Աստվածաշունչը մեկ տարում Սեպտեմբեր 29Եսայիա 49:1-261. Ո՛վ կղզիներ, ինծի մտի՛կ ըրէք, Ո՛վ ժողովուրդներ, հեռուէն ակա՛նջ տուէք. Տէրը զիս արգանդէն կանչեց, Իմ անունս մօրս որովայնէն յիշեց2. Եւ իմ բերանս սրած թուրի պէս ըրաւ։ Զիս իր ձեռքին հովանիին տակ ծածկեց, Զիս փայլուն նետի պէս ըրաւ։ Իր կապարճին մէջ պահեց զիս3. Եւ ինծի ըսաւ. «Դուն իմ ծառաս ես, Ո՛վ Իսրայէլ, քեզմով պիտի փառաւորուիմ»։4. Ու ես ըսի. «Պարապ տեղը աշխատեցայ Եւ իմ զօրութիւնս ոչինչ ու դատարկ տեղը գործածեցի. Բայց իմ իրաւունքս Տէրոջը առջեւն է Եւ իմ գործս իմ Աստուծոյս քովն է»։5. Հիմա այսպէս կ’ըսէ Տէրը, Որ զիս որովայնէն իրեն ծառայ ըլլալու համար ստեղծեց, Որ Յակոբը անոր դարձնեմ Եւ Իսրայէլ անոր քով հաւաքուի, Որ Տէրոջը առջեւ փառաւորուիմ Եւ իմ Աստուածս ինծի զօրութիւն ըլլայ.6. Այսպէս կ’ըսէ. «Յակոբին ցեղերը նորէն հաստատելու համար Եւ Իսրայէլին ազատուածները դարձնելու համար, Իմ ծառաս ըլլալդ քեզի քիչ է։ Ահա քեզ ազգերուն լոյս պիտի ընեմ, Որպէս զի մինչեւ երկրին ծայրը իմ փրկութիւնս ըլլաս»։7. Այսպէս կ’ըսէ Տէրը՝ Իսրայէլի Փրկիչը, անոր Սուրբը, Անարգուած անձին, ազգերու ատելի եղողին, իշխաններու ծառային. «Թագաւորները պիտի տեսնեն ու ոտքի պիտի ելլեն. Իշխաններն ալ երկրպագութիւն պիտի ընեն Տէրոջը համար, որ հաւատարիմ է, Իսրայէլի Սուրբին համար, որ քեզ ընտրեր է»։8. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ընդունելի ժամանակի մը մէջ քեզի լսեցի, Փրկութեան օրը քեզի օգնութիւն ըրի, Քեզ պահեցի եւ ժողովուրդին նախապէս ուխտ ըրի, Որպէս զի երկիրը հաստատես, Աւերուած ժառանգութիւնները՝ բաժնես9. Եւ կապուածներուն ըսես՝ «Ելէ՛ք» Ու խաւարի մէջ եղողներուն՝ «Յայտնուեցէ՛ք»։ Անոնք ճամբաներու վրայ պիտի արածին Եւ անոնց արօտը բոլոր բլուրներուն վրայ պիտի ըլլայ։10. Անոնք պիտի չանօթենան ու չծարաւին, Խորշակը կամ արեւը պիտի չզարնէ անոնց, Քանզի անոնց ողորմութիւն ընողը պիտի առաջնորդէ անոնց Ու ջուրի աղբերակներու քով պիտի տանի զանոնք։11. Բոլոր լեռներս ճամբայ պիտի ընեմ Ու իմ պողոտաներս պիտի բացուին։12. Ահա ոմանք՝ հեռուէն, Ոմանք՝ հիւսիսէն ու արեւմուտքէն Եւ ոմանք Սինէացիներու երկրէն պիտի գան»։13. Ո՛վ երկինք, ուրա՛խ եղէք ու ո՛վ երկիր, ցնծութի՛ւն ըրէ, Ո՛վ լեռներ, ուրախութեան ձայնով աղաղակեցէ՛ք, Քանզի Տէրը իր ժողովուրդին մխիթարութիւն տուաւ Ու իր տնակներուն ողորմեցաւ։14. Բայց Սիօն ըսաւ. «Եհովան զիս թողուց Ու Տէրը զիս մոռցաւ»։15. Միթէ կինը իր կաթնկեր մանուկը կրնա՞յ մոռնալ, Այնպէս որ իր որովայնին ծննդեանը վրայ չի գթայ։ Թէեւ անոնք մոռնան, Բայց ես քեզ պիտի չմոռնամ։16. Ահա ես քեզ ին ձեռքերուս մէջ դրոշմեցի, Քու պարիսպներդ միշտ իմ առջեւս են։17. Քեզ շինողները պիտի գան Եւ քեզ փլցնողները եւ աւերողները պիտի մեկնին։18. Աչքերդ վերցուր ու բոլորտիքդ նայէ՛. Ամէնքը կը հաւաքուին ու քեզի կու գան։ Տէրը կ’ըսէ. «Որչափ ատեն որ ես կենդանի եմ, Անշուշտ անոնք բոլորը զարդերու պէս պիտի հագնիս Եւ անոնցմով հարսի պէս պիտի զարդարուիս։19. Քանզի քու աւերակներդ, ամայի տեղերդ Ու քու կործանուած երկիրդ Հիմա իր բնակիչներուն նեղ պիտի գայ Եւ քեզ կլլողները պիտի հեռանան։20. Քու ամլութենէդ յետոյ ծնանելու որդիներդ Քու ականջներուդ պիտի ըսեն. «Այս տեղը ինծի նեղ է, Տե՛ղ տուր ինծի, որ բնակիմ»։21. Ու դուն սրտիդ մէջ պիտի ըսես. «Ասոնք ինծի ո՞վ ծնաւ. Ես անզաւակ ու ամուլ էի, Ես գերի ու աքսորուած էի, Ասոնք ո՞վ մեծցուց։ Ահա ես մինակ մնացեր էի, Ասոնք ո՞ւր էին»։22. Այսպէս կ’ըսէ Տէր Եհովան. «Ահա իմ ձեռքս ազգերու վրայ պիտի վերցնեմ, Իմ դրօշակս ժողովուրդներու մէջ պիտի կանգնեցնեմ. Անոնք քու տղաքներդ իրենց գրկին մէջ պիտի կրեն, Քու աղջիկներդ անոնց ուսերուն վրայ պիտի վերցուին։23. Թագաւորները քու խնամակալներդ պիտի ըլլան, Անոնց թագուհիները՝ քու դայեակներդ։ Երեսնին գետինը ծռելով ՝ քեզի երկրպագութիւն պիտի ընեն, Ոտքերուդ փոշին պիտի լզեն Եւ պիտի գիտնաս, թէ ե՛ս եմ Տէրը։ Ինծի ապաւինողները պիտի չամչնան»։24. Միթէ հզօրէն աւարը կ’առնուի՞, Կամ ահարկու մարդուն գերի առածը կ’ազատուի՞։25. Բայց Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Հզօրին գերի առածն անգամ պիտի առնուի Ու բռնաւոր մարդուն աւարը պիտի ազատուի Ու քեզի հետ վիճողներուն դէմ ես պիտի վիճիմ Եւ քու տղաքներդ ե՛ս պիտի ազատեմ։26. Քեզ հարստահարողներուն իրենց մարմինները պիտի կերցնեմ, Իրենց արիւնը նոր գինիի պէս խմելով ՝ պիտի գինովնան։ Ամէն մարմին պիտի գիտնայ Թէ ե՛ս եմ Տէրը, որ քեզ ազատեցի Ու քու Փրկիչդ, Յակոբին Հզօրը»։Եսայիա 50:1-111. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ո՞ւր է ձեր մօրը ապահարզանի թուղթը, Որով ես զանիկա արձակեցի. Կամ ո՞վ է այն պարտատէրս, Որուն ես ձեզ ծախեցի։ Ահա դուք ձեր անօրէնութիւններուն համար ծախուեցաք Ու ձեր մայրը ձեր յանցանքներուն համար արձակուեցաւ։2. Ինչո՞ւ համար իմ եկած ատենս մարդ մը չկար Ու կանչած ատենս պատասխան տուող մը չկար։ Միթէ իմ ձեռքս կարճըցա՞ւ, որ փրկելու կարող չըլլամ, Կամ թէ ազատելու զօրութիւն չունի՞մ։ Ահա ես սաստելով ծովը կը ցամքեցնեմ, Գետերը անապատի կը դարձնեմ, Անոնց ձուկերը ջուր չըլլալուն համար կը հոտին Ու ծարաւէն կը մեռնին։3. Երկինքներուն խաւար կը հագցնեմ։ Ու ծածկոցի համար անոնց վրայ քուրձ կը դնեմ»։4. Տէր Եհովան ինծի իմաստուններու լեզու տուաւ, Որպէս զի կարենամ խօսքով օգնել յոգնածին։ Ամէն առտու զիս կ’արթնցնէ, Անիկա իմ ականջս կը բանայ, Որպէս զի աշակերտներու պէս լսեմ։5. Տէր Եհովան իմ ականջս բացաւ Ու ես անհնազանդ չեղայ, ետ չդարձայ։6. Իմ կռնակս զարնողներուն Եւ այտերս փետտողներուն տուի. Իմ երեսս նախատինքէն ու թուքէն չծածկեցի,7. Բայց Տէր Եհովան ինծի կ’օգնէ, Անոր համար ամօթապարտ պիտի չըլլամ, Անոր համար իմ երեսս գայլախազի պէս ըրի Ու գիտեմ թէ պիտի չամչնամ։8. Զիս արդարացնողը մօտ է։ Ո՞վ ինծի հետ պիտի վիճի։ Միասին մէջտեղը կենանք։ Իմ դատախազս ո՞վ է։ Թող ինծի մօտենայ։9. Ահա Տէր Եհովան ինծի պիտի օգնէ։ Ո՞վ զիս յանցաւոր պիտի հանէ։ Ահա ամէնքը հանդերձի պէս պիտի մաշին, Ցեցը պիտի ուտէ զանոնք։10. Ձեր մէջ Տէրոջմէն վախցող, Անոր ծառային ձայնին մտիկ ընող կա՞յ, Որ մութի մէջ կը քալէ ու բնաւ լոյս չունի։ Թող անիկա Տէրոջը անուանը ապաւինի Ու իր Աստուծոյն կռթնի։11. Ահա դուք ամէնքդ, որ կրակ կը վառէք Ու կայծերով կը շրջապատուիք, Ձեր կրակին լոյսովը Ձեր վառած կայծերուն մէջ քալեցէք։ Ասիկա ձեզի իմ ձեռքովս պիտի ըլլայ, Դուք տրտմութեամբ պիտի պառկիք։Սաղմոսներ 112:1-41. Ալէլուիա՜։ Երանի՜ այն մարդուն, որ Տէրոջմէն կը վախնայ Ու անոր պատուիրանքներուն շատ կը հաւնի։2. Անոր սերունդը զօրաւոր պիտի ըլլայ երկրի վրայ եւ Ուղիղներուն ցեղը պիտի օրհնուի։3. Առատութիւն ու հարստութիւն պիտի ըլլայ անոր տանը մէջ Ու անոր արդարութիւնը յաւիտեան պիտի մնայ։4. Խաւարին մէջ լոյս կը ծագի ուղիղներուն, քանզի Ողորմած ու գթած եւ արդար է։Առակներ 26:13-1513. Ծոյլը կ’ըսէ. «Ճամբուն մէջ եւ Հրապարակներուն մէջ առիւծ կայ»։14. Ինչպէս դուռը իր ծխնիներուն վրայ կը դառնայ, Այնպէս ծոյլը՝ իր անկողնին վրայ։15. Ծոյլը իր ձեռքը ամանին մէջ կը խոթէ, Բայց բերանը տանելու անգամ դժուարութիւն կը զգայ։Եփեսացիներ 1:1-231. Պօղոս՝ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալը Աստուծոյ կամքովը՝ Եփեսոսի մէջ եղած սուրբերուն եւ Յիսուս Քրիստոսին հաւատացողներուն.2. Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի՝ Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։3. Օրհնեալ է Աստուած եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հայրը, որ մեզ օրհնեց ամէն հոգեւոր օրհնութիւններով՝ երկնաւորներուն մէջ՝ Քրիստոսով.4. Ինչպէս մեզ անով աշխարհի սկիզբէն առաջ ընտրեց, որպէս զի մենք սիրով սուրբ ու անարատ ըլլանք իր առջեւ։5. Առաջուընէ Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով մեզ իրեն որդեգիր ըլլալու սահմանեց իր կամքին հաճութեանը պէս,6. Իր փառաւոր շնորհքին գովութեանը համար, որով մեզ զարդարեց Սիրելիին ձեռքով.7. Որով փրկութիւն ունինք մենք իր արեանը միջոցով, մեղքի թողութիւն՝ իր շնորհքին ճոխութեան չափովը,8. Որ մեր վրայ աւելցուց իմաստութեամբ ու գիտութեամբ,9. Մեզի յայտնելով իր կամքին խորհուրդը՝ իր հաճութեանը պէս, որ իր մէջ՝ ՝ նախասահմաներ էր.10. Որպէս զի ժամանակներուն լրանալուն տնտեսութեանը մէջ ամէն բան բովանդակէ Քրիստոսով, ինչ որ երկինքը ու ինչ որ երկրի վրայ կայ։11. Անով՝ մենք ալ ժառանգութիւն առինք, որ որոշուած էր անոր նախասահմանութիւնովը, որ ամէն բան իր կամքին խորհուրդովը կը գործադրուի։12. Որպէս զի մենք անոր փառքին գովութիւն ըլլանք՝ առաջուընէ Քրիստոսին յուսացողներս.13. Որուն վրայ դուք ալ յուսացիք ՝ երբ լսեցիք ճշմարտութեան խօսքը, ձեր փրկութեան աւետարանը, որուն հաւատալով՝ խոստացեալ Սուրբ Հոգիին շնորհքովը կնքուեցաք.14. Որը մեր ժառանգորդ ըլլալուն գրաւականն է մինչեւ սեփականութիւնը դարձնենք իր փառքին գովութեանը համար։15. Ուստի ես ալ, երբ լսեցի Տէր Յիսուսին վրայ ունեցած հաւատքնիդ ու բոլոր սուրբերուն վրայ ձեր ունեցած սէրը,16. Չդադրեցայ ձեզի համար գոհութիւն մատուցանելէ՝ ձեզ իմ աղօթքներուս մէջ յիշելով.17. Որպէս զի մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Աստուածը՝ փառաց Հայրը՝ տայ ձեզի իմաստութեան ու յայտնութեան հոգին իր գիտութիւնովը։18. Որպէս զի սրտերնուդ աչքերը լուսաւորուելով՝ գիտնաք թէ ի՞նչ է անոր ձեզ կանչելուն յոյսը ու ի՞նչ է անոր ժառանգութեանը փառքին ճոխութիւնը սուրբերուն մէջ19. Եւ ի՞նչ է իր զօրութեան գերազանց մեծութիւնը հաւատացեալներուս մէջ՝ իր կարող զօրութեանը գործադրութիւնովը,20. Որ Քրիստոսին վրայ ի գործ դրաւ, երբ զանիկա մեռելներէն յարուցանեց ու նստեցուց իր աջ կողմը երկնքի մէջ21. Ամէն իշխանութեան ու պետութեան եւ զօրութեան ու տէրութեան վրայ եւ ամէն անունի վրայ որ կը տրուի, ո՛չ միայն այս աշխարհին մէջ, հապա գալիքին մէջ ալ22. Եւ ամէն բան անոր ոտքերուն տակ հնազանդեցուց եւ զանիկա որպէս եկեղեցիին գլուխը դրաւ բոլոր բաներուն վրայ։23. Եկեղեցին անոր մարմինն է, անոր լրումը՝ որ կը լեցնէ ամէնը ամէն բանի մէջ։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981