ փառաւորուեցաւ։24. Այսպէս կ’ըսէ Տէրը, քու Փրկիչդ Ու քեզ արգանդի մէջ Ստեղծողը. «Ե՛ս եմ Տէրը, որ բոլոր բաները ըրի։ Երկինքը միայն ե՛ս տարածեցի Ու երկիրը իմ ուժովս հաստատեցի։25. Ստախօսներուն նշանները պարապը կը հանեմ Եւ գուշակողները կը յիմարացնեմ, Իմաստունները ե՛տ կը դարձնեմ Ու անոնց գիտութիւնը յիմարութեան կը փոխեմ։26. Իմ ծառայիս խօսքը կը հաստատեմ Եւ դեսպաններուս խորհուրդը կը կատարեմ։ Ե՛ս եմ, որ Երուսաղէմի համար կ’ըսեմ, թէ ‘Պիտի բնակուի’ Ու Յուդայի քաղաքներուն համար՝ թէ ‘Պիտի շինուին Ու անոր աւերակները պիտի վերաշինեմ’։27. Անդունդին կ’ըսեմ թէ ‘Չորցի՛ր Ու քու գետերդ պիտի ցամքեցնեմ’։28. Եւ Կիւրոսին համար կ’ըսեմ ‘Իմ հովիւս է Ու իմ ամէն կամքս պիտի կատարէ’։ Ու Երուսաղէմին կ’ըսեմ թէ ‘Պիտի շինուիս’ Եւ տաճարին՝ թէ ‘Քու հիմերդ պիտի ձգուին’»։Սաղմոսներ 110:1-71. Տէրը իմ Տէրոջս ըսաւ. «Նստէ՛ իմ աջ կողմս, Մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ»։2. Տէրը քու զօրութեանդ գաւազանը Սիօնէն պիտի ղրկէ։ Քու թշնամիներուդ մէջտեղը դո՛ւն տիրէ։3. Ժողովուրդդ քու զօրութեանդ օրը Յօժարակամ պիտի ըլլայ սրբութեան զարդարանքներով. Քու երիտասարդներդ արշալոյսին արգանդի ցօղէն՝ ՝ Աւելի պիտի ըլլան քեզի։4. Տէրը երդում ըրաւ ու պիտի չզղջայ. «Դուն յաւիտեան Մելքիսեդեկի կարգին պէս քահանայ ես»։5. Տէրը քու աջ կողմդ է, Անիկա իր բարկութեան օրը թագաւորներ պիտի ջարդէ։6. Անիկա հեթանոսներուն մէջ դատաստան պիտի ընէ, Մեռելներով պիտի լեցնէ, Շատ երկիրներու վրայ գլուխ եղողները պիտի ջարդէ։7. Ճամբուն մէջ գետէն պիտի խմէ. Անոր համար գլուխ պիտի բարձրացնէ։Առակներ 26:5-95. Յիմարին իր յիմարութեանը համեմատ պատասխան տուր, Որպէս զի անիկա ինքզինք իմաստուն չկարծէ։6. Յիմարին ձեռքով խօսք ղրկողը Իր ոտքերը կը կտրէ ու վնաս կը քաշէ։7. Ինչպէս կաղին ոտքերը կ’երերան, Այնպէս յիմարին բերնին մէջ՝ առակը։8. Յիմարին պատիւ տուողը Քարակոյտի մը մէջ պատուական քարերու ծրար դնողին ՝ ՝ կը նմանի։9. Առակը՝ յիմարին բերնին մէջ, Գինովին ձեռքը մտնող փուշին պէս է։Գաղատացիներ 4:1-311. Բայց այս կ’ըսեմ որչափ ժամանակ որ ժառանգորդը մանուկ է, ծառայէ տարբերութիւն չունի, թէեւ ամենուն տէրն է.2. Հապա խնամակալներու ու հոգաբարձուներու տակ է մինչեւ հօրը որոշած ժամանակը։3. Նոյնպէս մենք ալ երբ մանուկ էինք, աշխարհի սկզբունքներուն տակ ծառայ էինք։4. Բայց երբ ժամանակը լեցուեցաւ, Աստուած իր Որդին ղրկեց, որ կնոջմէ եղաւ ու օրէնքի տակ մտաւ.5. Որպէս զի օրէնքի տակ եղողները փրկէ եւ որպէս զի մենք որդեգրութիւնը ընդունինք։6. Որովհետեւ դուք որդիներ էք, Աստուած իր Որդիին Հոգին ձեր սրտերուն մէջ ղրկեց, որ կ’աղաղակէ «Աբբա՛ Հայր»։7. Ուստի ա՛լ ծառայ չես, հապա՝ որդի եւ եթէ որդի՝ ա՛լ Աստուծոյ ժառանգորդը Քրիստոսով։8. Բայց այն ատեն որ չէիք ճանչնար Աստուած, կը ծառայէիք անոնց՝ որոնք ի բնէ աստուածներ չէին։9. Սակայն հիմա որ ճանչցաք Աստուած, մանաւանդ որ Աստուած ալ ձեզ ճանչցաւ, ի՞նչպէս նորէն կը դառնաք այն տկար ու չքաւոր սկզբունքներուն, որոնց նորէն ծառայութիւն կ’ուզէք ընել։10. Օրերը կը զանազանէք ու ամիսները եւ ժամանակները ու տարիները։11. Կը վախնամ թէ գուցէ պարապ տեղ ձեր վրայ աշխատած եմ։12. Ինծի պէս եղէք, վասն զի ես ալ ձեզի պէս եղայ, եղբայրնե՛ր, ձեզի կ’աղաչեմ. դուք ինծի վնաս մը հասցուցած չէք։13. Դուք գիտէք թէ առաջին անգամ մարմնիս տկարութիւնովը ձեզի աւետարանը քարոզեցի. բայց իմ մարմնիս վրայ կրած փորձութիւնս14. Չանարգեցիք ու չարհամարհեցիք, հապա Աստուծոյ հրեշտակի մը պէս զիս ընդունեցիք՝ Քրիստոս Յիսուսին պէս։15. Ուրեմն ի՞նչ բանի համար էր այն ձեր երանութիւնը. քանզի ես կը վկայեմ ձեզի համար, որ եթէ կարելի ըլլար, ձեր աչքերը պիտի հանէիք ու ինծի տայիք։16. Ուստի ձեր թշնամի՞ն եղայ ձեզի ճշմարիտը խօսելուս համար։17. Անոնք ձեր մասին հոգ կ’ընեն ո՛չ թէ բարիին համար, այլ կ’ուզեն ձեզ արգիլել, որպէս զի իրե՛նց մասին հոգ ընէք։18. Սակայն աղէկ է ամէն ատեն բարիին նախանձախնդիր ըլլալ, ո՛չ թէ միայն երբ ձեր մէջ ըլլամ։19. Իմ որդեակներս, ձեզմով նորէն ծննդական ցաւ կը քաշեմ, մինչեւ Քրիստոս ձեր մէջ ձեւակերպուի։20. Կ’ուզէի հիմա ձեր մէջ ներկայ ըլլալ ու փոխել իմ ձայնս. վասն զի ես ձեր վրայով տարակուսած եմ։21. Ըսէ՛ք ինծի, դուք որ օրէնքին տակ կ’ուզէք ըլլալ, օրէնքը չէ՞ք լսեր։22. Վասն զի գրուած է թէ Աբրահամ երկու որդի ունէր, մէկը՝ աղախինէն ու միւսը՝ ազատ կնոջմէն։23. Բայց ան որ աղախինէն էր, մարմնի կողմանէ ծնած էր, իսկ ան որ ազատ կնոջմէն՝ խոստումին համեմատ։24. Այս բաները այլաբանօրէն կը մեկնուին. վասն զի ասոնք են երկու կտակարանները, մէկը Սինա լեռնէն՝ որ ծառայութեան համար կը ծնանի, որ է Հագար.25. Վասն զի Հագար Արաբիոյ մէջ Սինա լեռն է եւ կը համեմատի հիմակուան Երուսաղէմին, որ իր զաւակներով մէկտեղ կը ծառայէ։26. Բայց վերի Երուսաղէմը ազատ է, որ մեր ամենուն մայրն է։27. Վասն զի գրուած է. «Ո՛վ չծնանող ամուլ, ցնծա՛. ո՛վ ծննդական ցաւ չքաշող, գոչէ՛ եւ աղաղակէ՛. քանզի երեսէ ձգուածին տղաքները այր ունեցողին տղաքներէն շատ պիտի ըլլան»։28. Ուստի մենք, եղբայրներ, Իսահակին պէս խոստումի որդիներ ենք։29. Բայց ինչպէս այն ատեն մարմնի կողմանէ ծնածը կը հալածէր զանիկա որ հոգիին կողմանէ էր, նոյնպէս ալ հիմա։30. Բայց գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ. «Դուրս հանէ այդ աղախինը ու անոր որդին, վասն զի աղախինին որդին ազատ կնոջը որդիին հետ ժառանգութիւն պիտի չառնէ»։31. Ուստի, եղբա՛յրներ, մենք աղախինին զաւակները չենք, հապա՝ ազատին։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981