1. Ո՛վ Բաբելոնի կոյս աղջիկ, Իջի՛ր ու հողի վրայ նստէ. Ո՛վ Քաղդէացիներու աղջիկ, Գետնի վրայ առանց աթոռի նստէ, Քանզի անգամ մըն ալ քնքուշ ու փափուկ պիտի չկոչուիս։
3. Թող քու մերկութիւնդ բացուի Եւ նախատինքդ ալ երեւնայ։ Քեզմէ վրէժ պիտի առնեմ Ու ոեւէ մէկուն միջնորդութիւնը պիտի չընդունիմ։
4. (Մեր Փրկչին անունը Եհովա Սաբաւովթ՝ ՝ է. Անիկա Իսրայէլին Սուրբն է)։
5. Լո՛ւռ նստէ՛, խաւարի մէ՛ջ մտի՛ր, ո՛վ Քաղդէացիներու աղջիկ, Քանզի անգամ մըն ալ թագաւորութիւններու տիկին պիտի չկոչուիս։
6. Ես իմ ժողովուրդիս բարկացայ, Իմ ժառանգութիւնս պղծեցի, Զանոնք քու ձեռքդ տուի. Դուն անոնց գթութիւն չցուցուցիր, Ծերին վրայ քու լուծդ խիստ ծանրացուցիր
7. Եւ ըսիր. «Ես յաւիտեան տիկին պիտի մնամ»։ Այնպէս որ ասիկա մտքիդ մէջ չդրիր, Ասոր վախճանը չյիշեցիր։
8. Հիմա մտի՛կ ըրէ, Ո՛վ անհոգութեամբ նստող հեշտասէր, Որ սրտիդ մէջ կ’ըսես. «Ե՛ս եմ ու ինծմէ զատ մէկը չկայ։ Որպէս որբեւարի պիտի չնստիմ Եւ զաւակ պիտի չկորսնցնեմ»։
9. Հիմա ասոնց երկուքն ալ՝ Անզաւակութիւն եւ որբեւարութիւն՝ Յանկարծ՝ մէկ օրուան մէջ քու վրադ պիտի գան։ Քու դիւթանքներուդ շատութեանը մէջ Եւ քու անթիւ կախարդութիւններուդ մէջ Անոնք ամբողջ քու վրադ պիտի գան։
10. Դուն քու չարութեանդ ապաւինեցար Ու ըսիր. «Զիս տեսնող չկայ»։ Քեզ գլխէ հանողը քու իմաստութիւնդ ու գիտութիւնդ են։ Սրտիդ մէջ ըսիր. «Ե՛ս եմ ու ինծմէ զատ մէկը չկայ»։
11. Անոր համար քու վրադ ձախորդութիւն մը պիտի գայ, Որուն ուրկէ ծագիլը պիտի չգիտնաս։ Քու վրադ թշուառութիւն մը պիտի իյնայ, Որը ետ դարձնելու կարող պիտի չըլլաս։ Քու վրադ յանկարծ աւերում մը պիտի գայ, Բայց դուն պիտի չգիտնաս։
12. Հիմա քու կախարդութիւններուդ եւ շատ դիւթանքներուդ մէջ կեցիր, Որոնցմով քու մանկութենէդ ի վեր աշխատեր ես, Թերեւս օգուտ մը գտնելու կարող ըլլաս, Թերեւս կարենաս յաղթել։
14. Ահա անոնք մղեղի պէս պիտի ըլլան Ու զանոնք կրակը պիտի այրէ։ Իրենց հոգին բոցին զօրութենէն պիտի չկրնան ազատել։ Տաքնալու համար կայծ մը, Կամ դիմացը նստելու համար կրակ պիտի չմնայ։
15. Այսպէս պիտի ըլլան քեզի անոնք, որոնց հետ աշխատեցար Ու մանկութենէդ ի վեր առուտուր ըրիր։ Ամէն մէկը իր ճամբան երթալով ՝ ցիրուցան պիտի ըլլան Ու քեզ ազատող մը պիտի չըլլայ։
1. Լսեցէ՛ք ասիկա, ո՛վ Յակոբի տուն, Որ Իսրայէլի անունովը կանչուած էք Ու Յուդայի աղբիւրէն ելեր էք Եւ Տէրոջը անունովը երդում կ’ընէք Ու Իսրայէլի Աստուածը կը յիշէք, Բայց ճշմարտութեամբ չէ ու արդարութեամբ չէ։
2. (Քանզի անոնք Սուրբ քաղաքին անունովը կը յիշուին Եւ Իսրայէլին Աստուծոյն կը կռթնին, Որուն անունը Եհովա Սաբաւովթ է)։
3. Առաջուան բաները կանուխէն պատմեցի։ Անոնք իմ բերնէս ելան եւ զանոնք իմացուցի. Զանոնք յանկարծ ըրի ու եղան։
4. Որովհետեւ գիտէի թէ դուն խիստ ես Եւ քու պարանոցդ երկաթէ ջիղեր ունի Ու պղնձէ ճակատ մը ունիս։
5. Քեզի կանուխէն պատմեցի Ու դեռ չեղած քեզի իմացուցի, Որ չըլլայ թէ ըսես. «Զանոնք իմ արձանս ըրաւ Եւ իմ քանդակած ու ձուլածոյ կուռքս հրամայեց»։
6. «Դուն զանոնք լսեցիր, նայէ, անոնց ամէնքը կատարուեցան Ու դուն զանիկա պիտի չհրապարակե՞ս. Ես քեզի ասկէ ետքը նոր ու ծածուկ բաներ պիտի գիտցնեմ, Որոնք դուն չգիտցար։
7. Անոնք հիմա՛ ստեղծուեցան եւ ո՛չ թէ առաջուընէ։ Ասկէ առաջ զանոնք չլսեցիր, Որ չըլլայ թէ ըսես. ‘Ահա զանոնք գիտցայ’։
8. Դուն ո՛չ լսեցիր, ո՛չ ալ գիտցար։ Սկիզբէն քու ականջդ չբացուեցաւ. Վասն զի գիտցայ թէ դուն խիստ նենգաւոր ես։ Դուն որովայնէն ապստամբ կոչուեցար։
9. Եւ իմ անուանս համար բարկութիւնս պիտի յետաձգեմ Եւ իմ փառքիս համար պիտի համբերեմ քեզի, Որպէս զի քեզ չկորսնցնեմ։
10. Ահա քեզ մաքրեցի, բայց ոչ թէ արծաթի պէս՝ ՝։ Քեզ նեղութեան հալոցին մէջ փորձեցի։
11. Ասիկա ինծի՛ համար, ինծի՛ համար պիտի ընեմ։ Ինչո՞ւ իմ անունս պղծուի։ Ես իմ փառքս ուրիշի չեմ տար։
12. Ո՛վ Յակոբ ու իմ կանչած Իսրայէլս, ինծի՛ մտիկ ըրէք. Ես նոյնն եմ։ Առաջինը ե՛ս եմ, վերջի՛նն ալ ես եմ։
13. Իմ ձեռքս երկիրն ալ հիմնեց Ու իմ աջ ձեռքս տարածեց երկինքը։ Երբ ես զանոնք կանչեմ, Անոնք մէկտեղ իմ առջեւս պիտի կենան։
14. Ամէնքդ հաւաքուեցէ՛ք ու մտի՛կ ըրէք։ Անոնցմէ ո՞վ պատմեց այս բաները։ Տէրոջը սիրածը Բաբելոնի մէջ անոր կամքը պիտի գործադրէ Եւ իր բազուկը Քաղդէացիներուն վրայ պիտի երկնցնէ ։
15. Ե՛ս, ե՛ս խօսեցայ ու զանիկա կանչեցի։ Զանիկա բերի եւ անոր ճամբան պիտի յաջողի։
16. Ինծի՛ մօտեցէք, ասիկա՛ լսեցէք. Առաջուընէ ծածուկ չխօսեցայ։ Այս բաներուն եղած ժամանակէն ի վեր ես հոն եմ»։ Ու զիս Տէր Եհովան՝ անոր Հոգին ղրկեց։
17. Այսպէս կ’ըսէ Տէրը, Քու Փրկիչդ, Իսրայէլի Սուրբը. «Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, Որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ, Քալելու ճամբուդ մէջ քեզի կ՛առաջնորդեմ։
18. Երանի՜ թէ իմ պատուիրանքիս մտիկ ընէիր։ Այն ատեն քու խաղաղութիւնդ՝ գետի պէս Ու արդարութիւնդ ծովուն ալիքներուն պէս պիտի ըլլար.
19. Քու սերունդդ՝ աւազի չափ Ու որովայնիդ ծնունդը անոր խիճին չափ պիտի ըլլար։ Անոր անունը իմ առջեւէս պիտի չկտրուէր ու չկորսուէր»։
20. Բաբելոնէն ելէ՛ք, Քաղդէացիներէն փախէ՛ք. Ասիկա յաղթութեան երգով պատմեցէ՛ք ու հրատարակեցէ՛ք. Ասիկա մինչեւ երկրի ծայրը տարածեցէ՛ք, Ըսելով. «Տէրը իր Յակոբ ծառան փրկեց»։
21. Երբ զանոնք անապատներու մէջ պտըտցուց, չծարաւցան. Անոնց համար վէմէն ջուրեր վազցուց, Վէմը պատռեց ու անկէ ջուրեր բղխեցան։
22. «Ամբարիշտները խաղաղութիւն պիտի չունենան», կ’ըսէ Տէրը։
7. Ճշմարտութիւնն ու իրաւունքը անոր ձեռքերուն գործերն են, Անոր բոլոր պատուիրանքները հաւատարիմ են։
8. Յաւիտեանս յաւիտենից հաստատուած են, Ճշմարտութեամբ եւ ուղղութեամբ եղած են։
9. Փրկութիւն ղրկեց իր ժողովուրդին, Իր ուխտը յաւիտեանս պահել պատուիրեց։ Սուրբ ու ահաւոր է անոր անունը։
10. Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է. Լաւ հասկացողութիւն ունին անոնք, որ զանոնք կը կատարեն. Անոր օրհնութիւնը յաւիտեան պիտի մնայ։
11. Ինչպէս շունը իր փսխածին կը դառնայ, Այնպէս ալ յիմարը իր յիմարութեանը կը դառնայ։
12. Զինք իմաստուն կարծող մարդ մը տեսա՞ր. Աւելի յոյս կայ յիմարէն, քան թէ՝ անկէ։
1. Եղբա՛յրներ, եթէ մէկը ոեւէ յանցանքով բռնուելու ըլլայ, դուք որ հոգեւոր էք, այնպիսին հեզութեան հոգիով ուղղութեան բերէք։ Քու անձիդ ալ զգուշութիւն ըրէ որ չըլլայ թէ փորձութեան մէջ իյնաս։
2. Իրարու նեղութիւնները կրեցէք եւ այնպէս Քրիստոսին օրէնքը կատարեցէք։
3. Քանզի եթէ մէկը ինքզինք բան մը ըլլալ կը սեպէ ու չէ, անիկա իր անձը կը խաբէ։
4. Բայց ամէն մարդ իր գործը թող կշռէ ու ետքը միայն իր անձին վրայ թող պարծենայ, ո՛չ թէ ուրիշին վրայ։
8. Վասն զի ինչ որ մարդ կը սերմանէ, նոյնը պիտի հնձէ։ Ան որ իր մարմնին կը սերմանէ, այն մարմնէն ապականութիւն պիտի հնձէ ու ան որ Հոգիին կը սերմանէ, այն Հոգիէն յաւիտենական կեանք պիտի հնձէ։
9. Բայց բարիք գործելէն չձանձրանանք, քանզի յարմար ժամանակին պիտի հնձենք՝ եթէ չթուլնանք։
10. Ուստի՝ քանի որ ժամանակը ձեռքերնիս է, բարիք ընենք ամենուն, մանաւանդ հաւատքի ընտանիներուն։
11. Նայեցէ՛ք՝ ի՛նչպիսի գրերով գրեցի ձեզի իմ ձեռքովս։
12. Որոնք որ կ’ուզեն մարմնի կողմանէ բարի երեւնալ, անոնք ձեզ կը ստիպեն որ թլփատուիք, որպէս զի Քրիստոսին խաչին համար չհալածուին։
13. Քանզի անոնք ալ որ թլփատուած են, իրենք օրէնքը չեն պահեր, հապա կ’ուզեն որ դուք թլփատուիք, որպէս զի իրենք ձեր մարմնով պարծենան։
14. Բայց ես՝ քա՛ւ լիցի որ պարծենամ, հապա միայն մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին խաչովը, որով աշխարհ ինծի խաչը ելած է, ես ալ՝ աշխարհին։
15. Վասն զի Քրիստոս Յիսուսով ո՛չ թլփատութիւնը բան մըն է, ո՛չ ալ անթլփատութիւնը, հապա նոր ստեղծուած ըլլալն է բանը ։
16. Ան ամէնը որ այս կանոնին համեմատ կը քալեն, խաղաղութիւն ու ողորմութիւն ըլլայ անոնց վրայ ու Աստուծոյ Իսրայէլին վրայ։
17. Ասկէ յետոյ մէ՛կը զիս թող չյոգնեցնէ. վասն զի ես Տէր Յիսուսին վէրքին նշանները իմ մարմնիս վրայ կը կրեմ։
18. Եղբա՛յրներ, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը ձեր հոգիին հետ ըլլայ։ Ամէն։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981