Աստվածաշունչը մեկ տարում Սեպտեմբեր 3Սողոմոնի երգը 5:1-161. Իմ պարտէզս եկայ, ո՛վ հարս քոյրս, Իմ զմուռսս խունկերուս հետ հաւաքեցի, Իմ խորիսխս մեղրիս հետ կերայ, Իմ գինիս կաթովս խմեցի։ Կերէ՛ք, ո՛վ բարեկամներ, Խմեցէ՛ք ու գինովցէ՛ք, ո՛վ սիրելիներ։2. Ես կը քնանամ, բայց իմ սիրտս արթուն է։ Ահա իմ սիրականիս ձայնն է, դուռը կը զարնէ ու կ’ըսէ. «Ո՛վ իմ քոյրս, իմ սիրուհիս, Իմ աղաւնիս, իմ կատարեալս, բաց ինծի, Քանզի իմ գլուխս ցօղով լեցուեցաւ Ու վարսերս՝ գիշերուան շաղերով»։3. Իմ պատմուճանս հաներ եմ, Զանիկա ի՞նչպէս հագնիմ։ Ոտքերս լուացեր եմ, Զանոնք ի՞նչպէս աղտոտեմ։4. Իմ սիրականս իր ձեռքը ծակէն երկնցուց Ու անոր համար իմ աղիքս գալարուեցաւ։5. Ես ելայ, որ իմ սիրականիս բանամ դուռը Ու ձեռքերէս զմուռս ու իմ մատերէս ընտիր զմուռս կաթեցին՝ Փականքը բռնելու տեղին վրայ։6. Ես իմ սիրականիս բացի, Բայց իմ սիրականս քաշուեր գացեր էր։ Երբ անիկա կը խօսէր, իմ հոգիս նուաղեցաւ։ Զանիկա փնտռեցի, բայց չգտայ։ Զանիկա կանչեցի, բայց ինծի պատասխան չտուաւ։7. Քաղաքին մէջ պտըտող պահապանները զիս գտան, Զարկին վիրաւորեցին զիս։ Պարսպին պահապնները քօղս վրայէս վերցուցին։8. Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկներ, ձեզ կ’երդմնցնեմ, Եթէ իմ սիրականս գտնէք, Անոր ըսէք, թէ ես իր սիրով կը նուաղիմ։9. Ո՛վ կիներուն գեղեցիկը, Քու սիրականդ ուրիշ սիրականէ ի՞նչ տարբերութիւն ունի. Քու սիրականդ ուրիշ սիրականէ ի՞նչ տարբերութիւն ունի, Որ մեզ այդպէս կ’երդմնցնես։10. Իմ սիրականս սպիտակ ու կարմիր է, Տասը հազարի մէջ երեւելի է։11. Անոր գլուխը զուտ ոսկի է, Վարսերը ցրուած ու ագռաւի պէս սեւ են։12. Աչքերը՝ վազող ջուրերու քով Կաթով լուացուած աղաւնիներու աչքերուն կը նմանին, Գամուած գոհարներու պէս են։13. Անոր այտերը համեմներու ածուին Եւ անուշահոտ ծաղիկներու թաղարներու պէս են. Շրթունքները զմուռս կաթող շուշաններ են.14. Ձեռքերը ոսկի մատնիներ են՝ Թարսիսի քարերով լեցուած։ Որովայնը բանուած փղոսկր է՝ Շափիւղաներով ծածկուած։15. Սրունքները մարմարէ սիւներ են՝ Ընտիր ոսկի խարիսխներու վրայ հաստատուած։ Կերպարանքը՝ Լիբանանի պէս, Եղեւիններուն պէս ընտիր է։16. Անոր քիմքը՝ քաղցր Ու ինք ամբողջ ցանկալի է։ Ահա այսպէս է իմ սիրականս, այսպէս է իմ բարեկամս, Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկներ։Սողոմոնի երգը 6:1-131. Քու սիրականդ ո՞ւր գնաց, Ո՛վ կիներուն գեղեցիկը։ Քու սիրականդ ո՞ւր դարձաւ, Որ զանիկա քեզի հետ փնտռենք։2. Իմ սիրականս իր պարտէզը՝ Համեմներու ածուները իջաւ, Որպէս զի պարտէզներու մէջ իր հօտը արածէ Ու շուշաններ հաւաքէ։3. Ես իմ սիրականիսն եմ Եւ իմ սիրականս իմս է. Անիկա իր հօտը շուշաններու մէջ կ’արածէ։4. Թերսայի պէս գեղեցիկ ես, ո՛վ իմ սիրուհիս. Երուսաղէմի պէս հաճելի ես Ու դրօշակիր զօրքերու պէս ահարկու ես։5. Աչքերդ ինծմէ դարձուր, Վասն զի անոնք ինծի յաղթեցին։ Մազերդ Գաղաադ պառկող՝ ՝ այծերուն հօտին պէս են։6. Ակռաներդ լուացարանէն ելած մաքիներու հօտին կը նմանին, Որոնք երկուորեակ կը ծնանին Ու անոնց մէջ ամուլ չկայ։7. Այտերդ լաչակիդ մէջէն՝ Նուռի կտորներու կը նմանին։8. Թագուհիները՝ վաթսուն ու հարճերը՝ ութսուն Եւ օրիորդները անթիւ են։9. Իմ աղաւնիս, իմ կատարեալս, մէկ է, Իր մօրը մէկ հատիկը, Զինք ծնանողին ընտրեալն է։ Զանիկա աղջիկները տեսան Ու անոր «Երանի՜» ըսին։ Թագուհիներն ու հարճերն ալ Զանիկա գովեցին։10. Ո՞վ է ասիկա, որ արշալոյսի պէս կը նայի, Որ լուսինի պէս՝ գեղեցիկ, արեւու պէս՝ մաքուր Ու դրօշակիր զօրքերու պէս ահարկու է։11. Ընկոյզներու պարտէզը իջայ, Որպէս զի ձորին կանանչութիւնը տեսնեմ Եւ նայիմ թէ արդեօք որթատունկը ծլա՞ւ։ Ու նռնենիները ծաղկեցա՞ն։12. Ես չգիտցած՝ իմ հոգիս Ամինադաբի կառքերուն պէս ըրաւ զիս։13. Դարձի՛ր, դարձի՛ր, ո՛վ Սողոմացիդ, Դարձի՛ր, դարձի՛ր, որպէս զի քեզ տեսնենք։ Ի՞նչ պիտի փնտռէք Սողոմացիին վրայ. Իբրեւ երկու բանակներու գունդ։Սաղմոսներ 104:24-3024. Ո՛վ Տէր, որչա՜փ շատ են քու գործերդ. Որոնք՝ բոլորը՝ իմաստութիւնով ըրիր։ Երկիրը լեցուած է քու ստեղծածներովդ։25. Այս ծովը մեծ ու լայն է, Հոն անթիւ սողացողներ, Պզտիկ ու մեծ կենդանիներ կան։26. Հոն նաւերը կը քալեն Ու Լեւիաթանը՝ որ անոնց մէջ խաղալու համար ստեղծեցիր։27. Ամէնքը քեզի կը սպասեն, Որպէս զի իրենց կերակուրը ժամանակին տաս։28. Դուն անոնց կու տաս ու անոնք կը հաւաքեն։ Ձեռքդ կը բանաս ու բարութիւնով կը կշտանան։29. Երբ քու երեսդ ծածկես՝ կը խռովին. Երբ անոնց հոգին առնես՝ կը մեռնին Եւ իրենց հողը կը դառնան։30. Հոգիդ կը ղրկես ու անոնք կ’ստեղծուին Ու երկրին երեսը կը նորոգես։Առակներ 24:19-2019. Չարագործներուն համար մի՛ սրտմտիր Ու ամբարիշտներուն մի՛ նախանձիր.20. Վասն զի չար մարդը բարի վախճան չունենար։ Ամբարիշտներուն ճրագը պիտի մարի։1 Կորնթացիներ 13:1-131. Եթէ մարդոց ու հրեշտակներուն լեզուները խօսիմ եւ սէր չունենամ, ես ձայն տուող պղինձի պէս եղայ, կամ հնչող ծնծղաներու պէս ։2. Եւ եթէ մարգարէութիւն ունենամ ու հասկնամ ամէն խորհուրդները ու ամէն գիտութիւնը եւ եթէ ունենամ ամէն հաւատքը մինչեւ լեռները տեղափոխելու ու սէր չունենամ, ոչինչ եմ։3. Եւ եթէ իմ բոլոր ստացուածքս աղքատներուն կերցնեմ ու իմ մարմինս այրուելու տամ եւ սէր չունենամ, օգուտ մը չեմ ունենար։4. Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է. սէրը չի նախանձիր, սէրը չի գոռոզանար, չի հպարտանար,5. Անվայել վարմունք չունենար, իրենը չի փնտռեր, բարկութեան չի գրգռուիր, չարութիւն չի խորհիր,6. Անիրաւութեան վրայ չի խնդար. հապա ճշմարտութեան խնդակից կ’ըլլայ։7. Ամէն բանի կը զիջանի, ամէն բանի կը հաւատայ, ամէն բանի կը յուսայ, ամէն բանի կը համբերէ։8. Սէրը բնա՛ւ չիյնար. բայց եթէ մարգարէութիւններ ըլլան՝ պիտի խափանին, եթէ լեզուներ՝ պիտի դադարին, եթէ գիտութիւն՝ պիտի խափանուի։9. Վասն զի շատէն քիչը գիտենք ու շատէն քիչը կը մարգարէանանք.10. Բայց երբ կատարեալը գայ, այն ատեն շատէն քիչը պիտի խափանուի։11. Երբ տղայ էի, տղայի պէս կը խօսէի, տղայի պէս կը խորհէի, տղայի պէս համարում ունէի. բայց երբ այր եղայ, տղայութեան բաները մէկդի ձգեցի։12. Քանզի հիմա մենք որպէս թէ հայելիի մէջ կը տեսնենք անյայտ կերպով, բայց այն ատեն երես առ երես։ Հիմա շատէն քիչ մը տեղեակ եմ, բայց այն ատեն այնպէս պիտի ճանչնամ՝ ինչպէս ճանչցուեցայ։13. Ուստի հիմա կը մնայ՝ հաւատք, յոյս, սէր։ Այս երեքը ու ասոնց մեծագոյնը սէրն է։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981