Աստվածաշունչը մեկ տարում Սեպտեմբեր 27Եսայիա 45:1-251. Այսպէս կ’ըսէ Տէրը՝ իր օծեալ Կիւրոսին, Որուն աջ ձեռքը բռնեցի, Որպէս զի ազգերը անոր առջեւ հնազանդեցնեմ, Թագաւորներուն մէջքը թուլցնեմ, Անոր առջեւ դռներուն փեղկերը բացուին, Դռները բնաւ չգոցուին։2. Ես քու առջեւէդ պիտի երթամ, Խորտուբորտ տեղերը պիտի շտկեմ, Պղնձէ դռները պիտի փշրեմ, Երկաթէ նիգերը պիտի կոտրտեմ3. Եւ խաւարի մէջ ծածկուած գանձերը Ու պահուած հարստութիւնները քեզի պիտի տամ, Որպէս զի գիտնաս թէ ե՛ս եմ Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ որ քեզ անունովդ կը կանչեմ։4. Իմ Յակոբ ծառայիս համար Եւ իմ ընտրած Իսրայէլիս համար Քեզ քու անունովդ կանչեցի։ Քեզի մականուն դրի՝ թէեւ զիս չէիր ճանչնար։5. Ես եմ Տէրը եւ ուրիշ մը չկայ, Ինծմէ զատ Աստուած չկայ։ Ես քեզի գօտի կապեցի, թէեւ զիս չէիր ճանչնար,6. Որպէս զի արեւելքէն ու արեւմուտքէն գիտնան Թէ ինծմէ զատ մէ՛կը չկայ։ Ե՛ս եմ Տէրը եւ ուրիշ մը չկայ։7. Լոյսը հաստատողը եւ խաւարը ստեղծողը, Խաղաղութիւն ընողն ու չարիքը ստեղծողը, Այս բոլոր բաները ընողը ես Տէրս եմ։8. «Ո՛վ երկինքներ, վերէն ցօղ կաթեցուցէ՛ք Եւ ամպերը արդարութիւն թող տեղան։ Երկիրը թող բացուի ու փրկութեան պտուղ թող տայ Ու մէկտեղ արդարութիւն թող բուսնի։ Ասոնք ստեղծողը ես՝ Տէրս եմ։9. Վա՜յ անոր որ իր Արարիչին հետ կը վիճի, Թէեւ ինք երկրի խեցիներուն պէս խեցի մըն է՝ ՝. Միթէ կաւը զինք ձեւացնողին կրնա՞յ ըսել թէ ‘Ի՞նչ կը շինես’, Կամ քու գործդ կրնա՞յ քեզի ըսել թէ ‘Ձեռք չունիս’։10. Վա՜յ անոր որ իր հօրը կ’ըսէ. ‘Ի՞նչ կը ծնանիս’ Ու իր մօրը՝ ‘Ի՞նչ զաւակ կը բերես’»։11. Այսպէս կ’ըսէ Տէրը՝ Իսրայէլի Սուրբը ու անոր Արարիչը. «Գալու բաներուն վրայով ինծի հարցուցէ՛ք, Իմ որդիներուս համար ու իմ ձեռքերուս գործերուն համար, Ինծի պատուէր տուէ՛ք։12. Երկիրը ես շինեցի Ու անոր վրայ մարդը ստեղծեցի։ Երկինքը իմ ձեռքերս տարածեցին Եւ անոր բոլոր զօրքին ես պատուէր տուի։13. Ես զանիկա արդարութեամբ արթնցուցի Ու անոր բոլոր ճամբաները պիտի շտկեմ։ Անիկա իմ քաղաքս պիտի շինէ Եւ իմ աքսորուածներս ետ պիտի դարձնէ Առանց հատուցումի ու առանց վարձատրութեան». Կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։14. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Եգիպտոսի վաստակը, Եթովպիացիներու եւ երկայնահասակ Սաբայեցիներու վաճառականութիւնը Քեզի պիտի անցնին ու քուկդ պիտի ըլլան։ Անոնք քու ետեւէդ պիտի քալեն Եւ շղթաներով պիտի պտըտին Ու քեզի երկրպագութիւն ընելով՝ Քեզի պիտի աղաչեն ու ըսեն. ‘Միայն քու մէ՛ջդ Աստուած կայ Ու անկէ զատ ուրիշ Աստուած մը չկայ’»։15. Յիրաւի դուն քեզ ծածկող Աստուած մըն ես, Ո՛վ Իսրայէլի փրկիչ Աստուածը։16. Անոնք ամէնքը պիտի ամչնան ու պատկառին, Կուռք շինողները մէկտեղ ամօթով պիտի երթան։17. Իսրայէլ յաւիտենական փրկութիւնով Տէրոջմէն պիտի փրկուի։ Դուք յաւիտեանս յաւիտենից պիտի չամչնաք ու պիտի չպատկառիք։18. Քանզի այսպէս կ’ըսէ երկինքը ստեղծող Տէրը, Այն Աստուածը, որ երկիրը կազմեց, Զանիկա շինեց եւ հաստատեց, Զանիկա պարապ տեղ չստեղծեց, Հապա բնակութեան համար կազմեց։ «Տէրը ե՛ս եմ ու ինծմէ ուրիշը չկայ։19. Ես ծածկաբար երկրի մութ տեղը չխօսեցայ, Յակոբի սերունդին չըսի թէ ‘Քաոսի մէջ զիս փնտռեցէք’. Ես՝ Տէրս՝ արդարութիւն կը խօսիմ Եւ ճշմարիտ բաներ կը յայտնեմ։20. Հաւաքուեցէ՛ք ու եկէ՛ք, Մէկտեղ մօտեցէ՛ք դուք, ո՛վ ազգերէն ազատուածներ։ Անոնք գիտութիւն չունին, որ իրենց փայտէ կուռքեր կը կանգնեցնեն Ու փրկելու կարողութիւն չունեցող աստուծոյ աղօթք կ’ընեն։21. Քարոզեցէ՛ք ու զանոնք մօտեցուցէ՛ք Եւ անոնք մէկտեղ խորհուրդ թող ընեն։ Ո՞վ գիտցուց ասիկա սկիզբէն, Այն ժամանակէն ի վեր ո՞վ պատմեց. Չէ՞ որ ե՛ս՝ Տէ՛րս։ Ինծմէ զատ ուրիշ Աստուած չկայ, Ինծմէ ուրիշ ճշմարիտ Աստուած ու Փրկիչ չկայ։22. Ո՛վ երկրի բոլոր ծայրեր, ինծի՛ նայեցէք, որպէս զի փրկուիք. Քանզի ե՛ս եմ Աստուած եւ ինծմէ ուրիշը չկայ։23. Իմ անձիս վրայ երդում ըրի, Իմ բերնէս արդարութեան խօսք ելաւ ու ետ չի դառնար, ‘Թէ ամէն ծունկ ինծի պիտի ծռի Եւ ամէն լեզու երդում պիտի ընէ’։24. Մէկը պիտի ըսէ. ‘Միայն Տէրոջմով արդարութիւն ու զօրութիւն ունիմ’. Ամէն մէկը անոր պիտի գայ Եւ անոր դէմ բոլոր բարկացողները պիտի ամչնան։25. Իսրայէլի բոլոր սերունդը Տէրոջմով պիտի արդարանայ ու պիտի պարծենայ»։Եսայիա 46:1-131. Բէլ խոնարհեցաւ, Նաբաւ ծռեցաւ, Անոնց կուռքերը կենդանիներու ու անասուններու վրայ էին։ Ձեր բեռցուցած բեռները Յոգնած անասունին ծանրութիւն եղան։2. Անոնք ծռեցան ու մէկտեղ խոնարհեցան, Չկրցան բեռը ազատել Եւ իրենք ալ գերութեան գացին։3. «Ինծի՛ մտիկ ըրէք, ո՛վ Յակոբի տուն Ու Իսրայէլի տանը բոլոր մնացորդը, Որ ձեզ որովայնէ կը կրեմ եւ արգանդէ կը վերցնեմ.4. Մինչեւ ձեր ծերութիւնը ես նոյնն եմ, Մինչեւ ձեր ալեւորութիւնը ես ձեզ պիտի կրեմ. Ե՛ս ստեղծեցի ու ե՛ս պիտի վերցնեմ, Ե՛ս պիտի կրեմ ու պիտի ազատեմ։5. Զիս որո՞ւ կը նմանցնէք եւ որո՞ւ հաւասար կը սեպէք, Զիս որո՞ւ հետ կը բաղդատէք, որ նման ըլլանք։6. Քսակէն ոսկի կը թափէն ու կշիռքով արծաթ կը կշռեն, Վարձքով ոսկերիչ կը բռնեն, որ անով աստուած շինէ։ Զանիկա կը պաշտեն եւ անոր երկրպագութիւն կ’ընեն։7. Զանիկա ուսերու վրայ կը վերցնեն, կը տանին, Իր տեղը կը հաստատեն ու կը կենայ։ Անիկա իր տեղէն չի շարժիր Եւ եթէ մէկը անոր աղաղակէ, պատասխան չի տար, Զանիկա իր նեղութենէն չ’ազատեր։8. «Ասիկա յիշեցէք ու մա՛րդ եղէք, Մտքերնիդ բերէ՛ք, ո՛վ յանցաւորներ։9. Սկիզբէն եղած բաները յիշեցէ՛ք. Քանզի ես եմ Աստուած եւ ինծմէ ուրիշը՝ չկայ. Ե՛ս եմ Աստուած եւ ինծի պէս մէ՛կը չկայ,10. Որ վերջինը՝ սկիզբէն Ու դեռ չեղածը առաջուընէ պատմեցի Ու կ’ըսեմ թէ ‘Իմ խորհուրդս պիտի հաստատուի Եւ իմ ամէն կամքս պիտի կատարուի’։11. Ես եմ որ արեւելքէն գիշատիչ թռչունը կը կանչեմ Ու հեռու երկրէ՝ իմ խորհուրդս գործադրելու մարդը։ Ես խօսեցայ ու ես պիտի կատարեմ։ Ես խորհեցայ ու ես պիտի գործադրեմ ։12. «Ո՛վ արդարութենէ հեռացած խստասիրտներ, Ինծի՛ մտիկ ըրէք.13. Իմ արդարութիւնս մօտեցուցի, Անիկա պիտի չհեռանայ։ Իմ փրկութիւնս պիտի չուշանայ. Սիօնի մէջ փրկութիւն պիտի դնեմ Ու իմ փառքս՝ Իսրայէլին համար»։Սաղմոսներ 111:1-61. Ալէլուիա՜։ Բոլոր սրտով Տէրը պիտի գովեմ Ուղիղներուն ժողովին ու ժողովուրդին մէջ։2. Տէրոջը գործերը մեծ են։ Անոնք բոլոր սիրողներէն կը քննուին։3. Անոր գործը փառաւոր ու վայելուչ է Եւ անոր արդարութիւնը յաւիտեան կը մնայ։4. Յիշել տուաւ իր հրաշքները։ Տէրը ողորմած ու գթած է։5. Կերակուր տուաւ իրմէ վախցողներուն։ Իր ուխտը յաւիտեան պիտի յիշէ։6. Իր գործերուն զօրութիւնը ցուցուց իր ժողովուրդին, Անոնց տալով ազգերուն ժառանգութիւնը։Առակներ 26:10-1010. Մեծ է ամէն բան Ստեղծողը, Որ յիմարին վարձք կու տայ եւ յանցաւորներուն վարձք կու տայ։Գաղատացիներ 5:1-261. Ամուր կեցէք այն ազատութիւնով, որով Քրիստոս մեզ ազատեց եւ նորէն ծառայութեան լուծի տակ մի՛ մտնէք։2. Ահա ես՝ Պօղոսս՝ կ’ըսեմ ձեզի. «Եթէ թլփատուիք, Քրիստոս ձեզի օգուտ մը չըներ»։3. Դարձեալ ամէն թլփատուող մարդու կը յայտնեմ թէ պարտական է բոլոր օրէնքները կատարել։4. Խափանուած էք Քրիստոսէն եւ շնորհքէն ինկած, եթէ օրէնքով կ’արդարանաք։5. Վասն զի Հոգիով կը սպասենք արդարութեան յոյսին՝ հաւատքով։6. Վանս զի Քրիստոս Յիսուսին քով ո՛չ թլփատութիւնը բանի մը կարող է, ո՛չ ալ անթլփատութիւնը, հապա հաւատքը, որ սիրով կը գործադրուի։7. Դուք աղէկ կը վազէիք. ո՞վ ձեզ ետ կեցուց՝ որ ճշմարտութեան չհնազանդիք։8. Այս դրդումը անկէ չէ՝ որ ձեզ կանչեց։9. Քիչ մը խմորը բոլոր զանգուածը կը խմորէ։10. Բայց ես յոյս ունիմ ձեր վրայ Տէրոջմով, որ ուրիշ կերպ բան պիտի չխորհիք։ Ան որ ձեզ կը խռովեցնէ, ինք դատապարտութիւն պիտի կրէ՝ ո՛վ որ ըլլայ։11. Սակայն, եղբայրներ, եթէ ես տակաւին թլփատութիւն կը քարոզեմ, ալ ինչո՞ւ կը հալածուիմ։ Ուրեմն խաչին գայթակղութիւնը խափանուած է։12. Երանի՜ թէ արմատէն կտրուէին անոնք, որ ձեզ կը խռովեցնեն։13. Վասն զի դուք ազատութեան կանչուած էք, եղբայրնե՛ր. միայն թէ ձեր ազատութիւնը մարմնի ցանկութիւններու պատճառ չըլլայ, հապա սիրով իրարու ծառայութիւն ըրէք։14. Վասն զի բոլոր օրէնքը այս մէկ խօսքին մէջ կ’ամփոփուի. «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս»։15. Ապա եթէ իրար խածնէք եւ ուտէք, զգոյշ կեցէք որ չըլլայ թէ իրար սպառէք։16. Միայն թէ այս կ’ըսեմ. «Հոգիով գացէք ու մարմնին ցանկութիւնը պիտի չկատարէք»։17. Վասն զի մարմինը կը ցանկայ Հոգիին հակառակ ու հոգին՝ մարմնին հակառակ եւ ասոնք իրարու հակառակ են, որ չըլլայ թէ ինչ որ ուզէք՝ այն ընէք։18. Բայց եթէ Հոգիէն առաջնորդուիք, ա՛լ օրէնքին տակ չէք ըլլար։19. Արդ մարմնին գործերը յայտնի են, որոնք են՝ շնութիւն, պոռնկութիւն, պղծութիւն, գիջութիւն,20. Կռապաշտութիւն, կախարդութիւն, թշնամութիւններ, կռիւներ, նախանձներ, բարկութիւններ, կամ հակառակութիւններ, երկպառակութիւններ, բաժանումներ,21. Չար նայուածքներ, մարդասպաննութիւններ, գինովութիւններ, անառակութիւններ ու ինչ որ ասոնց նման են. զոր հիմակուընէ ես ձեզի կ’ըսեմ, ինչպէս առաջուընէ ալ կ’ըսէի, որ այսպիսի բաներ գործողները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն։22. Բայց Հոգիին պտուղը այս է. սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն,23. Քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն. այսպիսի բաներու դէմ օրէնք չկայ։24. Անոնք որ Քրիստոսիններն են՝ իրենց մարմինը խաչը կը հանեն բնական կրքերով ու ցանկութիւններով մէկտեղ։25. Հոգիով ապրինք, Հոգիին համեմատ քալենք։26. Սնապարծ չըլլանք՝ մէկզմէկ գրգռելով ու իրարու վրայ նախանձելով։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981